«Ա. Բ. Գ.»Ի ԴԱՍԸ

Թարգմանչաց տօնը այս տարի ալ տօնուեցաւ եւ աւարտեցաւ։ Տօնը այս տարուան համար վերջացաւ թէեւ, բայց Թարգմանչաց ոգին կը շարունակէ եւ պէ՛տք է շարունակէ տիրապետել մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան։ Մենք այսօր Հայ գիրերու գիւտին եւ Թարգմանիչներու շնորհիւ է որ հայերէն կ՚աղօթենք, հայերէն կ՚օրհներգենք եւ հայերէն կը խօսինք Աստուծոյ հետ, եւ այս ալ ցոյց կու տայ, թէ Թարգմանչաց տօնը տօնել չի բաւեր, այլ պէտք է մեր ամբողջ կեանքին մէջ ապրինք զայն, կեանքի վերածենք Թարգմանչաց ոգին, մեր մտաւոր եւ հոգեւոր կեանքը ճոխացնենք, հարստացնենք այդ ոգի՛ով։

Ահաւասիկ այս պատճառով փափաքեցանք ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն անգամ մը եւս Եղիշէ Արքեպս. Դուրեանի «Ա. Բ. Գ.-ի դասը» յօդուածը՝ որ խորհրդանիշերէն մէ՛կն է Թարգմանչաց ոգիին։

Ա. Բ. Գ.Ի ԴԱՍԸ

Թերեւս ինծի պէս շատեր ալ մոռցած ըլլան թէ մանկութեան ո՛ր տարիքին կամ ո՛ր օրուան մէջ սկսած են իրենց առաջին դասը այբուբենի, թէ ո՛ր ձեռքերով իրենց կպչուն ու դողդոջուն մատերն առաջնորդուեցան սեւ գիրերու վրայէն, կամ թէ ի՛նչ եղաւ իրենց տպաւորութիւնը՝ երբ արդէն ընտանի դարձած յօդաւոր ձայներու խորհրդաւոր ձեւերը առաջին անգամ ճերմակ նիւթի մը վրայ տեսան անշարժ ու խօսուն։

Պիտի նախանձէի՝ քիչ մըն ալ հեգնութիւն խառնելով՝ գուցէ յանիրաւի՝ անո՛նց յիշողութեանը վրայ՝ որոնք շա՜տ կանուխ գիտցած են զգալ կամ թերեւս մտածել իսկ, երբ իրենց երախայ հասակին կենսագրութիւնը կը յաջողին գծել այնքան ճշգրիտ մանրամասնութիւններով ու առոյգ պատկերացումներով, որպէս թէ առաջին օրէն՝ իրենց կեանքի քարտէսին վրայ հակած՝ վարպետի մը ճարտարութեամբ սերտած ըլլային գործունէութեան բովանդակ գաղտնիքները։

Ինձ կը թուի թէ մեծ մասամբ հոգեբանական կեղծիքներ են ասոնք, թէպէտեւ ընտանեկան կիրթ միջավայրի մը ու մտքի վաղահաս զարթումի մը մէջ դժուարին չըլլայ այդօրինակ սքանչելիքներ դիտել։ Ինչ որ է. ես այդ առաւելութիւններէն ո՛չ մին եւ ո՛չ միւսն ունենալով՝ պիտի կրնամ սակայն ապահովապէս ըսել միայն՝ թէ հաճոյքով մը մօտեցած ըլլամ իմ առաջին դասիս, առանց խորհելու անշուշտ՝ -ինչ որ բնական է տղու մը համար- թէ մտաւոր չարչարանքներու ի՛նչ անհատնում շարք մը իրենց ետեւէն պիտի բերէին այդ անկիւնաւոր նշանախեցները։

Յիշատակի մեծ կորուստ մը նկատած եմ Ա. Բ. Գ.ի դասիս մոռացումը. անով մտքիս պատմութեան աղքատ էջերուն ամենէն սիրուն տողերը եղծուած կը տեսնեմ. մանկութեանս տարտամ օրերուն վերջամնաց վիշտերէն մին եղած է այն, որ երբեմն ստգտանքը կը դառնայ անպատսպար յիշողութեանս։

1898 հոկտեմբեր 26ին՝ պիտի այցելէի Օշականի եկեղեցին՝ Ս. Մեսրոպի դամբարանովը կրկնակի նուիրականացած այդ սրբավայրը։ Երկու օր առաջ սիրտս տրոփման մէջ էր. միամիտ ու անպայման երկիւղածութենէ մը բռնուած՝ գերագոյն վարժապետին ո՜տքը պիտի երթայի։ - Ճամբուն վրայ՝ յանզգաստից փոխադրուած հեռաւոր թուականի մը այն սրտաճմլիկ ժամուն՝ յորում խաչանիշ շողիւնով արտափայլող դագաղ մը կը տարուէր՝ աշակերտներու սգաւոր խումբի մը ու աշխարհական ամբոխի մը երգերովն ու հեծկլտանքներովը, երեւակայութիւնս տխուր վայրերուն ամայութիւնը սգազարդեց մեռելական հանդէսի մը դիւթական պատկերովը՝ որ պարիկներու հողմաձայն թեւերուն վրայ՝ կը հետեւէր սուրացող կառքիս։ Բայց այդ անոյշ պատրանքը լուծուած էր, երբ կառքէն իջած՝ Օշականի քարաբլուրէն վեր կ՚ելլէի մտախոհ ու սրտաթունդ։

