ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԱՐԴԱՐԱՆԱԼ

Պօղոս առաքեալ Հռովմայեցիներու ուղարկած իր նամակին Դ. գլխուն մէջ կը հաստատէ «հաւատքով արդարանալու վարդապետութիւն»ը՝ վկայութիւն բերելով Աստուծոյ վարմունքը Աբրահամի հետ, քանի որ Աբրահամ «արդար» համարուեցաւ իր հաւատքին եւ ո՛չ թէ իր գործերուն համար. (ՀՌՈՄ. Դ 1-3)։

Արդարեւ, գործերու փոխարէն բան մը տալ՝ պարտք վճարել է, եւ ո՛չ թէ շնորհ ընել։ (ՀՌՈՄ. Դ 4)։ Առաքեալը մէջբերում կ՚ընէ նաեւ Դաւթի խօսքին, թէ՝ «Երանի՜ այն մարդուն, զոր Տէրը կ՚արդարացնէ անոր մեղքերուն ձրի թողութիւն տալով»։ Ուստի, Աբրահամ ունէր այս երանութիւնը թլփատութենէն առաջ, քանի որ միայն «թլփատուած» մարդուն արտօնութիւնը չէ՛ այս երանութիւնը։ Թլփատութիւնը տրուեցաւ Աբրահամի որպէս նշան անոր հաւատով արդարանալուն եւ իբրեւ կնիք այն խոստումներուն՝ զորս առաւ Աբրահամ Աստուծմէ իբր «հայր հաւատացեալներ»ու, այսինքն իբր գերազանց օրինակ թէ՛ հրեային եւ թէ՛ հեթանոսին այն հոգեւոր օրհնութիւններով որ միա՛յն հաւատքով կը ստացուին. (ՀՌՈՄ. Դ 9-12)։

Նոյնպէս, աշխարհը ժառանգելու համար Աբրահամի եւ անոր սերունդին տրուած խոստումները օրէնքէն առնուելէն 430 տարի առաջ էին. (ԳԱՂ. Գ 17), եւ այս խոստումները պիտի կատարուին ո՛չ թէ օրէնքը պահողներուն, այլ անոնց որ Աբրահամի հաւատքին պէս հաւատք, այսինքն վստահութիւն ունին Աստուծոյ, իբրեւ կարող գրեթէ մեռեալ արգանդ մը որդեծնութեան յարմար ընելու. (ՀՌՈՄ. Դ 23-25)։

Այս պարագային կարելի է հարցնել հարցում մը՝ որ կրնայ երկու տարբեր միտքով նկատի առնուիլ։ Նախ՝ թէ ի՞նչ գտաւ Աբրահամ որ մարմնի կողմանէ մարդկութեան նահապետն էր։ Երկրորդ՝ թէ ի՞նչ գտաւ Աբրահամ մարմնի կողմանէ։ Եթէ վերջին մտքով կ՚առնուի հարցումը՝ թէ ի՞նչ գտաւ Աբրահամ մարմնի կողմանէ, ուստի պէտք է բաղդատուի այս համարը. (ՓԻԼ. Գ 3-4) եւ (ԳԱՂ. Գ 3), եւ այլն, համարներուն հետ։

Այստեղ «Մեր»ով կը նշանակուի հրեաները՝ այսինքն՝ հրեաներուն…։

«Գործով արդարանալ»ը պարծենալու պատճառ կու տայ. բայց Աբրահամ չունէր պարծենալու որեւէ պատճառ, քանի որ անոր արդարանալը հաւատքով էր, ո՛չ թէ գործերով. (ՅԱԿ. Բ 14-26)։

Աստուծոյ առջեւ արդարացած մէկը կը նմանի այն մարդուն՝ որ ստացուածք մը իբրեւ «պարգեւ» կ՚ընդունի, առանց որեւէ բան վճարելու։

Ուստի, մենք չենք կրնար Աստուած մեզի «պարտական» ընել։ Հարկ է որ փրկութիւնը՝ արդարացումը ընդունինք իբրեւ «շնորհ» եւ ողորմութիւն, գթասիրտ Հօր կողմէ իր որդիներուն՝ մեզի տրուած…։

