ՄԵՂՔ ԵՒ ՈՂՈՐՄԱԾՈՒԹԻՒՆ

«Աստուած որ ստեղծեց քեզ առանց քեզի, չուզեց փրկել քեզ առանց քեզի», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Աւետարանը մեղաւորներուն հանդէպ Աստուծոյ ներողամտութեան եւ ողորմածութեան յայտնութիւնն է Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։

Աստուծոյ ներողամտութեան եւ ողորմածութեան ընդունելութիւնն է, որ մեզմէ կը պահանջուի մեր յանցանքներուն խոստովանութիւնը։ Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եթէ ըսենք թէ մենք չենք մեղանչած, մենք մեզ կը խաբենք եւ մեր մէջ չկայ ճշմարտութիւն։ Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, Ան հաւատարիմ է եւ արդար ներելու մեր մեղքերը եւ մեզ մաքրելու ամէն անիրաւութենէ». (Ա ՅՈՎՀ. Ա 8-9)։ Այս ճշմարտութիւնը կը հաստատուի նաեւ Պօղոս առաքեալի կողմէ. «Հոն ուր մեղքը բազմացաւ, շնորհքը առատացաւ». (ՀՌՈՎՄ. Ե 20)։

Սակայն շնորհքը կատարելու համար իր գործը, պիտի քօղազերծէ մեղքը, դարձի բերելու համար մեր սիրտը եւ մեզի տալու «արդարութիւնը յաւիտենական կեանքին համար՝ Յիսուս Քրիստոս մեր Տիրոջմով». (ՀՌՈՎՄ. Ե 20-21)։

Ինչպէս որ բժիշկը կը զննէ վէրքը, ախտը զայն դարմանելու համար, դարմանելէ առաջ ախտաճանաչում մը կը կատարէ, Աստուած ալ Իր Խօսքով եւ Իր Հոգիով՝ կ՚արձակէ բոցավառ լո՛յս մը մեղքին վրայ։ Արդարեւ, «դարձ»ը մեղքի մասին լուսաւորում կը պահանջէ եւ ինքն իր մէջ խղճմտանքին ներքին դատաստանը կը բովանդակէ։ Այս ուղղութեամբ, մեղքին լուսաւորումին մէջ կարելի է գտնել կրկնակի պարգեւ մը՝ խղճմտանքի ճշմարտութեան եւ փրկչագործութեան ստուգութեան պարգեւները։ Ուրեմն, խիղճը եւ փրկութինը համընթաց են, որ մարդկային բարոյական արժանապատուութեան անհրաժեշտ եւ էական պայմաններն են…

Ի՞նչ է մեղքը։

Մեղքը «յանցանք», թերացում մըն է ընդդէմ բանականութեան, ճշմարտութեան եւ ուղիղ, արդար խղճմտանքին։ Ան, Աստուծոյ եւ Իր արարածներուն հանդէպ կարգ մը բարիքներու թիւր փարում մըն է, նախապաշարումի մը եւ կանխակալութեան կառչուած։ Մեղքը՝ բանականութեան եւ խղճմտանքի հակառակ ընթացք մը, շեղո՛ւմ մըն է։

Մեղքը, իր ամբողջութեանը մէջ բացայայտ «վիրաւորանք» մըն է Աստուծոյ եւ Անոր ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին՝ որուն մէջ կը գտնուի բանականութիւն, բնական օրէնք, բարիք եւ սէր։ Սեղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Միայն Քու դէմդ մեղանչեցի։ Ի՛նչ որ չա՛ր է Քու աչքերուդ, ես գործեցի զայն». (ՍԱՂՄ. Ծ 6)։

Մեղքի դէմ կը կանգնի Աստուծոյ սիրոյն մեզի հանդէպ եւ Անկէ կը շեղեցնէ մեր սրտերը։ Մեղքը «անհնազանդութիւն» մըն է, ինչպէս՝ առաջին մեղքը։ Ան բնորոշումն է բարիին եւ չարին։ Այս իմաստով, մեղքը սէ՛ր մըն է անձին՝ որ կը դառնայ արհամարհանք Աստուծոյ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Եւ այն յոխորտացող, ամբարտաւան պանծացումով, մեղքը ամիջականօրէն կը հակադրուի փրկութիւնը կատարող Յիսուսի հնազանդութեան. (ՓԻԼ. Բ 6-9)։

Իր չարչարանքներուն ճիշդ այն պահուն, երբ Քրիստոսի ներողամտութիւնը եւ ողորմածութիւնը պիտի յաղթէ մեղքին, մեղքը լաւագոյն ձեւով կը յայտնէ իր բռնութիւնը եւ բազմադիմի երեսը. թերահաւատութիւն, ոճրագործ, մարդասպան ատելութիւն, ժողովուրդին կողմէ մերժում եւ ծաղրանք, վատութիւն Պիղատոսի, անգթութիւն, Յիսուսի համար ա՛յնքան կսկծալի մատնութիւն Յուդային, ուրացում Պետրոսի եւ լքում աշակերտներուն։ Սակայն խաւարին մէջ իսկ Քրիստոսի զոհը կ՚ըլլայ գաղտնօրէն այն աղբիւրը՝ ուրկէ անսպառ կերպով պիտի ժայթքէ ներումը մեր մեղքերուն։

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկա՛մ. օգտուինք բոլորս այս պատեհ առիթէն՝ Մեծ պահքի շրջանէն, եւ անգամ մը եւս քննենք մենք զմեզ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 20 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023