ՃԱՄԲՈՒ ՄԸ ԿԵՆԴԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ճամբան երկու վայր իրարու կապող, եւ երբեմն ալ երկու անձ իրարու միացնող հարթուած հողի երիզ մըն է։

Արդարեւ, ճամբան ալ ունի իր «կենդանութիւն»ը եւ «անկենդանութիւն»ը։ Գիշեր կամ ցերեկ, նոյն ճամբան տարբեր երեւոյթներ կը պարզէ. գիշերը կարծես «անկենդան» է ճամբան, իսկ ցերեկը՝ ոգեւոր, կենդանութիւն ստացած կ՚երեւի։ Ուրեմն ճամբաներն ալ իրենց յատուկ «կեանք» մը ունին՝ կ՚ապրին եւ պարագաներու համեմատ վիճակ մը կը ստանան։ Աւելին՝ ճամբաներ երբեմն ուրախ, երբեմն տխուր են, ինչ որ կախում ունի անոնց ընթացքէն։ Երբեմն լուսաւոր, երբեմն ալ մութ են, ճամբորդողին հոգեվիճակին համաձայն։

Ճամբան աւելին ալ կը ներշնչէ դիտողին, զգացողին եւ խորհողին աչքին. ճամբան կը զգայ, կը տպաւորէ, կը ներշնչէ երբ զինք հասկցող մը ըլլայ… եւ ճամբան իրապէ՛ս կեանք է՝ ապրող եւ կենդանի՛։

Այս ուղղութեամբ երբ տեսնէ մարդ ճամբան՝ ան կա՛մ «կենդանի» է եւ կա՛մ «անկենդան»։ Երբեմն ան խճողուած է եւ երբեմն ալ թափուր, լքուա՛ծ։

Այս կէտին, ահաւասիկ, պէտք է զանազանել «փողոց»ը եւ «ճամբայ»ն՝ այն երիզը, որ մղոններով կ՚երկարի եւ կը հասնի տեղ մը՝ ուր կը միացնէ կարօտակէզներ եւ կամ կը բաժնէ սիրելիներ, հարազատներ։ Ճամբան շատ բան կը նշանակէ մարդուս համար, մարդկային կեանքին համար, եւ մանաւանդ զգացումներու համար։ «Մէկուն ճամբան սպասել» կամ «մէկուն ետեւէն նայիլ, երբ ան ճամբու մը վրայէն հետզհետէ կը հեռանայ»։ Ահաւասիկ ճամբուն խաղացած դերը մարդուս կեանքին մէջ, զգացումներու եւ ապրումներու վրայ։

Ճամբան շատ բան կը նշանակէ՝ ճամբու հետ գործ ունեցողին համար։ Այս իմաստով ալ ճամբան կեանքի ընթացքը որոշող դեր մը կը կատարէ, իրենց կեանքը ճամբու մը վիճակէն կախում ունեցողներու համար։ Ճամբան՝ սիրելիներ կը միացնէ եւ սիրելիներ կը բաժնէ, անոնց կեանք կու տայ եւ կամ անոնց կեանքը կը վերջացնէ…։

Արդարեւ, մարդու մը հոգեվիճակէն, օրերէն եւ օրուան ժամերէն կախեալ է ճամբու մը «կենդանութիւն»ը կամ ուրախութիւնը, փոխադարձաբար՝ «անկենդանութիւն»ը կամ տրտմութիւնը։ Ճամբան ճամբորդին համեմատ սպիտակ է կամ սե՛ւ։

Որոշ օրերու, եւ օրուան որոշ ժամերուն, ճամբան պարզապէս անշարժ՝ «անկենդան» երիզ մըն է, այլ՝ «շարժական շղթայ» մը, ոգեւոր կենդանի էակ մը՝ որուն ամէն մէկ օղակը կը ներկայացնէ կառք մը՝ ճամբորդներով, որ իրարու ագուցուած քանի մը ոտքի միջոցով՝ կը շարժի յառաջ, մէկը՝ մէկ ուղղութեամբ, միւսը՝ զուգահեռաբար, հակառակ ուղղութեամբ։

