ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Թէպէտ որպէս անդամներ իրարու կապուած ենք, բայց Աստուծոյ շնորհքը իւրաքանչիւրիս տարբեր պարգեւ մը տուած է, որ պէտք է գործածենք». (ՀՌՈՄ. ԺԲ 5-6)։

Ընկերութիւնը ընկերային ապահովութիւնը կ՚ապահովէ, երբ կ՚իրականացնէ այն պայմանները՝ որոնք թոյլ կու տան համախմբումներուն եւ մարդոց իւրաքանչիւրին ստանալու ի՛նչ որ իրենց անկ է ըստ իրենց բնութեան եւ կոչումին։

Ընկերային արդարութիւնը կապուած է հասարակաց բարիքին եւ իշխանութեան գործադրութեան հետ։ Ուստի «հաւասարութեան հարց»ը հասարակաց բարիքին եւ անհատական իրաւունքի ներդաշնակութեան վրայ հաստատուած «արժէք» մըն է։

Ըստ պատկերին միայն Աստուծոյ ստեղծուած, միեւնոյն հոգիով եւ բանականութեամբ օժտուած բոլոր մարդիկը ունին նո՛յն բնութիւնը եւ նո՛յն ծագումը։

Այս իսկ իմաստով, մարդիկ կոչուած են մասնակցելու աստուածային միեւնոյն երանութեան. բոլորն ալ ուրեմն հաւասար արժանապատուութեան տէր են։ Հաւասարութիւնը մարդոց միջեւ կը յենու էապէս անոնց անձնական արժանապատուութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անկէ բխող իրաւունքներուն վրայ։ Ուստի, ամէն տեսակ խտրականութիւն, որ կը հայի անձին հիմնական եւ էական իրաւունքներուն կամ հիմնուած է սեռի, ցեղի, մորթի գոյնին, ընկերային կացութեան, լեզուի կամ կրօնի, համոզումի վրայ, պէտք է զանցուի իբրեւ ներհակ Աստուծոյ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին։

Աշխարհ գալով, մարդը իր տրամադրութեան տակ չունի ամէն ինչ, որ անհրաժեշտ է իր մարմնաւոր եւ հոգեւոր կեանքին գոյապահպանման, գոյատեւման եւ բարգաւաճումին համար։ Ուստի մարդ կարիքը ունի ուրիշներուն՝ իր նմաններուն։

Արդարեւ, բնականաբար կը յայտնուին տարբերութիւններ, որոնք կապուած են տարիքի, ֆիզիքական կարողութիւններու, իմացական եւ բարոյական ընդունակութիւններու եւ տարողութեան, ստացական սովորութիւններու, փոխանակումով ձեռք ձգուած շահերու, հարստութիւններու բաշխումի։ «Քանքարները հաւասար ձեւով չեն բաշխուած». (ՄԱՏԹ. ԻԵ 14-30), (ՂՈՒԿ. ԺԹ 11-27)։

Եւ ահաւասիկ իսկական հաւասարութիւնը՝ այս տարբերութիւններու ներդաշնակութի՛ւնն է։ Հաւասարութիւնը՝ առիթներէ օգտուելու իրաւո՛ւնքն է։

Արդարեւ, Աստուծոյ նպատակը բնաւ այն չէ, որ բոլոր մարդիկ իրարու հաւասար կամ իրարու նման ըլլան։ Իւրաքանչիւր ոք «կոչում» մը ունի եւ հաւատարիմ ըլլալու է բուն իր կոչմանը մէջ։

Ոմանք մեծամեծ եւ հրաշալի պարգեւներով օժտուած են, եւ անոնք որ այս պարգեւներով զարդարուած են՝ այն պարգեւներուն աւելի քան չափով յարգանք պէտք է ցոյց տան եւ զանոնք չարաչար չգործածեն, այլ զանոնք իբր Աստուծոյ պարգեւները նկատելով գործածեն Աստուծոյ կամքը նկատի ունենալով՝ Աստուծոյ կամքին համեմատ։ Այս կը նշանակէ, որ ամէն մարդ պէտք է կատարէ ի՛նչ պաշտօն որ յանձնուած է իրեն։

Արդարեւ, եթէ «հաւասարութիւն»ը հասկցուի իր նիւթական՝ տեսանելի, նեղ իմաստով, այլապէս ի՞նչ արժէք կ՚ունենայ մարդուն «իրերօգնութեան» սկզբնական կոչումը։ Մարդիկ ստեղծուած եւ կոչուած են իրար լրացնելու, իրար ամբողջացնելու, իրարու թերութիւնները եւ տկարութիւնները սրբագրելու, զօրացնելու, մէկ խօսքով՝ իրարու օգնելո՛ւ։ Մարդիկ տեսանելի տարբերութիւններ ունին, բայց այս տարբերութիւնները հաւասարութեան վերածելու պարտաւո՛ր են, քանի որ Աստուծոյ նպատակը ա՛յս է։

Այս իմաստով, եթէ ամէն մարդ կատարէ իրեն յանձնուած «պաշտօն»ը՝ ըստ իր կարողութեան եւ տարողութեան, ահաւասիկ այն ատեն հաստատուած կ՚ըլլայ իսկական հաւասարութիւնը։

«Պաշտօն կատարել» կը նշանակէ ծառայել. չէ՞ որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Մարդու Որդին, ինքն ալ, չեկա՛ւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու». (ՄԱՐԿ. Ժ 45)։

Անշուշտ, այս սպասաւորութիւնը կամ ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ «անկեղծութեամբ», որպէսզի ծառայէ իր նպատակին եւ հաստատէ «հաւասարութիւն»ը։ Ուստի բարիքները բաշխելու գործին մէջ պէտք է ըլլալ անկեղծ եւ առատաձեռն։

Ծառայասէր ըլլալու համար պէտք ունենալ այն կաթոգին սէրը՝ զոր ծնողներ եւ զաւակներ ունին իրարու հանդէպ։

Եւ ի՜նչ առաքինութիւն է՝ սիրոյ տիպարներ ըլլալ, սիրել զիրար, անկեղծ կերպով ծառայել, օգնել իրարու, քանի որ անոնք է որ կը կատարեն Աստուծոյ կամքը եւ հաւատարիմ են իրենց սկզբնական եւ մշտնջենաւոր կոչումին։

Սիրենք եւ ծառայենք. ա՛յս է մեր կոչո՛ւմը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 18, 2021, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2021