ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄ

«Աւանդութիւն» կը նշանակէ՝ նախնիներէ ժառանգուած կամ ընդօրինակուած վարժութիւններ, սովորութիւններ։ Հայրերէ աւանդուած սովորութիւններ կան, որոնք այսօր եւ գալիք դարերուն համար ալ պահպանուելիք վսեմ ժառանգութիւններ են։

Ազգութիւն, հայրենիք, ընտանիք, ընտանեկան սրբութիւն, մայրենի լեզու, ճշմարիտ հաւատք, եւ այլն. նախնի հայրեր պայքարներ մղեր, մինչեւ իսկ արիւն թափեր եւ իրենց կեանքերը զոհեր են աւանդութիւնը պահելու եւ պահպանելու եւ իրենց սերունդներուն փոխանցելու համար։

Միտքեր փոխանակ հետազօտելով եւ քննարկելով ճշմարտութիւնը ճանչնալու, շիտակը եւ սխալը որոնելու, կուրօրէն կը հաւատան կրօնքներու, քանի որ իրենց «անսխալական» մայրերը եւ հայրերը (եթէ կայ անսխալական մարդ) այդպէս հաւատացեր են։ Եւ ուրեմն, նախնիներուն կրօնա-յարանուանական աւանդները «անյեղլի» են եւ «արժանի»՝ ամէն գնով պաշտպանելու եւ պահպանելու։ Եթէ բոլոր նախնիները եւ հայրերը անսխալական ըլլային, հաւատալիքներ՝ բոլորը միայն մէկ ճշմարիտ հաւատք պիտի որդեգրէին։ Ուստի, հաւատքներու տարբերութիւնները հզօր ապացոյցներ են՝ նախնիներուն չարաչար սխալած ըլլալնուն։

«Ես որ աւանդական հաւատքը կը պաշտպանեմ, ինչպէս ուրիշներ ալ իրենց նախնիներուն աւանդածը, ի՞նչ էր ինծի աւանդուած հաւատքին հիմը, ո՞վ էր հաւատքին հիմնադիրը, ի՞նչ է անոր վարդապետութիւնը, անոր կեանքը, ապրելակերպը, կենցաղը, նկարագիրը. ի՞նչ է անոր գործելակերպը…». այսպէս կը խորհի եւ կը փնտռէ առողջ դատողութիւնը, ա՛յս է առողջ դատողութիւն ունեցող միտքը։

Այս ընելու համար մարդ պէտք է համոզուի, որ ճշմարիտ Հաւատքը էական է մարդուն երկրաւոր խաղաղ եւ ուրախ կեանքին, եւ մանաւանդ յաւիտենական երջանիկ կեանքին համար, քանի որ սխալ հաւատքը յաւիտենական տանջանք պիտի նշանակէ։ Այս հարցումները ընելու պարկեշտութիւնը կախեալ է ճշմարտութիւնը ճանչնալու անկեղծ փափաքէն։ Ամէն գնով ճշմարտութիւնը ընդունելու խոնարհութենէն։

Նախնիներուն հաւատալիքներուն մէջ կան առասպելներ, որոնք իրենց համար «ճշմարտութիւն»ներ էին։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ Տիմոթէոսին. «Չնայիլ առասպելներու…». (Ա ՏԻՄ. Ա 3)։ Կարգ մը առասպելներ կը հասնին մեր օրերը…։

Անիմաստ եւ անհիմն, եւ մանաւանդ բանականութեան հակառակ աւանդութիւններուն կառչած մնալու ջանքերը մարդիկը կը տանին «նախապաշարում»ի։ Նախապաշարեալ մարդիկ կը յաւակնին ինքնավստահ ցոյց տալ իրենց գիտցածը եւ հաւատալիքները։ Սակայն անոնց վստահութեան ջուրը իրենց անձին ակէն չի բխիր։ Աշխարհիս աւելի քան 6 միլիառ մարդոց քիչերը ունին կատարեալ համոզում իրենց պաշտպանած տեսութեան, կրօնքին, հաւատքին, գիտութեան անսխալ ըլլալուն։ Քանի որ իրենք անձնապէս փնտռեր, համոզուեր, հաւատացեր եւ ուրիշներուն վարդապետեր են։ Իսկ մնացեալ մարդիկը այսպէս եւ այնպէս կը հաւատան, քանի որ «ուրիշներ» այսպէս եւ այնպէս կը հաւատան։

