ԱԶԳԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՒՄԸ

Մեր հայկական իրականութենէն ներս «ժամանակակից» բառը արդէն իսկ սկսած է վտանգաւոր տեսք մը ստանալ։ Արդարեւ, այդ դրական հնչող անուան տակ գրեթէ ամէ՛ն արժէք, ամէ՛ն սկզբունք կամաց կամաց սկսած է խեղաթիւրուիլ։ Այդ կործանարար երեւոյթին հեղինակները լաւապէս կը գիտակցին, թէ նման աւերիչ գաղափար մը կարելի է կեանքի կոչել մի միայն մանուկներն ու պատանիները այլ արժէքներով հրապուրելով:

Այդ մէկը իրագործելու համար այժմ թիրախ դարձած են դասագիրքերն ու կրթութեան համակարգը եւ ամէ՛ն ջանք ի գործ կը դրուի՝ խեղաթիւրելու որոշ արժէքներ՝ սկսեալ Հայոց պատմութեան դասագիրքերէն, հասնելով մինչեւ կրօնի դասանիւթի վերացում։ Դժբախտաբար, որքա՛ն ալ գրենք ու մտահոգուինք, անտարբեր մնացող ժողովուրդի մը շնորհիւ այդ բոլորը մէկ առ մէկ ի գործ կը դրուին եւ մեր աչքերուն դիմաց կ՚ողջակիզուին շատ մը արժէքներ:

Պատմութեան ընթացքին ականատես եղած էինք, թէ ինչպէս օտարներ իրենց սեփական շահերէն առաջնորդուելով կը խեղաթիւրեն մեր պատմութիւնը, սակայն առաջին անգամ ականատես կ՚ըլլանք այն դժբախտ պատկերին, թէ հայը ի՛նք կը խեղաթիւրէ պատմութիւնը՝ անյստակ որոշ «շահ»եր հետապնդելով, ինչ որ մեր ազգին համար լոկ կորուստ կարելի է նկատել: Այսօր աւելի «ժամանակակից» դասագիրքեր ունենալու պատրուակով մեր աշակերտներուն կը փորձեն փոխանցել ոչ-յարիր որոշ արժէքներ, միաժամանակ անոնց մօտէն արմատախիլ ընելով որոշ արժէքներ, որոնք հայ ժողովուրդին համար կենսական եղած են: Հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար մեր ներկայ պետութիւնը լաւապէս չի գիտակցիր, թէ ի՛նչ դեր ունի դասագիրքը ապագայ սերունդներու դաստիարակութեան մէջ եւ կամ հակառակը՝ լաւապէս գիտակցելով այդ մէկը կը փորձեն իրենց սեփական շահերուն ծառայեցնել:

Ներկայ իշխանութիւնները իրենց պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրերէն ակներեւ թէ գաղտագողի ցոյց տուին կրթական համակարգը խեղաթիւրելու իրենց ցանկութիւնը։ Անոնք իշխանութեան գլուխ անցած առաջին իսկ օրէն Հայոց պատմութեան դասագիրքերու հանդէպ ունեցան վերապահում մը։ Մամուլի ճամբով փորձեցին տարածել այն համոզումը, թէ գործող Հայոց պատմութեան դասագիրքերու վիճակը այնքան ալ մխիթարական չէ։ Այդ օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի տնօրէն Աշոտ Մելիքեան հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Ազգային նկարագիր ձեւաւորելու առումով այս դասագիրքերը առ ոչինչ են»: Այդ թուականներուն էր, որ ուզեցին Եկեղեցւոյ պատմութիւնը միացնել Հայոց պատմութեան դասանիւթին՝ լաւապէս գիտակցելով, որ Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութեան դասանիւթի ամբողջութեամբ վերացումը (որ մեր կարծիքով հիմնական նպատակն էր) կրնայ ժողովուրդին ի հեճուկս իրենց նպատակներուն՝ արձագանգ գտնել: Սկզբնական օրերէն «բարեփոխում» բառի լոյսին տակ, որոշ խեղաթիւրումներու հիմը դրուեցաւ:

Բարեբախտաբար, որոշ հայ երիտասարդներ նկատեցին «բարեփոխութիւն» անուան տակ տեղի ունենալիք աղէտը եւ բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան դիմաց՝ պահանջելով նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը՝ հիմնական պատճառ ունենալով դպրոցական կրթական ծրագիրէն Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութեան դասանիւթը դուրս բերելու, բարձրագոյն ուսումնական ծրագիրներու մէջ հայոց լեզուն, հայ գրականութիւնն ու հայոց պատմութիւնը ոչ-պարտադիր դարձնելու առաջարկը:

Այս բողոքի աղմուկը պատճառ եղաւ, որպէսզի անոնք իրենց ծրագիրը պարզապէս յետաձգեն եւ այսօր կը տեսնենք, թէ կամաց կամաց այդ նպատակները դարձեալ կեանքի կը կոչուին եւ անոր վերջին ու պարզ օրինակը Սմբատ Յովհաննիսեանի կողմէ 7-րդ դարասանի համար պատրաստուած Հայոց պատմութեան դասագիրքն էր, ուր գոյութիւն չունի ազգ ու ազգասիրութիւն հասկացութիւնը. դասագիրք՝ որ նպատակ չունի հայ ազգի քաղաքակրթութեան ու ժառանգութեան ինչ ըլլալը փոխանցել աշակերտներուն: Հայոց պատմութեան հիմնական դերը հայ աշակերտը պատմութեան ծանօթ դարձնելով որոշ արժէքներ փոխանցելն է, որպէսզի աշակերտը հասկնայ, թէ որպէս հայ՝ ո՛ր արժէքները իրենց համար կարեւոր են. օրինակ՝ լեզուն, կրօնը եւ այլն:

Հիները կարդալով կը տեսնենք, թէ դասագիրքի չգոյութիւնը կը դիտուէր՝ որպէս մեծ պակաս մը։ Անոնք կը հաւատային, թէ լաւ սերունդ մը ունենալու համար պարտին ունենալ լա՛ւ դասագիրք. օրինակ՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեան 11 յունիս 1893 թուականին գրի առած իր «Ցաւը» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը գրէր. «Տղայք դպրոցաց մէջ, բանաւոր ուղեցոյցէ մը զուրկ, դասագրքէ դասագիրք ու դասատուէ դասատու կ՚անցնին»։ Կրթութիւնը կախեալ էր ուսուցիչին իմացութենէն եւ հետեւաբար դասագիրքի մը պէտքը կը բարձրաձայնէր: Ժամանակ մը դասագիրքեր հրապարակ դուրս եկան, սակայն ինչպէս այսօր, նոյնպէս անցեալին գոյութիւն ունէր խնդիր մը: Օրինակի համար, Գարեգին Սրուանձտեանց կը քննադատէր իր օրերուն գործածուած Հայոց պատմութեան դասագիրքերէն մէկը՝ ըսելով. «Ձեռքդ ա՛ռ մէկ պատմութիւն մը՝ նկարագրող մէկ տեղի կամ գաւառի, ձեռքդ ա՛ռ Հայաստանի աշխարհագրութեան տախտակ մը եւ գնա՛ շրջէ ատոնց ցոյց տուած տեղը։ Տե՛ս, ատոնց ի հիւսիս ցոյց տուածն ի հարաւ կը գտնես, անոնց ցոյց տուած Հայոց ձորն՝ քո տեսածէն տարբեր կողմ մը, անոնց Աշտիշատը՝ քո տեսած Աշտիշատէն զատ եւ տարբեր»:

Եթէ Սրուանձտեանց տեղանուններու սխալը այսպէս սրտցաւ կ՚ընդունի, ինչե՜ր պիտի չըսէր տեսնելով ներկայ դասագիրքերը, ուր ո՛չ թէ տեղանունները, այլ հայու ոգին կը պակսի:

Այս ընթացքով պիտի գայ օր մը, երբ պիտի ունենանք դասագիրքեր՝ առանց Մեսրոպ Մաշտոցի, առանց Լուսաւորիչի, առանց Վարդանանցի։ Ինչպէս մենք, նոյնպէս մեր պատմութիւնը պիտի ձուլուի համաշխարհայինին մէջ եւ առ յաւէտ պիտի կորսուի։ Որքան ալ ցաւ պատճառէ այս մէկը, պիտի փորձենք չցաւիլ, որովհետեւ «ժողովուրդը արժանի է այն բոլորին, որ կը հանդուրժէ» եւ մենք ազգովին այս ազգակործան երեւոյթները կը հանդուրժենք եւ բան մը չեղածի նման կը շարունակենք մեր կեանքը… հետեւաբար արժանի՛ ենք:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդ օրը քանի՞ ժամ պէտք է քնանայ:

Պատասխան. Քնանալու երկարութիւնը կախուած է մարդու տարիքէն, ընդհանուր առողջական վիճակէն եւ անհատական պահանջներէն, սակայն փորձագէտներ սահմանած են որոշ անհրաժեշտ ժամեր. Այսպէս.

0-11 ամսական մանուկներ՝ 12-17 ժամ:

1-2 տարեկան մանուկներ՝ 11-14 ժամ:

3-5 տարեկան մանուկներ՝ 10-13 ժամ:

6-12 տարեկան մանուկներ՝ 9-11 ժամ:

13-17 պատանիներ՝ 8-10 ժամ:

18-64 տարեկան երիտասարդներ՝ 7-9 ժամ:

65 եւ աւելի մեծեր՝ 7-8 ժամ:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ այս մէկը անձէ անձ կրնայ տարբերիլ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024