ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ ՈԳԻՆ

Սուրբ Հո­գիին գալս­տեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ անդ­րա­դար­ձու­մը մեզ կը տա­նի նո­րո­գուած հո­գիով եւ ար­թուն միտ­քով «Նոր կեանք» մը ապ­րե­լու հրա­շա­լի՜ գա­ղա­փա­րին։

Ար­դա­րեւ, մօ­տա­ւո­րա­պէս քսան­մէկ դար ա­ռաջ՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ, վեր­նա­տու­նը հա­ւա­քուած Քրիս­տո­սի ա­շա­կերտ­նե­րը, ի­րենց տրուած խոս­տու­մին հա­մա­ձայն կը սպա­սէին Սուրբ Հո­գիի այ­ցե­լու­թեա­նը։ Քրիս­տո­սի համ­բար­ձու­մէն յե­տոյ ի­րենց տրուած «մխի­թա­րի­չի խոս­տում»ը ան­շուշտ որ պի­տի ի­րա­կա­նա­նար եւ ա­շա­կերտ­ներ պի­տի մխի­թա­րուէին Սուրբ Հո­գիով։ Քա­նի որ Ա՛ն էր Մխի­թա­րի­չը։

Հոս պահ մը կ՚ար­ժէ տես­նել, թէ ի՛նչ է, կամ ո՛վ է Սուրբ Հո­գին։ Ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել «Ո՛վ է», քա­նի որ Սուրբ Հո­գին անձ­նա­ւո­րու­թի՛ւն մը, ա՛նձ մըն է։

Ար­դա­րեւ Սուրբ Հո­գին «անձ­նա­ւո­րու­թիւն» մըն է, քա­նի որ Ան «Ստեղ­ծող» է եւ «կեա՛նք կու տայ».

«Զիս Աս­տու­ծոյ Հո­գին ստեղ­ծեց ու Ա­մե­նա­կա­րո­ղին շուն­չը ին­ծի կեանք տուաւ», ինչ­պէս կը վկա­յէ Յոբ. (ՅՈԲ. ԼԳ 4)։ Ուս­տի «անձ» կը նշա­նա­կէ՝ խոր­հող, ո­րո­շում տուուղ, այ­սինքն մտա­ծե­լու, զգա­լու, դա­տե­լու եւ գոր­ծադ­րե­լու կա­րո­ղու­թիւն ու­նե­ցող էու­թիւն։

Սուրբ Հո­գին կը ներ­գոր­ծէ հո­գե­ւոր կեան­քին մէջ, եւ կը կար­գա­ւո­րէ ամ­բողջ կեան­քը, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ե­սա­յի մար­գա­րէ. «Ին­ծի՛ մօ­տե­ցէք, ա­սի­կա՛ լսե­ցէք. ա­ռա­ջուը­նէ ծա­ծուկ չխօ­սե­ցայ։ Այս բա­նե­րուն պա­տա­հած ժա­մա­նա­կէն ի վեր ես հո՛ս եմ։ Ու զիս Տէր Աս­տուած՝ ա­նոր Հո­գին ղրկեց» (Ե­ՍԱՅ. ԽԸ 16)։ Ուս­տի Սուրբ Հո­գին պաշ­տօն­ներ կը հաս­տա­տէ՝ պաշ­տօ­նեա­ներ կը սահ­մա­նէ ու կը կո­չէ եւ զա­նոնք կը ղրկէ ի­րենց պաշ­տօն­նե­րուն կա­տար­մա­նը հա­մար։ Եւ այս բո­լո­րը ի­րա­կանց­նե­լու հա­մար էու­թիւն մը պէտք է «ա՛նձ» ըլ­լայ։

