«ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ»

«Իր թախիծովն անսահման
«Աշնան սա Վարդն է նըման
«Սրտի մը մութ։
«Օրէ՜նքն անգութ…
«Կը մեկնի բոլորը վարդէն,
«Կ՚երթայ ժպիտը մարդէն՝
«Որ աւելնայ
«Հողին վրայ՝
«Ա՜փ մըն ալ հող - ուր սակայն
«Նոր - նոր սերմեր կը դողան…»։

Մ. ԶԱՐԻՖԵԱՆ

Այսպէս կը նկարագրէ կեանքը Մատթէոս Զարիֆեան իր «Կեանքի առեղծուածը» վերնագրեալ բանաստեղծութեանը մէջ։

Յաճախ կը խօսինք, կը խորհրդածենք կեանքի մասին, բնական է ասիկա, քանի որ ամէն օր, ամէն պահ կեանքին հետ կ՚ապրինք, կեանքի մէջ՝ կեանքի շնորհիւ է որ շունչ կ՚առնենք եւ կը վայելենք կեանքի տաք շունչը… մարդ կ՚ապրի կեանքով՝ որուն տէրը չէ, ան կ՚ապրի կեանքով աստուածային ծրագրի մը համաձայն։ «Ծրագիր» մը՝ որ հաստատուած է ստեղծագործութեամբ եւ կը շարունակէ գործադրուիլ՝ մինչեւ որ ստեղծագործութիւնը հասնի իր նպատակին։ Եւ «կեանք»ը, ահաւասիկ մաս մը, հատուած մը, հատուածաշրջա՛ն մըն է այս ծրագրին։

Կեանքի ընթացքին զանազան պատահարներ, դէպքեր, ապրումներ կ՚իջնեն կեանքին վրայ՝ կը ծածկեն զայն տրտմութիւններով, դժբախտութիւններով, նեղութիւններով, նաեւ՝ ուրախութիւններով, բարեբախտութիւններով եւ բարութիւններով։ Բայց այդ երկու վիճակներն ալ կեանքի մէջ, անկայուն են. անցաւոր են անոնց գոյութիւնը եւ ազդեցութիւնը մարդուս վրայ։

Կեանքը՝ ի՛նքն իր բնութեամբ հալածիչ է, բայց ի՞նչ են աւելի քան կեանքի մէջ ներկայացած անակնկալ հալածական պատահարները, դէպքերը…։

Դժբախտութիւններ, կորուստներ, մա՜հեր… բոլոր նեղութիւններ կու գան կեանքի վրայ, կեանքի մէջ՝ հալածելու համար մարդը։ Եւ կեանքը կ՚անցնի անորոշութեան մը մէջ. մարդ չի կրնար հասկնալ եւ որոշել, թէ երջանի՞կ է թէ դժբախտ։

Ահաւասիկ, կեանքը կ՚անցնի այս անորոշութեան մէջ. օր մը, պահ մը երջանիկ, պահ մը՝ դժբա՛խտ։ Հազիւ թէ մարդ կը սկսի վայելել իր երջանկութիւնը՝ եւ ահա՛ դժբախտութիւններու, կորուստներու «բանակ» մը վրայ կը հասնի եւ կը սկսի բանիլ եւ գործել իր «մաքրագործական» դերին եւ կոչումին ծառայելով։

Անակնկալներ անպակաս են կեանքի մէջ, եւ այդ է որ կեանքը կը վերածէ առեղծուածի մը։ Մարդ, ընդհանրապէս, վախով դողով կը վայելէ իր երջանկութիւնը. այն վախով, թէ կրնայ կորսնցնել իր երջանկութիւնը, քանի որ գիտէ, թէ կեանքի մէջ ո՛չ մէկ բան կայուն է եւ տեւական։ Մարդ կը վախնայ անձրեւէն, կը վախնայ արեւէն, կը վախնայ օդին փոփոխութիւններէն, քանի որ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ՝ թէ ի՛նչ հետեւանք պիտի ունենան անոնք. բարի՞ թէ չար, յայտնի չէ՛։ Այսօր առողջ մարդը վաղը կրնայ հիւանդանալ։ Այսօր շատ բաներու տէր մէկը կրնայ վաղը կորսնցնել ամէն ինչ։ Սիրելի՜ները կրնան հեռանալ, կրնան կորուստի մատնուիլ եւ մարդ կրնայ յանկարծ մինակ մնալ…։

