ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆ

Մարդ, իր ստեղ­ծու­մէն ի վեր կը ջա­նայ հաս­նիլ կա­տա­րե­լու­թեան, ա­ւե­լի եւս զօ­րա­նալ եւ ա­ւե­լի ան­թե­րի ըլ­լալ ա­մէն տե­սա­կէ­տով։ Ար­դա­րեւ, մարդ ստեղ­ծուած է կա­տա­րե­լա­գոր­ծուե­լու՝ ինչ­պէս բնու­թիւ­նը տե­ւա­պէս բարշրջ­ման ըն­թաց­քով կը բա­րե­փո­խուի, կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի։

Սա­կայն, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, բնու­թեան այս բա­րեշր­ջու­մը կա­սեց­նո­ղը դար­ձեալ նոյ­նինքն մա՛րդն է իր ա­րարք­նե­րով։ Ան­կա­րե­լի՛ է որ բնու­թիւ­նը դէ­պի լաւ, դէ­պի կա­տա­րե­լու­թիւն չըն­թա­նայ, բայց մար­դը՝ որ ինք կա­տա­րե­լա­գոր­ծուե­լու կո­չուած է, ար­գելք կ՚ըլ­լայ բնու­թեան որ շա­րու­նա­կէ իր ըն­թաց­քը։ Մարդ իր կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մին հա­մար կը զո­հէ բնու­թիւ­նը եւ բնու­թիւ­նը կ՚այ­լա­փո­խուի, կը կորսնց­նէ իր բա­րե­փո­խուե­լու նկա­րա­գի­րը եւ կը դադ­րի իր բա­րեշր­ջու­մը։

Երբ յա­ճախ բնու­թեան զա­նա­զան «հա­րուած»նե­րուն կ՚են­թար­կուին մար­դիկ, ար­դեօք մտա­ծող կ՚ըլ­լա՞յ թէ՝ բնու­թիւ­նը վրէ՛ժ կը լու­ծէ մար­դոց­մէ, քա­նի որ ա­նոնք լաւ չեն վա­րուիր ի­րեն հետ… Ո՜վ գի­տէ, թե­րեւս բնու­թիւ­նը կը հա­կազ­դէ ի­րեն հան­դէպ մար­դոց ան­տար­բե­րու­թեան, ան­հո­գու­թեան եւ անխ­նայ վար­մուն­քին։ Պարզ օ­րի­նակ մըն է օ­դը, ծո­վը եւ շատ մը բնա­կան գե­ղեց­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք մարդ փո­խա­նակ օգ­տա­գոր­ծե­լու՝ անխ­նայ կեր­պով կը շա­հա­գոր­ծէ՝ կ՚աղ­տո­տէ զա­նոնք եւ ա­նօ­գուտ վի­ճա­կի կը մատ­նէ։

Այ­սօր ե­թէ օ­դը եւ ջու­րը, ծո­վը, մի­ջա­վայ­րը աղ­տե­ղու­թեան մէջ՝ օ­գու­տէ ա­ւե­լի վնաս կը պատ­ճա­ռեն մար­դուն, կորսն­ցու­ցած են ի­րենց անբ­ծու­թիւ­նը, օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը, հա­պա ո՞վ է ա­նոնց պատ­ճա­ռը։

Մար­դիկ, ա­յո՛ կը յա­ռաջ­դի­մեն այ­սօր, նո­րա­նոր գիւ­տե­րով, կը կար­ծեն ա­ւե­լի եւս դիւ­րա­տար ը­նել կեան­քը, բայց կը զո­հեն բնու­թիւ­նը, մէկ կող­մէ կը շի­նեն, կամ շի­նել կը կար­ծեն, միւս կող­մէ կը քան­դեն, կը կոր­ծա­նեն ա­մե­նաօգ­տա­կա­րը, ա­մե­նէն անհ­րա­ժեշ­տը՝ բնու­թիւ­նը, որ մեծ պար­գեւ մըն է տրուած ի­րենց։ Եւ ա­ւե­լի ցա­ւա­լին այն է՝ որ չեն անդ­րա­դառ­նար ի­րենց գոր­ծած եւ կամ պատ­ճա­ռած ա­ւեր­նե­րուն։ Մար­դիկ չեն հա­շուեր, թէ՝ երբ շատ բան կը շա­հին քա­ղա­քակր­թու­թեան հետզ­հե­տէ յա­ռաջ­դի­մու­թեամ­բը, շա՜տ ա­ւե­լին կը կորսնց­նեն՝ բնու­թեան տրուած վնաս­նե­րով։ Ուս­տի մարդ շա­հա­ւոր կրնայ նկա­տուիլ այն ա­տեն միայն, երբ շա­հը վնա­սէն ա­ւե­լի՛ է։ Երբ մար­դիկ, քա­ղա­քակր­թու­թեան շնորհ­նե­րէն կ՚օգ­տուին, ան­շուշտ որ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ, շա­հեր կ՚ու­նե­նան, բայց կը կորսնց­նեն, երբ բնու­թիւ­նը կը վշտաց­նեն՝ ան­տե­սե­լով, ան­տար­բեր գտնուե­լով ա­նոր հան­դէպ։ Եւ մարդ պահ մը կը մոռ­նայ, դժբախ­տա­բար, թէ ինք ալ մէկ մասն է բնու­թեան եւ բնու­թեան մէջ է, ուր կրնայ կեանք ու­նե­նալ՝ կեան­քը գո­յա­պահ­պա­նել եւ գո­յա­տե­ւել։

