ՇՆՈՐՀՔԸ՝ ՁՐԻ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Հոգին «ներքին մարդ»ուն Տէրն է։ Արդարացումը, ծնունդ տալով «ներքին մարդ»ուն, իր հետ կը բերէ սրբացումը ամբողջական էակին։ Արդարացումը Աստուծոյ սիրոյն պատուականագոյն գործն է, որ յայտնուած է Յիսուս Քրիստոսի մէջ եւ տրուած՝ Սուրբ Հոգիէն։ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կը համարի թէ. «ամբարիշտին արդարացումը աւելի մեծ գործ մըն է քան երկինքի եւ երկրի արարչագործութիւնը, քանի որ երկինքը եւ երկիրը պիտի անցնին մինչ ընտրեալներուն փրկութիւնը եւ արդարացումը պիտի մնան»։ Ան կը խորհի նոյնիսկ, թէ մեղաւորներուն արդարացումը կը գերազանցէ հրեշտակներուն արդարութեան մէջ ստեղծումը, որովհետեւ ասիկա կը յայտնէ աւելի՛ մեծ ողորմածութիւն մը։

Մարդուս արդարացումը կու գայ Աստուծոյ շնորհքէն։

Շնորհքը մասնայատուկ «բարիք»ն է, «ձրի օգնութիւն»ը, զոր Աստուած կու տայ մարդուն, որպէսզի պատասխանէ ան Իր կոչին, ըլլայ որդի Աստուծոյ (ՅՈՎՀ. Ա 12-18), որդեգիր (ՅՈՎՀ. Ա 12), (ՀՌՈՄ. Ը 14-17), մասնակից աստուածային բնութեան (Բ ՊԵՏ. Ա 3-4) եւ յաւիտենական կեանքին (ՅՈՎՀ. ԺԷ 3)։ Ուստի շնորհքը «մասնակցութիւն մըն է Աստուծոյ կեանքին», ան կը մտցնէ մարդը մտերմութեան մէջ երրորդութեան կեանքին. Մկրտութեամբ՝ քրիստոնեան կը մասնակցի Քրիստոսի շնորհքին՝ Գլուխ Իր Մարմինին։  Իբրեւ «որդեգիր», ան կրնայ այսուհետեւ Աստուած կոչել «Հայր»՝ միանալով Միածին Որդիին։ Ան կ՚ընդունի Հոգիին կեանքը, որ իրեն սէր կը ներշնչէ եւ կը կերպաւորէ Եկեղեցին։

Յաւիտենական կեանքին այս կոչումը գերբնակա՛ն է։

Շնորհքը ամբողջովին կախում ունի Աստուծոյ ձրի նախաձեռնութենէն, որովհետեւ միա՛յն Ինք կարող է Ինքզինք յայտնել եւ տալ Ինքզինք։ Ան գերազանց է քան իր եւ որեւէ արարածի իմացականութեան կարողութիւնները եւ մարդկային կամքին ուժերը. (Ա ԿՈՐՆԹ. Բ 7-9)։ Եւ Քրիստոսի շնորհքը այն ձրի պարգեւն է, զոր Աստուած կու տայ մարդուն Սուրբ Հոգիէն իր հոգիին մէջ հեղեալ Իր կեանքով, զայն բուժելու մեղքէն եւ զայն սրբացնելու. ասիկա «սրբարար կամ աստուածացնող շնորհք»ն է, ընդունուած Մկրտութեամբ։ Ան մարդուն մէջ աղբիւրն է սրբացումի գործին, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. «Եթէ ուրեմն մէկը Քրիստոսի մէջ է, ան նոր արարած մըն է, հին արարածը չքացաւ եւ հիմա նորը սկսաւ։ Ամէն ինչ կու գայ Աստուծմէ, որ Քրիստոսով հաշտեցուց մեզ Իրեն հետ» (Բ ԿՈՐՆԹ. Ե 17-18)։ «Սրբարար շնորհք»ը ունակական, սովորութեամբ ստացուած պարգեւ մըն է. կայուն եւ գերբնական տրամադութիւն մը, լաւ յատկութիւն մը՝ որ կը կատարելագործէ հոգին, որպէսզի զայն կարող դարձնէ ապրելու Աստուծոյ հետ, գործելու Անոր Սիրով։

Պիտի զանազանենք մէկ կողմէ «ունակական շնորհքը», որ յարակայ տրամադրութիւն մըն է ապրելու եւ գործելու ըստ «աստուածային կոչ»ին, եւ միւս կողմէ «ներգործական շնորհք»ները, որոնք ցոյց կու տան աստուածային միջամտութիւնները ըլլա՛յ մարդուն դարձին սկիզբը, ըլլա՛յ սրբացումի գործին ընթացքին։ Շնորհքին ընդունելութեան համար «մարդուն պատրաստութիւն»ը արդէն իսկ շնորհքին գործն է։ Բայց մարդ շնորհքը կարենալ ընդունելու համար անհրաժեշտ է, որ անոր գոյութեան անդրադառնայ, անոր ներգործութիւնը զգայ։

Արդարեւ անիկա անհրաժեշտ է յարուցանելու եւ հաստատ պահելու մարդուն համագործակցութիւնը նա՛խ արդարացումին մէջ՝ հաւատքի ճամբով, ապա իր սրբացումին մէջ՝ սիրո՛յ միջոցով։ Աստուած կ՚աւարտէ մարդուն մէջ ինչ որ Ինք սկսած է, «որովհետեւ Ինք կը սկսի եւ Իր ներգործութեամբ՝ կ՚ընէ, որ մենք ուզենք. իսկ Իր սկսածն ալ կ՚աւարտէ, գործակցելով մեր արդէն դարձի եկած կամքին հետ», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, եւ կը շարունակէ. «Անշուշտ մենք ալ կը գործենք, բայց մենք կը գործենք Աստուծոյ հետ, որ կը գործէ։ Որովհետեւ Անոր ողորմածութիւնը մեզ կանխեց, որպէսզի մենք բուժուինք, ապա կը շարունակէ հետեւիլ մեզի, որպէսզի բուժուելէ ետք՝ կենդանանանք։ Ան կը կանխէ մեզ՝ որպէսզի կանչուինք, ապա կը հետեւի մեզի՝ որպէսզի փառաւորուինք։ Ան կը կանխէ մեզ՝ որպէսզի աստուածապաշտութեամբ ապրինք, Ան կը հետեւի մեզի՝ որպէսզի յաւէտ Աստուծոյ հետ ապրինք, որովհետեւ առանց Անոր, մենք ոչինչ կրնանք ընել»։

Աստուծոյ ազատ նախաձեռնութիւնը կը պահանջէ «մարդուն ազատ պատասխանը», որովհետեւ Աստուած ստեղծեց մարդը ըստ Իր պատկերին եւ նմանութեան, տալով անոր ազատութեան հետ, կարողութիւնը զԻնք ճանչնալու եւ սիրելիո՛ւ։

Մարդու հոգին սիրոյ հաղորդութեան մէջ միայն ազատօրէն կը մտնէ։ Աստուած անմիջական ձեւով կը դպչի մարդուն սրտին եւ ուղղակի՛օրէն կը շարժէ զայն։ Ան մարդուն մէջ դրած է տենչանք մը ճշմարտութեան եւ բարիին եւ միայն Ինք կարո՛ղ է գոհացնել զայն։

«Յաւիտենական կեանք»ին խոստումները ամէն ակնկալութենէ վեր կ՚ընդառաջեն այս տենչանքին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 8, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2019