Եւ դար­ձեալ՝ «Ա­ռա­քեալ­նե­րու Գոր­ծեր»ուն մէջ կը կար­դանք. «Երբ ա­սոնք Տէ­րո­ջը պաշ­տօ­նին մէջ էին եւ ծոմ կը պա­հէին, Սուրբ Հո­գին ը­սաւ.- Զա­տե­ցէ՛ք ին­ծի Բառ­նա­բա­սը եւ Սօ­ղո­սը այն գոր­ծին հա­մար, ո­րուն ես կան­չեր եմ ա­նոնք» (ԳՈՐԾՔ. ԺԳ 2)։

­Նաեւ՝ «Ու­րեմն զգու­շա­ցէ՛ք ձեր ան­ձե­րուն եւ բո­լոր հօ­տին հա­մար, ո­րուն վրայ Սուրբ Հո­գին ձեզ տե­սուչ դրաւ Աս­տու­ծոյ, այ­սինքն Տէ­րո­ջը Ե­կե­ղե­ցին հո­վուե­լու, զոր իր ա­րիւ­նո­վը ստա­ցաւ» (ԳՈՐԾՔ. Ի 28)։ Այս հա­տուած­նե­րը ցոյց կու տան եւ կ՚ա­պա­ցու­ցա­նեն, թէ՝ Սուրբ Հո­գին, իր ա­մե­նէն լայն ա­ռու­մով, «գոր­ծող» էակ մը, այ­սինքն «Ա՛նձ» մըն է։

Սուրբ Հո­գին կ՚ի­մաց­նէ նաեւ «պաշ­տօ­նեայ»նե­րուն՝ թէ ո՛ւր պէտք է գոր­ծեն ու քա­րո­զեն. «Եւ Սուրբ Հո­գին ը­սաւ Փի­լիպ­պո­սին.- Մօ­տե­ցի՛ր եւ այդ կառ­քին քով գնա՛» (ԳՈՐԾՔ. Ը 29), եւ «Երբ Պետ­րոս այն տե­սիլ­քին վրա­յով կը մտա­ծէր, Սուրբ Հո­գին ը­սաւ ա­նոր.- Ա­հա ե­րեք մար­դիկ քեզ կը փնտռեն, ուս­տի ե­լի՛ր, ի­ջի՛ր եւ ա­նոնց հետ գնա՛ ա­ռանց խղճա­հա­րու­թեան, քա­նի որ ե՛ս ղրկե­ցի զա­նոնք» (ԳՈՐԾՔ. Ժ 19-20)։ Ու­րեմն Սուրբ Հո­գին կեն­դա­նի, ապ­րող, ուղ­ղող, կա­ռա­վա­րող, ա­ռաջ­նոր­դող «Ա՛նձ» մըն է։

Սուրբ Հո­գին ըն­թացք կու տայ կեան­քին։

Սուրբ Հո­գին, նաեւ կ՚ի­մաց­նէ «պաշ­տօ­նեայ»նե­րուն, թէ ո՛ւր պէտք չէ գոր­ծեն ու քա­րո­զեն.

«Փռիւ­գիոյ ու Գա­ղա­տա­ցի­նե­րու կող­մե­րը պտը­տե­ցան. հոն Սուրբ Հո­գին ար­գի­լե՛ց, որ Աս­տու­ծոյ խօս­քը Ա­սիա­յի մէջ խօ­սին, երբ Մի­սիա ե­կան եւ կը փոր­ձէին Բի­թա­նիա եր­թալ՝ Յի­սու­սի Հո­գին չար­տօ­նեց ի­րենց» (ԳՈՐԾՔ. ԺԶ 6-7)։ (Ծա­նօ­թագ­րու­թիւն.- Փռիւ­գիա=«Frikya», Գա­ղա­տիա=«Galatya», ո­րոնք կը գտնուին Ա­սիա նա­հան­գին մէջ)։­

Ուս­տի Սուրբ Հո­գին կը ներ­գոր­ծէ եւ իր ներ­գոր­ծու­թեամբ կը փո­խէ նե­րաշ­խար­հը մար­դուն եւ ա­նոր մէջ կը ստեղ­ծէ նոր ու նո­րո­գուած հո­գի՛։

