ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՄ ԵՒ ՆԵՐՈՒՄ

Արդարացում, իր լայն առումով կը նշանակէ մաքրուիլ, սրբուիլ ամբաստանութիւններէ՝ յանցանքներէ որոնք վերագրուած են ենթակային եւ հաղորդելու արդարութիւնը։ Մարդ կրնայ ամբաստանուիլ իրաւացի պատճառներով, յայտնի յանցանքներով եւ նաեւ անիրաւ պատճառներով եւ ենթադրական, անհիմն յանցանքներով։ Ահաւասիկ, անիրաւ ամբաստանութիւններու պարագային է, որ մանաւանդ կարեւորութիւն կը ստանայ արդարացումը արդարութեան յայտնաբերումին նկատմամբ։

Ո՛րքան ցաւալի եւ նոյնքան անարդար արատ մըն է ամբաստանել մէկու մը վերագրել յանցանք կարծեցեալ, ենթադրեալ եւ անհիմն պատճառներով։ Ասիկա վիրաւորանք է մարդկային արժանապատուութեան եւ յափշտակութեան անձին բարոյական արժէքներուն։ Եւ ո՜րքան դժուար է անիրաւ, անարդար ամբաստանութեան մը հակադրել՝ բանի մը դէմ իբր ապացոյց դնել, երբ այդ անորոշ է, երեւակայական եւ մտացածին է։ Մարդ յայտնի «թշնամի»ի մը դէմ կրնայ պայքարիլ, բայց երբ «թշնամի»ն յայտնի չէ, անորոշ է, որքա՜ն կը դժուարանայ պայքարը։ Եւ ահաւասիկ, կարծեցեալ պատճառներով կատարուած, անհիմն եւ անորոշ ամբաստանութիւններն ալ «թշնամի»ներ են, որոնք անյայտ են, անորոշ եւ ծածուկ են, եւ նոյնպէս դժուար՝ անոնց հանդէպ պայքարիլ, այսինքն ջանալ արդարացնել ինքզինք։ Արդարացումը մասամբ դիւրին է, երբ ան յայտնի պատճառներու վրայ կազմուած է եւ մասամբ հասկնալի դէպքերու կը յենուի։ Անշուշտ «յայտնի պատճառ»ները կամ «հասկնալի դէպք»երը պէտք է զանազանել իրաւացի պատճառներէ եւ արդարացի դէպքերէ՝ փաստերէ եւ ապացոյցներէ։

Արդարեւ ամբաստանութիւնը դեռ չփաստուած, ենթադրութեան վրայ հաստատուած արտայայտութիւն մըն է. հոս կարեւորը՝ գոնէ յայտնի դէպքերու, շօշափելի իրողութիւններու գոյութիւնն է, թէ ո՛չ՝ երեւակայական, ենթադրական, բոլորովին մտացածին իրողութիւններ։

Մարդ կրնայ ամէն ատեն անիրաւ, բամբասանքներու ազդեցութեամբ, որեւէ յանցանքով ամբաստանուիլ։ Այս անարդար արարքին կանխապէս արգելք ըլլալ կարելի չէ, քանի որ ան յայտնի չէ, իրական, տեսանելի եւ շօշափելի չէ. մարդ չի գիտեր որ դիմացինը, կամ ոեւէ մէկը ի՛նչ կը խորհի, ի՛նչ կը մտածէ իր մասին, ո՞ւր եւ ե՞րբ մարդ կը դիմաւորուի նման անիրաւութեան մը, անարդար մտածում մը ե՞րբ խօսքի կամ գործի կը վերածուի յայտնի չէ՛…։

Արդարեւ, այս իսկ պատճառով է որ կ՚ըսուի՝ թէ կեանքը անակնկալներով լեցուն է, մարդ երբեք չի գիտեր, չի կրնար ենթադրել, թէ իր կեանքի անմիջապէս յաջորդ վայրկեանին իրեն ի՛նչ պիտի պատահի, ի՛նչ անակնկալով պիտի դիմաւորուի. զոր օրինակ, կրնայ յանկարծ լուր մը առնել, այդ լուրը լաւ ալ կրնայ ըլլալ, գէշ լուր մըն ալ։ Եւ կամ յանկարծ կրնայ անհանգստանալ, հիւանդանալ եւ մինչեւ իսկ կեանքը կորսնցնել… եւ ահաւասիկ ամբաստանութիւնն ալ այսպիսի անակնկալ մըն է. մարդ կրնայ անակնկալ ամբաստանութեան մը թիրախը, նշանակէտը ըլլալ եւ ամբաստանուիլ յանցանքով մը՝ որուն հետ երբեք կապ չէ ունեցած ինք, որեւէ կապակցութիւն, մասնակցութիւն չէ ունեցած խնդրոյ առարկայ յանցանքին նկատմամբ։ Մարդ, ինք որքան կրնայ սխալ գործել, ինք եւս ուրիշին սխալով կրնայ ամբաստանուիլ, սխալի մը զոհը ըլլալ։ Կեանքի ընդհանուր ընթացքին մէջ միշտ կարելի է, որ պատահին նման սխալանքներ, բաւ է որ անոնք դիտումնաւոր կամայական չըլլան…։

Ինչպէս ըսուեցաւ, անյայտ, անորոշ «թշնամի»ի հետ պայքարիլ շատ դժուար է, նոյնպէս՝ անհիմն եւ անյայտ ամբաստանութեան մը դէմ ինքզինք արդարացնել, եթէ ոչ անկարելի, բայց շատ դժուար է։ Արդարեւ, անգոյ, յերիւրածոյ, շինծու բանի մը հակառակը փաստել գրեթէ անկարելի է, բացասականը, ժխտականը ապացոյց չ՚ունենար, քանի որ ան գոյութիւն չունի որ փաստ ունենայ։ Եւ ուրեմն անհիմն ամբաստանութեան դէմ արդարացումն ալ, այս պատճառով դժուար է։

Անիրաւ ամբաստանութիւնը պատուհաս մը, փորձանք մըն է, եւ կամ տարբեր տեսանկիւնէ մը դիտելով՝ արկա՛ծ մըն է, որ կրնայ պատահիլ ամէն վայրկեան, ամէն մարդու։ Ան չնախատեսուած դժբախտ պատահար մը, գէշ անակնկալ մըն է, որ կրնայ պատահիլ ամէն մարդու, անխտի՛ր։ Բայց ինչպէ՞ս կարելի է խուսափիլ այդ անակըն-կալէն։ Զգոյշ ըլլալ, բայց մինչեւ ե՞րբ, մարդ կեանքի բնական ընթացքին մէջ որքա՞ն կրնայ զգոյշ ըլլալ, եւ նաեւ զգուշացնել ուրիշները, քանի որ ամբաստանութիւնը կու գայ ուրիշներէ։ Կեանքի մէկ իրականութիւնն է անակնկալը, պէտք է բնական համարել զայն եւ զայն ընդունիլ ճամբու վրայ ոտքը սայթաքեցնող արգելքի մը՝ քարի կտորի մը եւ վերցնել նետել զայն հեռու՝ վանել եւ շարունակել ճամբան։

Թէ ի՞նչպէս կարելի է ասիկա։

Հանդարտութեամբ, հանդուրժողութեամբ, ներողամտութեամբ, համակրական հասկացողութեամբ եւ անպայմա՛ն սիրով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 15, 2019,  Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019