ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Չ«ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ» ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Անոր գոյութիւնը զգանք թէ ոչ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի «Արտադրութեան նախարարութիւն» մը, որուն մերօրեայ նախարարն է տիար Գրիգոր Մինասեանը: Հայաստանին արտադրութիւն չունենալը երբեք արգելք չէ նախարարութեան գոյութեան, որովհետեւ մինչեւ անցնող տարի Լիբանանը եւս աւելի քան երեսուն տարի երկաթուղի չունենալով հանդերձ ունէր եւ ունի երկաթուղիներու նախարարութիւն մը՝ տասնեակ մը պաշտօնեաներով, որոնք գիշեր-ցերեկ կ՚ապահովեն անգոյ երկաթուղիներուն անվտանգութիւնը:

Արտադրութիւն գոյութիւն ունենայ թէ ո՛չ՝ նախարարութիւնը անհրաժեշտ էր, որովհետեւ (թէեւ առանց ճշդութիւնը ստուգելու) մեզի սորվեցուցին, թէ «Հայը աշխատասէր ժողովուրդ է» եւ իր եռագոյնին վրայ գտնուող նարնջագոյնը խորհրդանշանն է այդ աշխատասիրութեան ու հողագործութեան, որովհետեւ նախահայր մը սխալելով ըսած էր, թէ «հայը հողի մարդ է»: Գուցէ «Հ» տառը փոխարինենք «Փ»ով եւ կը ստանանք աւելի իրաւացի արտայայտութիւն մը:

Իւրաքանչիւր պետութիւն, իր տարածաշրջանի ջերմաստիճանով պայմանաւորուած անպայմանօրէն ներմուծումներ կը կատարէ այլ երկիրներէն. սակայն զարմանալի է եւ մտահոգեցուցիչ, երբ պետութիւն մը կը ներմուծէ բան մը՝ որ ինք կրնայ արտադրել. այլ խօսքով երբ «պէտք»էն կ՚անցնի ծուլութեան եւ, ցաւ ի սիրտ, մեր մէջ բոյն դրած է այդ ծուլութիւնը. օրինակի համար՝ Հայաստանեան «Հետք» լրատուակայանը վերջերս հրատարակած իր մէջ յօդուածով կը յայտնէր, թէ Հայաստանի մէջ գործածուող ցորենի 99 առ հարիւր տոկոսը անցնող տարիներուն ներմուծուած է Ռուսաստանէն: Տակաւին տասնամեակներ առաջ Ամրօ Դուրգարեան կ՚երգէր.

«Կոլխոզը ալին ա,
Ցորենը կալին ա...»

Այս կալին մէջ եղող ցորենին տեղ այսօր որոմ է. արտադրութեան մասին ես ունիմ այնքա՛ն գաղափար՝ ինչքան «Արտադրութեան» նախարարը, որովհետեւ իմ չգիտութիւնը իր չգիտութենէն ո՛չ մէկ բանով կը տարբերի:

Վերոյիշեալ նոյն աղբիւրը կը նշէ, թէ ձէթի 97 առ հարիւր տոկոսը եւս կը ներմուծուի Ռուսաստանէն:

Թող ներուի անհասկացողիս, սակայն հետեւեալ հարցերը յաճախ կը կրկնեմ միտքիս մէջ.

Ա.- Ինչո՞ւ համար Սովետական Միութեան ժամանակաշրջանէն մնացած բազմահարիւր գործարաններ կը շարունակեն մնալ կիսաքանդ ու լքուած վիճակի մէջ. բազմաթի՜ւ մեծ տարածքներ աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր կը շարունակեն մնալ փակ. ի՞նչն է տարբերութիւնը, որ Սովետական Միութիւնը կրնար մեր Հայրենիքին մէջ արտադրութիւններ ունենալ՝ սակայն մենք չենք կրնար. հիներէն կը լսենք, թէ ունեցած ենք ժամացոյցի գործարան, մետաքսի գործարան, դաշնամուրի գործարան. այդտեղ աշխատողները նոյնինքն մեր հայրենակիցները չէի՞ն. եթէ անցեալին եղած է, այդ կը նշանակէ, թէ ներկային եւս կրնայ ըլլալ, պարզապէս կառավարող ու հսկող կառավարութեան պակասը ունինք:

Բ.- Եթէ մայր հողը կու տայ ցորեն, կորեկ, լոլիկ ու այլ բարիքներ, սակայն մենք այդ բոլորը դուրսէն կը ներմուծենք՝ կը նշանակէ մտահոգեցուցիչ մթնոլորտ մը գոյութիւն ունի: Գուցէ բարեբախտաբար 30-40 միլիոն հաշուող ազգ մը չենք՝ որ մայր հողը անբաւարար ըլլայ իր ժողովուրդին պէտքերը հոգալու: Եթէ պետութիւն մը 2-3 միլիոն հաշուող իր ժողովուրդը կառավարելու եւ անոր պէտքերը հոգալու անկարող է, փայլուն ու լաւ ապագայ մը ակնկալել կարելի չէ:

Գ.- Խնդիրը ներմուծումն ու այդ ներմուծման դիմաց ծախսուող հսկայական գումարները չեն. խնդիրը ժողովուրդին մէջ տիրող աղքատութիւնն ու անկարող վիճակն է. եթէ ունինք արտադրութեան նախարարութիւն, ապա երկրին տնտեսական վիճակը եւ անոր արդիւնքները պէտք է պահանջուի անոնցմէ, եւ ո՛չ մաքուր հայերէնով «Էկոնոմիկայի» նախարարէն:

Դ.- Ինչպէ՞ս կ՚ուզենք, որ նոր սերունդը պսակուի, ընտանիք կազմէ եւ մեր ազգը «աճեցնէ». անգործութիւնն ու աղքատութիւնը մարդուն մէջ կը ստեղծէ երկու հակառակ պատկերներ. մին նիւթական անապահովութեան պատճառով կը հրաժարի պսակուելէ եւ զաւակներ ունենալէ, մինչ ուրիշը առաջինին հակառակ առանց իր նիւթական անկարողութիւնը նկատի ունենալու աւելի քան 5-6 զաւակ լոյս աշխարհ կը բերէ՝ բան մը, որուն օրինակը կը տեսնենք արաբներուն մօտ եւ այդ զաւակներուն մեծամասնութիւնը չարագործներ դուրս կու գան:

Ե.- Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ ներմուծուած ապրանք մը՝ որուն համար վճարուած է ճանապարհածախս, հարկային եւ այլն, աւելի աժան ըլլայ՝ քան տեղական արտադրութիւն մը: Կա՛մ պէտք է ներմուծուած ապրանքներուն հարկայինը սուղցնել՝ որպէսզի ժողովուրդը տեղականը ընտրէ եւ կամ լրջօրէն պէտք է քննութեան ենթարկել տեղական արտադրութիւնները:

Ազգի մը վիճակը բարելաւելը ասոր կամ անոր աթոռին վրայ նստելով չէ՛ որ կը փոխուի, այլ վերոյիշեալ սխալներու սրբագրութեամբ է, որ ազգ մը կը յառաջդիմէ:

Երնէ՜կ, օր մը այս բոլորը սրբագրուած տեսնենք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -202-

Հայաստանի սահմանագիծին ապրող ժողովուրդին մեծագոյն շահն ու հարստութիւնն էր ներմուծումը։ Հայաստանեան-պարսկական սահմանին ապրող ամէ՛ն ընտանիք օրական դրութեամբ կ՚անցնէին Պարսկաստան եւ Հայաստանի մէջ տասնապատիկը աւելի սուղ արժող ապրանքներ բերելով կ՚ապահովէին իրենց օրուան հացը:

Սակայն մի քանի օր առաջ նոր օրէնքով մը անոնց հացի ճամբան եւս գոցուեցաւ։ Պետութիւնը սահմանափակումներ բերաւ անոնց բերած ապրանքներու քանակութեան վերաբերեալ՝ պարզապէս անոնց բերած ապրանքներուն վրայ եւս հարկային պարտաւորութիւններ բերելու նպատակով:

Կ՚ապրինք երկրի մը մէջ, ուր պետական գանձանակը աւելի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ քան քաղաքացին:

ԾԱՆՕԹ: Ի՜նչ պատահականութիւն, որ այս բոլորը գրած ժամանակ ստացայ հաղորդագրութիւն մը, որ Երեւանի փողոցներէն մէկուն մէջ երկու վայրկեան ինքնաշարժով կայանելու համար պետութեան կողմէ տուգանուած եմ. շնորհաւոր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023