ԱՌՈՂՋ ՄԱՐՄԻՆ՝ ԱՌՈՂՋ ՄԻՏՔ

Յաճախ կը յիշուի՝ թէ մարդ էակը մարմնով, միտքով եւ հոգւով «ամբողջ» մը կը կազմէ, եւ այս երեքը իրարմէ բաժնել եւ իրարմէ անջատ կերպով մտածել կարելի չէ, քանի որ անոնք իրար կը լրացնեն, իրար կ՚ամբողջացնեն։ Մարդ էակը առանց մարմնի, կամ առանց մտքի եւ կամ առանց հոգիի խորհիլ կարելի չէ եւ ան մարմնով, միտքով եւ հոգւով «մա՛րդ» է։

Կան իմաստասէրներ՝ որոնք միտքը եւ հոգին միացնելով, առհասարակ երկու մասի կը բաժնեն մարդը եւ կը կոչեն «միտք» եւ «մարմին»։ Մարդուն երկու երեսակները նկատի կ՚ունենան անոնք, որոնք մարդը «միտք» եւ «մարմին» կ՚անուանեն, եւ մարդուն տեսանելի եւ շօշափելի կողմը եւ անտեսանելի եւ անշօշափելի կողմերը նկատի կ՚ունենան։

Ոմանք ալ մարդը կը բաժնեն երկու մասի՝ հոգեւոր եւ մարմնաւոր, ուրիշ խօսքով՝ բարոյական եւ ֆիզիքական կողմերը ուսումնասիրելով։  Այս կարգի խորհողներ այնպէս կ՚ըմբռնեն եւ կ՚ընդունին, թէ հոգեւորը եւ մարմնաւորը մէկզմէկէ զատուած, անջատ մասեր են եւ իրարու հետ որեւէ կապ չունին։

Սակայն արդի մտածելակերպով սնած ժամանակակից հոգեբանութիւնը ինչպէս նաեւ հոգեբժշկութիւնը այս յոռի գաղափարը բոլորովին կը ջրեն եւ կը հաստատեն թէ «մարդ»ը մէ՛կ է, անոր բարոյական-հոգեւոր կողմը եւ ֆիզիքական-մարմնական կողմը՝ միտքը եւ մարմինը իրարմէ զատուած, անջատուած չեն, այլ մանաւանդ երկուքը մէկզմէկու հետ կենսականօրէն՝ էապէս կապուած կը կազմեն «միութիւն» մը, ամբո՛ղջ մը։

Արդարեւ, այլեւս հիմա, բոլորիս մտքին կ՚ազդէ մարմինը, եւ մարմնի վիճակը ընդհանրապէս կ՚ազդէ մտքին եւ հոգիին։ Ուստի մեր օրերուն ամէնուս հասկնալի, դիւրըմբռնելի պարզ տեղեկութիւն մը, իրողութիւն մը եղած է, թէ մարմինը մտքին կ՚ազդէ, եւ միտքը՝ մարմինին, հետեւաբար առողջութեան կամ հիւանդութեան վրայ խորհելու ատեն՝ այս հիմնական սկզբունքը միշտ միտք պահելու ենք, ինչպէս կը հաստատեն մասնագէտ հոգեբաններ եւ հոգեբոյժներ։

Բոլորիս յայտնի իրողութիւն մըն է, թէ երբ մարմինը առո՛ղջ է եւ զօրաւոր, միտքն ալ յստակ կը խորհի, եւ խնդիրները դիւրին կրնայ լուծել, իսկ երբ մարդուս ստամոքսը խանգարուած է, կամ ակռաներուն մէջ փտութիւն կայ, այս հիւանդոտ վիճակը անմիջապէս կ՚ազդէ մտքին, եւ մարդ այլեւս չի կրնար ճիշդ ուղղութեամբ տեսնել դէպքերը, իրադարձութիններ եւ շիտակ տրամաբանել։

Այս վիճակին ճիշդ հակառակը երբ մարդուս միտքը որեւէ պատճառով մը խռոված է, խորհուրդները ճզմուած, եւ սիրտը վախով եւ կասկածով լեցուած՝ այս վիճակը իսկոյն կ՚ազդէ մարմնոյն եւ մարսողութիւնը կը խանգարէ, սրտին բախումը կ՚աւրէ, կը խանգարէ, գիշերը քունը կը փախցնէ, եւ մարդ թէպէտ ֆիզիքապէս առողջ՝ բայց մտքի այդ ճզմուած, խանգարուած վիճակին ազդեցութեան տակ առողջութիւնը կը կորսնցնէ եւ կ՚ըլլայ հիւանդկախ, ինչպէս կը վկայեն եւ կը հաստատեն մասնագէտ բժիշկներ։

Արդարեւ, երբ յաճախ իրարու առողջութիւն կը մաղթենք, այս մաղթանքին համընթաց պէտք է ըլլայ ներքին խաղաղութիւն նաեւ։

