ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Որեւէ մարզի մէջ կարգապահութիւնը (discipline) անհրաժե՛շտ է։ Կարգապահութիւնը, արդարեւ յաջողութեան հոգին է։ Կեանքի մէջ նպատակի մը հասնելու համար որքան պէտք է աշխատութիւն, գիտութիւն եւ փորձառութիւն, նո՛յնքան անհրաժեշտ է կարգապահութիւնը, քանի որ եթէ կարգապահութիւնը պակսի աշխատանքի մը մէջ, այդ աշխատութիւնը որեւէ արժէք չ՚ունենար, ապարդիւն կ՚ըլլայ ամէն ջանք։

Աշխատութիւն մը արդիւնաբեր ըլլալու համար պէտք է զայն լաւ կառավարել. իսկ աշխատութիւն մը լաւ կառավարելու ճամբան կարգապահութի՛ւնն է։ Ահաւասիկ, այս պատճառով, կործանարար կը համարուի կարգապահութեան պակասը ամէն մարզի մէջ։

Սակայն, կարգապահութեան նկատմամբ յարգանքը չ՚երթար մինչեւ համոզումի եւ նկարագրի ջնջումը. ուստի, համոզումէ, սկզբունքէ, ուղղութենէ, ձեռներէցութենէ զուրկ աշխատաւոր մը, մանաւանդ երբ արտակարգ վիճակի մը հանդէպ կը գտնուի ան, կարելի չէ մեծ ծառայութիւն մը սպասել, եւ շիտակը՝ կարելի է կարծել թէ մտքին, այսինքն խորհելու եւ դատելու կարողութեան ջնջումը նշանակող կարգապահութիւն մը՝ որուն համար արդէն շատ անյարմար եւ անիմաստ է «կարգապահութիւն» բառը, աղէտ մը կրնայ դառնալ, նպատակի մը համար աշխատողին արժանիքին տեսակէտով։

Համոզումին եւ սկզբունքին կարեւորութիւնը ո՜րքան սխալ ըմբռնումին արտայայտութիւնն է անարդարութիւնը, աչառութիւնը, մարդու մը հաճելի երեւելու համար կարգ մը արժէքներ զոհելու պատրաստակամութիւնը՝ որ «հաճոյք»ին հետ կը շփոթէ «գաղափար»ը, որ բարեկամի մը ազդեցութիւնը նկատի առնելով, բարեկամի ազդեցութեանը ենթակայ կը համարէ հանրային գործ մը իր համոզումին եւ սկզբունքներուն հակառակ կերպով վարելու հաւանիլը։ Ուստի պէտք չէ զոհել հասարակաց բարիքը անհատական օգտին կամ բարիքին. այն մտայնութեամբ թէ՝ տարբերութիւն չի նկատուիր պզտիկ շահ մը զոհելու եւ մտածուած, ուսումնասիրուած ծրագիրէ մը հրաժարելու մէջ։

Պարտաւորութիւններու եւ պաշտօններու այս տեսակ ըմբռնումով մը կարելի չ՚ըլլար բարիք եւ յառաջդիմութիւն յուսալ որեւէ մարզի մէջ։

Ուստի, արդարութիւնը պէտք չէ զոհել կարգապահութեան եւ կարգապահութիւնը որպէս պատրուակ ներկայացնել գործուած անիրաւութեան եւ անարդարութեան։

Արդարութիւնը եւ կարգապահութիւնը պէտք չէ՛ նկատել իրարմէ հեռու եւ իրարու հակառակ բեւեռներ, այլ իրար ամբողջացնող, իրարու ներդաշնակ երկու արժէքներ՝ որոնք կ՚օգնեն յաջողութեան, երջանկութեա՛ն։

Նկարագիր եւ խղճմտանք պէտք է համընթաց ըլլան կարգապահութեան։ Անշուշտ իր իսկական իմաստով կարգապահութեան՝ որ պէտք չէ շփոթել կարծեցեալ կարգապահութեան հետ՝ որ մարդս կը տանի ի վերջոյ հրամայականոն, միտքէ հեռու, խորհելու եւ դատելու կարողութիւնները ջնջող դրութեան մը։ Կարգապահութիւնը «միջոց» մըն է եւ ո՛չ թէ նպատակ. նպատակի մը հասնելու համար լաւագոյն ճամբայ մը, օգտակար միջո՛ց մը…։

