ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԹՇՆԱՄՈՒԹԵՆԷՆ ԱՆԴԻՆ

Երաժշտութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան աշխարհը: Մարդ արարածը աշխարհի պատմութեան ամբողջ ընթացքին, Քրիստոսէ բազմահազար տարիներ առաջ եւս ունեցած է երգ եւ երաժշտութիւն, որ ժամանակի ընթացքին մարդուն հետ զարգանալով հասած է մինչեւ մեր օրերը:

Պատմութեան կողմէ մեզի հասած երաժշտութեան ամենէն հին նմոյշը, որ ըստ պատմիչներու «Հուիրական քայլերգ»ն է, ունի աւելի քան 2800 տարուան անցեալ, սակայն ըստ գիտնականներու՝ երաժշտութիւնը ունի աւելի քան 35 հազար տարուան պատմութիւն: Հին կտակարանի Ծննդոց գիրքին մէջ  երբ Յակոբ իր ընտանիքով կը փախչի եւ Լաբանի հետ կը հանդիպի, Լաբան կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ պահեցիր ինձմէ եւ ծածուկ հեռացար, եւ ինծի լուր չի տուիր, որպէսզի քեզ ճանապարհէի ուրախութեամբ, երգերով, թմբուկներով եւ քնարներով» (Ծն. 31.27): Այս մէջբերումը ինքնին կը փաստէ ո՛չ միայն երգին հնութիւնը, այլ նաեւ երաժշտութեան. տասնեակ դարեր առաջ նոյնիսկ մարդիկ կ՚երգէին ու կը նուագէին:

Հաւանաբար երաժշտութեան ունեցած այդ դարաւոր անցեալին համար է, որ մարդ արարածը կը հաւատայ, թէ երաժշտութիւնը ո՛չ ազգութիւն, ո՛չ գոյն, ո՛չ սահման եւ ո՛չ ալ պատկանելիութիւն կ՚ունենայ: Թէեւ երաժշտութիւնը իր գոյներով յատուկ ազգի մը կը պատկանի, սակայն իր ամբողջութեան մէջ համաշխարհային արժէք մըն է՝ որ մարդկութիւնը իրար կը կապէ. 19-րդ դարուն ապրած գերմանացի բանաստեղծ Պերթհոլտ Էուրպախ այս խօսքերով կը նկարագրէ զայն. «Երաժշտութիւնը աշխարհի միակ լեզուն է, որ թարգմանութեան չի՛ կարօտիր»: Խօսակցական լեզուն միտքով է որ կ՚ըմբռնենք, մինչ երաժշտութիւնը՝ հոգիով:

Անցնող օրերուն, ինչպէս յայտնի է բոլորին, Հայաստանը 2021 թուականի մանկական Եւրոտեսիլի ընթացքին փայլուն արդիւնքներ ձեռք ձգեց եւ պատշաճող յաղթանակ ունեցաւ. այդտեղ անգամ մը եւս փաստուեցաւ երաժշտութեան միացնող ու համախմբող յատկութիւնը. աշխարհի տարբեր երկիրներէն 19 պատանիներ իրենց արուեստը ներկայացուցին, սակայն անոնցմէ 18 հոգին չյաղթելու պարագային եւս նոյն ուրախութեամբ ու շէնութեամբ շարունակեցին երգել:

Սակայն մամուլի եւ համացանցի մէջ այլ դէպք մը հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւեց. մրցոյթի աւարտին Ատրպէյճանի մասնակից 12 ամեայ Սոնա Ազիզովան մօտենալով հայ մասնակիցին շնորհաւորեց ու  ողջագուրեց հայ մասնակից Մալենան: Այս երեւոյթը ոմանց կողմէ քաղաքական մեկնաբանութիւն ստացաւ, ուրիշներու կողմէ ատելութիւն, տարբեր տարբեր մեկնաբանութեանց տեղ տալով:

Պատանի՝ 12-14 ամեայ պատանիները քաղաքականութեան մէջ խառնելը ինչքանո՞վ տրամաբանական է, չե՛մ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ առաջին անգամը չէ՛ որ հայ երաժիշտն ու թուրքը կամ ազերին կը միանան արուեստի ճամբով: Ինչքան ալ թշնամի պետութիւններ ըլլան անոնք, չմոռնանք որ դարեր շարունակ հասարակաց մշակոյթով ապրած են երկուքն ալ. մեր երգն ու երաժշտութիւնը մուտք գործած է իրենց մշակոյթ, եւ ցաւ ի սիրտ իրենց մշակոյթէն շատ մը մասեր մուտք գործած է մեր մշակոյթ:

Նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ, Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի, Հայաստանի Հանրապետութեան «Մեսրոպ Մաշտոց»ի անուան եւ Ազգային ժողովի պատուոյ շքանշաններուն արժանացած անուանի հայ տուտուկահար Ջիւան Գասպարեան թուրք երաժիշտ Էրքան Ուղուրի հետ միասին 2001 թուականին բեմ բարձրացած ու միատեղ համերգ տուած են: Իսկ դրամին հակառակ կողմը՝ մեր թուականէն 6 տարիներ առաջ՝ 2015-ին թրքական «Kardeş Türküler» խումբը ելոյթի մը ընթացքին հանդէս կու գայ հայազգի Աշուղ Շահէնի «Զեփիւռ կը դառնամ» երգով: Իրենց ելոյթներու ընթացքին հայերէն երգերով հանդէս եկած է նաեւ թուրք անուանի երաժիշտներ Սեզէն Աքսու, Էօզճան Տենիզ եւ ուրիշներ, որոնք հրապուրուած են հայկական երաժշտութեամբ՝ մանաւանդ Սայաթ Նովայով եւ հայ աշուղներով:

Չմոռնանք, որ 2012 թուականին «Երաժշտութիւնը կը միացնէ» կարգախօսով հայ եւ թուրք երաժիշտներ մէկ նուագախումբի մէջ մէկտեղուած Եւրոպայի հանրութեան ներկայացուցին հայ-թուրք երաժշտութիւնը միատեղ եւ արժանացան գնահատանքի: Նոյն նուագախումբը աւելի քան երեք ելոյթներ ունեցած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ:

Այս բոլոր իրադարձութիւններուն դէմ լուռ մնալէ ետք 12 եւ 14 ամեայ պատանիներուն կատարածը քարկոծելը անբովանդակ ու անիմաստ է, թող մարդիկ իրենց վրէժն ու պատերազմը քաղաքական ու դիւանագիտական գետնի վրայ ձգեն եւ արուեստն ու երաժշտութիւնը զուրկ պահեն այդ բոլորէն, մանաւանդ պատանիներու կողմէ երբ կեանքի կը կոչուի այդ բոլորը:

Թրքական երաժշտութեան մէջ մեծ տեղ ունի հայն ու հայ երաժիշտը. տարիներ առաջ այցելեցի թրքաբնակ հայ երաժիշտ Օննօ Թունչի գերեզմանը, որ մինչեւ օրս ժողովուրդին կողմէ երգուող ու սիրուող բազմաթիւ երգերու հեղինակ է. թուրք մշակոյթը չի կրնար մոռնալ Օննօ Թունչն ու անոր ներդրումը արուեստի գետնի վրայ:

Թող թշնամութիւնը «մեծ»երուն սեղաններուն վրայ տեղ գտնէ, եւ երաժշտութիւնն ու մշակոյթը հանգստութեամբ կատարեն իրենց խաղաղութեան տարածման երկնատուր առաքելութիւնը:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԱՐԳԱՐԻՏ ԲԱԲԱՅԵԱՆ
(1874-1968)

Մեր թուականէն 53 տարիներ առաջ՝ 24 դեկտեմբեր 1874-ին, Գերմանիոյ Գոթա քաղաքին մէջ ծնած է դաշնակահարուհի, երաժշտագէտ, օփերայի երգիչ եւ մանկավարժ Մարգարիտ Բաբայեան:

Բաբայեան եղած է բժիշկ Աւետիք Բաբայեանի եւ մանկավարժ ու հասարակական գործիչ Սոֆիա Բաբայեանի դուստրը: Երաժշտական ուսումը ստացած է Թիֆլիզի երաժշտական ուսումնարանէն ներս, ուր հետեւած է դաշնամուրի դասերու, աշակերտելով յայտնի երաժիշտներու, որոնցմէ են Իպպոլիտով Իվանովիցը, Ալիխանովիցը եւ ուրիշներ: Աշակերտական տարիներէն սկսած է համերգներ ունենալ եւ միաժամանակ երաժշտական նիւթերով աշխատակցիլ մամուլին: Բաբայեան 1904 թուականին ընտանիքին հետ միասին հաստատուած է Փարիզ, ուր հետեւած է ձայնամարզութեան դասընթացքներու եւ սկսած է հանդէս գալ համերգներով Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ: Մարգարիտ Բաբայեան 1895 թուականին ծանօթացած է Կոմիտաս Վարդապետի հետ եւ անոր ձայնը գրաւած է վարդապետի ուշադրութիւնը եւ Մարգարիտ Բաբայեանի հետ միասին Եւրոպայի մէջ սկսած է բազմաթիւ համերգներ կազմակերպել։ Կոմիտաս Վարդապետի մահէն ետք Մարգարիտ Բաբայեան ինք հաւաքած է մեծ երաժիշտի ձեռագիրերէն շատեր, խմբագրած ու հրատարակած:

Բաբայեան 1911 թուականին Փարիզի մէջ հիմնած է երաժշտութեան վարժարան: Եղած է անդամ Ֆրանսական երգի վարպետներու միութեան եւ Երաժշտագէտներու ընկերութեան: Եղած է ֆրանսական ձայնասփիւռի պաշտօնական մեկնաբան եւ Քոլոնն Լամուրօ համերգային ընկերութեան մենակատար:

Կոմիտաս Վարդապետ իր անձնական նամակագրութիւններուն մեծ մասը գրած է երաժիշտ Մարգարիտ Բաբայեանին, խորհրդակցելու յառաջիկայ երաժշտական համերգներու, դպրոցի եւ խմբերգեր դաշնաւորելու ծրագրերով:

Մարգարիտ Բաբայեան մահացած է 18 հոկտեմբեր 1968-ին, Փարիզի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2021