Ըստ գիտնականներու եւ մասնագէտներու, արդի բժշկութիւնը հոգեբանութեան հետ հաշտուած է այլեւս, եւ հիւանդութիւններու դարմանումին մէջ դեղերու չափ եւ երբեմն նոյնիսկ դեղերէ աւելի կարեւորութիւն կու տայ եւ անհրաժեշտ կը նկատէ հիւանդին մտքին վիճակը հասկնալու։ Այս կէտին անշուշտ նո՛յնքան կարեւոր է հիւանդին հոգեվիճակը եւ ընդհանուր տրամադրութիւնը։

Արդարեւ, կ՚ըսուի, թէ այն բժիշկները որոնք հիւանդ մը քննելու ատեն անոր մէջ վախ եւ կասկած կ՚արթնցնեն՝ ինքզինքնին «վարպետ» եւ «իմաստուն» ցոյց տալու համար, անոնք «ոճրագործ»ի մը չափ յանցապարտ կը համարուին։ Ուստի, այսօրուան բժիշկը հիւանդին մարմնոյն ցաւերուն հետ կը քննէ անոր մտքին վիճակը, ընդհանուր տրամադրութիւնը, եւ շատ անգամ ճարտար եւ վստահելի բժիշկի մը մէկ քանի քաջալերական, շինիչ խօսքերը, եւ կամ հիւանդին մտքի ուղղութիւնը շտկելը, տրամադրութիւնը փոխելը, դեղէն եւ դանակէն աւելի բուժիչ ազդեցութիւն կը գործեն հիւանդին դարմանումին մէջ։ Ասիկա հաստատուած եւ ապացուցուած է բազմաթիւ դէպքերով, ուր հիւանդը դարմանուած է բարձր տրամադրութեան մը շնորհիւ։

Եւ դարձեալ փորձառու մասնագէտ բժիշկներ կը վկայեն եւ կը հաստատեն, որ որեւէ հիւանդութեան ատեն վախնալը, տարակուսիլը, երեւակայելը, մահուան՝ մեռնելու վրայ խորհիլը եւ ամէն տեսակ վատ զգացումներ ամենէն մեծ արգելքները եղած են բժշկուելու։

Այս իմաստով, բժիշկներ կ՚ընդունին, թէ բժիշկին առաջին գործը ըլլալու է «հիւանդին մտայնութիւնը ուղղել», «բարձր տրամադրութիւն մը ստեղծել հիւանդին մէջ եւ անոր յոյս, հաւատք եւ քաջութիւն ներշնչել՝ անոր մէջ քաջութիւն արթնցնել։

Երբ հիւանդ մը միշտ խորհի, թէ անշուշտ պիտի ազատի իր ցաւերէն, դարձեալ պիտի ստանայ իր առողջութիւնը եւ կատարելապէս առողջ պիտի ըլլայ, ատ է ամենէն մեծ դեղը բժշկութեան։ Անշուշտ, այս կէտին անհրաժեշտ պայման է՝ բժիշկին վստահիլ եւ հաւատալ անոր ճարտարութեան։ Փոխադարձաբար բժիշկն ալ պէտք է վստահութիւն ներշնչէ հիւանդին, հաւատալու եւ յուսալու առիթ ստեղծէ անոր մէջ, ինչ որ ճարտարութիւն եւ փորձառութիւն կը պահանջէ։

Այս մասին գիտութիւնը որքան որ կարեւոր է եւ անհրաժեշտ, նո՛յնքան կարեւոր է այդ գիտութիւնը գործածելու ճարտարութիւնը։ Ուստի այն գիտութիւնը որ գործնականի չի վերածուիր, որեւէ արժէք չի ներկայացներ. ոչ միայն բժշկութեան, այլ ամէն մարզի մէջ «գիտուն»ը պէտք է գիտութիւնը գործածելու ճկնութիւնը եւ հմտութիւնը ունենայ, գիտութեան շնորհներէն օգտագործուելու փորձառութիւնը ստացած ըլլայ…։

Հոս պէտք է յիշել նաեւ, թէ հիւանդի եւ բժիշկի փոխյարաբերութիւնն ալ կարեւոր դեր կը խաղայ դարմանումի մը ընթացքին եւ յաջողութեան համար։ Եւ ասիկա կը յայտնուի փոխադարձ վստահութեան գոյութեամբ։ Ուստի հոն՝ ուր վստահութիւն կայ, հոն կա՛յ յաջողութիւն, հոն կա՛յ անխախտ եւ անշեղ հաստատամտութի՛ւն։

Վերջապէս, ամէն բանէ առաջ, կենցաղագիտութեան հակառա՛կ է գաղտնիքներ տալ հիւանդին մասին ուրիշներու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 17, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020