ԽԱՉ ԵՒ ԳԱՒԱԶԱՆ

Հին Ուխտի մէջ, Սուրբ Խաչի պաշտամունքի տեղ, կար, գաւազանի երկրպագութիւնը՝ որ նախակարապետը կը հանդիսանար խաչի նշանին։

Ինչպէս յայտնի է, Հին Ուխտը պիտի ծառայէր Նոր Ուխտին «շուք»ը ըլլալու՝ որպէսզի Քրիստոսի նոր վարդապետութեան խորհրդանշանները աւելի՛ հասկնալի եւ դիւրըմբռնելի դառնան մարդոց։

Այսպէս, գաւազանին մէջ մարդիկ կը տեսնէին Տիրոջ զօրութիւնը, հրաշքը եւ յաղթութիւնը։

Գաւազանի օրհնութիւնը առաջին անգամ կը տեսնուի, երբ Իսրայէլի Յակոբ նահապետը կ՚աղօթէ Աստուծոյ եւ կ՚ըսէ. «Արժանի չեմ այն բոլոր ողորմութիւններուն եւ ամէն հաւատարմութեանը, զորս Դուն քու ծառայիդ ցոյց տուիր. քանզի իմ գաւազանովս անցայ այս Յորդանան գետէն» (ԾՆՆԴ. ԼԲ 10)։

«Յակոբ իր մեռնելու ատեն՝ Յովսէփի որդիներէն ամէն մէկը օրհնեց, եւ երկրպագութիւն ըրաւ իր գաւազանին գլուխը» (ԵԲՐ. ԺԱ 2), (ԾՆՆԴ. ԽԷ 31)։ Նաեւ՝ Իսրայէլի ժողովուրդը Եգիպտոսի՝ ծառայութեան երկրէն ազատագրութեան ժամանակ, Աստուած կը պատուիրէ Մովսէսին. «Եւ այն գաւազանը ձեռքդ առ, որպէսզի անով նշաններ ընես» (ԵԼՑ. Դ 17)։

Մովսէս իր այս գաւազանով Փարաւոնին առջեւ եւ Եգիպտոսի երկրին մէջ պիտի կատարէր բազմաթիւ հրաշքներ՝ Աստուծոյ զօրութիւնը ցոյց տալով։ Ինչպէս նաեւ այս գաւազանով պիտի ճեղքէր Կարմիր ծովը (ԵԼՑ. ԺԴ 15)։

Դարձեալ Մովսէս այս գաւազանով ժայռին զարնելով՝ ջուր պիտի հանէ (ԵԼՑ. ԺԷ 4-6)։

Վերջապէս գաւազանը փրկութեան միջոց պիտի հանդիսանար՝ ճիշդ Խաչափայտին պէս, նախակարապե՛տը հանդիսանալով։ Երբ Իսրայէլի ժողովուրդը անապատին մէջ սկսաւ «տրտնջելով» մեղք գործել Աստուծոյ եւ Անոր ծառային՝ Մովսէսի դէմ. Աստուած ալ պատժեց կիզիչ օձերով։ Սակայն երբ ժողովուրդը զղջաց եւ աղաչեց Մովսէսի, որ զիրենք փրկէ խայթող եւ մեռցնող օձերէն, այն ատեն, Մովսէս պղինձէ օձ մը շինեց Աստուծոյ պատուէրով եւ հրամանովը, այնպէս որ օձէն խայթուողները երբ պղինձէ օձին նայէին՝ անմիջապէս կը բուժուէին (ԹՈՒ. ԻԱ 4-9)։ Այս պատմութեան օրինակով, այս պատմութեան օրինակը առնելով՝ Յիսուս Իր խաչելութիւնը եւ խաչին փրկութիւնը պիտի հաստատէր. «Ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, այնպէս պէտք է որ Որդի մարդոյ բարձրանայ, որպէսզի ամէն ով որ Անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (ՅՈՎՀ. Գ 14-15)։ Ինչպէս եւ կը տեսնենք, Յիսուս ոչ միայն կ՚ընդունի զայն, այլ՝ Իր փրկութեան խորհրդանիշ Խաչին հետ կը բաղդատէ։

Ուրիշ առթիւ ալ, Եղիսէ մարգարէն իր գաւազանը կու տայ իր պատանիին, որ երթայ եւ Սոմնացիին մեռած զաւակը յարուցանէ, եւ այսպէս կը հրահանգէ Մարգարէն պատանիին. «Իմ գաւազանս տղուն երեսին վրայ դիր» (Դ ԹԱԳ. Դ 29)։

Եւ ինչպէս խաչը մեզի՝ քրիստոնեաներուս մխիթարութիւն է, նոյնպէս ալ գաւազանը՝ Հին Ուխտի որդիներուն համար՝ ինչպէս եւ Սաղմոսերգուն կ՚երգէ. «Քու ցուպդ եւ գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն» (ՍԱՂՄ. ԻԳ 4)։

