ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՆՉԸ

«Ճշմարտութիւն»ը, իբրեւ մարդու խօսքի եւ գործի միջեւ ճշդութիւն, կը կոչուի «ճշմարտախօսութիւն», անկեղծութիւն կամ ուղղամտութի՛ւն։ Ճշմարտութիւնը կամ ճշմարտախօսութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ իր արարքներուն մէջ ինքզինք ուղիղ պահելու եւ ճիշդը ըսելու մէջ, զգուշանալով երկդիմութենէն, ձեւացումէն եւ կեղծաւորութենէն։

Մարդը բնականաբար կը ձգտի ճշմարտութեան։ Ան պարտի յարգել եւ պատուել զայն եւ վկայել անոր։ Մարդիկ իրենց արժանապատուութեան զօրութեամբ, քանի որ «անձ»եր են, իրենց բնութեան կողմէ մղուած են եւ բարոյական ստիպողութեամբ պարտաւորուած են փնտռելու ճշմարտութիւնը եւ ամենէն առաջ ա՛յն «ճշմարտութիւն»ը՝ որ կը հայի կրօնին։ Անոնք նաեւ պարտաւոր են փարիլ ճշմարտութեան, հազիւ թէ ճանչնան զայն եւ պարտին իրենց ամբողջ կեանքը կանոնաւորել ըստ ճշմարտութեան պահանջածներուն։

Հին Կտակարանը կը վկայէ՝ թէ «Աստուած ակունքն է ամէն ճշմարտութեան»։ Անոր Խօսքը ճշմարտութի՛ւն է։ Անոր Օրէնքը ճշմարտութիւն է. «Դարէ դար է Քու ճշմարտութիւնդ» (ՍԱՂՄ. ՃԺԸ 90)։ Քանի որ Աստուած «ճշմարտախօս» է, (ՀՌՈՄ. Գ 4) Իր Ժողովուրդին անդամներն ալ կոչուած են ապրելու ճշմարտութեան մէջ։

Արդարեւ, Աստուծոյ ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի մէջ ամբողջովին յայտնուեցաւ։

Լի շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ Ի՛նքն է «լոյսն աշխարհի» (ՅՈՎՀ. Ը 12), Ինք «ճշմարտութիւն»ն է։ Ո՛վ որ հաւատայ Անոր, չի մնար խաւարին մէջ։ Յիսուսի աշակերտը կը մնայ Անոր խօսքին մէջ, որպէսզի ճանչնայ «ճշմարտութիւն»ը, որ կ՚ազատագրէ եւ կը սրբացնէ։ Հետեւիլ Յիսուսի՝ ապրի՛լ է ճշմարտութեան Հոգիով, զոր Հայրը կ՚առաքէ Իր անունով, եւ Ան կ՚առաջնորդէ «դէպի բովանդակ ճշմարտութիւնը» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13)։

Յիսուս Իր աշակերտներուն կ՚ուսուցանէ ճշմարտութեան անպայմանաւոր սէրը. «Ձեր խօսքը թող ըլլայ այո՛ն այո, եւ ո՛չը՝ ոչ» (ՄԱՏԹ. Ե 37)։

Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Մարդիկ պիտի չկարենային միասին ապրիլ եթէ փոխադարձ վստահութիւնը չունենային, այսինքն եթէ ճշմարտութիւնը իրարու չյայտնէին»։

Ճշմարտութեան առաքինութիւնը կը վերադարձնէ ուրիշին ի՛նչ որ անորն է։ Ճշմարտութիւնը միջին ճամբան կը յարդէ «ըսուելիք»ին եւ «գաղտնի պահուելիք»ին միջեւ։ Ան կ՚ենթադրէ պարկեշտ եւ գաղտնապահ ըլլալ։ Ըստ արդարութեան՝ «մարդը մարդուն պարկեշտօրէն պարտական է ճշմարտութիւնը յայտնել», ինչպէս Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ դարձեալ։ Եւ այս իմաստով, Քրիստոսի աշակերտը կ՚ընդունի «ապրիլ ճշմարտութեան մէջ», այսինքն Տիրոջ օրինակին համանման կեանքի մը պարզութեան մէջ եւ մնալ Անոր ճշմարտութեան մէջ։ «Եթէ ըսենք, թէ հաղորդութիւն ունինք Անոր հետ եւ խաւարին մէջ կը շրջինք, կը ստենք եւ ճշմարտութիւնը չենք գործադրեր» (Ա ՅՈՎՀ. Ա 6)։

