ԻՏԷԱԼՈՎ ՄԸ ԱՊՐՈՂՆԵՐ…

Իտէալով մը՝ հեռանկարով մը ապրողներ երբեք չե՛ն մեռնիր, քանի որ իտէալը վախճան չունի եւ կը գոյատեւէ այնքան՝ ո՛րքան մարդկութիւնը՝ բանաւոր մարդը կա՛յ եւ կ՚ապրի այս աշխարհի վրայ։ Արդարեւ իտէալով մը ապրող վե՛հ անձնաւորութիւններ սերունդէ սերունդ կը փոխանցեն իրենց իտէալը, եւ կ՚ապրին շարուանակել իրենց անվախճան իտէալին մէջ՝ իրենց արժանաւոր յաջորդներուն հետ միասին։ Իսկ եթէ այդ իտէալը «հոգեւոր իտէալ» մըն է, այդ տեսլապաշտը եւս չի՛ վախճանիր, քանի որ հոգեւոր իտէալը՝ ճշմարտութիւնը անայլայլելի է եւ մշտնջենակա՛ն։

Այս իմաստով, իտէալ մը ունենալ, տեսլական մը ունենալ՝ կը նշանակէ հաւատալ Բարիին, Գեղեցիկին եւ Ճշմարիտին, անոնց բարձրագոյն եւ բացարձակ խորհրդանշանին՝ Աստուծո՛յ։ Ուստի, անոնք որ զարգացած են իմացականապէս՝ որքան կրնայ երեւակայել, թափանցել, որքան որ կարողութիւնը եւ մտային ու հոգեւոր տարողութիւնները կը բաւեն, կը հասնին գիտութեան եւ ճշմարտութեան խորերը։ Իսկ անոնք որ այդ կարողութիւնը եւ տարողութիւնը չունին՝ միշտ «պարապութիւն» մը պիտի մնայ անոնց հոգիին խորը, որ զայն «լեցնել»ու համար ի զուր պիտի հարցնեն կեանքին նպատակը այս աշխարհին, կամ մխիթարութիւն մը, սփոփանք մը պիտի հայցեն անկէ։

Եւ ոչ մէկ գիտութիւն կրնայ «տիեզերական առեղծուած»ին բացատրութիւնը տալ անոնց՝ որ տեսլական մը, իտէալ մը չունին եւ չեն ապրած այդ հեռանկարով…։

Հետեւաբար, ցորչափ կրօնա-բարոյական զարգացումը համաքայլ չընթանայ իմացական զարգացման հետ, մարդս էապէս չի կրնար հասնիլ իր նպատակին եւ անշուշտ դժբախտ կ՚ըլլայ։ Ուստի մարդս ստիպուա՛ծ է ընդունիլ «տիեզերական առեղծուած»ին գոյութիւնը, հաւատալ անոր եւ ապրիլ այդ հաւատքով։ Եւ ասիկա կարելի է բարձր իմացականութեամբ ունենալ եւ հետեւիլ իտէալի մը՝ ըլլալ տեսողապաշտ զօրաւոր հաւատքով, կամք ունենալ եւ զարգանալ միտքով, միեւնոյն ժամանակ ազնուացնելով հոգին։

Ինչպէս ըսինք, այդ իտէալը ունեցող եւ զայն իր ամբողջ կեանքին մէջ հետապնդող վեհ հոգի մը ունեցող անձնաւորութիւններ չե՛ն մեռնիր, չե՛ն վախճանիր եւ անոնք կը շարունակեն ապրիլ իրենց իտէալով, ճշմարտութեան հեռանկարով, որ անմեռ է եւ երբեք վախճան չունի։ Եւ ասիկա մարդկութեան համար եղած է միշտ հարց մը՝ ամէն կանխակալ գաղափարներէ, համոզումներէ զտուած լուրջ խորհրդածութիւն եւ ուսումնասիրութիւն պահանջող խնդիր մը։ Գիտութիւնը եւ կրօնքը, աշխարհայինը եւ հոգեւորը, երկրայինը եւ երկնայինը ներդաշնակելու, հաշտեցնելու եւ հաւասարակշռելու այս հարցը անոնք՝ որ կարողացած են իրականացնել՝ աշխարհի վրայ հոգեւոր կեանք ապրիլ՝ առանց մերժելու մէկը կամ միւսը, գիտութիւնը համընթաց նկատել հոգեւոր արժէքները՝ կրօնքը, անոնք եղած են ճշմարիտ հոգեւորականներ եւ ճշմարիտ մտաւորականներ եւ ճշմարիտ գիտուններ՝ որոնց համար ո՛չ մահ կայ եւ ոչ ալ վախճան։

