«ՄԱՐԴ ՃԱՆՉՆԱԼ»ՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Ամէն մարդու շուրջ, ամէն ժամանակ կը գտնուին զանազան մարդիկ, որոնք տարբեր տարբեր մակարդակի կամ աստիճանի մտերմութեամբ, տարբեր շարժառիթներով յարաբերութիւններ կը մշակեն իրարու հետ։ Ասիկա «ընկերային կեանք»ի բնական հետեւանքն է։ Բայց այդ յարաբերութիւններու ընթացքին մարդիկ զիրար ո՞րքան կը ճանչնան, ո՞րքան կրնան թափանցել իրարու ներաշխարհին, խնդրակա՛ն է այդ։ Մարդ ճանչնալ, այս իմաստով իրապէ՛ս արուեստ մըն է, քանի որ «ծանօթ» ըլլալ իրարու, տարբեր՝ «ճանչնալ» զիրար տարբե՛ր բաներ են։ Եւ ընկերային կեանքի մէջ շատ մը անհամաձայնութիւններ, հարցեր «իրար չճանչնալ»ու արդիւնք են։

Անշուշտ հաճելի է «հաւատալ», թէ ա՜յնքան լաւ կը ճանչնայ մարդ՝ յարաբերուած մարդիկը։ Իրականութեան մէջ, մարդ ուրիշներու հետ յարաբերութիւններ կը մշակէ, անոնց «բարեկամութիւն»ը կը վայելէ՝ կ՚ապրի առանց ուշադրութիւն դարձնելու անոնց։

Մարդկային յարաբերութիւններու շատերը մակերեսային են եւ առանց «ճանչնալ»ու զիրար կը շարունակուին։ Ասիկա ծայրայեղ միամտութիւն մըն է, որ երբեմն կը պատահի նաեւ ընտանիքներու մէջ իսկ՝ որոնք կազմուած են «առանց ճանչնալ»ու ամուսնացողներու կողմէ. առանց զիրար կատարելապէս ճանչնալու ամուսնացողներ ընդհանրապէս կանխաւ քայքայուած ընտանիքներ կը պատրաստեն։

Մարդկային յարաբերութիւններու մէջ, ընդհանրապէս երկու հոգի նոյն ձեւով չեն արտայայտուիր երբեք։ Մարդկային տկարութիւն մը, թերութիւն մըն է ասիկա։ Մարդիկ միշտ ծածուկ բան մը ունին իրարու հանդէպ՝ փոխադարձ կերպով։

Նման տարբերութիւններ կատարելապէս լոյսի տակ կը դնեն նկարագիրները, բայց անոնք բնաւ չեն օգտուիր այդ լուսաւորումէն՝ նման խուլ եւ համրի մը, որ ծանօթ է խօսքին էութեան, առանց զայն իմանալու՝ լսելու կամ արտաբերելու։

Եսամոլութիւնը թոյլ չի տար, որ նկատի առնուի մարդոց իսկական էութիւնը, եւ մարդ միայն ինքզինք կը քննէ, խորհելով կամ կարծելով, թէ միայն ի՛նք կարեւոր է, եւ միւսները՝ անկարեւո՛ր։ Իւրաքանչիւր անհատ ինքզինք ինքնաբաւ կը նկատէ, կը կարծէ գտնել ամէն ինչ ինքն իր մէջ։ Մարդ այս զգացումներով սրատեսութիւնը կը դարձնէ իր մտքին վրայ, լքելով, անտեսելով եւ անկարեւոր նկատելով ուրիշները։

Մարդ անշուշտ չի ձանձրանար ինքզինք ճանչնալով, բայց «ինքզինք ճանչնալ» ո՞րքան կարելի է, այդ ալ խնդրական է… ուստի այդ կերպով ճշմարտութեան հասնիլ անկարելի՛ է։

Մարդ, ընդհանրապէս, առանց մտահոգուելու մակերեսով, կը փորձէ զննել էութեան խորերը։ Եթէ մարդ մանրախոյզ եւ խորամանկ է իր անձին հանդէպ, այն ատեն անսահման է միամտութիւնը մարդոց նկատմամբ։ Մարդ չի՛ կրնար օրօրել ինքզինք սուտերով, բայց ուրիշներ դիւրաւ կը խաբեն զինք, մանաւանդ՝ ենթակայականութիւնը որ միշտ առաջնորդած է զինք արտաքին աշխարհի մասին սխա՛լ դատումներու, խոհեմ եւ համեստ դարձուցած է զինք։ Արդէն մարդ, ա՜յնքան վարժուած է միայն ինքզինք դիտելու՝ միշտ «Ե՛ս» ըսելու, որ երբ կ՚որոշէ վերցնել այդ մեկուսացումը, գրեթէ կը կորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը։

