ՆԱՄԱԿ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ (Բ.)

ՎԻՃԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Սիրելի ծնող,

Վստահաբար ինչպէս ամէն ընտանիքի մէջ, ձեր մէջ եւս յաճախ վիճաբանութիւններ կը կատարուի եւ վստահ եմ, որ դուք եւս համոզուած էք, թէ անոնց պատճառները շատ անգամ անիմաստ ու փուճ են եւ հետեւանքը ոչնչութիւն, սակայն որպէս մարդ այդ մէկը կամայ թէ ակամայ տեղ կը գտնէ մեր առօրեայ կեանքէն ներս:

Այս մէկը որպէս բնական դէպք կը տեսնենք, սակայն մտահոգիչը այն է, որ յաճախ այդ վէճերը կ՚ունենաք կա՛մ հասարակութեան եւ կամ ձեր զաւակներու ներկայութեամբ, ինչ որ իրականութեան մէջ մտահոգիչ երեւոյթ մըն է թէ՛ ընտանեկան եւ թէ՛ մարդկային առումով:

Զաւակներու ներկայութեամբ տեղի ունեցող վիճաբանութիւնները կրնան հետեւեալ երեւոյթները ստեղծել.-

Ա.- ՅԱՐԳԱՆՔ.- Ցաւ ի սիրտ, մարդկային միտքը կազմուած է այնպէս, որ վիճաբանութեան ընթացքին ինքնապաշտպանութեան համար պատրաստ է երեւան հանել նոյնիսկ անցեալին կատարուած սխալները եւ ստեղծել մթնոլորտ մը, ուր մարդ ու կին զիրար մեղաւոր նկատեն: Այդ մէկը կը փորձենք մարդկային դիտել, սակայն զաւակներու՝ մանաւանդ մանուկներու կամ պատանիներու ներկայութեամբ կատարուած զրպարտութիւններն ու մեղադրանքները կրնան յարգանքի պակաս մը յառաջացնել դիմացի կողմին նկատմամբ: Դժբախտաբար, յաճախ մեր վիճաբանութիւններուն մէջ շատ անգամ տեղ կը գտնեն «ապուշ», «յիմար» եւ շատ անգամ շատ աւելի գէշ արտայայտութիւններ, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան մոռցուիլ ու բնական դառնալ, սակայն հօր եւ մօր հեղինակութիւնը կրնան խախտել:

Վիճաբանութեան ընթացքին տեղացող զրպարտութիւններն ու մեղադրանքները մանուկը կրնայ չմոռնալ եւ այդ բոլորը կամայ թէ ակամայ ի յայտ գայ իր արտայայտութիւններուն եւ շարժուձեւերուն մէջ եւ երբ հասակ առնէ եւ այն ժամանակ ի՛նք վիճաբանութիւն մը ունենայ մօրը կամ հօրը հետ, այդ բոլոր լսած զրպարտութիւններն ու մեղադրանքները կրնայ երեւան հանել՝ այս անգամ ինքզինք պաշտպանելու համար:

Բ.- ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍ.- Ձեզի համար բնական թուացող վիճաբանութիւնները նոյնիսկ յաճախ մանուկի մօտ վախի եւ անապահովութեան զգացում կրնան արթնցնել՝ մանաւանդ եթէ այդ վիճաբանութիւնները յաճախակի եւ շարունակական են: Մանաւանդ պատանի զաւակի մը համար հօր ու մօր վիճաբանութիւնը կրնայ որպէս «ամուսնալուծութեան» պատճառ թուիլ, որովհետեւ մեր օրերուն ամուսնալուծութիւնը մեր հասարակութենէն ներս ինչքան ալ բնական երեւոյթ փորձէ ստանալ, պատանիներուն եւ մանուկներուն համար սարսափելի բան մըն է, որովհետեւ առանց մօր կամ հօր ապրելու զգացումը բնականաբար կը ծնի անոր մէջ եւ այդ մէկը հոգեկան վէրքեր կը ստեղծէ անոնց միջեւ: Այդ է պատճառը, որ յաճախ պարզ վիճաբանութեան ընթացքին մանուկ-պատանիներ վիճաբանութեան դիմաց կը սկսին լալ եւ կը փորձեն վերջ դնել վիճաբանութիւններուն:

Գ.- ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ.- Յաճախ կը մոռնաք, որ մանուկ-պատանին պատրաստ է ընդօրինակել ձեզ եւ վիճաբանութեան մէջ հասակ առնող մանուկ մը կրնայ ապագային դառնալ ըմբոստ ու ջղային անձ մը, որուն պատճառը կ՚ըլլայ առանց նկատելու մեր ունեցած անտեղի վիճաբանութիւնները: Այն մանուկը, որ վիճաբանութեան մէջ հասակ կ՚առնէ՝ կը դառնայ վիճաբանող մը, որովհետեւ իր ծնողներուն մօտ չի տեսներ զիջումի զոհողութիւնը. զաւակի մը ներկայութեամբ երբ զոյգեր ներողութիւն խնդրելով սիրով օրինակ կը դառնան, այդ մէկը եւս իր դրական հոգեբանական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ մարդուն վրայ: Ձեր կատարած վիճաբանութիւնները ապագային երեւան պիտի գան ո՛չ միայն ձեր զաւակներու ընտանեկան կեանքէն ներս, այլեւ ընկերային շրջանակներէն ներս, որովհետեւ ձեր օրինակով ան եւս պիտի չզիջի, ան եւս պիտի չընդունի իր սխալները եւ պիտի դիմէ վիճաբանութեան. այս մէկը յաճախ որպէս «բնաւորութիւն» կ՚ո-րակենք, սակայն բնաւորութիւնը եւս կը փոխանցուի շրջանակէն եւ մա՛նաւանդ ծնողքէն:

Դ.- ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ.- Մանուկ-պատանիներ ինչքան ալ անմեղ երեւոյթ մը ունենան, իրականութեան մէջ ատակ են քննելու բոլոր երեւոյթները: Օրինակի համար՝ եթէ մանուկը «պաղպաղակ» պիտի ուզէ, շատ լաւ գիտէ, թէ իր ծնողքէն ո՛վ ոչ եւ ո՛վ այո պիտի ըսէ եւ անոր հիման վրայ կը դիմէ: Շատ մը բաներ մօրը կ՚ըսէ, որովհետեւ գիտէ, թէ մայրը կրնայ չմերժել, իսկ այն բանը, որ մօրը կողմէ մերժում պիտի ստանայ, կը դիմէ հօրը: Այս ճարպիկութիւնը վտանգաւոր բան մը չէ, սակայն կայ վտանգաւորը, որ ո՛չ թէ մանուկները, այլ դո՛ւք՝ ծնողներդ ի գործ կը դնէք:

Այս մէկը ընդունեցէ՛ք որպէս օրէնք.- ձեր կողակիցին կողմէ մերժում ստացած ոեւէ՛ մէկ խնդրանք, որ կը կատարուի ձեր զաւակներուն կողմէ՝ չընդառաջէք, որովհետեւ այդ մէկը հարուած մըն է մօր եւ կամ հակառակ պարագային հօր հեղինակութեան: Օրինակ՝ մանուկ-պատանին պաղպաղակ կ՚ուզէ մօրմէն եւ մայրը օդին անյարմար ըլլալը առարկելով կը մերժէ այդ խնդրանքը. զաւակը կը դիմէ հօրը եւ հայրը հակառակ մօր արգելքին, կ՚ընդառաջէ խնդրանքին եւ պաղպաղակ կը գնէ իր զաւկին: Այս պարագային մանուկին մէջ կը ծնի մօրը հանդէպ յաղթանակ տանելու զգացողութիւն մը, ինչ որ մօր հեղինակութեան պարտութիւն մը առաջ կը բերէ. մանուկը կը սկսի նկատի չունենալ մօր ըսածները, որովհետեւ ինք արդէն հակառակ մօր արգելքին յաջողած եւ յաղթանակած էր նախորդ անգամ եւ այս անգամ եւս այդ յաղթանակելու փափաքով կը տարուի:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -198-

Դժբախտաբար բարեկամներէս մին թէ՛ իր զաւակներուն եւ թէ՛ հասարակութեան մէջ իր կողակիցին հետ վիճաբանելու յոռի սովորութիւնը ունի, որուն արդիւնքն ու հետեւանքը կը տեսնենք հետեւեալ ձեւով.-

Առիթով մը այցելութեան գացած էինք իրենց. մայրը ներողութիւն խնդրելով ուզեց ութ տարեկան մանուկը ներս տանիլ ու քնացնել՝ պատճառ ցոյց տալով, որ յաջորդ օր դպրոց ունի եւ կրնայ հանգիստ չարթննալ: Հայրը առարկեց. «Ձգէ՛, թող նստի չոճուխը»: Սակայն մայրը շարունակեց մնալ իր որոշումին վրայ. ժամը ուշ էր եւ պէտք է մանուկը քնանար: Այս անգամ առարկողը մանուկը եղաւ.- «Դուն մի՛ խառնուիր, պապաս ձգեց, որ նստիմ, ուրեմն պիտի նստիմ»:

Այստեղ ո՛չ մանուկը եւ ո՛չ ալ հայրը յաղթեց. պարզապէս պարտուեցաւ մայրական հեղինակութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2023