Եւ ո՛վ որ կարող է մտքին անկախութիւնը պահել, ձերբազատել զայն այս կենսական հարցին՝ մտաւորին եւ հոգեւորին ո՛չ թէ իրերամերժ, այլ զիրար ամբողջացնող արժէքներ ըլլալու իրականութիւնը չընդունող սխա՛լ կարծիքներու խաբէութենէն, ահաւասիկ ա՛ն է ճշմարիտ գիտունը, եւ ա՛ն է որ այս նիւթին նիւթապաշտ նախապաշարումներէն հեռու կը մնայ եւ գիտութեան հրապուրիչ տեսութիւններէն չի տպաւորուիր, չ՚ազդուիր, այլ կ՚ընդունի զանոնք ճշմարտութեան առաջնորդող միջոց՝ հոգեւոր միջոցի հետ միշտ համընթաց, հա՛շտ։

Գիտութեան եւ կրօնքի նպատակը մէ՛կ է. ճշմարտութիւնը գտնել, թէեւ անոնց տեսակէտները եւ գործելակերպերը իրարմէ տարբեր եւ անկախ։ Եւ ահաւասիկ, այս ճշմարտութիւնը գիտցող, ըմբռնող եւ ըստ այնմ շարժողն է ճշմարիտ հոգեւորականը, մտաւորականը եւ ի՛րաւ գիտնականը։ Ուստի կարելի չէ ուրանալ եւ մերժել աշխարհայինը՝ որուն մէջ կ՚ապրի մարդ եւ հոգեւորը՝ որ կը գտնուի մարդուն մէջ։

Արդարեւ, ամուլ եւ վնասակար «կռիւ» մըն է գիտութեան եւ կրօնքին միջեւ գոյութիւն ունեցող երեւակայական եւ մտացածին հակառակութիւնը, քանի որ միտքերու մէջ անտեղի, անիմաստ վրդովում մը յառաջ կը բերէ, ջնջել փորձելով թանկագին ուժ մը՝ որուն տեղ ո՛չ գիտութիւնը եւ ոչ ալ ուրիշ որեւէ բան, որեւէ ուժ կրնայ բռնել։ Եւ ո՜րքան երանելի են անոնք որ ըմբռնած եւ գիտցած են այս իրականութիւնը…։

Ուստի այս տրուպ գրիչը ինքզինք երանելի՜ կը նկատէ, քանի որ ան ճանչցաւ գիտութեան, մտաւորականութեան եւ հոգեւորականութեան արժէքը միանգամայն գիտցող՝ զանոնք ներդաշնակող, հաշտեցնող հոգեւորական մը Մեսրոպ Բ. Պատրիարքը՝ լուսամիտ, ազատախոհ, լայնխոհ, մեծանձն իրա՛ւ հոգեւորականը՝ տիպար անձնաւորութիւնը…։

Արդարեւ, Մեսրոպ Արքեպս. Մութաֆեանին բարձր կոչումը հովուութեան պաշտօնին, իր գերազանց ըմբռնումն էր նուիրումի, քանի որ ան իր հանգիստը կը գտնէր իտէալի ճամբուն վրայ հոգեւոր ծառայութեան շաւղին մէջ, առ այդ օրհնեալ հոգեւոր, մտաւոր եւ կրթական ծառայութիւններով պայծառացուց, լուսաւորեց եւ պանծացուց իր կեանքի ուղին։ Անիկա իր մտաւոր կորովը նուիրեց ժողովուրդին՝ Եկեղեցիին՝ սիրելով միշտ բնութիւնը որուն կարեւոր մէկ մասը կը կազմէր մա՛րդը։ Ան ունէր արի եւ աննուաճ սի՛րտ մը, եւ Մեսրոպ Պատրիարք դիմադրած մնաց միշտ չարին, սխալին, եւ այն ամէն ինչի որ ներհակ է իր կոչումին՝ իր հոգեւոր նուիրումին եւ ծառայութեան։ Ան կը ծրագրէր եւ կը գործէր աւելի արագ, քանի կը թաւալէր ժամանակի անիւը շա՜տ աւելի արագ կերպով։

Մեսրոպ Պատրիարքի մտածողութիւնը եւ զգացումները աւելի վառ էին եւ եռանդուն, եւ ինք աստուածային ցոլքով կը շողար։ Ան յաւէտ հաւատարիմ՝ տիպար հոգեւորականը, կրթութեան եւ ուսման թանկագին գանձերը գործածեց ժողովուրդին բարձրացման եւ ազնուացման համար։

Մեսրոպ Պատրիարք երբեք պիտի չմոռցուի. իր վառ ու անմեռ յիշատակը միշտ պիտի մնայ խնկելի՜, միշտ քանդակուած եւ անջնջելի պիտի մնայ ան սիրտերու եւ հոգիներու մէջ, քանի որ իր ըրած բազմակողմանի ծառայութիւնները «յաւերժական արժէ՛ք» մը պիտի մնան։

Արշալոյսներ իբրեւ պսակ իր ճակտին, անդորր հանգչի իտէալին ախոյեա՛նը։

Իր բարոյական ներկայութիւնը մխիթարանք է մեզի, քանի որ մխիթարելէ աւելի՝ մխիթարուելո՛ւ պէտքը ունինք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 15, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2019