Իսկ Միքիա մարգարէն պիտի ըսէ. «Քու գաւազանովդ հովուէ քու ժողովուրդդ, քու ժառանգութեան խաշինքը» (ՄԻՔ. Է 14)։

Իսկ Ահարոնի գաւազանին ծաղկումը եւ պտղաբերումը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի խաչափայտին ծաղկումը եւ պտղաբերումը՝ որ համայն մարդկութեան փրկութեան եւ բժշկութեան դեղ պիտի ըլլար։ Ինչպէս կ՚երգէ մեր շարակագիրն ալ. «Փայտ կենաց՝ որ փոխանակ մահացու պտղոյն զՔրիստոս պտղաբերեցիր»։

Քրիստոնեաներս, Հին Ուխտի գաւազանին տեղ ունինք Քրիստոսի յաւիտենական փրկարար խաչի նշանը, եւ անոր երկրպագութիւն կ՚ընենք՝ ըսելով. «Խաչի քո Քրիստոս երկրպագեն արարածք ամենայն, որ ի փրկութիւն մեզ կանգնեցաւ. սա եղիցի մեզ պահապան յաղթող, ապրեցուցանել զմեզ ի պատրանաց բանսարկուին» (Շարական)։

Նէեման Ասորի բորոտի բժշկութեան պատմութեան օրինակով կարելի է ապացուցանել, թէ մենք փայտը կամ արծաթը չենք պաշտեր, այլ՝ անոր խորհուրդին միջոցաւ Աստուծոյ զօրութիւնը եւ փրկութիւնը կը տեսնենք, եւ խաչեալ Փրկիչը կը պաշտենք։

Ասորիներու թագաւորին զօրագլուխը՝ Նէեման լսելով՝ Եղիսէ մարգարէին հրաշագործութեան զօրութիւնը, եկած էր Դամասկոսէն Սամարիա, որպէսզի իր բորոտութենէն մաքրուի եւ բժշկուի։ Երբ Եղիսէ մարգարէն լսեց անոր գալուստը իր մօտ, մարդ մը ղրկեց Նէեմանին՝ ըսելով. «Գնա Յորդանանու մէջ եօթը անգամ լուացուէ, եւ մարմինդ քեզի պիտի դառնայ, ու պիտի մաքրուիս»։

Նէեման Ասորին բարկացաւ՝ ըսելով. «Դամասկոսի Աբանա եւ Փարփար գետերը Իսրայէլի ջուրերէն աղէկ չե՞ն. միթէ չե՞ն կրնար անոնց մէջ լուացուիլ եւ մաքրուիլ», եւ բարկութեամբ գնաց։

Սակայն, բարեբախտաբար իր ծառաները իր բարկութիւնը իջեցուցին ըսելով. «Եթէ Մարգարէն քեզի ուրիշ մեծ բան մը ըսէր՝ պիտի չընէի՞ր. ուր մնաց որ անիկա քեզի, լուացուէ եւ պիտի մաքրուիս», ըսաւ։ Այն ատեն անիկա իջաւ Յորդանան գետը, Աստուծոյ մարդուն խօսքին համեմատ լուացուեցաւ եւ բժշկուեցաւ. (Դ ԹԱԳ. Ե 1-14)։

Ահաւասիկ, այս բժշկութեան պատմութիւնը, իրապէս խորհուրդի զօրութիւնը լուսաբանող օրինակ մըն է միեւնոյն ատեն։

Նէեման Ասորին ի՞նչ բանի շնորհիւ բժշկուեցաւ։

Առաջին ակնարկով պիտի ըսենք. Յորդանան գետի ջուրերո՛վ։ Եւ ճիշդ ասոր համար զօրավարը բարկացաւ. եթէ միայն պարզ ջուրով պիտի բժշկուէր, այն ատեն Դամասկոսի ջուրերը մաքուր չէի՞ն՝ որ մինչեւ Իսրայէլ պիտի գար Յորդանանու մէջ լուացուելու համար։

Լոկ ջուրը չէր որ բժշկութեան հրաշագործութիւնը կը կատարէր, այլ՝ Աստուծոյ մարդուն խօսքին զօրութիւնն էր, եւ ջուրը մաքրութեան եւ բժշկութեան «միջոց»ը կը հանդիսանար։

Անտրէ Ժիտը կ՚ըսէ. «Կարեւորութիւնը քու նայուածքիդ մէջ ըլլայ, ոչ թէ՝ նայւած առարկային մէջ»։

Ճշմարիտ հաւատացեալը միա՛յն կրնայ տեսնել աստուածային զօրութիւնը, բժշկութիւնը եւ փրկութիւնը՝ Յորդանանի ջուրին մէջ, Սուրբ Խաչին մէջ, Յիսուսի հանդերձին քղանցքին մէջ եւ կը բժշկուի՛…։

- Սկզբնաղբիւր. «Բարեխօսութիւն Սըր-բոց», Վաչէ Ծ. Վրդ. Իգնատիոսեան, Երեւան, 1993, էջ. 61-64։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 21, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2019