ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄ

Մարդկային կեանքին յարգանքը եւ աճումը՝ խաղաղութիւն կը պահանջեն։ Խաղաղութիւնը, արդարեւ, կարելի չէ ձեռք ձգել առանց անհատներու նիւթական, հոգեկան եւ մտային արժէքներուն պահպանումին, առանց մարդկային էակներուն իրարու միջեւ ազատ հաղորդակցութեան, առանց անձերու եւ ժողովուրդներու արժանապատուութեան յարգանքին եւ առանց մարդասիրական արարքներու յարատեւ եւ անկեղծօրէն գործադրութեան։ Մարդկային կեանքը արտաքնապէս «խաղաղ» ըլլալու համար անհրաժեշտ են այս բոլորը։ Խաղաղութիւնը, այս իմաստով երջանիկ կեանքի մը նախապայմա՛նն է։

Բայց կայ նաեւ «ներքին խաղաղութիւն»ը՝ որ կը նշանակէ հաւասարակշռուած, չափաւորուած, ներդաշնակուած «ներաշխարհ» մը, կամ ըսենք. մարդուս արտաքին աշխարհին եւ ներքին աշխարհին, տարբեր խօսքով՝ «արտաքին մարդ»ուն եւ «ներքին մարդ»ուն համաձայնութիւնը, ներդաշնակութիւնը՝ որ ընդհանրապէս կ՚արտայայտուի անկեղծութեամբ։ Ուրեմն «ներս»ը եւ «դուրս»ը մէկ մարդը «խաղաղ» մարդ է եւ խաղաղ մարդոցմէ կազմուած ժողովուրդ մըն ալ -ընդհանրապէս- խաղաղ ժողովուրդ մըն է։

Այս իմաստով, երկերեսութիւնը, կեղծաւորութիւնը, անորոշութիւնը խաղաղութեան արգելքներ են եւ թշնամիներ՝ խաղաղութեան։

Արդարեւ, երբ մարդուն ներաշխարհը եւ արտաքին աշխարհը, մարդկային փոխյարաբերութիւնները համակերպ եւ համընթաց են, այդ մարդը «խաղաղ մա՛րդ» է, եւ բնականաբար «խաղաղ մարդոց» կազմած ընկերութիւն մը՝ հաւաքականութիւն եւ ժողովուրդ, խաղաղ կ՚ըլլայ։

Թէ ի՞նչ է «խաղաղութիւն» ըսուածը։

«Խաղաղութիւնը կարգ եւ կանոններու անդորրութիւնն է», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Այս ուղղութեամբ, խաղաղութիւնը արդարութեան գործն է. (ԵՍ. ԼԲ 17) եւ նաեւ սիրոյ արդի՛ւնքը։ Արդարեւ հոն ո՛ւր սէր կայ, հոն կայ նաեւ խաղաղութիւն, հոգեկան հանգստութիւն եւ մտային ստուգութի՛ւն։

Յիսուս Քրիստոս յիշեցնելով «Մի՛ սպաններ» (ՄԱՏԹ. Ե 21) պատուէրը, կը մատնանշէ եւ կը պահանջէ «սրտի խաղաղութիւն»ը եւ կը դատապարտէ մանաւանդ մահագործ բարկութեան եւ ատելութեան անբարոյականութիւնը։ Արդարեւ, բարկութիւնը թէ՛ ներքին խաղաղութիւնը եւ թէ ընկերային խաղաղութիւնը խաթարող վատ զգացում մըն է։ Բարկութիւնը կը վնասէ նախ ենթական՝ անոր հոգեկան, եւ նաեւ մարմնական առողջութեան, յետոյ վնաս կը պատճառէ նաեւ՝ մարդկային-ընկերային յարաբերութիւններուն, բարեկամութիւններու, որ թշնամութեան վերածուած ձեւեր կը ստանան։

Թէ ի՞նչ է «բարկութիւն» ըսուածը։

Բարկութիւնը փափաք մըն է՝ վատ զգացում մը վրէժխնդրութեան։ Արդարեւ, ճիշդ եւ չափաւոր բարկութիւնը բնական հակազդեցութիւն մըն է անարդար, անիրաւ արարքի մը հանդէպ։ «Վրէժխնդրութիւն բաղձալը պատժի արժանացած մարդուն գործած գէշութեան համար, ապօրինի է. գովելի է սակայն անոր հատուցում պարտադրել՝ մոլութիւնները սրբագրելու եւ արդարութիւնը պահպանելու համար», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։

Իսկ եթէ բարկութիւնը հասնի մինչեւ  մարդասպանութեան կամ ծանրօրէն վիրաւորելու ազատակամ եւ կիրքէ մղուած փափաքին, ան ծանրօրէն կը հակառակի սիրոյ զգացումին, սիրոյ սկզբունքին եւ մահացու մեղք կը նկատուի։ Յիսուս Քրիստոս մեր Տէրը կ՚ըսէ. «Ո՛վ որ բարկանայ իր եղբօր, պարտաւոր է. պարտաւոր պիտի ըլլայ դատաստանի» (ՄԱՏԹ. Ե 22)։

Բարկութեան ուրիշ մէկ ձեւն է «ատելութիւն»ը, որ նոյնքան հակառա՛կ է սիրոյ։

Մերձաւորին եւ կամ որեւէ մէկուն ատելութիւնը մեղք մըն է, երբ ան ազատակամօրէն անոր չարիքը կը ցանկայ։ Արդէն առանց չարիքի ատելութիւն գոյութիւն չ՚ունենար, քանի որ չարիք եւ ատելութիւն միշտ համընթաց զգացումներ են։

«Բայց Ես կ՚ըսեմ ձեզի. սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, աղօթեցէ՛ք ձեզ հալածողներուն համար, որպէսզի որդիներ ըլլաք ձեր Հօրը՝ որ երկինքն է…», կ՚ըսէ Յիսուս (ՄԱՏԹ. Ե 44-45)։

Սակայն ինքնամոլ, եսապաշտ մէկու մը համար ո՜րքան դժուար է սիրել, համակրիլ… իսկ իր թշնամիները սիրել՝ շատերու համար անկարելի, աներեւակայելի զգացում մը կը թուի։ Բայց իսկական մեծութիւնը, քաջութիւնը ո՛չ թէ դիւրին բաները կատարել, իրականացնել, այլ դժուարը կատարելն է։ Միայն ինքնակեդրոն, եսամոլ մարդիկ չեն կրնար սիրել, բայց մարդ ստեղծուած եւ կոչուած է սիրելո՛ւ, իր նմանները՝ առանց խտրութեան, քանի որ ամէնուն Արարիչն ալ նո՛յնն է եւ անոնց ստացական յատկութիւնները պէտք չէ արգելք հանդիսանան խտրութեան։

Արդարեւ, խաղաղութիւնը այս սիրոյ պտո՛ւղն է։

Եւ այս իմաստով, երկրաւոր խաղաղութիւնը արգասիքը եւ պատկերն է Քրիստոսի խաղաղութեան. «Իշխան՝ մեսիական խաղաղութեան» (ԵՍ. Թ 5)։ Իր Խաչին արիւնովը Ան սպաննեց «ատելութիւն»ը Իր մարմինին մէջ, հաշտեցուց մարդիկը Աստուծոյ հետ, որդին՝ Հօրը հետ։

Յիսուս կը յայտարարէ. «Երանի՜ խաղաղարարներուն» (ՄԱՏԹ. Ե 9)։

Փորձենք հետեւիլ այս պատուէրին, եւ ջանա՛նք խաղա՜ղ ապրիլ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 20, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2019