ԻՆՉՔԱ՛Ն ՄՕՏ՝ ԱՅՆՔԱՆ ՀԵՌՈՒ

Շատերու համար յաղթանակ նկատածը՝ կրնայ պարտութիւն նշանակել ոմանց համար եւ ոմանց սրբազան արժէքը՝ ուրիշի համար կրնայ դառնալ իմաստազուրկ ոչնչութիւն: Եւ այդ իրականութիւնն է, որ մարդը մարդէն կը տարբերէ, իւրաքանչիւրը տալով տարբեր դիմագիծ ու մտածելակերպ: Հսկայական տարբերութիւնն է պատճառը, որ մեր կեանքին մէջ ո՛չ մէկ իրականութիւն ունի հաստատուած, ամուր ու հաստատուած չափանիշ. մինչեւ կատարածն աշխարհի ո՛չ ոք պիտի կարենայ ստուգապէս մատնանշել սիրոյ, կեանքի, հաւատքի եւ այլ ճշմարտութեանց ինչութիւնը, որովհետեւ մի՛շտ ալ սէրը ինծի համար պիտի ըլլայ տարբե՛ր՝ ուրիշին համար ուրիշ եւ այլեւայլ:

Այս ըմբռնումներու տարբերութիւնն է պատճառը, որ շատերու արցունք պատճառող երգ մը՝ ուրիշի համար կրնայ այլանդակ ու անշնորհ երաժշտութիւն մը թուիլ, շատերու որպէս փիլիսոփայութիւն նկատած խօսքը՝ ուրիշի համար սկսնակի մը գրական առաջին փորձերը:

***

Տարիներ առաջ առողջական հարցերով դիմեցի արաբ բժիշկի մը, որուն համար բազմաթիւ գովեստի խօսքեր լսած էի: Կոտրտուած արաբերէնէս կռահելով արաբ չըլլալս հետաքրքրութիւնով ազգութիւնս հարցուց:

-Հա՛յ եմ:

Դէմքի ժպիտով մը ինքնավստահ դիրք մը առաւ.

-Ո՜հ... դո՛ւք հայերդ... սքանչելի ազգ մըն էք. հոգիով, սիրտով ու արիւնով իրար կապուած. հայրենասէ՜ր, եղբայրասէ՜ր... բոլո՛րդ ալ աշխատասէր ու ժրաջան: Քրոջս փեսան հայ է՝ Սարգիսը. կօշիկի խանութ ունի Զալքա, կը ճանչնա՞ս: Ես շատ կը սիրեմ հայերը. ձեր եկեղեցականները... նուիրուած, հաւատքով. անբիծ ու մաքուր: Մերիններուն պէս չեն. մերինները դրամը չափազանց սիրող, հեռու ամէ՛ն սրբութենէ ու մաքրութենէ:

Համոզուած էր, որ եղբայրասիրութեան իբրեւ արդիւնք՝ ես պարտաւոր էի ճանչնալ Սարգիսը, որովհետեւ իր աչքին մենք ա՛յն ազգն էինք, որ ամուր արեան կապով ձուլուած էինք իրար եւ այդ պահուն չճանչնալս կրնար հիասթափութիւն պատճառել խօսակիցին:

Պէ՛տք է ճանչնայի Սարգիսը:

Կը սիրէր մեզ ու կը հիանար մեր առաքինութիւններով: Կրնայի՞ր ըսել, որ մենք ձեր կարծածին պէս միաձուլուած չենք. բաժնուած ենք հազար բեկորներու ու դարձած մենք մեր մեծագոյն թշնամիները: Կրնայի՞ր ըսել, որ մեր մէջ հայրենասիրութենէն աւելի բոյն դրած է օտարամոլութիւնը: Կրնայի՞ր ըսել, որ ի՛նք աւելի կը սիրէ հայերը՝ քան իր քրոջ փեսան Սարգիսը: Կրնայի՞ր ըսել, որ մե՛նք ՁԵՐ եկեղեցականներու կը հիանանք, որովհետեւ մեր աչքին մերիններն են գողերն ու սրբապիղծները. մեր աչքին եկեղեցականէ աւելի «մաֆիա»ներ են անոնք:

Կրնայի՞ր ըսել: Գլխու շարժումով մը վաւերացուցի իր ըսածները:

Մենք՝ որ շատ անգամ թեթեւնալու եւ ամփոփուելու համար արաբներուն սրբատեղիներն ու եկեղեցիները կ՚երթանք՝ տարուելով անոնց կարծեցեալ «սրբութեամբ», իրենցմէ մին կու գար մեր մերժածն ու չընդունածը յարգելու եւ մեծարելու:

Առեղծուած է մարդը. իր ունեցած ձին դրացիին ձիէն քառապատիկ աւելի յարգի, ծանրագին, արագ ու առոյգ ըլլայ, ակամայ կը նախանձի ու կը տենչայ դրացիին ձին:

Այսօր, բոլոր անոնք, որոնք ամերիկացիին կամ եւրոպացիին այս կամ այն ենթադրեալ «առաւելութիւն» մը ներբողած ժամանակ կ՚անգիտանայ, որ նոյնինքն ներբողուածը իր կարգին կը ներբողէ՛ մերը եւ կ՚արժեզրկէ իրը, որովհետեւ ամէ՛ն մարդ ունի այն համոզումը որ ուրիշինը լաւ է, իսկ իրը՝ ոչ:

Կարդացա՞ծ էք Մավեան. կին մը լսելով, թէ Մավեան ապրած է Երուսաղէմի մէջ, զարմանքով հարց կու տայ.-

-Ուրեմն սրբավայրերը տեսա՞ծ էք. Բեթղեհէմը, Գողգոթան, Գեթսեմանիի պարտէզը, Սուրբ Յարութեան տաճարը: Երանի՜, երանի՜ ձեզի. կ՚երեւակայեմ, թէ որքա՜ն երջանիկ պէտք է զգաք դուք ձեզի:

Մավեան մտովի կը մտածէ. «հաւատացեալ այս կինը՝ եթէ գիտնար միայն թէ որքա՜ն պարպուած էին հոգիները գիշեր ու ցերեկ այդ սրբավայրերուն մէջ բնակող, անոնց խորաններուն խաչերն ու կանթեղները շինող, մաքրող, գողցող, եւ ամէն առտու մաքուր խիղճով եկեղեցիներու պատերուն քսուելով գործի գացող մարդերուն, տարբեր, որոշապէս շա՜տ տարբեր ձեւով պիտի նայէր աչքերուս, ուր կարծես կը յուսար գտնել այդ բոլորին հարազատ ցոլացումը հիմա...» («Ուրեմն հա՛յ էք դուք» պատմուածքէն):

Այդ նոյնը կ՚ապրին առաջին անգամ Հայաստան այցելող հայորդիները. հայաստանցիները զարմանքո՜վ կը նային յուզուած աչքերով Արարատ լեռը դիտող հայորդիներուն. ի՞նչ պէտք կայ այդքան երկա՜ր նայելու... չէ՞ որ բնական լեռ մըն է եւ իրենք ամէ՛ն օր տեսնելով սին ու անկարեւոր դարձուցած են: Ամէ՛ն օր տեսնելով՝ այդ լեռը պարզապէս բնութեան մասնիկն է, ո՛չ աւելին:

Մենք նոյնն ենք այսօր մեր ազգին նկատմամբ. անոր մօտ, անոր մէ՛ջ ապրելու կ՚անգիտանանք, թէ ի՜նչ ըսել է հայրենիք, ի՛նչ ըսել է Հայաստան:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԱՀԱՆ ՄԱԼԷԶԵԱՆ
(1871-1966)

Մեր թուականէն 150 տարիներ առաջ՝ 21 սեպտեմբեր 1871-ին Ռումանիոյ Սուլինա քաղաքին մէջ ծնած է գրող, թարգմանիչ եւ հասարակական գործիչ Վահան Մալէզեան:

Մալէզեան տակաւին նոր ծնած՝ 1871-ին ընտանիքին հետ միասին փոխադրուած է Պոլիս եւ իր նախնական կրթութիւնը ստացած՝ տեղի հայկական վարժարանին մէջ, որմէ ետք շարունակած է ուսումը Իրաւաբանական համալսարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1895 թուականին:

Մալէզեան երիտասարդ տարիքէն անդամակցած է Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան եւ բանտարկուած 1897 թուականին: Տարի մը ետք ազատ արձակուելով մեկնած է Եգիպտոս՝ իրաւաբանութեամբ զբաղելու: Եգիպտոսի մէջ, 1908 թուականին եղած է Ռամկավար կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը: Որոշ ժամանակ վարած է ՀՄԸՄ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը:

Վահան Մալէզեան իր գրական առաջին փորձերը կատարած է 1882 թուականին, «Զեփիւռ» ծածկանունով յօդուածներ ստորագրելով «Մասիս» եւ «Արեւելք» պարբերականներուն մէջ: Ապագային աշխատակցած է նաեւ «Արեւելեան Մամուլ», «Ծաղիկ», «Անահիտ», «Բանբեր Գրականութեան եւ Արուեստի», «Շիրակ» եւ այլ պարբերականներու:

Հրատարակած է «Անիծեալը», «Կերոններ», «Տարագրի մը յուշատետրը» եւ այլ աշխատութիւններ: Ֆրանսա ապրած տարիներուն հրատարակած է «Կարապի երգը», «Հոգիի ձայներ», «Ճամբուս վրայ» եւ այլ աշխատասիրութիւններ:

Գրելու կողքին կատարած է նաեւ թարգմանութիւններ, հայերէնի վերածելով Վիքթոր Հիւկոյի, Ա. Սամէնի եւ ուրիշ յայտնի գրողներու գործերը:

Մալէզեան մահացած է 26 սեպտեմբեր 1966-ին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021