ԸՆԵՆՔ ՄԷԿ ՏԵՍԱԿ… ՉԸՆԵՆՔ ՄԷԿ ՏԵՍԱԿ…

Լիբանանի եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններէն ետք, եկեղեցւոյ եւ կուսակցութիւններու կողքին բազմաթիւ անհատներ եւս լծուեցան մարդասիրական ծառայութիւններու եւ փորձեցին իրենց սահմաններուն մէջ օգտակար դառնալ մանաւանդ տարեցներուն, որոնք աղքատութեան սահմանը հասած ըլլալով զիրենք կեանքին կապող դեղօրայքը անգամ չեն կրնար ձեռք բերել:

Սակայն հայութեան մէջ գոյութիւն ունի խաւ մը, որ եթէ կազմակերպութիւնները օգնութեան ձեռք երկարեն՝ պիտի խօսին եւ եթէ չօգնեն՝ դարձեալ պիտի խօսին. այդ իսկ պատճառով մեր յօդուածին վերնագիրը դրինք «ընե՛նք մէկ տեսակ, չընենք՝ մէկ տեսակ»:

Անցնող մի քանի տարիներու ընթացքին, օտար ափերու մէջ ապրող մեր բարեկեցիկ հայու շնորհիւ մեծամեծ գումարներ ղրկուեցան թէ՛ Լիբանան եւ թէ՛ Սուրիա, որոնք եկեղեցւոյ, կուսակցութիւններու եւ մարդասիրական հաստատութիւններու տրամադրութեան տակ դրուելով այսպէս կամ այնպէս, առաւել կամ նուազ չափով բաժնուեցաւ ժողովուրդին: Բայց մեր մէջ բոյն դրած է հետեւեալ մտածողութիւնը. մեծամեծ գումարները կու գան. հաստատութիւնները անոնց մեծ մասը կ՚իւրացնէ, իսկ մնացած փշրանքները որպէս «ապացոյց» կու տայ աղքատներուն:

Այս պատկերին մէջ մեղաւոր են երկուքը՝ ժողովուրդն ու հաստատութիւնները, որովհետեւ ո՛չ մեր հաստատութիւնները կրցած են ըլլալ թափանցիկ՝ իրենց կատարած գործարքներուն մէջ եւ ո՛չ ալ մեր ժողովուրդը կրցած է ըլլալ գոհ՝ իրեն համար տարուած աշխատանքներուն համար:

Վերոյիշեալ մտածողութեան պատճառով մեր կազմակերպութիւնները սկսած են նկարահանել իրենց տարած աշխատանքներն ու գործունէութիւնը, որպէսզի ժողովուրդը այս կամ այն ձեւով հաղորդ դառնայ անոնց կատարած աշխատանքներուն... բայց մե՜նք ուր, գոհ ըլլալը ուր. այս անգամ ալ «ցուցամոլութեան» դրոշմը կը դրուի անոնց ճակատին՝ մանաւանդ եթէ եկեղեցին է այդ մէկը ընողը, որուն քարոզներուն համաձայն ձախ ձեռքը պէտք չէ գիտնայ, թէ աջը ինչ կ՚ընէ:

Այս քաոսային հանելուկը լուծելու կարող անձ մը գոյութիւն ունի՞:

Անցնող մի քանի օրերուն նոյն կռիւն է, որ տեղի կ՚ունենայ Լիբանանէն ներս. անհատներ, որոնք իրենց բարեկեցիկ բարեկամներէն գումարներ հաւաքելով բարեգործութիւններ կը կատարեն, այսօր կը մեղադրուին գողութեամբ. ու կը զարմանամ, երբ գումար տուողը ունի վստահութիւնը եւ ո՛չ մէկ խնդիր կը տեսնէ այդ մարդուն վստահելիութեան մէջ, նպաստ ստացողը ինչպէ՞ս կը համարձակի հաշուեյարդարի կանչել անձ մը՝ որ այդ բոլորը ընելու պարտաւորութիւնը անգամ չունի:

Մեր ժողովուրդի անբաւարար նկարագիրը հետեւեալ ձեւով ներկայացնեմ. 2017 թուականին որոշեցինք նոր տարուան առթիւ լիբանանահայ աղքատ ու տարեց ընտանիքներուն օգնութիւն մը ցուցաբերել եւ նիւթական օժանդակութեան կողքին նոր տարուան սեղանի համար որոշ ուտեստեղէնի նպաստ պատրաստել. բարեկեցիկ հայ մսավաճառէ մը խնդրեցինք, որ մէկ կամ երկու քիլօ միս տրամադրէ ամէն մէկ ընտանիքի, որպէսզի ամէն մէկ ընտանիք կարող ըլլայ միս ուտել նոր տարուան գիշերը:

Նպաստները բաժնելու յաջորդ օրը հետեւեալ զանգը ստացայ. «Բարեւ, դուք մեզի ըսիք, որ երկու քիլօ միս կայ, կշռեցինք մէկ քիլօ եօթ հարիւր կրամ ելաւ...»: Ի՞նչ պատասխանել. ըսել որ «կը ներէք ե՛տ բերէք», թէ ոչ «հիմա մնացեալ երեք հարիւր կրամը կը բերենք»:

Մեր ժողովուրդը կ՚անգիտանայ, որ որքան ալ բարեկեցիկ հայեր ունենանք, թէեւ բարոյապէս այո՛, սակայն իրականութեան մէջ անոնք երբեք ալ պարտաւորութիւնը չունին կատարելու այն բոլորը՝ որ այսօր կը կատարեն: Մեր ժողովուրդին մէջ խնդրելու եւ շնորհակալ ըլլալու երեւոյթը վերացած է. անոնք բոլո՛րն ալ պահանջատէր են:

Սխալ են իրենց արարքին մէջ, սակայն միւս կողմէ իրաւունքով, որովհետեւ անոնք կը տեսնեն, թէ ինչպէս միջին դասակարգի պատկանող անհատներ յանկարծ կուսակցութեան կամ կազմակերպութեան գլուխ անցնելով կը սկսին վարել բարեկեցիկ կեանք մը, ինչ որ ինքնաբերաբար առիթ կու տայ մտածելու կատարուած «գողութեան» մը մասին, որովհետեւ նման գումարներ կազմակերպութենէն աւելի ժողովուրդին է, որ կը պատկանի: Այդ անհամեմատելի առաջընթացն է, որ մարդոց մտածել կու տայ, թէ կայ աւելիով ղրկուած գումար մը, որուն միայն կաթիլներն են, որ կը հասնին իրենց:

Նոյն այդ խնդիրը ունինք Հայաստանի մէջ. անցեալ օր Հայաստանի ճամբաներուն տխուր վիճակը տեսնելով բարեկամ մը կ՚ըսէր. «Ամբողջ կեանքերնիս «Արցախ Ֆոնտ», «Հայաստան Հիմնադրամ» գումար ղրկեցինք... ո՞ւր գացին այդ գումարները». եւ իրապէս ալ մարդ չի հասկնար, թէ ուր կ՚երթան այդ տոլարները, որոնց գոյնը գիտենք, անունը կայ՝ բայց ինքը չկայ: Ակամայ «ո՞ւր գացին» մը կ՚ըսես, երբ տեսնես փողոցներու ահաւոր վիճակը, տեսնես այն մամիկներն ու պապիկները, որոնք 90 տարեկանի սահմաններուն կա՛մ մուրացկանութիւն կ՚ընեն եւ կամ կը փորձեն թաշկինակ մը, գրիչ մը ծախել՝ փողոցի մէկ ծայը անօթի չմեռնելու համար:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԱԶՏԱ ՅԱՐՈՒԹ
(1926-2021)

Մեր թուականէն 96 տարին առաջ՝ 22 ապրիլ 1926-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնած է յայտնի դերասանուհի Մազտա Յարութ:

Մազտա Յարութ եղած է թատրոնի դերասաններ Եղիշէ Յարութի եւ Գոհարիկ Անդրանիկի դուստրը եւ թոռը «Անդրանիկ» թատերախումբի հիմնադիր Ազնիւ Անդրանիկի:

Մազտա Յարութ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իր նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք ընդունուած է Գալիֆորնիոյ համալսարանի արուեստի բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք յատուկ դերասանական դասեր առած է յայտնի ռուս դերասաններ Միխայիլ Չեխովէն եւ Մարիա Ուսպենսկայէն: Ուսումին առընթեր Մազտա Յարութ մասնակցած է հայ թատերական ներկայացումներու: Դերասանուհին առաջին անգամ Հայրենիք այցելած է 1966 թուականին, որմէ երկու տարիներ ետք՝ 1968-ին նկարահանած է Հայաստանի մասին պատմող իր առաջին ժապաւէնը: Դերասանուհին անուանի դերասաններ Գարուշ Խաժակեանի, Բաբգէն Ներսիսեանի եւ հեղինէ Յովհաննիսեանի հետ մասնակցած է բեմադրիչ Աւիկ Թորոսեանի բեմադրած «Մի երկար, երկար ճանապարհ» թատերախաղին, որուն հեղինակն էր արձակագիր եւ թատերագիր Ալեքսանդր Արաքսմանեան:

Իր կեանքի վերջին տարիներուն Մազտա Յարութ բեմ բարձրացած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Արտաւազդ» օտարալեզու թատերախումբին հետ:

Բացի դերասանութենէն Մազտա Յարութ զբաղած է նաեւ թարգմանութեամբ եւ հայերէնէ անգլերէնի թարգմանած է Յովհաննէս Թումանեանի մանկական բանաստեղծութիւնները:

Դերասանուհին մահացած է 9 սեպտեմբեր 2021 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022