Ան­շուշտ, որ քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը, յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը մար­դուս կեան­քը կը դիւ­րաց­նեն, կ՚օգ­նեն ա­նոր, անհ­րա­ժեշտ են ա­նոր բա­րե­լաւ­ման, բա­րե­փոխ­մա­նը հա­մար։ Բայց ա­սի­կա պէտք չէ ըլ­լայ ի գին բնու­թեան կոր­ծան­ման։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, հոս դար­ձեալ ի յայտ կու գայ «չա­փա­ւո­րու­թեան» եւ «ար­ժէք­նե­րու ներ­դաշ­նա­կու­թեան» կա­րե­ւո­րու­թեան հար­ցը։ Եւ ի­րա­պէ՛ս կա­տա­րեալ են եւ եր­ջա­նիկ ա­նոնք՝ որ կրնան ներ­դաշ­նա­կել, կրնան հա­ւա­սա­րակշ­ռել ի­րենց ըն­ծա­յուած բա­րիք­նե­րը, օ­գուտ­նե­րը, ար­ժէք­նե­րը եւ չեն ան­տե­սեր մին՝ կառ­չե­լած մնա­լով միայն միւ­սին վրայ։ Բնու­թիւն եւ քա­ղա­քակր­թու­թիւն՝ եր­կու անհ­րա­ժեշտ ար­ժէք­ներ, ո­րոնք կա­րե­լի չէ զո­հել մին միւ­սին հա­մար, այլ ներ­դաշ­նա­կել, հա­մա­ձայ­նեց­նել ի­րա­րու՝ մար­դուն, մարդ­կու­թեան օգ­տին, կա­տա­րե­լու­թեա­նը հա­մար։

Կան մար­դիկ, ո­րոնք ինք­նա­կեդ­րոն են, կը կար­ծեն, թէ ի­րենք են ամ­բողջ աշ­խար­հի կեդ­րո­նը եւ չեն խոր­հիր թէ՝ մարդս մար­դուս կա­րօտ է, ե­թէ ո՛չ այ­սօր, բայց վա­ղը՝ ան­պայ­մա՛ն։ Մարդ ի­րե­րօգ­նու­թեան կո­չու­մով ստեղ­ծուած է եւ ըն­կե­րա­յին ա­րա­րած մըն է այս պատ­ճա­ռով։ Ինք­նա­կեդ­րոն մար­դը կը նմա­նի ա­հա­ւա­սիկ, բնու­թիւ­նը ան­տե­սող, բնու­թեան հոգ չտա­նող մար­դուն, որ կը կար­ծէ ապ­րիլ, կեանք վա­րել միայն քա­ղա­քակր­թու­թեան ի­րեն ըն­ծա­յած բա­րիք­նե­րով, ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րով։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս պատ­ճա­ռով, «միու­թիւն»ը անհ­րա­ժեշտ է մար­դուս կեան­քին ա­պա­հով կեր­պով պահ­պան­մա­նը եւ գո­յա­տեւ­մա­նը հա­մար։ Եւ «նոյ­նու­թիւն»ը՝ իր նման­նե­րուն նկատ­մամբ եւ իր Ա­րար­չին նկատ­մամբ, քա­նի որ Աս­տուած մար­դը ստեղ­ծած է Ի­րեն նմա­նու­թեամբ եւ մար­դիկ՝ ի­րա­րու նմա­նու­թեամբ, քա­նի որ իւ­րա­քան­չիւ­րը կը նմա­նին մէ՛կ Հօր՝ մէ՛կ Աս­տու­ծոյ, ա­պա ու­րեմն ա­նոնց ա­մէն մէկն ալ կը նմա­նին ի­րա­րու։