Եւ փրկութիւնը՝ արդարացումը Քրիստոսի միջոցով իբրեւ պարգեւ ընդունիլը «հաւա՛տք» է։

Երբ Աստուած կը տեսնէ մեղքը, չի կրնար զայն իբր «մեղք» չնկատել եւ չատել. այդ հակառակ է աստուածային արդարութեան, սակայն Ան կրնայ ներե՛լ զայն, եւ մեղաւորի հետ վարուիլ իբրեւ անմեղի հետ։

Աբրահամ դեռ չթլփատուած արդարացաւ իր հաւատքովը, եւ առաւ թլփատութիւնը իբր «արտաքին նշան» Աստուծոյ բարեկամ ըլլալուն։ Թլփատութիւնը նաեւ «տեսանելի կնիք» էր Աստուծոյ ուխտին Աբրահամի հետ. (ԾՆՆԴ. ԺԷ 10-14)։ Այսպէս, թլփատութիւնը Մովսէսէն առաջ ըլլալով ունի նշանակութիւններ, որ տարբեր են այն նշանակութենէն՝ որով կ՚առնուի ըստ Մովսիսական Օրէնքին։ Զոր օրինակ, կը յիշուի իբրեւ նշան մաքրութեան, հնազանդութեան, հաւատարմութեան, նուիրման եւ սրտի, շրթունքներու, ականջի, եւ այլն, սրբութեան. (ՀՌՈՄ. Բ 29), (ՓԻԼ. Գ 3), (ՂԵՒ. ԻԶ 41), (Բ ՕՐ. Ժ 16), (Բ ՕՐ. Լ 6), (ԳՈՐԾՔ. Է 51)։

Քրիստոնէական տնտեսութեան տակ մկրտութիւնը թլփատութեան տեղը բռնած է, եւ (ԿՈՂ. Բ 11-12) համարներուն մէջ Պօղոս ցոյց կու տայ թէ՝ ասոնց երկուքն ալ միեւնոյն հոգեւոր նշանակութիւնը ունին. «Հաւատքի ճամբով երբ Քրիստոսի միացանք, դուք ձեր մեղքերը թօթափեցիք եւ Քրիստոսի թլփատութեամբ ստացած եղաք սրտի թլփատութիւնը։ Մկրտուելով՝ Անոր հետ միասին թաղուեցաք, եւ Անոր հետ ալ յարութիւն առիք, քանի հաւատացիք Աստուծոյ զօրութեան, որ զԱյն մեռելներէն յարուցանեց»։

Ասկէ կը հետեւի, թէ հիմա ալ անոնք՝ որ Աբրահամի պէս, Աստուծոյ հետ ուխտի կը մտնեն, եւ Աստուծմէ կ՚ընդունուին այն ուխտին, երբ իրենց զաւակները Աստուծոյ կը նուիրեն, կրնան անոնց վրայ դնել այն ուխտին «արտաքին նշան»ը եւ կնիքը՝ որ հիմա ՄԿՐՏՈՒԹԻ՛ՒՆ է, ինչպէս որ Աբրահամի պատուիրուեցաւ թլփատութիւնը դնել իր զաւակներուն վրայ։

Մովսիսական Օրէնքի տակ հրեաներու բոլոր ազգը այս կերպով Աստուծոյ հետ ուխտի մտաւ. ուստի եւ բովանդակ ժողովուրդը տաճարի բոլոր առանձնաշնորհութիւններուն եւ խորհուրդներուն մասնակից եղաւ, եւ ամէնուն զաւակները կը թլփատուէին։ Բայց Աւետարանին տնտեսութեանը ներքեւ այսպէս չէ՛. հիմա եկեղեցին բաղկանալու է այնպիսի անձերէ միայն որոնց սրտերը մաքրուած են (ԳՈՐԾՔ. ԺԵ 8-9) Քրիստոսի վրայ հաստատ հաւատքով…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 20 2022, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022