ՔԱՆԱԿԻ ԵՒ ՈՐԱԿԻ ԱՐԺԷՔԸ

Գործի մը կամ գործիքի մը արժէքը ո՞ր մէկը կ՚որոշէ. քանա՞կը թէ որակը։ Ուրիշ խօսքով, շատ աշխատիլ եւ արդիւնաբեր չըլլալ եւ կամ շատ բան ունենալ բայց օգտակար, օգտագործելի ոչինչ ունենալ. ո՞րն է նախընտրելին։

Կեանքի մէջ յաճախ կը հանդիպիք նման հարցերու, որոնց մասին շիտակ ընտրութիւն ընել մեզ կը տանի յաջողութեան։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. քիչ ըլլայ բայց լաւ ըլլա՞յ, թէ շատ ըլլայ բան մը բայց որեւէ գործի չծառայէ, օգտակար եւ արդիւնաբեր չըլլայ։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ վկայութիւններ մեզի ցոյց կու տան, որ մարդիկ ընդհանրապէս «քանակ»ի ետեւէ են, յաճախ կ՚ուզեն որ «շա՛տ» ըլլայ բան մը՝ որպէսզի օգտակար եւ շահաւէտ ըլլայ։ Անոնք որ կը նախընտրեն քանակը, կ՚անտեսեն «որակ»ը, չեն խորհիր թէ ընտի՞ր է, կամ լա՞ւ է այդ մէկը որ շա՜տ է, ուրիշ խօսքով որակը կը զոհեն քանակին։ Այս իմաստով, մարդիկ կը փափաքին, զոր օրինակ, «շատ» պտուղ ունենալ փոխանակ «լաւ» պտուղ ունենալու։

Ոմանց ամբողջ կեանքը լեցուն է «շա՛տ» գործերով, «շա՛տ» աշխատանքով, որոնք թերեւս իրենց դերը եւ տեղը՝ արժէքը ունին, եւ սակայն որոնցմէ եւ ո՛չ մէկը «մեծ» գործ մըն է, որ կը գոյատեւէ, կը մնայ։ Ինչպէս ուրիշ առիթներով յիշուած է, հոս դարձեալ կ՚արժէ յիշել ամերիկացիներուն ըսած մէկ խօսքը. «Եթէ լաւ բան մը ընել կ՚ուզես, անսովոր գործ մը ըրէ, գործ մը՝ որ նախապէս տեսնուած չըլլայ, իսկ եթէ չես կրնար անսովոր գործ մը ընել, այն ժամանակ սովորական գործ մը ըրէ, բայց լաւագոյնը ըրէ՛»։ Այս խօսքին թերեւս հակասող խօսք մըն ալ սա է. «Լաւագոյնը լաւին թշնամի՛ն է»։

Մտաւոր աշխարհի մէջ կը գտնուին հեղինակութիւններ, որոնք գնահատուած են շատերու կողմէ, որովհետեւ շատ են, բայց կրնայ ըլլալ որ այդ հեղինակութիւններէն եւ ո՛չ մէկը «դասական» գրականութեան մաս կազմեն եւ չեն կարդացուիր սերունդի մը կեանքէն անդին։ Եւ որեւէ արուեստ, արուեստագէտը կրնայ արտադրած ըլլալ բազմաթիւ գործեր բայց այդ արտադրութիւններէն ո՛չ մնայուն արժէք կ՚ունենայ, քանի որ թէեւ քանակով շատ, բայց որակով քի՛չ է եւ անկարեւոր։

Ուրեմն գործի մը կամ արատադրութեան մը ճշմարիտ արժէքը ո՛չ թէ քանակին, այլ անոր որակին մէջ կը կայանայ։ Մէկ խօսքով եթէ կարելի է ըսել՝ քիչ ըլլայ բայց լա՛ւ ըլլայ…։

Գրական աշխարհի մէջ եղած են բանաստեղծներ, որոնք բազմաթիւ ոտանաւորներ գրած են եւ սակայն բոլորն ալ մոռցուած են, ժամանակաւոր եղած է անոնց արժէքը. իսկ քիչեր՝ միայն մէկ-երկու ոտանաւորով անմահացած են։

Կեանքն ալ այսպէս է սիրելի՜ներ։

Կեանքի մը արժէքը այն ատեն կը մեծնայ, երբ մարդ կրնայ իր սեփական ուժերը անտեսել եւ կեդրոնացնել մէկ գործի վրայ, փոխանակ տարածելու, շատցնելու բազմաթիւ գործերու վրայ եւ բոլորն ալ անկատար թողելու։