Մար­դուս պարտքն ու պար­տա­կա­նու­թի՛ւնն է պահ­պա­նել «միու­թիւն»ը եւ «նմա­նու­թիւն»ը։ Եւ այն­քան ա­տեն որ մարդ կը պահ­պա­նէ միու­թիւ­նը՝ ա­մէն մար­զի մէջ, նաեւ՝ բնու­թեան եւ քա­ղա­քակր­թու­թեան մէջ, կրնայ եր­ջա­նիկ ըլ­լալ։ Բայց եր­ջա­նիկ ըլ­լալ՝  բո­լո­րո­վին կա­տա­րեալ ըլ­լալ չի նշա­նա­կեր, ա­սոր հա­մար պէտք է պահ­պա­նէ նաեւ նմա­նու­թիւ­նը՝ մարդս մար­դու եւ մարդս Աս­տու­ծոյ նկատ­մամբ, եւ ին­չո՛ւ չէ, նմա­նու­թիւ­նը՝ բնու­թեան եւ քա­ղա­քակր­թու­թեան՝ հա­ւա­սար նժար­նե­րու մէջ հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լով զա­նոնք։

Ու­րեմն մար­դուս կեան­քին մէջ կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղան այս եր­կու վի­ճակ­նե­րը՝ «Միու­թիւն» եւ «Նմա­նու­թիւն», ո­րոնք կ՚են­թադ­րեն՝ հա­ւա­սա­րու­թիւն, ար­դա­րու­թիւն եւ հա­ւա­տար­մու­թի՛ւն։

Պահ մը, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ձեր ու­շադ­րու­թիւ­նը դար­ձու­ցէք մեր ըն­կե­րա­յին կեան­քին եւ նաեւ ու­շադ­րու­թեամբ դի­տե­ցէք բնու­թիւ­նը եւ հոն պի­տի տես­նէք միու­թիւն եւ նմա­նու­թիւն, եր­կու ար­ժէք­ներ, եր­կու անհ­րա­ժեշտ վի­ճակ­ներ՝ որ կը ներ­դաշ­նա­կեն տիե­զեր­քը, մար­դը, մարդ­կու­թիւ­նը, կեան­քը ամ­բողջ, եւ ո՛ւր որ կայ կեանք ո­րե­ւէ ձե­ւի տակ, հոն ան­պայ­մա՛ն պի­տի ըլ­լայ միու­թիւն եւ նմա­նու­թի՛ւն։ Դի­տե­ցէ՛ք բնու­թիւ­նը, ո՛ր մէկ ա­րուես­տա­գէտ կա­րո­ղա­ցած է մին­չեւ այ­սօր ար­տադ­րել բնու­թեան հրա­շա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, քա­նի որ հոն կա՛յ միու­թիւն եւ նմա­նու­թիւն, հոն կա՛յ բա­րիք, գե­ղեց­կու­թիւն եւ ճշմար­տու­թի՛ւն միշտ միա­ցած, միշտ ի­րա­րու նմա՛ն։

Բնու­թեան մէջ է որ կը տես­նուի զմայ­լե­լի հրա­շա­գոր­ծու­թիւ­նը՝ գլուխ գոր­ծո­ցը Տիե­զեր­քի մեծ Ա­րուես­տա­գէ­տին, Ի­մաս­տու­նին եւ Սի­րոյ աղ­բիւր՝ Սրտին ու Մտքին։ Նոյ­նինքն Աս­տուած գծագ­րած է ա­մէն պատ­կեր բնու­թեան մէջ՝ որ կա­րե­լի չէ բաղ­դա­տել ո­րե­ւէ ա­րուես­տի գոր­ծի հետ, ինչ որ մար­դուս ար­տադ­րու­թիւնն է։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ բնու­թեան այս գե­ղեց­կու­թեան, կա­տա­րե­լու­թեան, բա­րիք­նե­րուն պատ­ճառն է եր­կու բան. «Միու­թիւն» եւ «Նմա­նու­թի՛ւն»։

­Սի­րե­լի­նե՜ր, ե­թէ կ՚ու­զենք եր­ջա­նիկ ըլ­լալ, պէտք է նոյն­քան կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յենք, հոգ տա­նինք եւ խնա­մենք բնու­թիւ­նը՝ որ­քան հրա­պու­րուած կը տա­րուինք քա­ղա­քակր­թու­թեան բա­րիք­նե­րէն, եւ զա­նոնք պա­հե՛նք «միու­թեան» եւ «նմա­նու­թեան» մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 20, 2017, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017