ՏԱ ՎԻՆՉԻԻ «ՎԵՐՋԻՆ ԸՆԹՐԻՔԸ»

Բոլորիս ծանօթ է Լէոնարտօ տա Վինչիի «Վերջին ընթրիքը» նկարը։ Իտալացի աշխարհահռչակ նկարիչը իր գլուխ գործոցը նկատուող այս նկարը նկարած է Միլանի վանքերէն մէկուն պատին վրայ։ Այս հրաշալի նկարին հետ առընչութիւն ունի շատ հետաքրքրական պատմութիւն մը՝ որ թերեւս ծանօթ է նաեւ մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն։

Տա Վինչի, այս նկարին մէջ Յիսուսի պատկերը նկարելու ատեն փնտռեց «տիպար» մը՝ որ արտայայտէր Յիսուսի վեհ եւ աստուածային հոգին։ Երկար ատեն փնտռելէ յետոյ, եկեղեցիի մը երգչախումբին մէջ գտաւ բարի եւ երկիւղած, անմեղ արտայայտութեամբ պատանի մը՝ Փիէթրօ Պանտինելլի անունով, որ ծառայեց նկարիչին իբր «տիպար»։ Այս անմեղուկ պատանին ահաւասիկ պիտի ներկայացնէր Յիսուսը՝ «Վերջին ընթրիքը» նկարին մէջ։

Լէոնարտօ տա Վինչի տարի՜ներով աշխատեցաւ եւ վերջապէս լրացուց «Վերջին ընթրիք»ին մէջ բոլոր աշակերտներուն դէմքերը՝ բացի Յուդայէն, որուն համար ալ փնտռեց նմանակ մը՝ որ ունենար Յուդայի համար իր կազմած մտային նկարին արտայայտութիւնը։

Եւ Միլանի բանտերուն մէջ սկսաւ փնտռել այդ նմանակը։ Վերջապէս, Միլանի բանտերէն մէկուն մէջ գտաւ դժնատեսիլ եւ ողորմելի բանտարկեալ մը, որ կատարելապէս կը յարմարէր իր նպատակին՝ այն ի՛նչ որ երեւակայած էր նկարել որպէս Յուդա։

Եւ սկսաւ աշխատիլ եւ նկարել Յուդայի պատկերը։

Հազիւ թէ աշխատութիւնը լրացուց եւ Յուդայի նկարը աւարտեց, այն ատեն մեծ զարմանքով հասկցաւ, որ այդ դժնատեսիլ եւ թշուառ բանտարկեալը Փիէթրօ Պանտինելլին էր, այն պատանին՝ որ իբր «տիպար» նստեր էր երբ «Վերջին ընթրիք»ի վրայ ինք կը նկարէր Յիսուսի դէմքը։

Անմեղ դէմքով պատանին՝ Պանտինելլին երաժշտութիւն ուսանելու համար գացեր էր Հռոմ, ուր վատ ընկերներու մէջ իյնալով խմելու եւ ուրիշ մոլութիւններու գերի եղեր, եւ աստիճանաբար վար գահավիժեր, եւ այդ անճանաչելի դժնատեսիլ բանտարկեալը եղեր էր։ Եւ իր մոլութիւնները հրեշտակի իր մաքուր եւ անմեղութիւն արտայայտող դէմքը հրէշի մը պատկերին վերածեր էին…։

Բարին չար, չարը բարի կրնա՞յ ըլլալ։

Անշուշտ այս մասին տարբեր տեսութիւններ, գաղափարներ կրնան յայտնուիլ։ Բայց վերոյիշեալ պատմութիւնը ապացոյց մըն է, թէ մարդ ի՛նչպէս կրնայ փոխուիլ ժամանակի ընթացքին եւ ազդուիլ եւ տպաւորուիլ միջավայրի ազդեցութիւններէ։

Եւ դարձեալ վերոյիշեալ իրական պատմութիւնը կը ցուցնէ, թէ մոլութիւնները, սովորութիւնները ի՛նչպէս կ՚աւրեն մաքուր դէմքը, եւ ցեխի մէջ թաթխուած հոգին ի՛նչպէս կը քանդակուի եւ ի՛նչպէս կ՚արտայայտուի հոն։ Արդարեւ իրա՜ւ է, որ դէմքը կերպով մը հայելին է սրտին եւ հոգիին։ Երբ մարդուս դէմքի արտայայտութիւնը կը փոխուի, այս կը նշանակէ, որ անոր սիրտը եւ հոգին ալ փոխուած է։ Արդարեւ, հոս կ՚արժէ յիշել Գարեգին Արքեպս. Խաչատուրեանի խօսքը՝ որ կ՚ըսէ. «Ժպիտը մաքուր սրտի եւ հանդարտ խղճի արտայայտութի՛ւնն է»։