Այս իմաստով տեսնուած են «ճարպիկ» մարդիկ, որ ամէն գործ կատարելու կարողութիւնը ունենալ կը կարծեն եւ կամ այդպէս կը ձեւացնեն, բայց աւա՜ղ ո՛չինչ կ՚ընեն…։ Ուստի, լա՛ւ է մէկ ծառ տնկել եւ բծախնդրութեամբ խնամել, որպէսզի աճի, մեծնայ որ լաւ պտուղ տայ քան շատ ծառեր տնկել, պտղաստան մը ունենալ, բայց անպտուղ մնալ անխնամութեան պատճառով։

Բնութեան մէջ ալ կան ծաղիկներ, որոնք ցօղունի մը ծայրը մէկ հատիկ են՝ աննման ուրիշ ծաղիկներու, որոնք մէկ ցօղունին վրայ ծաղիկներու փունջեր կը կազմեն։ Միայն մէկ հատիկ ծաղիկն ալ գեղեցիկ է՝ մարդոց հետաքրքրութիւնը կը շարժէ եւ գեղեցկութիւնը վայելելու առիթ կը ստեղծէ։ Անոր մէկ հատիկ ըլլալը երբեք արգելք չէ իր գեղեցկութեան, երբեք արգելք չէ իր «ծաղիկ» հանգամանքը արտայայտելու, եւ արգելք չէ սիրուելու մարդոց կողմէ եւ մաս կազմելու մեծ եւ ընդհանուր գեղեցկութեան եւ բարութեան՝ Բնութեա՛ն։

Կեանքի մէջ յաջողելու համար աշխատիլ պէտք է, բայց նաեւ արդիւնաբեր ըլլալ, աշխատութիւնը պէտք է նպատակին հետ համաքայլ ընթանայ, եւ ո՛չ մէկ արժէք կ՚ունենայ այն աշխատութիւնը, որ «շատ» է բայց ապարդիւն, անշահ եւ անօգուտ։

Ուրեմն, երբ յաճախ կը վարանինք, թէ ո՞րն է կարեւորը՝ քանա՞կը թէ որակը. ահաւասիկ կեանքի դպրոցը եւ մեծ համալսարանը՝ Բնութիւնը կը սորվեցնեն մեզի՝ թէ կարեւորը որա՛կն է, եւ ո՛չ թէ քանակը, քանի որ օգտակարութիւնը, բարիքը եւ գեղեցկութիւնը ո՛չ թէ քանակին այլ՝ որա՛կին մէջն է։

Կեանքի մէջ յաճախ արժէք կը ներկայացնեն այն բաները, որոնք հազուագիւտ են. ան որ գտնել դժուար է, որովհետեւ քիչ է, ան արժէք կը ստանայ. չէ՞ որ մէկուն արժէքը ցոյց տալու համար կ՚ըսենք. «ան մէկ հատիկ է…»։ Այո՛, ան որ «մէկ հատիկ» է, ընդհանրապէս արժէք կը ստանայ։ Բայց կան պարագաներ՝ ուր «մէկ հատիկ» կ՚ըլլան, բայց արժէք չեն ներկայացներ, որովհետեւ որակաւոր չեն, լաւ չեն, գեղեցկութենէ եւ բարութենէ զո՛ւրկ են։ Բայց «մէկ հատիկ»ը երբ բաղդատութեան եզր չունենայ, կրնայ «լաւ» կարծուիլ եւ ճիշդ այդ պատճառով է, որ կեանքի մէջ միշտ կայ արժէքի մը փոխադարձը՝ բարիին փոխարէն չարը, լոյսին փոխարէն խաւարը, ճերմակին փոխարէն սե՛ւը։

Այն որ մէ՛կ նպատակ ունի, այն որ մէկ կոչում ունի, նպատակին հասնիլը եւ կոչումը կատարելագործելը աւելի դիւրին եւ աւելի վճռական կ՚ըլլայ. իսկ այն որ շատ նպատակներու ձգտումը ունի, անոր գործը կը դժուարանայ, քանի որ կը տարուբերի նպատակներու առաջնակարգութեան մէջ եւ չի կրնար հասնիլ իր նպատակներէն ոչ մէկուն։ Եւ այս կը նշանակէ որ «շատ»ին մէջ, անօգուտ շատին մէջ կը կորսուի օգտակար քիչը, եւ մարդս կ՚առաջնորդէ յուսախաբութեան։

Քիչ ըլլայ՝ լա՛ւը ըլլայ։ Այս պատճառով մարդ պէտք է բաւարարուի «քիչ»ով՝ ուր կայ բարիք, գեղեցկութիւն եւ օգո՛ւտ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 13, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020