Ասիկա իրականութի՛ւն է բոլոր մարզերու եւ շրջանակներու մէջ, անոնք ըլլան քաղաքական, կրօնական, գիտական, ընկերային եւ այլն։ Շատեր կ՚ըսեն. «այսպէս կը հաւատանք, քանի որ հայրս, վարժապետս, վարպետս, խելացի ընկերս, մօտ բարեկամիս ընտանիքը, այս, այն, ա՛յսպէս կը հաւատան»։ Հաւատք մը՝ որ ուրիշէն կախում ունի, հաւատք մը՝ որ պարզապէս «ընդօրինակուած» է, «կոյր հաւատք» մըն է։

Այս առիթով անգամ մը եւս յիշելու մէջ օգուտ կայ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի խօսքը, թէ՝ պէ՛տք է հասկնալով հաւատալ, հաւատալով հասկնալ։ Հակառակ պարագային կրօնքը, հաւատքը կը վերածուին մոլեռանդութեան եւ բռնաւորութեան։ Մոլեռանդութիւնը, անկասկած, աշխարհի աղէտներէն մին է։ Պատմութիւնը կը վկայէ ատելութիւններու, նոյնիսկ պատերազմներու եւ սպանութիւններու՝ ուրիշներուն համոզումներուն հոսանքէն քշուելով։ Եւ ո՜րքան ցաւալի է համոզումի համար ատել եւ թշնամանալ մէկու մը, որ ան ալ իր կարգին ունի խղճի ազատութիւն, մտածումի ազատութիւն։

Մոլեռանդութիւնը՝ որ իր մէջ կը պարունակէ նախապաշարում, կանխակալութիւն եւ բռնաւորութիւն։ Անիկա երբեք հաստատուն հիմ չ՚ունենար, թէեւ «ինքնավստահ ըլլալ»ու յաւակնութիւնը կ՚ունենայ։ Ատոր ակը «տգիտութեան ծառ»ին արմատները երկարելով կը ջրէ զայն։ Մոլեռանդը եւ նախապաշարեալը ամբարտաւան է, ինքը գիտէ, երբեք չի սխալիր, ինքը ինչ բանի որ համոզուեր եւ հաւատացեր է, միայն ա՛յդ է շիտակը, ճշմարիտը, եթէ իր համոզումը կամ հաւատքը փոխելու ըլլայ, ատկէ առաջ «սխալած» կը նկատուի, այդ իրեն նախատինք է, «տգէտ»ի տեղ դրուած կ՚ըլլայ։

Մարդը հպա՛րտ է. ինչպէ՞ս կրնայ սխալած ըլլալ, ո՛չ, երբեք, դիմացինն է սխալողը։ Մոլեռանդը եւ նախապաշարեալը յամառ է, իր խօսքէն չի՛ շեղիր, անգութ է, եթէ կարելի ըլլայ կը պարտադրէ, կը սպառնայ որ դիմացինն ալ իրեն նման համոզուի կամ հաւատայ։

Մոլեռանդութեամբ զօրացած նախապաշարումները միայն կրօնական հաւատալիքներ չեն. մարդիկ կը նախապաշարուին իրենց տեսածներով, լսածներով կարդացած-սորվածներով, ենթադրութիւններով, եւ այն ամէն բաներով, ինչ որ զիրենք կը տպաւորեն։ Ասոնց մէջ կ՚իյնան ամենաէականը, հաւատալիքը։

Կրօնական մոլեռանդութիւնը եւ նախապաշարումը իր ծիլերը կ՚արձակէ եւ հասակ կը նետէ ընտանիքին մէջ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ, 18 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2023