ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻ՝ ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻՆ

Մեծ պահքի երկրորդ կիրակին կոչուած է «Արտաքսման Կիրակի», նկատի ունենալով առաջին մարդու՝ Ադամին դրախտէն արտաքսումը՝ վտարումը։

Արտաքսման այս կիրակի օրը, վերյիշելով Ադամին դրախտէն վտարումը, իր անհնազանդութիւնը, մեր ուշադրութիւնը կը դարձնենք անոր պահեցողութեանը։ Մեծ պահքի ներկայ շրջանը պէտք է նուիրուի ինքնաքննութեան՝ աղօթքի, ապաշխարութեան եւ բարեգործութեան միջոցով։

Մեծ պահքի այս քառասնօրեայ շրջանի կարգը աւանդուած է Հին կտակարանէն։ Զոր օրինակ, Մովսէս մարգարէ անապատ քաշուեցաւ՝ ուր աղօթքով եւ խոկումով վերապատրաստուեցաւ իր ժողովուրդին ազատագրման սրբազան առաքելութեանը։ Նման պարագայի մը կարելի է հանդիպիլ նաեւ Նոր կտակարանի մէջ, զոր օրինակ, Յովհաննէս Մկրտիչ մկրտելէ առաջ կ՚առանձնանար անապատի մէջ եւ կ՚աղօթէր, եւ այսպէս կը ստանար հոգեւոր փորձառութիւն։

Եւ Յիսուս Քրիստոս ամայի տեղ մը առանձնացաւ քառասուն օր՝ աղօթքով, պահեցողութեամբ, ճգնութեամբ եւ խոկումով՝ պատրաստուելով իր սրբազան առաքելութեան։

Ուրեմն, ներկայ Մեծ պահքի շրջանը թէ՛ անհատի եւ թէ Եկեղեցւոյ, այսինքն՝ հաւաքականութեան համար աղօթքի, ապաշխարութեան եւ բարեգործութեան, հոգեւոր իմաստով վերանորոգուելու շրջան մը՝ առի՛թ մըն է։

Եթէ «արտաքսում»ը Ադամին դրախտէն է իր անհնազանդութեան պատճառով, ուրեմն կ՚արժէ հոս յիշատակել դրախտը, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ան։

«Դրախտ»ը իր ներքին իմաստով մերձիմաստ է «երջանկութեան» հետ։ Իրաւախոհութեամբ ըսենք, որ երջանկութեան ըմբռնումը նոյնը չէ ամէն անհատի համար։ Արդարեւ, խելամտութիւն չէ՛ երջակութիւնը դասել որպէս բացարձակ եւ անփոփոխ հոգեվիճակ մը։ Իւրաքանչիւր անձի երջանկութեան հասկացողութիւնը տարբեր է՝ թէ՛ քանակով եւ թէ որակով։ Ուստի, կարելի է ըսել, թէ որչափ անհատ կայ, ա՛յնչափ ալ տարբեր ըմբռնումներ կան երջանկութեան մասին։ Կարելի է ըսել նաեւ, թէ փափաքներու, նպատակներու, մտադրութիւններու գոհացումն է երջանկութիւնը, զոր օրինակ, պարզ յաջողութիւն մը մեծ երջանկութիւն կրնայ պատճառել ոմանց, իսկ ուրիշներ կրնան այդ յաջողութիւնը բնական եւ հասարակ նկատել կեանքի ընթացքին մէջ։

Կարծեմ, երջանկութեան տրուած արժէքը քիչ մըն ալ կախում ունի անհատին իրատես կամ յոռետես եւ կամ լաւատես ըլլալէն։ Սա յայտնի է, որ իրատես մարդիկ, պատճառ-արդիւնք յարաբերութեան մէջ շատ բան բնական կը տեսնեն, եւ երջանկութեան զգացումին շատ աւելի բացառիկ, տարբեր եւ աւելի բարձր տեղ մը կու տան։ Բայց ամէն պարագայի, ամէն մարդ կերպով մը երջանկութիւնը կը փնտռէ, եւ երջանիկ ըլլալ կը փափաքի։

Երջանկութիւնը մարդուն մօտաւոր կամ հեռաւոր նպատակը եղած է միշտ, թէեւ գործելակերպերը տարբեր են եղած։ Եւ քանի որ «դրախտ» եւ «երջանկութիւն» մերձիմաստ ըմբռնումներ են, ուրեմն մարդ միշտ փնտռած է դրախտը։ Կերպով մը ծինային՝ ժառանգական փափաք է եղած ասիկա՝ Ադամէն փոխանցուած մարդկային ցեղին։ Մարդ միշտ իր աւանդական «երկիր»ը՝ դրախտը փնտռած է եւ կը փնտռէ…

Դուք մի՛ նայիք այն մարդոց, որ Էպիկիւրեան յաւակնոտ կեցուածքով կ՚ուրանան երկնային աշխարհի մը գոյութիւնը եւ կ՚ըսեն, թէ ամէն ինչ այս աշխարհի վրայ է եւ ամէն ինչ կը վերջանայ այս երկրային աշխարհով։ Եւ մենք ճանչցած ենք այնպիսի իբր թէ «Աստուած ուրացողներ», որոնք փոքր վտանգի մը գոյութեան, անմիջապէս եւ անզգալաբար «Աստուա՛ծ իմ, Աստուա՛ծ իմ» բացագանչած, աղաղակած են։ Արդարեւ, լեզուով Աստուած ուրանալ, Անոր գոյութիւնը մերժել շատ դիւրին է, բայց սիրտը եւ խիղճը երբեք չ՚ուրանար, չի մերժեր Անոր գոյութիւնը, ինչ որ շատ անգամներ վկայած ենք մեր շուրջիններու մէջ, որոնք մեծ հպարտութեամբ «Աստուած ուրացող» հռչակած են իրենք զիրենք։

Մենք, մեր անձնական կեանքի փորձառութեամբ, ո՛չ թէ միայն հոգեւորական, այլ միայն հասարակ, պարզ մարդ մը, տեսած եւ համոզուած ենք, որ մարդուս հաւատքը աւելի եւս կը զօրանայ, կ՚ամրանայ ո՛չ թէ հաւատացեալներու մէջ, այլ՝ թերահաւատներու եւ անհաւատներու մէջ։ Ասիկա ոմանք կրնան հպարտութիւն սեպել՝ իբր թէ «ես աւելի հաւատացեալ եմ» ըսելու պէս, բայց ո՛չ. ո՞վ կրնայ հաստատել, թէ ինք աւելի՛ հաւատացեալ է, քան ուրիշ մը, եւ ո՞վ կրնայ իր իսկական իմաստով «հաւատացեալ» ըլլալ՝ կատարեալ եւ հաստատ հաւատացող… Բայց մարդ կրնայ թերահաւատներ տեսնելով ուղղուիլ դէպի կատարեալ հաւատքը։

Այո՛, սիրելիներ, Արտաքսման Կիրակին մեզի կը յիշեցնէ մեզի փոխանցուած ծինային եւ ժառանգական ողբերգութիւն մը՝ վտարում մը, որուն պատճառով մենք կ՚ապրինք կեանք մը՝ հեռու դրախտէն, հեռու երջանկութենէ, որմէ կարելի է փրկուիլ հաւա՛տքով…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 23 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023