Բայց հարցը սա է. «չար մարդը» բարի եւ «բարի մարդը» չար մարդ կրնա՞յ ըլլալ։ Չարութիւնը ստացական վիճակ մըն է, իսկ բարութիւնը՝ ընդոծին։ Այս տեսութեամբ բարին կրնայ չար ըլլալ զանազան արտաքին ազդեցութիւններու պատճառով։ Եւ քանի որ արտաքին ազդեցութիւններ, զոր օրինակ, միջավայրը կ՚ազդեն եւ կը փոխեն մարդս, ուրեմն չար մարդն ալ կրնայ վերադառնալ իր բնական վիճակին, այսինքն՝ բարի վիճակին։ Արդէն պատմութիւնը կը վկայէ, թէ «չար» ճանչցուած մարդիկ «բարի» եւ մինչեւ իսկ «սուրբ» եղած են։ Օրինակի համար՝ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, որուն մասին արտայայտուած էինք այս սիւնակներուն մէջ, թէ ի՛նչպէս փոխուած եւ մինչեւ սրբութեան աստիճանին տիրացած էր։ Հապա Պօղոս Առաքեա՞լ։ «Ստեփանոսի քարկոծումը պահանջողներէն մէկն ալ Սօղոսն էր» (ԳՈՐԾ. Ը 1)։ Սօղոսը՝ ապագայ Պօղոս Առաքեալն է։ Իր Եբրայական անունը Սօղոս կամ Սաւուղ էր, իսկ Հռոմէական անունը՝ Պօղոս։ «Սօղոս կ՚աշխատէր ոչնչացնել եկեղեցին» (ԳՈՐԾ. Ը 3)։ Այսպէս պատմութիւնը կը վկայէ շատերու՝ որոնք երբ «չար» էին, դարձի գալով «բարի» եղան եւ սրբութեան աստիճանին իսկ բարձրացան։

Եւ դարձեալ, պատմութիւնը կը վկայէ նաեւ շատերու՝ որոնք բարի էին եւ չա՛ր դարձան։

Իսկ Փիէթրօ Պանտինելլիի պատմութիւնը կ՚ապացուցանէ եւ կը հաստատէ, թէ բարի մարդն ալ տարիներու ընթացքին կրնա՛յ չար մէկը ըլլալ, այսինքն փոխուիլ, ինչ որ կը ցոլանայ իր դէմքին վրայ եւ կը տեսնուի իր արտայայտութիւններուն մէջ։

Արդարեւ, միջավայրը խորապէս կ՚ազդէ մարդուն հոգեկան աշխարհին վրայ եւ կրնայ փոխել անոր ամբողջ էութիւնը, նկարագիրը։

Ընդհանրապէս «չար» անուանուած մարդոց դէմքերուն վրայ յաճախ փորագրուած է անոնց ահազդեցիկ բնաւորութիւնը, գրեթէ անմարդկային արտայայտութիւնը։ Ընդհակառակը, նոյնքան ճշմարիտ այն իրողութիւնը՝ որ կարելի է տեսնել «բարի» անուանուած մարդոց վրայ, եւ այն ժպիտը որ կը ցոլացնէ իրենց սրտի մաքրութիւնը, անմեղութիւնը։ Կը տեսնենք անձ մը, զոր օրինակ, թերեւս առաջին անգամ, իր դէմքին վրայ ա՜յնքան հանդարտ, բարի եւ զուարթ արտայայտութեամբ մը, որ անմիջապէս կը խորհինք, ահա մէկը որ որեւէ չարութիւն խորհելու եւ գործադրելու անկարող է, եւ մեր դատողութիւնը ընդհանրապէս ուղիղ է, եթէ այդ անձը «կեղծ դիմակ» կրելու վարժութիւն չունի։ Բայց պէտք է հաշուի առնել, որ մարդ իր դատողութեան մէջ երբեմն ալ կրնայ սխալիլ։

Զօրաւոր անհատականութեան եւ նկարագրի տէր անձնաւորութիւններ, կամ հոգեկան անտեսանելի այլ ազնիւ գործունէութիւններ, ինչպէս նաեւ ինկած հոգիներու անսանձ մոլութիւնները եւ անհակա-կըշռելի կիրքերը անխուսափելիօրէն կը դրոշմուին դէմքերու վրայ, բնորոշ գիծերով, խորշոմներով եւ աչքի ցոլքերով, եւ այնպէս դէմքը կ՚ընեն կորովի, կամ զմայլելի եւ գեղեցիկ, եւ կամ դժնէ, խոժոռ եւ ահաւոր։

Բոլոր այս իրողութիւնները ցոյց կու տան թէ՝ մարդուս դէմքը իր ներաշխարհին հայելին է. մարդու մը հոգեվիճակը կարելի է հասկնալ իր դէմքէն, արտայայտութիւններէն։ Սակայն, այս կէտին, կայ կարեւոր պարագայ մը եւս, ան ալ անկեղծութեան ան-հըրաժեշտութիւնն է. մարդ երբեմն կրնայ ծածկել իր ներաշխարհը եւ արգելք հանդիսանալ անոր դէմքին վրայ ցոյացման։ Արդարեւ, անկեղծութիւնը մարդկային յարաբերութիւններուն մշակման տեսակէտով շատ կարեւոր ազդակ մըն է, եւ շատ մը անհամաձայնութիւններու առաջին պատճառն է անկեղծութի՛ւնը։

«Բարի»ն բարի՛ է, «չար»ը՝ չա՛ր, բայց այդ ալ պէտք է անկեղծութեամբ արտայայտուի, ինչպէս «այո»ն՝ այո՛, «ոչ»ը՝ ո՛չ։

Երանի՜ բոլոր չարեր բարիի վերածուէին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 17, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020