ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Մեծ պահքի վեցերորդ կիրակին նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի Գալստեան խորհուրդին։

Արդարեւ Յիսուսի Գալստեան խորհուրդը սերտօրէն կապուած է Յիսուսի դարձին սպասումի եւ Յոյսին կատարման խորհուրդներուն հետ։ Ուստի, այս իմաստով, Գալուստը լրումն է ժամանակներու։

Սուրբ Հոգին կը գործէ Հօր եւ Որդիին հետ՝ սկիզբէն մինչեւ լրումը մեր փրկութեան ծրագրին։ Բայց միայն Որդիին փրկչական Մարդեղութեամբ սկիզբ առած «վերջին ժամանակներ»ուն մէջն է՝ որ Հոգին յայտնուած, տրուած, ճանչցուած եւ ընդունուած է իբրեւ «Անձ»։ Այն ատեն է, որ նոր արարչագործութեան Անդրանիկ եւ Գլուխ Քրիստոսով իր լրումին հասած աստուածային այս «ծրագիր»ը՝ պիտի կրնայ մարդկութեան մէջ իրագործուիլ հեղեալ հոգիին միջոցով եւ ծնունդ առնել՝ Եկեղեցին, սուրբերուն հաղորդութիւնը, մեղքերուն թողութիւնը, մարմինի յարութիւնը, յաւիտենական կեա՛նքը։

«Քրիստոս մեռաւ եւ վերստին կենդանացաւ որպէսզի ըլլայ Տէր մեռելներուն եւ կենդանիներուն». (ՀՌՈՎՄ. ԺԴ 9)։ Քրիստոսի երկինք Համբարձումը կը նշանակէ Իր իբր «մարդ» մասնակցութիւնը Աստուծոյ զօրութեան եւ իշխանութեան։ Յիսուս Քրիստոս Տէր է. Ան ունի ամէն իշխանութիւն երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ։ Ան «աւելի բարձր է քան ամէն իշխանութիւն, պետութիւն, զօրութիւն եւ տէրութիւն», որովհետեւ Հայրը «ամէն ինչ դրաւ Անոր ոտքերուն տակ». (ԵՓՍ. Ա 20-22)։ Քրիստոս Տէ՛րն է տիեզերքին. (ԵՓՍ. Դ 10), (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 24, 27-28), ե՛ւ պատմութեան ե՛ւ կեանքին։ Անոր մէջ, մարդուն պատմութիւնը եւ ամբողջ արարչութիւնը կը գտնեն իրենց «բովանդակութիւնը». (ԵՓՍ. Ա 10), իրենց վերանցական լրումը։

Քրիստոս իբր Տէր՝ նաեւ Գլուխն է Եկեղեցւոյ, որ Անոր Մարմինն է. (ԵՓՍ. Ա 22)։ Վերացած երկիք եւ փառաւորուած, եւ Իր առաքելութիւնը այսպէս լիովին կատարելէ ետք՝ Ան կը մնայ երկիր՝ Եկեղեցիին մէջ։

Համբարձումէն ետք, Քրիստոսի փառաւորեալ գալուստը մօտալուտ դարձած է. (ՅԱՅՏ. ԻԲ 20), նոյնիսկ եթէ մեզի «չի վերաբերիր գիտնալ ժամանակը եւ պահը, զոր Հայրը սահմանեց միայն Իր իշխանութեամբ». (ԳՈՐԾՔ. Ա 7), (ՄԱՐԿ. ԺԳ 32)։ Կատարածնային այս գալուստը կրնայ կատարուիլ ամէն րոպէ. (ՄԱՏԹ. ԻԴ 44), (Ա ԹԵՍ. Ե 2), նոյնիսկ եթէ ան եւ զինք կանխող վերջին փորձութիւնը «զսպուած» են. (Բ ԹԵՍ. Բ 3-12)։

Մեսիային փառաւորեալ գալուստը կախուած է պատմութեան որեւէ պահուն. (ՀՌՈՎՄ. ԺԱ 31) «ամբողջ Իսրայէլի» (ՀՌՈՎՄ. ԺԱ 26), (ՄԱՏԹ. ԻԳ 39) կողմէ կատարուելիք անոր ճանաչումէն։

Քրիստոսի գալուստէն առաջ Եկեղեցին պէտք է անցնի վերջնական փորձութենէ մը՝ որ բազմաթիւ հաւատացեալներու հաւատքը պիտի խախտէ։ Կրօնական խաբեպատիր գերագոյն կեղծիքը պիտի ըլլայ «Նեռ»ը, այսինքն «կեղծ-մեսիականութիւն»ը՝ ուր մարդ փոխանակ Աստուծոյ եւ Անոր մարմնացեալ Մեսիային, ինքզինք կը փառաւորէ։ Այս հակաքրիստոսեան խաբեպատիր կեղծիքը արդէն իսկ կ՚ուրուագծուի աշխարհի վրայ՝ ամէն անգամ որ մարդիկ յաւակնին իրականացնել պատմութեան մէջ «մեսիական յոյս»ը՝ որ կրնայ իր լրումին հասնիլ միայն իրմէ անդին՝ կատարածնային դատաստանով. նոյնիսկ իր մեղմացուած ձեւին մէջ, Եկեղեցին մերժեց այս գալիք Արքայութեան զեղծումը՝ հազարամէութեան անունին տակ, մանաւանդ ներքնապէս ապականած «քաղաքական մեսիականութեան» մը կերպարանքին տակ։

Յիսուս Իր քարոզութեան մէջ ներկայացուց «վերջին Օրուան Դատաստան»ը։ Հոն լոյսի տակ պիտի դրուին իւրաքանչիւրի վարքը եւ սրտերուն գաղտնիքը։

Ա՛յս է «Գալուստ»ի խորհուրդին համառօտութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 23 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023