ՆԱՄԱԿ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ (Դ.)

ԶՈՀՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Սիրելի ծնող,

Դուք ալ գիտէք, որ մեր հայ ընտանիքներէն ներս կը տիրէ «տէր կամ ստրուկ պիտի լինիս»ի հոգեբանութիւնը, ուր կամ մարդը կ՚իշխէ կնոջ վրայ եւ կամ ալ հակառակը՝ կինը մարդուն: Եւ տղամարդիկ ինչքան ալ փորձեն առաջին տարբերակը ապրիլ ձեւացնել, անառարկելի է, թէ մեր հայ ընտանիքներէն շատերուն մէջ իշխողը կինը ինք կ՚ըլլայ:

Նախքան ամուսնութիւն ամէն անհատ իր մտապատկերին մէջ կ՚ունենայ կողակիցի մը տիպարը (արտաքինէն աւելի բարոյական), սակայն այդ բոլորը միշտ ալ կը մնան վերացական սպասումներ, որովհետեւ իրականութիւնն ու երազները կրնան իրարու չհամապատասխանել: Ձեր ակնկալած «1+1»ի երկուն ձեր կողակիցին մօտ կրնայ տարբեր արդիւնք ունենալ եւ հո՛ն է, որ կու գայ մեր այսքան լսած, սակայն շատ քիչ անգամ տեսած զոհողութիւնն ու զիջումի առաքինութիւնը:

Կիներ, ո՛չ դուք փորձեցէք ձեր կողակիցը փոխել եւ նման-ցընել ձեր երազներուն եւ ո՛չ ալ այրեր դո՛ւք, որովհետեւ իրար փոխելու պայքարն է, որ վիճաբանութիւններ ու կռիւներ կը ստեղծէ ընտանեկան յարկէն ներս. դուրս ելէք «իմ ըսածս»ի, «իմ ուզածս»ի հոգեբանութենէն եւ այդ ԵՍ-ը վերածեցէք ՄԵՆՔ-ի եւ ձեր կողակիցը ընդունեցէք այնպէս՝ ինչպէս որ է, որովհետեւ փոխելու պայքարը ակամայ իշխելու տրամադրութիւն մը կը ստեղծէ:

Այդ Ես-ը Մենքի փոխելու համար պէտք է համոզուիլ, որ այնպէս ինչպէս դուք ունիք նախընտրութիւններ, ձեր կողակիցը եւս իր կարգին ունի նախընտրութիւններ, ինչ որ կրնայ ամբողջութեամբ տարբեր ըլլալ:

Նկատի ունեցէք, որ իշխելու հոգեբանութեան տակ հասակ առնող մանուկները երբեք միջինը չեն կրնար ապրիլ. անոնք յետագային կա՛մ կ՚ենթարկուին իրենց կիներուն կամ ամուսիններուն եւ կամ կը դառնան իշխողը՝ ինչ որ բնականաբար խնդիրներ կը յառաջացնէ ընտանեկան կեանքէն ներս:

Կը տեսնեմ, որ ձեզմէ շատեր իրենց զաւակներուն կը խրատեն ու կը յորդորէն, որ դառնայ իշխողը. օրինակ՝ ձեր զաւակները յարմար կը գտնեն իրենց նշանախօսութիւնը կատարել այս կամ այն ճաշարանէն ներս, սակայն հեղինակութիւն մը փաստելու համար, մանաւանդ մտածելով որ ձեր զաւակին ապագացու կողակիցն ու անոր ընտանիքը նախընտրած կրնան ըլլալ այդ վայրը, փոխելու տրամադրութիւն մը կը ծնի ձեր մէջ, պարզապէս «անոնց ըսածը չըլլայ»ի համար:

Պէտք է համոզուիք, որ այս մանրուքներով թէ՛ դուք ձեզ եւ մանաւանդ ձեր զաւակները կը դժբախտացնէք:

Ո՛չ ձեր զաւակները եւ ո՛չ ալ ձեր կողակիցը ձեր երազները իրականացնելու կոչուած են, ոչ ալ դուք անոնց երազները իրականացնելու կոչուած էք, որովհետեւ կեանքը որ կ՚ապրինք՝ ո՛չ միայն ձերն է եւ ո՛չ ալ անոնցը եւ այդ է պատճառը, որ մեր մեծերը ամուսնական կեանքի համար զոհողութիւնը անհրաժեշտ կը նկատեն:

Այնպէս ինչպէս ձեր զաւակները, նոյնպէս ալ ձեր ապագայ հարսնացուներն ու փեսացուները սխալներ կրնան եւ պիտի՛ ունենան. յաճախ կը մոռնաք, որ անոնք երիտասարդ են եւ կարելի չէ անոնցմէ կատարելութիւն ակնկալել. վստահ եղէք ձեր զաւակն ալ իր կարգին դիմացինին ընտանիքին համար ունի սխալներ, որովհետեւ ամէն մարդ իր զաւակը անսխալական ու անփոխարինելի տեսնելու փափաքը կ՚ունենայ. դուրս եկէք «զաւակս աւելի լաւին արժանի է»ի հոգեբանութենէն, որովհետեւ այդ «աւելի լաւ»ը պարզապէս ձեր երազած «լաւն» է, մինչ ձեզի համար լաւ չեղածը ձեր զաւակին համար կրնայ լաւագոյնը ըլլալ: Դուրս եկէք դատաւորի կարգավիճակէն. մի՛ տեսնէք ամէն ինչ, մի՛ լսէք ամէն ինչ, մի՛ խօսիք ամէն ինչ եւ ամէն սխալ որ կը տեսնէք համեմատեցէք ձեր անձնական անցեալին հետ, որովհետեւ յաճախ կը տեսնեմ, թէ կը քննադատէք բոլոր այն բաները՝ որոնք դուք եւս կ՚ընէք եւ կամ ըրած էք:

Յաճախ կը նկատեմ, որ ձեր հարսնացուները ընեն այն բանը՝ որ ձեր դուստրերը կ՚ընեն, կը բամբասէք, կը բարկանաք, որովհետեւ ձեզի համար խնդիր չէ երբ ձեր դուստրը ընէ, սակայն խնդիր է երբ ընէ ապագացու հարսնացուն. ինչպէ՞ս կարելի է առողջ ընտանեկան մթնոլորտ մը ակնկալել նման տրամաբանութեամբ:

Տակաւին կը տեսնեմ աւելին. պատկերացնենք, որ ունիք երկու տղայ զաւակ. առաջինը իր ընտրութեամբ պսակուեցաւ, իսկ երկրորդը ձեր միջամտութեամբ. երկու հարսնացուները թող նո՛յն սխալը գործեն եւ պիտի տեսնէք, թէ ինչպէս առաջինինը կը նեղացնէ ձեզ, իսկ միւսինը՝ ոչ:

Այս բոլորը իրականութիւն ըլլալով հանդերձ, սակայն, մենք մեզ արդար ու անմեղ կը նկատենք, որովհետեւ անսխալական ըլլալու զգացումը ունինք նաեւ մենք մեր անձերուն նկատմամբ:

Զոհողութիւնը պարտադի՛ր է մեր ընտանիքներէն ներս, այլապէս ցաւալի օրինակը մեր դիմաց է. այսօր մեր հասարակութեան մէջ շա՛տ են անոնք՝ որոնք իրենց մօր կամ հօր հետ կը մնան վշտացած՝ պարզապէս որովհետեւ կա՛մ կողակիցը եւ կամ ընտանիքը ընտրելու դժբախտ իրավիճակին մէջ գտած են իրենք զիրենք: Նման պարագաներու ձեր զաւակը կա՛մ ինքզինք դժբախտացնելով ձեզ պիտի «ուրախացնէ» եւ կամ իր երջանկութեան ետեւէն երթալով՝ ձեզ «դժբախտացնէ»:

Զաւակին ուրախութիւնը սեփական երազներու իրականութիւն դառնալէն կարեւոր չէ՞:

•վերջ

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -200-

Ճանչցած եմ մայր մը, որ իր կարծիքով զաւակին «երջանկութիւն»ը մտածելով՝ սակայն իրականութեան մէջ դժբախտացնելով ըրած է աներեւակայելին. բամբասած է, զրպարտած է, ատած է իր զաւակին սիրած աղջիկը: Վերջաւորութեան հասած է նաեւ իր նպատակին. իր ուրախութեան սիրոյն դժբախտացուցած է իր զաւակը:

Սակայն կեանքը վրէժխնդիր է. բոլոր այն բաները որ ի գործ դրած է իր ապագայ հարսնացուին համար, նոյնը ըրին իր դուստրին. այդ բոլոր եղածներուն համար բողոքեց, սխալ նկատեց. սխալ նկատեց այն բոլորը՝ որ տարիներ առաջ ինք կ՚ընէր նոյնութեամբ:

Այդ իսկ պատճառով ուրիշի զաւակներուն հետ վարուեցէք այնպէս՝ ինչպէս պիտի ուզէիք ուրիշներ վարուին ձեր զաւակներուն հետ եւ պիտի տեսնէք, թէ աշխարհը աւելի աղուոր վայրի մը պիտի վերածուի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023