Երբ «կարգապահութիւն» կ՚ըսենք, նախ պէտք է գիտնալ, թէ ի՛նչ է «կարգ»ը։

Հասարակաց բարիքը կ՚ընդգրկէ «խաղաղութիւն»ը, այսինքն արդար կարգի մը, այսինքն կանոնաւոր դասաւորում մը, կանոնի համաձայն կազմաւորումի մը տեւողութիւնը եւ ապահովութիւնը։ Այս կէտին կարեւոր է կարգին «արդար» հանգամանք ունենալը։ Ան կ՚ենթադրէ ուրեմն որ իշխանութիւնը պարկեշտ միջոցներով ապահովէ ընկերութեան եւ անոր անդամներուն անվտանգութիւնը։ Ան կը հիմնաւորէ անհատական եւ հաւաքական օրինաւոր «ինքնապաշտպանութեան իրաւունք»ը։

Համընկերութիւնը կը յայտնուի առաջին հերթին ինչքերուն բաժանումին եւ աշխատանքին վարձատրութեան մէջ։ Ան կ՚ենթադրէ նաեւ ճիգը ի նպաստ «ընկերային աւելի արդար կարգ»ի մը՝ որուն մէջ լարուածութիւնները կարենան աւելի լաւ կլանուիլ եւ ուր պայքարները եւ անհամաձայնութիւնները բանակցութեամբ աւելի դիւրաւ ելք գտնեն։

Այս իմաստով, ընկերային կարգը, բարոյականի սկզբունքներով, անհատներու հիմնական իրաւունքներով կարելի է ապահովել, որոնց մէջ կ՚աճի եւ կը զարգանայ եւ ի վերջոյ կը նպաստէ անհատական օգտին եւ բարիքին։

Հանրային օրինաւոր իշխանութիւնը իրաւունքը ե՛ւ պարտականութիւնը ունի որեւէ յանցանքի ծանրութեան համաչափ պատիժներ սահմանելու։ Պատիժը իբր առաջին նպատակ ունի դարմանել յանցանքին ներմուծած անկարգութիւնը։ Այս պատիժը երբ կամովին ընդունուած է յանցաւորէն, համարժէք է քաւութեան։ Այս պատիժը, «հանրային կարգ»ը եւ անձերուն ապահովութիւնը պաշտպանելէ զատ, «բուժիչ նպատակ» մըն ալ ունի. ան պարտի կարելիին չափով յանցաւորին զգաստացումին նպաստել։

Պատիժը՝ «կարգ»ը պահելու միջոց մըն է։

Անցեալ շրջաններուն՝ օրինաւոր կառավարութիւններուն կողմէ դաժան գործելակերպեր սովորաբար կիրարկուած են պահպանելու համար օրէնքը եւ կարգը, յաճախ առանց որ Եկեղեցւոյ հովիւները անոնց դէմ բողոքեն, քանի որ իրենք եւս տանջանքին մասին «Հռոմէական իրաւաբանութեան» տնօրինումները որդեգրած են իրենց ատեաններուն մէջ։ Այս ցաւալի իրողութիւններուն առընթեր, Եկեղեցին միշտ ալ ուսոյց բարեգթութեան եւ ողորմածութեան պարտականութիւնը։ Նորագոյն ժամանակներուն մէջ, բացայայտ դարձաւ, որ այս դաժան գործելակերպերը ո՛չ անհրաժեշտ էին հանրային կարգին, ո՛չ ալ համապատասխան մարդկային անձին օրինաւոր իրաւունքներուն։ Ընդհակառակը, այս գործելակերպերը կը տանին յոռեգոյն վատթարացումներու։ Ուստի, հարկ է, հակակշռել եւ հաւասարակշռել կարգապահութիւնը եւ անձին օրինաւոր եւ հիմնական իրաւունքները եւ ազատութիւնը։

Այն տեսութիւնը՝ որ շահը ամէն տնտեսական գործառնութեան իբր «բացարձակ կանոն» եւ վերջնագոյն վախճան կ՚ընդունի, բարոյապէս անընդունելի կը մնայ։ Դրամի անկարգ ցանկութիւնը յաճախ վատթար արդիւնքներ ունի եւ պատճառներէն մին է բազմաթիւ ընդհարումներու, որ ընկերական կարգուսարքը կը խռովեն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 19, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020