ԱՂՕԹՔԸ ՊԱՀԱ՛ՆՋՔ ՄԸՆ Է

Աստուծոյ հանդէպ կարեւոր պարտականութիւն մըն է աղօթքը։ Յիշելով զԱստուած, յաճախ Իր մասին խորհելով, զԻնք տպաւորած՝ Իր պատկերը նորոգած կ՚ըլլանք մեր հոգիին մէջ։

Բայց աղօթելով, այդ պատկերը ապրեցուցած՝ Իրեն հետ կենդանի յարաբերութեան մէջ մտած կ՚ըլլանք, Իրեն հետ խօսած եւ զԻնք բնակեցուցած կ՚ըլլանք մեր մէջ, որովհետեւ աղօթքը՝ «խօսք ընդ Աստուծոյ». իսկապէ՛ս խօսակցութիւնն է Աստուծոյ հետ։ Մարդ չի կրնար երկար ատեն եւ հարազատօրէն պահել յիշողութիւն մը, եթէ հոգածու չըլլայ իր մտածումը ամրապնդել եւ սեւեռել յիշուելիք անձին կամ գաղափարին վրայ, որոշ անգամներ անդրադառնալով անոնց կանոնաւորապէս։ Այնպէս որ կարենալու համար զԱստուած յիշել պատշաճ կերպով եւ երկիւղածօրէն, ակնածանքով, անհրաժեշտ է, պարբերաբար, երբեմն կամ մեր կեանքի կարեւոր պահերուն մտնել Իրեն հետ յարաբերութեան մէջ, մտնելով իր ոգեւորող՝ խօսուն խորհուրդին մէջ, եւ ցանկալով որ Ինքն եւս մտնէ եւ բնակի մե՛ր էութեան մէջ։

Այս իմաստով, աղօթքը դէպի Աստուած տանող ճամբուն կէ՛սն է։ Աղօթքը՝ անձին Անձին հետ մտերմանալն է։

Ով որ չի գիտեր աղօթել, չի կրնար ճաշակել կրօնքին մխիթարութիւնը, որովհետեւ ծէսը կը հմայէ միայն, մինչ աղօթքն է որ կը սնուցանէ, կը զարգացնէ եւ կը լուսաւորէ, կ՚ազնուացնէ հոգին։

Եկեղեցին կը կանգնի աղօքթի խորհուրդին վրայ։

Ի՞նչ պիտի արժէին եկեղեցւոյ մեծակառոյց սիւները եւ կամարները, եթէ անոնց կրած գմբէթին տակ չլսուէր աղօթքին ձայնը. ի՞նչ պիտի արժէին այդ շքեղանքը, այս բազմութիւնը, խաւարը խոցոտող այդ լոյսերը, եթէ առաւօտուն չլսուէր սարկաւագին ձայնը. «Համբարձցուք զձեռս մեր ի սրբութիւն առանց բարկութեան եւ երկմտութեան»։

Աղօթքը կը սիրէ անձը, որովհետեւ յարաբերութեան մէջ կը դնէ զմեզ սրբութեան Աղբիւրին հետ. իր սրտին խորքէն Աստուծոյ հետ «խօսիլ» գիտցողը միայն կը զգայ, թէ կեանքի ի՜նչ մաքուր եւ յորդ ուժ կը փոխանցուի իրեն, երբ կարենայ իր ամբողջ խիղճը դնել Շնորհալիի հետեւեալ բառերուն մէջ.

«Ամենախնամ Տէր, թո՛ղ Քու սուրբ երկիւղը ոստիկան ըլլայ աչքերուս որ այլեւս ցանկական զգացումին չհային որեւէ գեղեցկութեան, ականջներուս՝ որ չախորժին չար խօսքեր լսելէ. ձեռքերուս՝ որ անիրաւութիւն չգործեն, ոտքերուս՝ որ անօրէնութեան ճամբաներ չերթան, չէ՞ որ քու ձեռքիդ մէջն են հոգեւոր եւ մարմնաւոր կեանքին շարժիչ թելերը, այնպէս մը ուղղէ՛ զանոնք որ ամէն կերպով Քու պատուէրներունդ համեմատ շարժին անոնք»։

Ուստի գիտնա՛նք աղօթել, գոհացում տալու համար հոգիին ամենէն բարձրագոյն եւ ազնուագոյն պահանջին։ Աղօթենք, երբ աչքերնիս կը բանանք օրուան լոյսին, իբրեւ Աստուծմէ մարդուն ընծայուած ամենէն քաղցր պարգեւին. աղօթենք՝ երբ կը ձեռնարկենք գործի մը, իբրեւ Աստուծմէ մեզի ցուցուած աշխատութեան մը, պատուով շահելու համար ապրուստը. աղօթենք՝ երբ կը ճաշակենք կամ կը վայելենք մեր հացն ու հանգիստը, իբրեւ Աստուծմէ մեզի շնորհուած արդար բարիքներ. աղօթենք՝ երբ գիշերը կը կոխէ մեր արտեւանունքներուն՝ կոպերու թարթիչներուն վրայ, մահահանգոյն խաղաղութեան մէջ մեզի բերելու համար նոր կազդոյր եւ նորոգուած ուժի առաւելութիւններ. եւ ցանկանք որ կեանքի տէրը եւ կենդանութեան բաշխողը մեզի շնորհէ իր լոյսին հետ մտքի պայծառութիւն, հացին եւ հանգիստին հետ առողջութիւն հոգիի եւ մարմինի աշխատութեան հետ՝ գիտակցութիւն պարկեշտ գործունէութեան եւ պատուոյ. եւ գիշերուան հանգիստի հետ՝ անխղճահար անդորրութիւնը հոգեկան երջանկութեան։

Աղօթե՛նք բոլորս ալ «մանկական բարեմտութեամբ», ինչպէս ահա փոքրիկները՝ որոնք մէկ ձեռքերնին Ժամագիրք մը, միւս ձեռքերնին մոմ մը վառուած՝ երբ կ՚երգեն կամ կ՚աղօթեն մեզի հետ, երբ կը նային խաչեալ Փրկչին սրբանկարին։

Ո՛չ խօսք, այլ գործ, ո՛չ վարդապետութիւն, այլ բարոյական, ո՛չ զոհ, այլ ողորմութիւն։ Քրիստոնէութիւնը միայն հաւատք չէ՛, միայն հաւատք եւ յոյս չէ, այլ հաւատք, յոյս ե՛ւ սէր միանգամայն, եւ ամենէն աւելի սէր՝ որ մաքուր մտքով եւ ազնիւ սիրտով կատարուած գործն է, որ իսկապէս աստուածօրէն ապրուած կեա՛նքն է։

Աղօթել կը նշանակէ նաեւ Աստուած սիրել եւ սիրուածին վստահի՛լ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 21 2023, Իսթանպուլ 

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2023