Արդեօք միամտութի՞ւն պէտք է համարուի, միշտ, չափազանց վստահութիւն ունենալ ամէնուն վրայ՝ ո՛չ միայն չկասկածիլ անձերէ, որոնք իրաւացի կամ անիրաւ, ոխ են կապած իրեն, այլ միամիտ հոգւով մղուիլ «թշնամին սիրե՛լ» բարեացակամ եւ թոյլ չտալ, որ գէշ նպատակներ վերագրէ անոր իր միտքը։ Միամտութի՞ւն է յարգել «մարդկային անհատ»ը անխտիր եւ յատկապէ՛ս «անծանօթ անձ»ը։ Միամտութի՞ւն է այնքան ատել «իջնել» եւ մարդիկը փոխադրել իր բարձունքին վրայ, յետոյ ընդունիլ զանոնք իբրեւ «բարեկամ»ներ… ծիծաղելի սաստկութեամբ սիրել. սէրէն աւելի գահավիժիլ բարեկամութեան մէջ. անընդհատ տեսնել «բարեկամ»ը, ամէն ինչ ցոյց տալ անոր, անկեղծութեամբ, սրտանց վարուիլ. ձեռքէն բռնած՝ տանիլ զայն իր սրտին ամենէն գաղտնի անկիւնը՝ որ կը տեւէ մինչեւ պատրանաթափութիւն. չափաւոր կերպով անկարող ըլլալուն՝ յանկա՛րծ դադրիլ զայն փնտռելէ, ատելի դարձած ըլլալուն համար։ Միամտութի՞ւն է հեռատես կամ նախատես չըլլալ՝ սիրել, հաւատարիմ ըլլալ, վստահիլ, եւ յետոյ դիմաւորուիլ անխուսափելիին՝ յուսախաբութեա՛ն…։ Կանխատես ըլլալ կը նշանակէ զգոյշ ըլլալ, հեռատես ըլլալ, ներկային երեւոյթներէն ապագան տեսնել եւ ամենէն կարեւորը՝ «մարդը ճանչնա՛լ»։ Ահաւասիկ, այս պատճառով է, որ կ՚ըսենք. «Մարդ ճանչնալ արուե՛ստ մըն է»։ Եւ այս իմաստով՝ մարդ չճանչնալ միամտութի՛ւն է։

Երբեմն մարդուս այնպէս կը թուի, թէ անկեղծ ըլլալ, հոգին մէկուն ցոյց տալով աւելի լաւ կը ճանչնայ այդ մէկը։ Մարդ երբեմն չի գիտեր կեղծել. ո՛չ մէկ նայուածքէ կը խուսափի. չի կրնար կատարելապէս սիրել՝ որքան ատեն որ իր մէջ խորհրդաւոր մաս մը կը մնայ։ Այլապէս ան գիտէ, թէ ի՛նչ կ՚արժէ իր հոգին, զայն կերտած տառապանքով՝ հարկը կը զգայ զայն դիտել ամբողջութեամբ, որպէսզի արժանի զգայ ինքզինք սիրոյ կամ յարգանքի։ Կարելի չէ՛ ամբաստանել այն անձը իբրեւ խաբեբայ, բայց նկարագիրը կամ միտքը չեն ցուցաբերուիր. պէ՛տք է գուշակել զանոնք։

Երբեմն ալ կեանքը մարդուս կը ներկայանայ սարսափելի պարագաներով շրջանակուած ընդհատ ողբերգութեան պէս։ Մարդ յաճախ ինքզինք «հերոս» կը կարծէ, բարեկամութիւնները եւ սէրերը ողբերգական վերջաւորութիւններ կ՚ունենան։ Մարդ չի գանգատիր, բայց անհաճոյ կը թուի իրեն, այդքան շա՜տ թողուլ անոնց՝ որոնցմէ կը բաժնուի. չափէն աւելի կը ճանչնան զինք, եւ ատոր յանցանքը իրն է. ի՛նքն է յանցաւորը…։

Նման յուսախաբութիւններ երկար ատեն կը կուտակուին առանց վնասելու մարդուս տրամադրութեան։ Երբեմն նոյնիսկ կը պատահի, որ այլեւս չսպասէ մարդոցմէ՝ ի՛նչ որ չեն կրնար տալ…։

Բաւական հազուագիւտ հեգնանքով եւ պայծառատեսութեամբ, մարդ կը լրտեսէ ինքզինք. ընդհակառակը մարդոց միջեւ՝ կը թօթափէ ամէն կասկածամտութիւն, տարակոյս, տեսակ մը խանդավառութիւն կը խորտակէ վերապահութիւնը, ձախաւերութեամբ կ՚օգտագործէ առիթները։

Եւ մարդ կը հաստատէ, որ հարցումներու պէտք է պատասխանել՝ համաձայն անոնց տխմարութեան, անտրամաբանութեան եւ տափակութիւններու կամ անպատկառութիւններու աստիճանին։

Վերջապէս լրջօրէն կը կազմէ մարդ իր շուրջիններուն նկարագրին աստիճանացոյցը. այդ կը սկսի գռեհիկէն եւ կ՚երթայ մինչեւ նուրբը, բարձրագոյնը, կատարեալը։ Այն ատեն մարդ որոշապէս կը զգայ, թէ ե՛րբ սխալ կը դատէ։ Կը հնարէ փորձաքարեր, եւ թիւեր կու տայ անիմաստ, տխմար եւ կամ իմաստալից, ճարտար խօսքերուն, որոնք այդ առթիւ կ՚արտայայտուին։

Այլեւս մարդ սորված է «մարդ ճանչնալու արուեստ»ին նրբութիւնները. մէկու մը սրտէն կամ հոգիէն՝ ո՛չինչ կը խուսափի աչքէն. իւրաքանչիւր անձ կը ստանայ իր «թիւ»ը. սակայն երեւակայութիւնը. այդ «ստորին գործունէութիւն»ը, լուսանցքին մէջ կ՚արձանագրէ գնահատութիւն մը՝ որուն վրայ պիտի ծիծաղի յետոյ։ Կը հաշուէ, որ որոշ ժամանակի մը պէտք ունի՝ յստակ տեսնելու համար ամէն իրողութիւն։

Մինչ այդ, հետաքրքրութեան, շահախնդրութեան կամ հիացումի «վարագոյր» մը կը ծածկէ իրմէ մարդոց իսկական էութիւնը։

Որոշ ժամանակ մը, անտարբեր դառնալու համար…

Մարդուս սխալները ամուլ չեն ելլեր. տակաւ նուազ «կը կուրանայ». խոհեմութիւնը խանդավառութեան տեղը կը գրաւէ, եւ ցոյց կու տայ, թէ այլեւս սկսած է ծերանա՛լ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 18, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 21, 2020