111 ՏԱՐՈՒԱՆ ՆԱՄԱԿԸ

Աշխարհի վրայ բոլո՛ր կործանարար ու աւերիչ բաները մի՛շտ ալ մարդուն կը ներկայանան պսպղուն ու դիւթիչ ձեւով կը յայտնուին եւ կը յաջողին յափշտակել ու իրենց ճիրաններուն մէջ առնել անոնք՝ որոնք պարզամտութեամբ կը զմայլին եւ յանկարծ կը յայտնուին անոնց թակարդին մէջ:

Չեմ կարծեր աշխարհի վրայ գոյութիւն ունենայ ազգ մը, որ այդ փայլքերէն խաբուած ու տարուած ըլլայ՝ ինչքան հայը, որովհետեւ մեր արիւնին մէջ էութիւնը զննելու եւ քննելու անկարողութեան ախտը գոյութիւն ունի. արտաքինը մի՛շտ աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր է:

Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «զարգացած» երկիրները նոյն այդ ծուղակն էին եւ մինչեւ օրս ե՛ն հայութեան համար: Մարդիկ կը կարծեն հոն երթալով փրկութիւն գտնել. վերջապէս ականջի ի՜նչ անուշ կը հնչէ Եւրոպա կամ Ամերիկա ապրիլը՝ քան Հայաստան..., որ հպարտանալու ո՛չ մէկ պատճառ ունի անոնց համար: Այս դժբախտ փրկութեան յոյսը կը տեսնենք 111 տարի առաջ՝ 1912 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Ա. Օզանեան անուն հայորդիի մը իր մօր գրած նամակէն:

Ա. Օզանեանին նամակը կ՚ըսէ.-

«Առանց ոեւէ նեղութեան երէկ հոս հասանք: Չեմ գիտեր, թէ ինչպէս նկարագրեմ Նոր-Աշխարհը, որովհետեւ գրիչս շատ թոյլ ու անզօր է եւ անընդունակ՝ այսքան գեղեցկութիւններ նկարագրելու:

Առաջին անգամ երբ Նիւ-Եորք մտայ, չկրցայ երազ կամ իրականութիւն ըլլալը որոշել, որովհետեւ կարծես երկրային արքայութիւն է: Պոլիսը գեղեցիկ էր, բայց հոս նուիրական:

Անհամար գործարաններ գիշեր ու ցերեկ անթիւ բանուորներ կ՚աշխատին եւ հրաշալիքներ կ՚արտադրեն. ամէն կողմ երկաթուղիներ, սքանչելի վայրեր, որոնց անունը անգամ չէինք լսած հոդ:

Մէկ գործաւորին օրականը ամենէն քիչ մէկ տոլար է եղեր. լաւ լսէ մայրի՛կ, մէկ տոլար, այսինքն քսանչորս դահեկան, հոդ շաբաթներով չկրցած շահածնիս մէկ օրուան մէջ պիտի շահինք: Մեր գիւղի երիտասարդները բոլո՛րը, բոլո՛րը ղրկեցէք. թող հոդ վերան երկրի մէջ չի մնան. թող գան նոր կեանք, նոր աշխարհ, նոր արեւ տեսնեն:

Վաղը Գրիգորին հետ գործարան կ՚երթանք, որպէսզի գործի սկսիմ: Ալ մեր վրայ խորհելու բան ունենալու չէք. մօտ ատենէն արդէն դրամ կը ղրկեմ եւ դուք ալ մեր ունեցած պարտքերը վճարելով հողերը կ՚ազատէք: Ալ կրնաս երեւակայել, թէ մեր ապագան ինչ փայլուն պիտի ըլլայ. իմ տեղս գոմէշներուն ճակատը համբուրէ»:

***

...Մեր ապագան ի՜նչ փայլո՜ւն պիտի ըլլայ:

Չեմ ուզեր մտածել, թէ այս «փայլուն ապագայ»ին մէջ Ա. Օզանեանի թոռներէն կամ ծոռներէն քանի՞ն հայերէն խօսիլ ու գրել գիտցան. անոնցմէ քանի՞ն հայկական անունով մկրտուեցան: Այդ «փայլուն ապագայ»ին մէջ անոնցմէ քանի՞ն մոռացութեան տուին իրենց ազգութիւնն ու պատկանելիութիւնը եւ ի սէր փայլուն կարծուած այդ ապագային աւելիով կորսուեցան: Եթէ բախտի բերումով Օզանեանի յաջորդող սերունդները ողջ են, անոնցմէ քանի՞ն ծանօթ են իրենց ինքնութեան. մեծ հաւանականութամբ ո՛չ ոք:

Վերոյիշեալ նամակը խօսուն է մինչեւ այսօր, որովհետեւ 111 տարիներ ետք դարձեալ այս նամակէն ունինք դասեր քաղելիք:

ԱՐՏԱԳԱՂԹ.- Թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ այսօր մեր երիտասարդութեան օտարասիրութեան պատճառներէն մէկն է մարդկային կեանքի պայմաններու անհամեմատելի տարբերութիւնը՝ Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ հայրենիքի միջեւ: Օզանեանի պարագային կարծուած «փայլուն ապագան» ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ նիւթական ապահովութիւնը, որովհետեւ ինչպէս ինք նամակին մէջ կը յիշէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ աշխատանքի մէկ օրավարձը համազօր է Պոլսոյ մէջ երկար շաբաթներու աշխատանքի դիմաց ստացած գումարին։ Մերօրեայ երիտասարդութեան դուրս երթալ ուզելու հիմնական պատճառը դարձեալ աշխատավարձն է, որովհետեւ այն կեանքը որ հայրենիքին մէջ կառուցելը տասնեակ տարիներ կ՚ուզէ, օտար ափերու վրայ կարճ ժամանակուան մէջ ձեռք կը բերեն։ Ոչ միայն Հայաստանի մէջ, ալ ընդհանրապէս ամէնուր՝ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ պետութիւններ կը դժուարանան արտագաղթի առաջքը առնել։ Եւ ազգի մը համար մեծ դժբախտութիւն է տեսնել երիտասարդութեան արտագաղթի փափաքը։ Ներկայ աշխարհը փայլուն ապագայ որպէս կը տեսնէ նիւթականը եւ արդարօրէն դուրսը շատ աւելի արժէք կը գտնէ երիտասարդ մը՝ քան հայրենիքի մէջ։

ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ.- Օզանեան իր նամակին մէջ կը խօսի պարտքերու մասին եւ անոնցմէ ազատելու փրկութիւնը օտարութեան մէջ աշխատելուն մէջ կը տեսնէ։ Ցաւ ի սիրտ, այսօր նոյն պարտքերով խեղդուած է մեր ազգի զաւակներուն մեծամասնութիւնը, ինչ որ բնական է տնտեսապէս աղքատ երկիրներու պարագային։ Մեր զաւակները նախանձով կը նային Ամերիկայէն Հայաստան արդէն որպէս զբօսաշրջիկ այցելող հայորդիներուն, որոնք հիմա «դրսեցի» դարձած են։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -176-

Մանկութեան բարեկամներէս մին փոքր տարիքէն ընտանիքին հետ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնեցաւ։ Երկար ժամանակ տեղեկութիւն չունէի իր մասին։ Օր մըն ալ իմացայ, որ պսակի մը առիթով Լիբանան կը գտնուի եւ կ՚ուզէ տեսնուիլ։

Հանդիպեցանք. զարմացայ. մարմինին վրայ մորթի գոյն տեսնելը գրեթէ անկարելի էր. ականջէն օղ մը կախած, բերանը ծամածռելով անհասկնալի հայերէն մը կը խօսէր. «այո»ն փոխուած էր «յէէէհ»ի, ոչը՝ «նօ»ի։ Անունս դարձած էր «պրօ», իսկ ինք Յակոբին տեղ որդեգրած էր անգլերէն Ճէյմս տարբերակը։ Նման Ճէյմսերով լեցուն է Ամերիկան։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2023