Սուրբ Հո­գիին կա­րե­ւո­րա­գոյն ա­ռա­քե­լու­թիւնն է սոր­վեց­նե՛լ։ Սուրբ Հո­գին կը սոր­վեց­նէ, թէ ի՛նչ պէտք է քա­րո­զէ եւ ինչ­պէ՛ս պէտք է գոր­ծէ այն հո­գին՝ ո­րուն ներ­գոր­ծած եւ զայն վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­ցած է։

«Իսկ մենք ո՛չ թէ այս աշ­խար­հի հո­գին ա­ռինք, ա­պա այն Հո­գին՝ որ Աս­տուծ­մէ է, որ­պէս­զի մենք ճանչ­նանք այն բա­նե­րը, ո­րոնք Աս­տուծ­մէ տրուե­ցան մե­զի», կ՚ը­սէ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ. (Ա. ԿՈՐՆԹ. Բ 12)։

­Սուրբ Հո­գին յայտ­նուե­ցաւ, խօ­սե­ցաւ մար­գա­րէ­նե­րուն մէջ ա­նոնց բեր­նով ու գոր­ծեց ա­նոնց ձեռ­քով.

«Մար­դի՛կ, եղ­բայր­ներ, պէ՛տք է որ կա­տա­րուէր այն գրուա­ծը՝ որ նա­խա­պէս Սուրբ Հո­գին Դա­ւի­թին բեր­նով ը­սաւ Յու­դա­յի մա­սին, որ Յի­սու­սը ձեր­բա­կա­լող­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դը ե­ղաւ» (ԳՈՐԾՔ. Ա 16)։­

Եւ ինչ­պէս կը վկա­յէ ու կը գոր­ծէ Պետ­րոս ա­ռա­քեալ, իր ա­ռա­ջին ընդ­հան­րա­կան նա­մա­կին մէջ. «Ու կը քննէին թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ­պի­սի պա­րա­գա­ներ կը ծա­նու­ցա­նէր ի­րենց մէջ գոր­ծող Քրիս­տո­սի Հո­գին, որ կա­նու­խէն կը վկա­յէր Քրիս­տո­սի չար­չա­րանք­նե­րուն եւ ա­նոնց յա­ջոր­դե­լիք փառ­քին մա­սին» (Ա ՊԵՏ­ՐՈ­ՍԻ Ա 11), եւ շա­րունա­կե­լով. «Ա­նոնց յայտ­նուե­ցաւ՝ ո­րոնք ո՛չ թէ ի­րենց՝ հա­պա մե­զի մա­տա­կա­րա­րե­ցին այն բա­նե­րը, ո­րոնք հի­մա ձե­զի պատ­մուե­ցան ա­նոնց ձեռ­քով՝ որ Ա­ւե­տա­րա­նը քա­րո­զե­ցին ձե­զի Սուրբ Հո­գիով, որ եր­կին­քէն ղրկուե­ցաւ, եւ ո­րոնց հրեշ­տակ­նե­րը կը ցան­կան տես­նել ակն­կա­ռոյց» (Ա ՊԵՏ­ՐՈ­ՍԻ Ա 12))։ Եւ դար­ձեալ երկ­րորդ ընդ­հան­րա­կան նա­մա­կին մէջ. «Վասն­զի մար­գա­րէու­թիւն մը եր­բեք մար­դոց կամ­քին պէս չտրուե­ցաւ, հա­պա Աս­տու­ծոյ սուրբ մար­դի­կը Սուրբ Հո­գիէն շար­ժուած՝ խօ­սե­ցաւ» (Բ ՊԵՏ­ՐՈ­ՍԻ Ա 21)։­

Այս­պէս, ա­հա­ւա­սիկ, Սուրբ Հո­գին՝ որ­պէս Անձ, կը ներ­գոր­ծէ եւ շար­ժում կը ստեղ­ծէ հո­գի­նե­րուն մէջ, զա­նոնք կը խօ­սեց­նէ ու գոր­ծի կը վե­րա­ծուի՝ խօս­քով ու գոր­ծով կ՚ար­տա­յայ­տուի։

