ՄՏՔԻ ԴԱԴԱՐԻ ՊԱՀԱՆՋՔԸ

Յայտնի իրողութիւն մըն է՝ այնպէս կազմուած է մարդկային մարմինը, որ շարունակական աշխատանքի չի՛ կրնար դիմանալ, հետեւաբար աշխատանք եւ արձակուրդ՝ գործ եւ դադար պէտք է ներդաշնակօրէն կապուին մէկզմէկու։ Արդարեւ, մարմնի աշխատութիւնն ալ այնպէս է. բազկերակները դաշնաւորուած կը բաբախեն՝ զարկ մը եւ ապա դադար մը։ Մարդկային մարմինը բնականօրէն կ՚աշխատի ներդաշնակօրէն։ Եւ այս իսկ պատճառով մարդկային կեանքը կ՚ընթանայ բնական կանոնաւորութեան մը մէջ։

Եւ ասիկա արդէն ինքնին հրա՛շք մըն է…։

Գործի եւ դադարի այս բնական յաջորդականութիւնը տեղ կը գտնէ նաեւ ընկերային կեանքի մէջ, ա՛յս է պատճառը, որ քաղաքակիրթ երկիրենրու մէջ՝ ուր աշխատանքը ա՛յնքան ծանր է եւ յոգնեցուցիչ, մարմնոյ եւ մտքի հանգիստը անհրաժեշտ պէտք մըն է դարձած։ Եւ հիմա ահաւասիկ կը գործադրուի արձակի դրութիւնը որպէս բնական պահանջք, աշխատանքէ աւելի լաւ արդիւնք քաղելու, աշխատանքը աւելի արդիւնաբեր դարձնելու համար։

Ամառուան ամիսներուն մանաւանդ ամէն մարդ արձակուրդի վրայ կը խորհի, եւ հանգչելու եւ թէ՛ մրամնապէս, թէ՛ մտապէս կազդուրուելու պահանջքը կը զգայ։ Եւ այս իմաստով, արձակուրդը ո՛չ թէ պերճանք մը, այլ բնական եւ անհրաժեշտ պահանջք մըն է։

Արդարեւ մարմնական աշխատանքի համար ո՛րքան անհրաժեշտ է դադարը, մտային աշխատանքի համար ալ անհրաժեշտ է մտքի դադարը (=relaxation)։

Թէ ի՛նչպէս օգտագործելու է արձակուրդի օրերը՝ որ նպատակին ծառայեն։

Մասնագէտներ իսկ չեն կրնար որոշ պատասխան մը տալ այս հարցումին, քանի որ ամէն մարդու պարագան տարբեր պայմաններ կը պահանջէ մարմնապէս եւ մտապէս հանգստանալու համար։ Զոր օրինակ, ուսանող մը որ տարուան ընթացքին շարունակ կարդալով եւ մտածելով ժամանակ անցուցած է, պէտք ունի մտքի դադարի եւ թերեւս ֆիզիքական աշխատանքը այգիի մը կամ ագարակի մը մէջ կրնայ հանգիստ տալ մտքին, անշուշտ եթէ պայմանները կը ներեն այդպիսի դադարի մը։ Եւ երբ «պայմաններ» կ՚ըսենք, կը մատնանշենք մանաւանդ ենթակային հաճոյքի ըմբռնումը եւ զինքը իրապէս հանգստացնող պայմանները։ Մարդ ի՛նչ բանէ եւ որտեղէ որ կ՚ախորժի՝ հո՛ն կը գտնէ իր հանգիստը եւ ասիկա կը տարբերի մարդէ մարդ։