Պատկերը՝ երեւակայութեամբ քիչ մը եւս «գունաւորել»ով, կարելի է ըսել թէ՝ «կենդանի» ճամբան կը ներկայացնէ «անանուն սողուն» մը՝ այնքան երկար ո՛րքան ճամբան, որ միլիոնաւոր անիւներու վրայ, որպէս ոտքեր, կը գալարի անվերջ եւ անդադրում ընթացքով։ Եւ ո՞վ կրնայ ըսել, ո՞վ կրնայ մտածել, թէ ճանբան «կենդանի» չէ՛ այդ պահուն, զգացում եւ ապրում չունի։

Բոլորս ալ գտնուած ենք «խճողեալ» ճամբու մը վրայ. այդ պահուն ստեղծուած հոգեկան վիճակը երեւակայելու հարկ չկայ, քանի որ զգացած եւ ապրած ենք զայն։ Սակայն թէ ի՛նչ է անհատական զգացումը եւ տպաւորութիւնը, երբ կը յառաջանանք կառքով ճամբու մը վրայ՝ որ բոլորովին «թափուր» է. ասիկա կրնայ տարբերիլ մարդէ մարդ։

Ո՞վ կը փափաքի, ո՞վ կը սիրէ գտնուիլ ճամբու մը վրայ՝ որ «խճողուած» է, ուր շղթայի մը անկապ մէկ օղակը ըլլալ՝ քշուիլ եւ քաշուիլ, ակամայ տարուիլ ուժերէ՝ որոնք կը կախակայեն կամքի անկախութիւնը եւ ազատութիւնը՝ որ մարդուս ամենէն թանկարժէք ստացուածքն է եւ արժանապատուութի՛ւնը։ Ազատ եւ անկախ մարդուն ազատութիւնը եւ անկախութիւնը կը խլէ «խճողուած ճամբայ»ն եւ անշարժութեան կը մատնէ զայն. անխիղճ, անգո՛ւթ ճամբան…։

Բայց «թափուր» ճամբուն վրայ մարդ կը վայելէ իր ազատութիւնը եւ անկախութիւնը։ Ճամբան երբեմն կ՚ըլլայ առատաձեռն, գթասիրտ, կարեկցող եւ սիրալիր։

Եւ ճամբան կը նմանի մարդոց…։

Մարդիկ ալ, ընդհանրապէս ճամբու պէս չե՞ն. բազմութեան մէջ տարբեր եւ մինակութեան մէջ տարբե՛ր։ Մարդիկ ալ երբեմն անգութ, անխիղճ, երբեմն ալ խղճամիտ եւ սիրալիր։ Անոնք շատ անգամ կը փոխուին միջավայրին համեմատ՝ բազմութեան մէջ լուրջ, պաշտօնական, մասնակի յարաբերութիւններու մէջ կատակախօս եւ մտերի՛մ։ Ո՞րն է ճշմարիտ մարդը. յայտնի չըլլար, ինչ-պէս երբեք յայտնի չըլլար ճամբու մը վիճակը՝ նեղացուցի՞չ, թէ՞ հանդարտեցուցիչ։

Ոմանք կը սիրեն թափուր ճամբու մը վրայ ճամբորդել, ոմանք ալ բազմութենէ կ՚ախորժին, բայց այն որ արժէք կու տայ ազատութեան եւ անկախութեան, կը նախընտրէ «թափուր» ճամբան եւ որպէս անհատ՝ առանձնութի՛ւնը։

Արդարեւ պէտք է խորհիլ՝ թէ ո՞րն է ճշմարիտ ճամբան. «խճողուա՞ծ»ը, թէ՞ «թափուր»ը՝ ուրիշ բացատրութեամբ՝ կենդանի ճամբա՞ն, թէ՞ անկենդանը։ Եւ այս հարցումը կարելի է հարցնել նաեւ մարդ էակին համար. ճշմարիտ «մարդ»ը ընկերային, հաւաքականութեան մաս կազմող մա՞րդն է, թէ՞ առանձին անհատը։

Թերեւս գործնական արժէք մը պիտի չունենան պատասխանները, ոմանք պիտի ըսեն. «Մարդը մա՛րդ է…»։ Բայց այդ «մարդ»ը ճանչնալ՝ դարձեալ «մարդ»ուն առաջնակարգ պարտականութի՛ւնն է, որովհետեւ մարդ կոչուած է ինքնաճանաչութեա՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 14, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 22, 2019