ԵՍԱՍԷՐԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդ արարածին մէջ գոյութիւն ունի Ես մը, որ անբաժան մէկ մասնիկն է մարդու ինքնութեան եւ կամայ թէ ակամայ մարդ արարածը պարտաւոր է գոհացում տալ այդ Եսին՝ շատ անգամ ի հեճուկս ուրիշներու: Այդ եսի գիտակցութիւնը մարդ արարածին մէջ նոր չէ. նոյն այդ Եսի հանդէպ սիրոյ պատճառով է, որ Աստուածաշունչը իր պատուիրաններուն մէջ յաճախ «սիրէ դրացիդ քու անձիդ պէս», «այրեր, սիրեցէք ձեր կիները ինչպէս ձեր անձերը» արտայայտութիւնները կ՚ունենայ, այն գիտակցութեամբ որ մարդ մեծագոյն սէրը, որ կրնայ ունենալ ինքն իր անձին հանդէպ է:

Այդ Եսասիրութեան մէջ գոյութիւն կ՚ունենայ նաեւ թաքուն գոռոզութիւն մը, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ իր անձը սիրելէ անկախ ինքզինք մի՛շտ ճիշդ, բարի, արդար ու աննման կը նկատէ եւ այդ մէկը կանխելու համար հաւանաբար Առաքեալը կը գրէ. «թող մէկը միւսին իր անձէն լաւ համարէ» (Հմմտ. Փլ. 2.3):

Այնպէս ինչպէս ամէ՛ն մոլի կ՚ուրանայ իր մոլի ըլլալը, նոյնպէս ալ գրեթէ ամէ՛ն մարդ եսասէր ըլլալով հանդերձ կ՚ուրանայ իր եսասէր ըլլալը. սակայն հետեւեալ յատկութիւններով կարելի է պարզաբանել անձի մը եսասէր ըլլալն ու չըլլալը:

Ա.- Եսասէր անձի մը համար իր պէտքերը աւելի առաջնահերթ են՝ քան ուրիշներունը: Այդ մէկը կրնայ յայտնուիլ նոյնիսկ շա՜տ պարզ ու չնչին երեւոյթներու մէջ. օրինակ՝ պատկերացուցէք դասարանի մէջ գտնուող գրադարանը շրջուեցաւ. նման անձ մը այդ գրադարանի վիճակով կը հետաքրքրուի միայն այն ժամանակ՝ երբ գրադարանին գտնուող գիրքերէն մին իրեն կը պատկանի, այլապէս ոչ մէկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ այդ պատահարին նկատմամբ:

Նման անձեր նեղութիւն կը զգան երբ ուրիշներ գնահատուին իրենց դիմաց, որովհետեւ եսասիրութիւնը զիրենք մի՛շտ «աւելի լաւը կրնամ ընել» համոզումը կը փոխանցէ, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ ուրիշներ աւելի նուաստ տեսնելու:

Բ.- Եսասէր մարդոց համար բարոյական արժանիքները այնքան ալ կարեւորութիւն չեն ներկայացներ՝ ինչքան նիւթականը: Անոնք բարութեամբ, ողորմութեամբ եւ ընկերսիրութեամբ այնքան չեն հպարտանար՝ ինչքան իրենց ոչ-բարոյական յատկութիւններով: Կը փորձեն իրենք զիրենք ուրիշի հետ մտապէս կամ բարոյապէս համեմատել՝ արտաքինով, ունեցուածքով, շրջապատով եւ այլն:

Գ.- Եսասէր մարդը ի՛նչ միջավայրի մէջ ալ գտնուի, զինք շրջապատողներ ի՛նչ նիւթի մասին ալ խօսին՝ ինք  անպայմանօրէն պատմելիք մը կ՚ունենան, ինչ որ մեծաւ մասամբ սկիզբ կ՚առնէ «ԵՍ» բառով. օրինակի համար, բարեկամ մը թող պատմէ ինքնաշարժի մը մասին. վստահաբար ինք ունի ինքնաշարժի մասին պատմելիք մը՝ միւս բարեկամին պատմածէն շա՛տ աւելի սիրուն, շա՛տ աւելի զարմանալի, հակառակ որ երբեք ալ տեսած չէ բարեկամին նկարագրած ինքնաշարժը: Ներսի Ես-ը կը պարտադրէ այդ մէկը ընել, որովհետեւ իր պատմածը պէտք է, որ աւելի հետաքրքրաշարժ ըլլայ քան ուրիշին պատմածը եւ այս է պատճառը, որ անձնասէր մարդիկ մեծաւ մասամբ սակաւախօս ըլլալու փոխարէն կ՚ըլլան շատախօս:

Դ.- Եսասէր մարդիկ երբեք իրենց մեղաւորութիւնը չեն ընդունիր՝ նոյնիսկ եթէ իրենք են իսկական մեղաւորները: Անոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի կա՛մ մեղաւորը ուրիշներ ճանչցուին եւ կամ մեղսակից մը գտնուի: Նման անձնաւորութիւններ նոյնիսկ եթէ բացայայտօրէն գիտնան ու ճանչնան իրենց մեղաւորութիւնը, երբեք ներողութիւն չեն խնդրեր: Իրենց մեղաւորութեան համար մի՛շտ կը գտնեն պատճառներ:

Ե.- Եսասէր մարդիկ յստակօրէն խտրութիւն կը դնեն մարդոց միջեւ. նիւթապէս աղքատ, սակաւախօս ու երկչոտ մարդիկ ընդհանրապէս տկարներ են իրենց համար: Անոնք յաճախ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի ներգրաւուին «բարձր խաւ»երու պատկանող շրջանակներու մէջ, որովհետեւ իրենց համար իրենցմէ աւելի «նուազ» մէկու մը հետ յարաբերիլը նուաստացում, սակայն աւելի բարձր մարդոց հետ շփումը հպարտացում է:

Զ.- Եսասէր մարդիկ ընդհանրապէս կը զգացնեն իրենց նեղուած կամ վշտացած ըլլալը. այդ մէկը եսասիրութեան մէկ ձեւն է, որովհետեւ տխուր ձեւացնելով կ՚ուզեն մարդիկ հետաքրքրուին իրենցմով, հարցնեն, շոյեն իրեն Ես-ը՝ որպէսզի աւելիով զգայ իր կարեւոր ներկայութիւնը շրջապատին մէջ: 

Է.- Եսասէր մարդիկ ընդհանրապէս չեն ենթարկուիր. կ՚ուզեն ամէն շրջանակի մէջ ըլլալ կեդրոնական դէմք, ըլլալ ղեկավար եւ առաջնորդող: Եսասէր մարդիկ կ՚ուզեն միշտ գտնուիլ հրամայողի, պահանջողի եւ որոշողի դերին մէջ, որովհետեւ նկատի ունենալով, որ իրեն համար ամենէն կարողն ու իմաստունը ի՛նք է, ուրիշի մը հրամայելը պարզապէս «պաշտօն»ով աւելի նուազ մէկու մը ենթարկուիլ կը նշանակէ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -178-

Ողորմած հայրս երկար տարիներ աշխատեցաւ Լիբանանի առաջնորդարանին պատկանող կազմակերպութեան մը մէջ, ուր պատասխանատու նշանակուած էր Ալիս անունով տիկին մը: Ալիսը ըստ երեւոյթին կը տառապէր իշխանութիւն բանեցնելու անկարողութեանը դէմ եւ ամէն գնով կ՚ուզէր իր խօսքը պարտադրել:

Հայրս կ՚առաջարկէր սպասարկուելիք ուտելիքները փոքր պնակի մէջ դնել. Ալիսը հակառակը կը հրամայէր՝ մեծերուն մէջ պէտք է դնել: Հակառակ պարագային հայրս եթէ առաջարկէր մեծերը՝ Ալիսը կ՚ընտրէր փոքրերը:

Սակայն հայրս այս կացութեան լուծումը գտած էր. եթէ հայրս ուզէր մեծ պնակներուն դնել, Ալիսին կ՚առաջարկէր փոքրերուն մէջ դնել, որուն դիմաց Ալիս անմիջապէս մեծերուն մէջ դնել կու տար եւ հօրս փափաքը կը կատարուէր:

Այսպէս, երկար տարիներ հայրս իր բոլոր ուզածները ընել տուաւ՝ միշտ իր ուզածին հակառակը ըսելով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023