ՍԽԱԼՆԵՐ ԵՒ ՃԻՇԴԵՐ՝ ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՄԱՍԻՆ

Մեր առօրեայ խօսակցութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ խորաններէն տրուող քարոզներուն, բեմերէն հնչող ճառերուն, ինչու չէ նաեւ յաճախ մամուլի էջերուն մէջ կը հանդիպինք մայրենի լեզուի սխալներու, որոնք սովորութիւն դառնալով կը շարունակեն սխալ ձեւով գործածուիլ: Անոնցմէ մէկն է, օրինակ, «ին»ի եւ «ը»ի գործածութիւնը.- այսպէս. խօսելու ժամանակ յաճախ կը գործածենք «Յակոբին տեսայ», «Սարգիսին տեսայ» այտայայտութիւնը, սակայն իրականութեան մէջ մենք ոչ թէ Սարգիսին կը տեսնենք, այլ Սարգիսը կը տեսնենք։ Նոյն օրինակով կը գործածենք «Յակոբին հրաւիրէ» ձեւը, սակայն իրականութեան մէջ ոչ թէ Յակոբին, այլ Յակոբը կը հրաւիրենք:

Նման սխալներ յաճախ «պարզ» ու «բնական» կը թուին մեզի համար, սակայն իրականութեան մէջ մեր ականջները կը ցաւցնէ, մանաւանդ երբ այդ մէկը կը լսենք պաշտօնական հանդիսութիւններու, պատարագներու եւ ձեռնարկներու ընթացքին:

Յակոբին վերջաւորութեան դրուող «ին»ը ստացական դերանունի դեր կը կատարէ. մենք կրնանք տեսնել Յակոբին տունը, Յակոբին շունը, Յակոբին հագուստը, սակայն Յակոբն է որ կը տեսնենք:

Միւս սխալներէն մին, որ երկար տարիներ կը շարունկէ հարցականի տակ մնալ «մատ» բառին յոգնակի տարբերակն է. սփիւռքի մէջ այսօր կը գործածենք մատ-մատեր ձեւը, այն ճիշդ տրամաբանութեամբ որ «հայերէնի մէջ միավանկ բառերուն յոգնակին կը կազմուի «եր» վերջաւորութեամբ», սակայն Հայաստանի մէջ ամէն տեղ կը գործածուի «ներ» տարբերակը. ցուցանակներու վրայ կը տեսնենք «մատներ» ձեւը, ինչ որ շատերու համար ճիշդ եւ շատերու համար սխալ կը թուի ըլլալ: Իրականութեան մէջ երկու ձեւերն ալ ճիշդ են հետեւեալ բացատրութեամբ.- գրաբարի մէջ կան բառեր, որոնք իրենց երազի վիճակին մէջ ունին «ն» վերջաւորութիւնը. օրինակ՝ «ձուկն», «մուկն», «գառն» եւ այդ բառերուն մաս կը կազմէ մատը՝ որ գրաբար օրինակին մէջ «մատն» է. օրինակի համար, պատմիչներէն մին կը գրէ.- «եւ ա՛ռ անոյշ ձէթ, եւ ա՛ծ 'ի վերայ չորս մատն...». նոյն օրինակին կը հետեւի ձեռք բառերը, որ յաճախ յոգնակիի պարագային մեր դիմաց կը յայտնուի որպէս «ձեռներ» օրինակով:

Յաճախ գործածուող սխալներէն մէկն է նաեւ «շրթունքներ»ը. նոյնիսկ շատ մը անուանի մամուլներու մէջ կարելի է հանդիպիլ այս սխալին։ Իրականութեան մէջ շրթունքը արդէն իսկ յոգնակի տարբերակն է շուրթին եւ հետեւաբար յոգնակիին վրայ «ներ» աւելցնելը պարզապէս աւելորդաբանութիւն է ու սխալ: Նոյն պարագան կը տեսնենք «մարդ» բառի պարագային. մարդը երազկի է, իսկ մարդիկը՝ յոգնակի. մարդիկներ գործածելը պարզապէս անիմաստ է. հետեւաբար եթէ վէպի մը մէջ հանդիպիք «հերոսը աղջկան շրթունքները համբուրեց» դարձուածքին, գիտցէք որ սխալ է:

Միւս ամենաշատ գործածուող սխալներէն մին «որու» եւ «որուն» բառերու գործածութիւնն է. յաճախ մեր դիմացինին հարց կու տանք.- «որո՞ւն մասին կը խօսիս». այստեղ գործածուող «որուն»ը սխալ է, որովհետեւ «որուն» կը գործածենք, երբ յարաբերեալը որոշ է. վերոյիշեալ նախադասութեան մէջ քանի որ ենթական անորոշ է, հետեւաբար հարցը պէտք է տրուի «որո՞ւ մասին կը խօսիս» տարբերակով: Օրինակ՝ պատկերացուցէք կը խօսիք երգի մը մասին. «երգի բառերը, որու հեղինակն է Յակոբը...». քանի որ երգը յստակ է եւ որոշ, այս պարագային «երգի բառերը՝ ՈՐՈՒՆ հեղինակն է Յակոբ» տարբերակն է ճիշդը:

Կարելի՞ է յիշել մայրենի լեզուի սխալներ եւ չանդրադառնալ «ոեւէ» եւ «որեւէ» բառերուն: Մինչեւ օրս շատերու համար շփոթ կը յառաջացնէ այս երկու բառերը. շատեր նոյնը կը կարծեն, ուրիշներ կամ առաջինը կամ ալ երկրորդը աւելորդ կը նկատեն եւ թէ՛ անձերու եւ թէ առարկաներու համար կը գործածեն կամ առաջին եւ կամ երկրորդ տարբերակը: Մամուլի մէջ այդ մէկը կախում ունի խմբագիրի եւ սրբագրողի համոզումէն եւ անոնք կրնան յանկարծ բոլոր «ոեւէ»ները «որեւէ»ի վերածել եւ կամ հակառակ: Մեր հին գրողներու մօտ անոնց գործածութիւնը կը տեսնենք անհասկնալի եւ խառն ձեւով։ Արեւելահայերէնի մէջ անոր գործածութեան այնքան ալ ծանօթ չեմ, սակայն արեւմտահայերէնի պարագային համամիտ եմ լեզուագէտ Բենիամին Թաշեանի համոզումին, որ «ոեւէ» տարբերակը կը վերագրէր լոկ անձերու, իսկ «որեւէ» ձեւը միայն անասուններու եւ առարկաներու համար: Այսպէս.- «ոեւէ անձ չի կրնար ուտել», սակայն «որեւէ շուն կրնայ»:

Լեզուի աղաւաղումի պարագային ցաւալին կատարուած սխալները չեն, այլ անոնց հանդէպ եղած անտարբերութիւնն է. այսօր մեր երիտասարդները, պատանիները եւ նոյնիսկ մեծահասակները ամէն տեղ կը գործածեն վերոյիշեալ սխալները, սակայն ո՛չ ոք զանոնք սրբագրել կը փորձէ եւ այդ անտարբերութիւնն է, որ ժամանակի ընթացքին սխալը ճի՛շդ կը դարձնէ եւ այսպէս առանց նկատելու կամաց կամաց կը հեռանանք մեր լեզուէն. վկա՛յ մերօրեայ արեւելահայ մամուլը, ուր ռուսերէն եւ օտար բառեր արդէն իսկ կ՚ընդունուին որպէս հայերէն:

Վստահ եղէք պիտի գտնուին շատեր, որ վերոյիշեալ սխալներուն դիմաց «ամա՜ն ինչ պիտի ըլլայ» մը ըսեն. զարմանալի չէ, որովհետեւ «ինչ պիտի ըլլայ»ի հետեւանքով է, որ դժբախտ օրեր ապրեցանք, կ՚ապրինք ու պիտի ապրինք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -201-

Յաճախ օտարներու կողմէ հարց կը տրուի, թէ հայերէն լեզուն դիւրի՞ն, թէ դժուար լեզու է. մեծամասնութիւնը սակայն կը համոզուի, թէ դժուար է, որովհետեւ ո՞ր լեզուին մէջ տեսնուած է որ գոյութիւն ունենայ երկու «Ր», երկու «Բ», երկու «Գ» տառերը. օտարը ինպէ՞ս պիտի զանազանէ գիրքն ու քաղաքը՝ երբ երկու պարագային նոյն հնչիւնն է որ կը լսուի:

Սակայն հակառակ այս կարծիքին՝ կրնամ ըսել, որ շատերու համար դիւրին լեզու է հայերէնը.- այսօր հայրենիքի մէջ կարելի գտնել բազմատասնեակ հնդիկներ, որոնք մի քանի տարուան ընթացքին յաջողած են հայախօս ըլլալ. մինչեւ երկու տարի առաջ հայերէն չգիտցող մեր արաբ ծանօթներն անգամ այսօր առանձին իրենց շուկայական գնումները կը կատարեն, դրացիներուն հետ կապ կը հաստատեն եւ կը հասկնան գրեթէ ամէն բան: Խօսակցապէս դիւրին, սակայն քերականութեամբ դժուար լեզու մը ըլլալ կը թուի հայերէնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023