Բայց ինչպէս որ երջանկութիւնը կայուն չէ, դժբախտութիւնն ալ կայուն չէ՛, եւ կարծեմ այս է որ կեանքը տանելի կ՚ընէ։ Եւ ահաւասիկ, այս կէտին է որ յոյսը կը հասնի մարդուս օգնութեան, ան որպէս լո՛յս կը բացուի կեանքի հորիզոնին վրայ։ Անսարսելի յոյսը եւ աներկմիտ վստահութիւնը Աստուծոյ մարդս կ՚առաջնորդեն խաւարէն դէպի լոյս եւ դժբախտութենէ դէպի երջանկութիւն։

Մարդս իր կեանքի ընթացքին կը դիմաւորուի զանազան մարդոց անկեղծ կամ կեղծ բարեկամութիւններուն հետ։ Բնական է ասիկա։ Ուստի նեղութիւններ, դժբախտութիւններ անփափաքելի «բարեկամ»ներ են. իսկ երջանկութիւնը՝ ընդունելի։ Եւ իբրեւ «բարեկամ» դուռ մը զարնել՝ եւ ներս չընդունուիլ՝ աւելի դա՛ռն է քան «օտարական» մը ըլլալ՝ եւ չընդունուիլ…։

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է թէ՝ դժբախտութինն ալ, երջանկութիւնն ալ անխուսափելի են մարդուս կեանքին մէջ. երբեմն մէկը քիչ, միւսը՝ աւելի՛, բայց միշտ գոյութիւն ունեցո՛ղ։ Ուրեմն, մարդ, երբեք պէտք չէ՛ կորսնցնէ իր յոյսը, թէ ամէն նեղութիւն, ամէն դժբախտութիւն ժամանակաւոր են եւ անցաւոր, թէեւ անպայմա՛ն հետք մը թողու կեանքին վրայ։

Դժբախտութիւնը կեանքի ձմեռնային վիճակն է եւ ցրտութիւն կը բերէ կեանքին. բայց ո՞վ կը սիրէ ցրտութիւնը։ Երբեմն յանկարծ, անակնկալ կերպով կու գայ այդ ցուրտը, բայց մարդ աւելի արժանի կը համարէ գարունը, արեւը, տաքը, արեւին լուսաշող ճառագայթները՝ որոնք կը տաքցնեն եւ կը կենսաւորեն, կ՚երջանկացնեն կեանքը։

Բնութեան մէջ՝ կեանքի ընթացքին «մաքսախոյզ»ի դեր կը կատարէ դժբախտութիւնը մէկ իմաստով մը, կամ, ըսենք, «ապօրինի ոտնձգութիւն» մը՝ երջանկութեան տիրապետած ժամանակահատուածի մը մէջ։ Ուստի, դժբախտութիւնը եւ երջանկութիւնը կեանքի մէջ բոլորովին հակադիր ուժեր են. մէկը՝ ժխտական, միւսը՝ դրական, մէկը՝ վնասակար, եւ միւսը՝ օգտակա՛ր։ Եւ դրականը ժխտականին դարմանն է, կամ ըսենք՝ վրիպումի մը սրբագրութի՛ւնը։

Կեանքը՝ թէեւ առեղծուած, բայց ունի նաեւ յստակ եւ պարզ արտայայտութիւններ. ցուրտին դէմ՝ ջերմութի՛ւն, անփափաքելիին դէմ՝ ընդունելի՛ն։

Չարը չարիքով կրնայ պատժուիլ, բայց եթէ փրկութեան յոյս մը կայ՝ բա՛րիքն է միակ միջոցը չարը պարտութեան մատնելու։ Ցրտութիւնը կը հալի տաք շունչո՛վ, կեանքին տաք շունչով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 19, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2020