Գիւղի եկեղեցին հասած՝ ներս մտայ ստորերկրեայ փոքրիկ մատուռէն՝ որուն աջակողմը կը տեսնուէր ցած ու անշուք դամբարանը. անդիմադրելի այլայլում մը խռովեց զիս. չէի ուզեր հաւատալ թէ անոր ներքեւ փոշի դարձած ոսկորներ կենային. ինձ համար Մեսրոպն ապրող ու դրապէս ներշնչող հոգի մըն էր, ափ մը հողի տակ ի՜նչպէս կրնային թաղել կենդանի գիրը։ Անթարգմանելի հակասութեամբ մը ընդվզած բոլոր էութիւնս՝ խուլ քրթմնջիւն մը կը հանէր իր խորերէն. անմահներու ճակատագիրը ծաղրելու համար սարքուած կատակ մը կը թուէր ինծի այդ մարմարիոնէ կափարիչը։ - Հա՛րկ էր սակայն մօտենալ անոր, ծնրադրել ձոյլ հիացումի մը մէջ, ու համբոյրի տաք շրթունքներով քարի մը պաղ երակներուն մէջէն ծծել հոգեկան կայծեր՝ երկայն դարերով իրենց կրակն անշէջ պահող նուիրական նշխարներէն։

Յետոյ սեւեռուած ա՜յնքան սեղմ մտամփոփումով՝ որ ուշակորոյս նուաղումի մը կրնար տանիլ զիս՝ ցնորակոծ դեդեւումի հեշտ վայրկեանները զգացի։ Մինչեւ այն ատեն հոգիներու հետ ապրիլ սիրած էի, հիմա ոգի մը տեսնելու գաղափարը կը ժպտէր ինծի. չեմ գիտեր թէ ի՛նչ տեսակ անսովոր ունայնացումի թալուկ մը՝ կապոյտ շլացումով մը կը պատէր հոգիս. ու ես երջանի՜կ պիտի ըլլայի եթէ ամէն բան լռէր իմ մէջս ու շուրջս, անմի՜տ հպարտութեանս հետ՝ որ արդէն կծկուած ու խորտակուած՝ խոնարհագոյն գետնի մը վրայ գամած էր զիս։ Ա՜հ, այդ ցնորքը՝ գիտակցութեանս բոլոր տարիներուն հետ պիտի չուզէի փոխանակել։ Պէտք չէ՞ր որ՝ երազի մը չափ՝ բանդագուշանքն ալ մեր մտաւոր կեանքի մէկ պայմանն ըլլար։ Ի զո՜ւր սպասեցի սակայն տղայ մարդկութեան թաքուն կողերուն մէջ սաղմնող ջլախտի մը հրաշալիքին. անողոք իրականութիւնը պատերու թանձրութեան ու քարին կարծրութեան վրայ կռթնած՝ նո՛յն կը մնար միշտ աչքիս առջեւ։ - Զգայական այդ վրդովումիս մէջ տխեղծ ու բոպիկ մանկութեանս դեղնած ու վեհերոտ վայրկեանները ետ դարձած էին. այբուբենի առաջին դասիս մոռացման վիշտը կսկիծի մը խայթովն արթնցած՝ անհուն տենչանքի մը փոխուած էր կուրծքիս տակ. ու եթէ Մեծ Վարդապետին ստուերագիծ ձեռքը տեսնէի գէթ՝ «ոսկի» տառերով մագաղաթի մը վրայ, կամ աննման Քահանայապետին «գոհար» գիրերով զարդարուած լանջապանակ տախտակը գէթ տեսնէի, առաջին ու անգիտակից շարժումս պիտի ըլլար անգամ մըն ալ ծնրադրել ու թախանձագին խնդրել իրմէ.

- Աղուար Ա. Բ. Գ.էդ դաս մը տուր ինծի։

ԵՂԻՇԷ ԵՊԻՍ. ԴՈՒՐԵԱՆ

«ՄԱՍԻՍ» 1900, էջ 50

***

Ահաւասի՛կ հայ գիրի մասին այն տողերը՝ որոնք թարգման կ՚ըլլան ամէն գրասէրի։ Ըսինք որ եթէ հայ գիրերու գիւտը կատարուած չըլլար, պիտի չկարենայինք հայերէն աղօթել, հայերէն խօսիլ Աստուծոյ հետ եւ հայերէն օրհներգել։ Բայց ամենէն կարեւորը պիտի չգրուէր այս տողերը եւ դուք՝ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ պիտի չկարենայիք, առիթը պիտի չունենայիք կարդալու այս տողերը…։

Եւ մենք ո՜րքան պահանջքը եւ կարօտը ունինք այդ «աղուոր Ա. Բ. Գ.էն դաս մը» առնելու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 21, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020