ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԲԱՐԻՔ

«Հասարակաց բարիք»ով կը հասկնանք՝ ամբողջութիւնը ընկերային կեանքի այն պայմաններուն, որոնք խմբաւորումներուն եւ անհատներուն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն իրենք զիրենք կատարելագործելու։ Այս իմաստով, ահաւասիկ «հասարակաց բարիք»ով կը հասկնանք.

ա.- Յարգանք եւ հրահրում մարդկային անձին հիմնական իրաւունքներուն.

բ.- Զարգացումը մարդկային անձին եւ ընկերութեան հոգեւոր եւ ժամանակաւոր բարիքներուն.

գ.- Բոլորին խաղաղութիւնը եւ ապահովութինը։

Հասարակաց բարիքին ամբողջական իրագործումը կը գտնուի քաղաքական հասարակութեան մէջ՝ որ կը պաշտպանէ եւ կը հրահրէ քաղաքացիներուն եւ միջանկեալ մարմիններուն բարիքը, առանց անտեսելու նաեւ մարդկային ամբողջ ընտանիքին ընդհանուր բարիքը։

Իւրաքանչիւր մարդ իր գրաւած դիրքին եւ խաղացած դերին համեմատ՝ հասարակաց բարիքին հրահրումին իր մասնակցութիւնը կը բերէ, երբ արդար օրէնքները կը յարգէ եւ հոգը կը ստանձնէ այն մարզերուն՝ որոնց հանդէպ «անձնական պատասխանատուութիւն» ունի. ինչպէս՝ իր ընտանիքին հոգածութիւնը եւ իր գործին յանձնառութիւնը։ Քաղաքցիները պարտին նաեւ կարելիին չափով՝ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերել հանրային կեանքին մէջ։

Մարդկային ընկերութիւնը կ՚ապահովէ ընկերային արդարութիւնը, երբ կը յարգէ մարդկային անձին արժանապատուութիւնը եւ իրաւունքները՝ որոնք ընկերութեան յատուկ նպատակը կը հանդիսանան։ Այլուստ, մարդկային ընկերութիւնը կը հետապնդէ «հասարակաց բարիք»ին եւ իշխանութեան կիրարկումին հետ զօդուած «ընկերային արդարութիւն»ը, երբ կ՚իրագործէ այն պայմանները՝ որոնք ընկերութիւններուն եւ անհատներուն թոյլ կու տան ձեռք ձգելու ի՛նչ որ իրենց իրաւունքն է։

Ուստի, հիմնակէտը ա՛յն է, որ բոլոր մարդիկ համահաւասար արժանապատուութիւն եւ հիմնական նոյն իրաւունքները կը վայելեն, քանի որ նոյն Աստուծոյ պատկերին համեմատ ստեղծուած են, նոյն բանական հոգիով օժտուած են։ Անոնք նոյն բնութիւնը եւ նոյն ծագումը ունին եւ կոչուած են աստուածային նոյն երանութեան հասնելու, շնորհիւ Քրիստոսին՝ իրենց հասարակաց Փրկչին։ Սա անուրանալի է, որ կան տնտեսական եւ ընկերային մարզերէն ներս անարդար անհաւասարութիւններ, որոնք միլիոնաւոր մարդկային էակներ կը հարուածեն։ Անոնք Աւետարանին հետ բացայայտ հակադրութեան մէջ են եւ դէմ են արդարութեան, անձերու արժանապատուութեան, խաղաղութեան։ Բայց մարդոց միջեւ կան նաեւ տարբերութիւններ՝ որոնք յառաջ եկած են զանազան ազդակներէ, որոնք Աստուծոյ ծրագրին մաս կը կազմեն։

Արդ՝ Աստուծոյ կա՛մքն է, որ ամէն մարդ իր կարիքը ուրիշէն ստանայ, իրերօգնութիւն հաստատուի, իսկ անոնք որ յատուկ «քանքար»ներով օժտուած են, զանոնք ուրիշին հետ բաժնեն։ Նման տարբերութիւնները մարդիկը կը յորդորեն եւ յաճախ կը ստիպեն վեհանձնութեան, բարեացակամութեան եւ բաժնեկցութեան, իսկ մշակոյթներն ալ՝ փոխադարձ հարստացումի։

Մարդկային եւ քրիստոնէական եղբայրակցութենէն բխող համընկերութիւնը կը դրսեւորուի նախ եւ առաջ բարիքներու արդար բաշխումով, արդար աշխատավարձով եւ ընկերային աւելի արդար կարգի մը հանդէպ յանձնառութեամբ։ Համընկերութեան առաքինութիւնը կը գործադրէ նաեւ հաւատքի հոգեւոր բարիքներուն բաժնեկցութիւնը՝ որոնք նիւթական բարիքներէն աւելի՛ կարեւոր են։

«Լրացուցիչ օժանդակութեան սկզբունք»ը կը նշանակէ, թէ բարձրագոյն կարգի ընկերութիւն մը պէտք չէ՛ ստանձնէ պաշտօններ՝ որոնք կը վերաբերին ստորակարգ ընկերութեան մը, զայն իր իրաւունքներէն զրկելով։ Ընդհակառակը, ի պահանջել հարկին՝ պէտք է անոր թիկունք կանգնի։

Կը պահանջէ, որ արդարութիւնը յարգուի, արժէքներու արդար դասաւորում կատարուի, ֆիզիքական եւ բնազդային տարածքը ենթակարգուի ներքին եւ հոգեւոր տարածքին։ Եւ յատկապէ՛ս հոն ուր մեղքը ընկերային կլիման կը խաթարէ, հա՛րկ է կոչ ընել սրտերու հոգեփոխումին եւ Աստուծոյ շնորհքին, իրագործելու համար ընկերային յեղաշրջումներ՝ որոնք կարենան ծառայութիւն մատուցանել իւրաքանչիւր եւ ամբողջական անձին։

Սէրը՝ որ արդարութեան գործադրութիւնը կը պահանջէ եւ մարդն ալ անոր ատակ կը դարձնէ, մարդկային հասարակական մեծագոյն պատուիրանն է։

Մարդկային ամէն հասարակութիւն կարիքը ունի օրինաւոր իշխանութեան մը՝ որպէսզի կարգ ու կանոնը ապահովէ եւ «հասարակաց բարիք»ին կիրարկումին սատարէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 22 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023