Ար­դա­րեւ «Սուրբ Հո­գին» յա­տուկ ա­նունն է Ա­նոր՝ զոր մենք պաշ­տենք եւ Հօր ու Որ­դիին հետ կը փա­ռա­ւո­րենք։ Ե­կե­ղե­ցին զԻնք Տի­րոջ­մէ ստա­ցաւ եւ զԻնք կը դա­ւա­նի իր նոր զա­ւակ­նե­րուն մկրտու­թեան ա­տեն։ Ուս­տի «հո­գի» բա­ռը կը թարգ­մա­նուի եբ­րա­յե­ցե­րէն «ռուահ» բա­ռով, որ իր ա­ռա­ջին ի­մաս­տով կը նշա­նա­կէ «շունչ», «օդ», «հով»։ Յի­սուս ար­դա­րեւ կ՚օգ­տա­գոր­ծէ «հո­վին շօ­շա­փե­լի պատ­կեր»ը թե­լադ­րե­լու հա­մար Նի­կո­դե­մո­սին Աս­տու­ծոյ անձ­նա­կան Շուն­չը ե­ղող «աս­տուա­ծա­յին Հո­գիին վե­րան­ցա­կան նո­րու­թիւն»ը։

Միւս կող­մէ, «Հո­գի» եւ «Սուրբ» բա­ռե­րը՝ աս­տուա­ծա­յին ստո­րո­գե­լի­ներն են, ո­րոնք հա­սա­րա­կաց են աս­տուա­ծա­յին ե­րեք Ան­ձե­րուն։ Սա­կայն Աս­տուա­ծա­շունչ Մա­տեա­նը, ծի­սա­կա­տա­րու­մը եւ աս­տուա­ծա­բա­նա­կան բար­բա­ռը այս եր­կու բա­ռե­րը ի­րա­րու միաց­նե­լով՝ կը նշա­նա­կեն ան­պա­տում Ան­ձը Սուրբ Հո­գիին. «հո­գի» եւ «սուրբ» բա­ռե­րուն միւս կի­րար­կում­նե­րուն մէջ եւ ա­նոնց հետ ա­ռանց հնա­րա­ւոր շփո­թու­մի։

Յի­սուս երբ Սուրբ Հո­գիին գա­լուս­տը կ՚ա­ւե­տէ եւ կը խոս­տա­նայ, զԻնք կը կո­չէ «փա­րայ­լի­թոն», տա­ռա­ցիօ­րէն՝ «Ան որ մօ­տը կան­չուած է»։ Ուս­տի «փա­րայ­լի­թոս» սո­վո­րա­բար թարգ­մա­նուած է «Մխի­թա­րիչ» բա­ռով, ա­ռա­ջին Մխի­թա­րի­չը Յի­սուս նկատուե­լով։

Տէ­րը Սուրբ Հո­գին «ճշմար­տու­թեան Հո­գին» կը կո­չէ. ինչ­պէս՝ (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13)։ «Բայց երբ գայ ին­քը՝ Սուրբ Հո­գին, որ ճշմար­տու­թիւ­նը կը յայտ­նէ…»։

Ար­դա­րեւ, երբ Բա­բե­լո­նի աշ­տա­րա­կով տար­բեր լե­զու­ներ բաժ­նե­ցին մար­դի­կը՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հո­գե­գա­լուս­տով, վեր­նա­տան մէջ տար­բեր լե­զու­ներ միա­ցուց մարդ­կու­թիւ­նը։ Եւ ա­մէն բա­ժա­նում միաց­ման մը ա­ռաջ­նա­քայլն է, ինչ­պէս Հո­գե­գա­լուս­տին տրուած տար­բեր լե­զու­նե­րը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 15, 2015, Իս­թան­պուլ

 

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015