ԼԱՅՆԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

Լայնախոհութիւն, որ կ՚ենթադրէ հանդուրժողութիւն, ողջամիտ, քաղաքակիրթ, հասուն անձնաւորութեան մը չափանիշներէն մին է եւ կարեւորագո՛յնը։ Լայնխոհութիւն, իր ամենալայն առումով կը նշանակէ իրերը եւ իրողութիւնները դիտել լայն տեսանկիւնէ, զանոնք արդարացի կերպով դատել, զանազան երեսակներով, բազմաթիւ հաւանականութիւններ նկատի ունենալով որոշում մը տալ անոնց մասին։ Արդարեւ, «լայնախոհութիւն» բառին մէջ է արդէն իմաստը, այսինքն «լայն» խորհիլ, նեղմիտ չըլլալ, աշխարհատեսութիւնը միակեդրոն չնկատել, մարդիկ եւ անոնց արարքները նեղ անկիւնէ մը չդիտե՛լ։

Այս իմաստով լայնախոհութիւնը մերձիմաստ է հանդուրժողութեան, քանի որ ամէն մարդու, ամէն տեսակէտի արժէք ընծայել, հասկնալ կը նշանակէ ան։ Կերպով մը, լայնախոհութիւն եւ հանդուրժողութիւն համակրական հասկացողութեան մէկ արտայայտութի՛ւնն է։

Եւ մարդոց մէջ որքան կը պակսի անհասկացողութիւնը, կարծես տարբեր լեզուներ կը խօսին, տարբեր աշխարհներու կը պատկանին։ Եթէ մարդիկ իրար հասկնային, իրարու գաղափարներու, տեսակէտներու արժէք ընծայէին, վստահաբար շատ մը անհամաձայնութիւններ, հակառակութիւններ, թշնամութիւններ եթէ ո՛չ բոլորովին, բայց մեծ մասամբ պիտի ոչնչանային, անիմաստ պիտի համարուէին։ «Մեծ մասամբ» կ՚ըսենք, քանի որ մարդիկ ընդհանրապէս եսամոլ են, չեն ուզեր որ որեւէ բան պակսի, միշտ շահին, միշտ ունենան, միշտ տէր ըլլան եւ այս բնազդը զանոնք իրարու մրցակից կը դարձնէ, որուն հետեւանք կը ստեղծուին անհամաձայնութիւններ, մինչեւ իսկ թշնամութիւններ։ Ատելութիւն եւ նախատինք կը տիրէ մարդոց մէջ փոխանակ սիրոյ եւ յարգանքի։ Այս իմաստով, լայնախոհութիւնը հասուն մարդու, ողջախոհ մարդու, մէկ խօսքով՝ կատարեալ մարդու ստուգանիշն է։

Զգացումներու մէջ չափաւորութիւն, կշիռ եթէ ըլլայ, մարդիկ կարենան զսպել իրենց կիրքերը, արժէք ընծայեն իրենց նմաններուն իրաւունքներուն եւ հաւատարիմ ըլլան ազատութեան սահմաններուն։

«Ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէք դուք անոնց, այս սկըզ-բունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները» (ՄԱՏԹ. Է 12)։

Ուրեմն «ուրիշ»ը ընդունիլ իր անձին պէս, իր նմանը տեսնել իր «Ես»ին ուրիշ մէկ երեսակը, իր «Ես»ին որպէս ցոլացումը եւ վերջապէս «ուրիշ»ին մէջ տեսնել ինքզինք, կարծես հայելիի մը ցոլացումը։ Եւ բոլոր այս իրողութիւնները կը հաստատուին իրաւ եւ անկեղծ սիրոյ վրայ, արդարեւ հոն ուր սէր կայ, հոն կայ նաեւ հանդուրժողութիւն, լայնախոհութիւն։

«Մովսիսական Օրէնքի մասնագէտ մը, Յիսուսը փորձելու համար հարցուց.- Վարդապետ, Օրէնքին մէջ ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը։

«Յիսուս ըսաւ անոր.- Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ մտքովդ։ Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը։ Երկրորդը ատոր նման է.- Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս։ Այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցուները» (ՄԱՏԹ. ԻԲ 35-40)։

Քաղաքակրթութեան պատմութեան ամենամութ, խաւար եւ սեւ էջերէն մին եղած է 16-րդ եւ 17-րդ դարերը, երբ քրիստոնէական կրօնքի բաժնուած երկու գլխաւոր հատուածներուն միջեւ իսկ կռիւ, արիւնահեղութիւն եւ կրօնքի ոգիին բոլորովին հակոտնեայ արարքներ տեղի կ՚ունենային։

Քաղաքակրթութեան անիւը չկասեցաւ, սակայն, ժամանակի ընթացքին մարդիկ սկսան կռահել, որ անմտութի՛ւն է յանուն կրօնքի՝ մոլեռանդութեամբ զիրար ատել, զիրար նախատել, զիրար հալածել, զիրար հարուածել։

Ուստի սրտի կազդոյրով կը դիտուի, որ խորհող ողջամիտ մարդիկ, իրապէ՛ս կրօնասէր անկեղծ մարդիկ՝ ներկայ ժամանակներուն կրօնական, աւելի ճիշդը, յարանուանական նեղ շապիկը ի բաց թօթափած են իրենց ուսերէն, եւ կրօնքի կալուածին վրայ իրերհասկացողութեան, հանդուրժողութեան, լայնախոհութեան, համագործակցութեան, իմաստութեան պատմուճանը հագած, միտք մտքի, սիրտ սրտի, ձեռք ձեռքի տուած կը խորհին եւ կը մտահոգուին օր-ւան հրատապ հարցերով։ -Ինչպէ՞ս կարելի է փրկել մարդկութիւնը բարոյական ահաւո՜ր անկումէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 16, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 22, 2019