Մէկը որ երկար ամիսներով մարմինը յոգնեցուցած է ծանր մարմնական աշխատանքով եւ ուժասպառ է եղած, եթէ քիչ մը ընթերցասէր անձ մըն է, հետաքրքրական վէպ մը կամ պատմական եւ կամ կենսագրական գիրք մը կարդալով կրնայ կազդուրուիլ։ Անշուշտ անձնական նախընտրութեան խնդիր մըն է այս մէկն ալ։ Եւ այսպէս ուրեմն, ամէն մարդ իրեն պարագաներուն եւ մարմնական ու մտային վիճակին նայելով, ճաշակներն ալ նկատի ունենալով որոշելու է, թէ ի՛նչ ընելով, ի՛նչ չընելով կամ ո՛ւր երթալով պիտի կրնայ հանգստանալ։

Սակայն մէկ բան կայ, որ ամէնուն համար ալ կարեւոր է. այն է՝ արձակուրդի միջոցին մայր բնութեան ծոցը նետուիլ՝ թափառիլ արտերու եւ ագարակներու մէջ, շնչել առատ մաքուր օդ, մագլցիլ լեռներու գագաթները, ծովափը քաշուիլ եւ դիտել ծովուն մեղմ ծփանքները եւ փրփրադէզ ալիքները, ժուռ գալ ազատօրէն առուակներու, գետակներու, ծաղկաստաններու եզրերը, եւ յառիլ բնութեան պարզած զարմանազան տեսարաններուն՝ վերջալոյսի ցոլքերուն, լեռնակուտակ ամպերուն, պլպլուն աստղերուն, ասոնք ամէնը հմայք մը ունին, որով կը ցրուեն լճացած խորհուրդները եւ հանգիստ կու տան յոգնած մտքին…։ Բայց ամէն բանէ առաջ պէտք է սիրել մայր բնութիւնը, պարզութիւնը եւ իսկական բնական գեղեցկութիւնը։

Արդարեւ մարդս ամէն բանէ շատ պարզութիւնը եւ չափաւորութիւնն է որ կը հանգստացնէ։ Եւ ամէն եղանակի արձակուրդի շրջանին բնութիւնը ունի իւրայատուկ գեղեցկութիւն մը՝ խաղաղ եւ կազդուրիչ, առողջարար մթնոլորտ մը իր պարզութեանը մէջ։

Եղանակին համեմատ անշուշտ խաղը, լոգանքը, մակոյկը, ինքնաշարժը իրենց տեղը ունին արձակուրդի շրջանին՝ դադարը հաճոյալի ընելու. սակայն յատկապէ՛ս հարկ է կրկնել եւ շեշտել, թէ ծայր աստիճան զգոյշ ըլլալ պէտք է չչափազանցելու այդ բոլորը եւ պէտք է նաեւ ուշադիր ըլլալ վտանգներու դէմ՝ որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանուիլ անակնկալ վնասումներէ, գիտնալով թէ յանդուգն եւ անխոհեմ շարժուածք մը կրնայ կեանքեր անդարմանելի վտանգներու ենթարկել։ Պէտք է գիտնալ, որ բնութիւնը երբեք չի ներեր ամենապարզ սխալի մը իսկ։ Բնութիւնը միշտ հաւատարի՛մ է իր օրէնքներուն եւ կանոններուն։

Պէտք է յիշել, որ արկածներու մեծամասնութիւնը արդիւնք են անզգուշութեան, անվարժութեան, անտարբերութեան, յանդգնութեան եւ մէկ խօսքով ամէն բանի մէջ չափազանցութեա՛ն։

Ըստ բժիշկներու, արձակուրդի օրերուն զգուշանալ պէտք է նաեւ կերուխումի չափազանցութենէ, եւ միտքը ճնշող գրգռիչ խօսակցութիւններէ եւ հակաճառութիւններէ, որպէսզի կարելի ըլլայ գործի եւ աշխատանքի դառնալ հանգչած եւ թէ՛ մարմնապէս, թէ՛ մտապէս կազդուրուած։

Վերջապէս արձակուրդը կեանքը ապրելու պայմաններէն մին է, բայց երբեք պէտք չէ խորհիլ, թէ կեանքին նպատակն է արձակուրդը։ Էականը աշխատանքն է, իսկ արձակուրդը անոր մէկ ստորոգելի՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 16, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2019