ՅՍՏԱԿԵՑՈՒՄ ՈՉԽԱՐՆԵՐՈՒՆ

Քանի մը օր առաջ «Մարդուժի պատրաստութեան կարիքը չունինք» խորագրեալ յօդուածով հրապարակեցինք մարդուժի պատրաստութեան մասին մեր մտածումները՝ ըսելով. «Մեր ազգի դժբախտութեան պատճառը ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր մարդուժի պակասը չէ, որովհետեւ մարդուժի պատրաստութեան հիմնական ու կարեւոր նուիրական գործէն առաջ շատ աւելի կարեւոր ու առաջնահերթ խնդիրներու պէտք է լուծում տանք»:

Ինչպէս միշտ, հայ ընթերցողը այս անգամ եւս չկրցաւ զանազանել երեւոյթը անձէն ու չկրցաւ ըմբռնել այն վէրքին տարողութիւնը, որ փորձած էինք յայտնել մեր գրութեան մէջ: Շատ շատեր այդ յօդուածը որակեցին որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին դէմ գրուած յօդուած՝ առանց գրութեան իմաստին թափանցել կարենալու. նոյնիսկ Լիբանանի հայկական թերթերէն մէկուն աշխատակիցը յայտնեց, թէ նման յօդուածի մը հրապարակումը, կրնայ տուեալ թերթը Նորին Սրբութեան «մտրակ»ին արժանացնել:

Չեմ գիտեր ուրկէ՞ սկիզբ առած է այսպիսի հասկացողութիւն, սակայն մեր ազգային կեանքին մէջ բան մը քննադատելը եւ կամ բանի մը դէմ գրելը կը դիտուի՝ որպէս թշնամութիւն, ոխ ու կռիւ։ Քննադատութիւն բառը մեր ազգին մէջ ամբողջութեամբ կորսնցուցած է իր արժէքը եւ «ցեխարձակում» բառը փոխարինուած է «քննադատութիւն» բառով: Այս մէկը յառաջ կու գայ մեր ազգի մէջ բոյն դրած ոչխարի հոգեբանութենէն, ըստ որուն՝ պէտք է լոկ գլուխ շարժել եւ ընդունիլ ամէ՛ն բան, որ կ՚ըսուի եւ կ՚որոշուի. երեւոյթ՝ որ մեծապէս խթանեց ազգակործան ծրագիրներու յաջողութեան:

Տ. Գնէլ Արքեպիսկոպոս Ճէրէճեանի, Փարամազ Կ. Տօնիկեանի եւ Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեանի միատեղ պատրաստած «Հայոց լեզուի նոր բառարան»ին մէջ «քննադատել» բառը կը բացատրուի հետեւեալ ձեւով. «Բանաւոր կամ գրաւոր կերպով ցոյց տալ որեւէ բանի, գործունէութեան, գրութեան թերիները՝ սխալները, զանոնք սրբագրելու համար» եւ նկատի ունենալով որ մեր ազգին մէջ գոյութիւն չունի «Պապին անսխալական»ութիւնը, հետեւաբար ատելութեան, թշնամութեան եւ հակառակութեան փոխարէն իւրաքանչիւր քննադատութիւն պէտք է ընդունիլ վերոյիշեալ բացատրութեան հասկացողութեամբ, քննադատութեան մը դիմաց լարուելու փոխարէն շնորհակալութիւն յայտնելու քաջութիւնը ունենալու աստիճան. գուցէ անկարելի թուի այդ մէկը բոլորիս համար, սակայն հայ գրականութեան մէջ կարելի է գտնել անոր օրինակները։ 1900-ական թուականներու սկիզբները Հայր Ներսեհ Անդրիկեան կը քննադատէ արեւմտահայ մեծագոյն բանաստեղծներէն Դանիէլ Վարուժանի «Սարսուռներ» գործը, որուն դիմաց բանաստեղծը 10 մայիս 1906 թուականին զինք քննադատողին կը գրէ. «Հատորիկը արժանի՞ էր այդ քննադատութեան - չեմ գիտեր - բայց ձեր քննադատութիւնը արժանի էր կարդացուելու. երջան[կութիւն] է ինծի դեռ ճամբուն սկիզբը գտնել այսպէս գօտեպնդող ձեռքեր»:

***

Քննադատութեան ինչ ըլլալը չհասկցող, ինչպէս նաեւ մեր յօդուածին միտք բանին չըմբռնող մարդոց համար կ՚ուզենք յստակեցնել։ Առաջին հերթին բոլորիս համար անառարկելի պէտք է ըլլայ այն դժբախտ երեւոյթը, որ մեր ազգին մէջ՝ Հայաստան թէ սփիւռք, ազգի բարօրութեան նուիրուած մարդիկ մի՛շտ անտեսուած են եւ իրենց սեփական շահերը հետապնդող անձերու կողմէ Նորին Սրբութեան իսկ բառերով դուրս ձգուած են լուսանցքէն: Յօդուածին միտք բանին շատ մը անհասկցողներու համար յստակ դարձնելու համար օրինակը վերցնենք առեւտրական կեանքէն։ Եթէ վաճառական մը ապրանքատեսակ մը բերէ եւ չկարենայ վաճառել, նոյն ապրանքատեսակէն դարձեալ կը բերէ՞… Եթէ պատասխանը տրամաբանականօրէն ո՛չ է, ապա նոյն տրամաբանութեամբ ինչո՞ւ համար նոր մարդուժեր պատրաստել՝ երբ մեր ունեցած մարդուժերը հեռու կը պահենք մեր ազգային կեանքէն ու խնդիրներէն եւ կը փորձենք չէզոքացնել զանոնք:

Մեր այդ յօդուածով ուզեցինք շեշտը դնել այդ չէզոքացման փորձին վրայ. չէզոքացման մէջ մեղաւոր է ո՛չ միայն եկեղեցին, այլեւ մեղաւոր ենք բոլորս՝ մասնաւորաբար մեր գաղութներու ներկայ «ղեկավար»ները։ Ղեկավար բառը չակերտներու մէջ կը դնենք, որովհետեւ իսկական ղեկավարը այն է, որ ո՛չ թէ իր աթոռին վրայ կը վախնայ, այլ իմաստուն ձեւով կը պատրաստուի իր աթոռը փոխանցել ուրիշներուն՝ մի՛ միայն հայերնիքի եւ ազգին շահերը նկատի ունենալով:

Այնքան ժամանակ, որ մեր ազգին մէջ կը շարունակուի գործել «խնամի, ծանօթ, բարեկամ» հասկացողութիւնը՝ մենք մարդուժի կարիքը չունինք, որովհետեւ մեր պատրաստած մարդուժերը նուիրումով պիտի սկսին գործել, սակայն պիտի տեսնեն, որ անոնց փոխարէն պաշտօնի կոչուած են խծբ-ով առաջնորդուողները: Նման պայմաններու մէջ մարդուժ պատրաստելը ապագայ դժբախտ հայագէտներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ պատրաստել կը նշանակէ, որովհետեւ ինչպէս այսօր, նոյնպէս վաղը անոնք լուսանցքէն դուրս պիտի մնան:

Թող մեր ազգը հասկնայ, որ Կաթողիկոսին մէկ արտայայտութեան դէմ գրելը, Դաշնակցութեան կամ Հնչակեան կուսակցութեան այս կամ այն որոշումին դէմ արտայայտուիլը զանոնք որպէս թշնամի տեսնել չի նշանակեր, որովհետեւ անոնց գլուխը գտնուողները մարդ արարածներ են եւ հետեւաբար սխալական ըլլալով կրնան խոցելի կողմեր ունենալ:

Վստահ ենք, եթէ մեր ազգը քննադատութիւն ըսուածին իմաստը լաւապէս հասկցած ըլլար, այսօր ազգովին շատ աւելի տարբեր ու փայլուն վիճակ մը կը պարզէինք:

Հազա՜ր երանի այն մարդուն, որ քննադատութիւնները որպէս զօրակցութիւն ու բարելաւման միջոց ընդունելով քաջաբար զանոնք կարդալու, հասկնալու իմաստութիւնը կ՚ունենայ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ տեսք ունէր օձը նախքան Աստուծոյ կողմէ ստացած պատիժը:

Պատասխան. Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքին մէջ կը նկարագրուի, թէ ինչպէս Ադամի եւ Եւայի անհնազանդութենէն ետք Աստուած պատժեց օձը, որպէսզի ամբողջ կեանքը իր որովայնին վրայ սողայ: Այս պատմութեան հիման վրայ շատեր յանգած են այն եզրակացութեան, թէ օձը նախապէս տարբեր տեսք ունեցած է՝ ինչպէս, օրինակ, հնարաւոր է ունեցած ըլլայ ոտքեր, ձեռքեր եւ այլն: Սակայն Աստուածաշունչը յստակ բացատրութիւն մը չի տար, թէ ինչպէս էր օձին պատկերը նախապէս։ Շատեր այս մէկը որպէս փոխաբերական կը նկատեն եւ մեկնաբանութիւն կը կատարեն եւ շատեր կը շարունակեն հաւատալ, որ օձը ունեցած է այլ տեսք։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024