Պիղատոսի առջեւ Քրիստոս կը յայտարարէ, թէ Ինք «եկած է աշխարհ, վկայելու համար ճշմարտութեան» (ՅՈՎՀ. ԺԸ 37) եւ քրիստոնեան «Տիրոջ վկայութիւնը ամօթ չի համարիր». (Բ ՏԻՄ. Ա 8)։ Հաւատքին վկայութիւնը պահանջող կացութիւններուն մէջ քրիստոնեան պարտի անսեթեւեթ դաւանիլ զայն, ըստ օրինակին Պօղոս Առաքեալի՝ յանդիման իր դատաւորներուն։ Ուստի, հարկ է պահել «խիղճ մը անբասիր՝ Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ» (ԳՈՐԾ. ԻԴ 16)։

Աստուծոյ Խօսքը, որ աստուածային ուժ մըն է ամէն հաւատացեալի փրկութեան համար, ներկա՛յ է Նոր Կտակարանին գրութիւններուն մէջ եւ անոր զօրութիւնը մասնայատուկ կերպով մը կը յայտնուի հոն։ Այս գրութիւնները կու տան մեզի աստուածային Յայտնութեան վերջնական ճշմարտութի՛ւնը։ Անոնց կեդրոնական առարկան է Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ մարդացեալ Որդին, Անոր արարքները, Անոր ուսուցումները, Անոր մահուան չարչարանքը եւ Անոր փառաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Անոր Եկեղեցիին սկզբնաւորութիւնը Սուրբ Հոգիին ներգործութեան տակ՝ որոնք կը վկայեն Ճշմարտութեա՛ն։

Աւետարանները սի՛րտն են ամբողջ Աստուածաշունչին, քանի որ մարդացեալ-մարմնացեալ Բանին. մեր Փրկչին կեանքին եւ վարդապետութեան գերազանց վկայութիւնը կը բովանդակեն։

Հաւատքը մարդուն նախ «անձնական փարումն է Աստուծոյ հետ»։ Ան միաժամանակ եւ անբաժանելիօրէն «ազատ հաւանութիւնն է Աստուծոյ յայտնած ամէն ճշմարտութեան»։ Քրիստոնեայ հաւատքը իբրեւ անձնական փարում Աստուծոյ եւ հաւանութիւն՝ Անոր յայտնած ճշմարտութեան, տարբեր է մարդկային անձի մը ընծայուած հաւատքէն։ Արդար եւ բարի է լիուլի վստահիլ Աստուծոյ եւ բացարձակօրէն հաւատալ Անոր ըսածին։ Ընդունայն պիտի ըլլար եւ թիւր՝ նման հաւատք մը դնել արարածի մը վրայ։

Քրիստոսի աշակերտները զգեցած են «նոր մարդ»ը՝ որ ստեղծուած է ըստ Աստուծոյ արդարութեան եւ սրբութեան մէջ, որոնք կու գան ճշմարտութենէն (ԵՓՍ. Դ 24)։ «Ձերբազատուած սուտէն» (ԵՓՍ. Դ 25), անոնք պարտին «մերժել ամէն չարութիւն եւ ամէն նենգութիւն, կեղծաւորութիւն, նախանձ եւ չարախօսութիւն» (Ա ՊԵՏՐ. Բ 1)։

Մարդ ստեղծուած է ճշմարտութեան մէջ եւ կոչուած է ճշմարտութեա՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 20, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 22, 2020