ՆԱՄԱԿ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ (Գ.)

ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Սիրելի ծնող,

Համոզուեցէ՛ք որ որպէս մարդ դուք եւս սխալական էք եւ շատ անգամ ձեր «բարիք» կարծածները, կրնան վնաս դառնալ ձեր զաւակներուն: Կասկած չունինք, որ մի՛շտ լաւը կը ցանկաք ձեր զաւակներուն համար, սակայն ձեր միջամտութիւնները միշտ ալ դրական արդիւնք կրնայ չունենալ:

Դուրս եկէք այն համոզումէն, որ դուք աւելի փորձառու ըլլալով ճիշդ էք ու անսխալական:

Ծնողքի մը մեծագոյն պարտաւորութիւնն ու պարտականութիւնն է ո՛չ թէ իր զաւակին ապագան գծել է, այլ այդ ապագան գծել սորվեցնել, որովհետեւ առողջ ու գիտակից երիտասարդ մը ունենալու համար պէտք է մանուկ տարիքէն սորվեցնել, թէ ինչպէ՞ս որոշում պէտք է առնել կեանքի մէջ, այլապէս ամբողջ կեանքը կախեալ պիտի ըլլայ ուրիշներէն եւ երբեք ինքնիշխան ու ազատ անհատ մը պիտի չդառնայ:

Գիտեմ, որ բոլորդ ալ կ՚ուզէք ձեր զաւակները տեսնել բարձր դիրքերու վրայ. կ՚երազէք անոնք դառնան փաստաբաններ, բժիշկներ, գիտնականներ ու մտաւորականներ, սակայն ձեր երազներուն սիրոյն պէտք չէ ձեր զաւակները հեռացնէք իրենց երազներէն, որովհետեւ այդ երազներուն մէջ դուք նիւթապէս ապահով վիճակը որպէս ազատութիւն ու հանգստութիւն կը տեսնէք, մինչ ձեր զաւակներուն համար երազները նիւթական սպասումներէն շատ աւելի վեր նշանակութիւն մը ունին:

Յաճախ կը նկատեմ, որ հասարակութեան մէջ երբ անձ մը ձեր զաւակներուն հարց տայ, ձեր զաւակներէն առաջ մայրեր դո՛ւք կը պատասխանէք. ձեր զաւակներուն կը հարցնեն իրենց տարիքը, սակայն անոնց փոխարէն դուք կը պատասխանէք. ձգեցէ՛ք որ ձեր զաւակը ի՛նք արտայայտէ եւ տայ իր պատասխանները, որովհետեւ դուրսը՝ ընկերութեան մէջ դուք միշտ անոր հետ պիտի չըլլաք եւ հետեւաբար պէտք է ինքնավստահութեան պակասը վերացնէք անոնց մէջէն. պէտք է ձգէք, որ ան խօսի, արտայայտուի, կարծիք յայտնէ, առարկէ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ բանավէճ ունենայ զանազան նիւթերու եւ հարցերու շուրջ, որպէսզի երբ թակարդներով լեցուն աշխարհ դուրս գայ՝ «մամայի ձագուկ» չըլլայ, այլ ունենայ կեցուածք, որոշում ու ինքնութիւն:

Եթէ ձեր մանուկը կեանքի շէնք մըն է, ապա դուք ո՛չ թէ այդ շէնքը շինողը, այլ շինել սորվեցնողը պէտք է որ ըլլաք, որովհետեւ կեանքի դժբախտ իրականութիւն է, որ դուք յաւիտեան անոր կողքը պիտի չըլլաք:

Անցեալին յարգանքով պայմանաւորուած կար այն համոզումը, որ մեծը աւելին գիտէ, մեծը ճիշդը գիտէ, սակայն ներկայ իրականութեան մէջ այդ մէկը ի զօրու չէ. պէտք է համոզուիք, որ ձեր զաւակները արդի արհեստագիտութեան շնորհիւ շա՜տ շատ բաներ գիտեն, կը տեսնեն, կը կարդան եւ լաւապէս գիտեն զանազանել հինն ու նորը:

Ցաւ ի սիրտ, պէտք է ընդունիք, որ ձեր իշխանութիւնը ձեր զաւակներուն վրայ յաւիտենական բնոյթ մը չի կրեր, այդ իսկ պատճառով զիրենք սանձերով առաջնորդելու փոխարէն, ազատութեան մէջ, սակայն ճիշդ ճամբու մէջ առաջնորդուիլ սորվեցնելու կոչուած էք:

Պէտք է ընդունիք, որ ձեր զաւակին կողակիցը պայման չէ գոհացնէ ձեր հարսնացուի հանդէպ ունեցած երազները, որովհետեւ ո՛չ թէ ձեր զաւակները ձեր երազներուն, այլ դո՛ւք անոնց երազներուն բաւարարութիւն տալու պարտաւորուած էք:

Յաճախ կը տեսնեմ, երբ ձեր զաւակները ձեր որոշումներուն հակառակ որոշում մը առնեն «կը տեսնես, պիտի զղջաս» մը կ՚ըսէք, ինչ որ մայրական կամ հայրական մաքուր զգացումներէ հեռու կը մնայ. դուք աղօթողը պէտք է ըլլաք, որ ձեր համոզումները սխա՛լ դուրս գան եւ ո՛չ թէ սպասէք «զղջում»ի այդ օրուան, որովհետեւ այդ մէկը անէծքէ բանով մը չի տարբերիր իրականութեան մէջ:

Տեսած եմ, որ ձեզմէ շատեր իրենց զաւակներուն բոլո՛ր որոշումներուն միջամտելով հանդերձ «Աստուծոյ կամքն» է կ՚ըսեն. ինչքա՞ն ժամանակէ ձեր կամքը Աստուծոյ կամքը եղաւ. ձեր զաւակներուն սորվեցուցէք, որ կեանքի մէջ մեր հետ պատահած բոլո՛ր երեւոյթները մեր որոշումներուն եւ սեփական փափաքներուն արտայայտութիւններն են, որովհետեւ այս կամ այն ասպարէզ ընտրելը, այս կամ այն անձը կողակից ընտրելը Աստուծոյ կամքին հետ գործ չի կրնար ունենալ, որովհետեւ որպէս ազատ մարդ արարածներ մենք մեր սեփական կեանքը գծելու իւրայատուկ ազատութիւնն ու իրաւունքը ունինք:

Ձեր մեծագոյն երազն ու փափաքը ձեր զաւակներուն լաւ ըլլալը պէտք է որ ըլլայ՝ անոնք ի՛նչ արհեստի մէջ ալ գտնուին, ո՛ր աղջկան ալ սիրահարած ըլլան:

Այսօր աշխարհը լեցուն է իրենց ծնողներուն «բարիք»ի սիրոյն ամբողջ կեանք մը թշուառութեան ու ներքին յուզումով ապրող մարդոցմով. կամայ թէ ակամայ դուք եւս ձեր զաւակը դժբախտացուցած կրնաք ըլլալ. անոնք այս մէկը շատ անգամ կը թաղեն իրենց ներաշխարհին մէջ, շատ անգամ ալ ի յայտ կու գայ սխալ ու վատ ընթացքով: Հետեւաբար առածին հիման վրայ «տասը չափեցէ՛ք, մէկ կտրեցէք», որովհետեւ ձեր «պարզ» կարծած մէկ նախադասութիւնը անգամ ինչ մեծ ցաւերու եւ վէրքերու պատճառ կրնայ դառնալ եւ ա՛յս է պատճառը, որ մայր կամ հայր դառնալը դիւրին, սակայն ծնող դառնալը դժուար ըլլալ կը թուի:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -199-

Հայրեր ընդհանրապէս իրենց աղջիկ զաւակներուն մէջ «բժիշկ» տեսնելու երազը կ՚ունենան եւ բժշկութիւնը ընդհանրապէս ամէն ծնողքի համար հպարտանալու միջոց որպէս կը դիտուի: Մեր մօտիկ հարազատներէն մին եւս այս երազներով, իր զաւակին փափաքին հակառակ զինք բժշկութեան դառնալու ո՛չ թէ առաջնորդեց, այլ պարտադրեց եւ վերջաւորութեան դուստրը բժշկական վկայական ստացաւ:

Սակայն աղջիկը անմիջապէս ուզեց պսակուիլ եւ ամուսնական տուն գալու օրն իսկ որոշեց երբեք բժշկութեամբ չզբաղիլ. մինչեւ օրս ունի բժշկական վկայական, որ իրեն համար ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ինք սորված էր՝ պարզապէս սորվելու սիրոյն, սակայն այդ բոլորը հեռու էին իր երազներէն:

Աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար իր երազները հետապնդէր, քան ստանար վկայական մը՝ որ երդուած էր երբեք չգործածել եւ այդ ասպարէզին մէջ չաշխատիլ։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2023