ՆԱՄԱԿ ԱՊԱԳԱՅ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻՆ

Սիրելի ապագայ ընթերցող, որոշեցի նամականի մը պատրաստել եւ յարմար գտայ առաջին նամակը քեզի գրել:

Մենք անծանօթներ ենք. անծանօթներ խառնուածքով, բարքով, սովորութիւններով, կենցաղով ու ապրելակերպով, սակայն մեծ հաւանականութեամբ օր մը ուզես տեղեկութիւն ունենալ մեր ժամանակահատուածին մասին. այդ ժամանակ աշխարհի երեսին հայկական մամուլ մնացա՞ծ կ՚ըլլայ թէ ոչ, հայերէն խօսող կարդացող կը գտնուի թէ ո՛չ՝ չեմ գիտեր, սակայն այդ յոյսով է, որ կը գրեմ այսօր:

 Քու ապրած ժամանակահատուածդ անծանօթ է մեզի, սակայն ինչքա՜ն կը բաղձայի, որ քուկդ ըլլար տարբեր մերինէն, որուն ակամայ թէ՛ հանդիսատես եւ թէ դերասաններն ենք մենք:

Մենք ներկայիս շատ անգամ մեր անցեալին նայելով սրտի խորերէն «Երանի՜» մը կը կարդանք. «Երանի՜» մը, որ իր մէջ կարօտը կը խտացնէ անվերադարձ անցեալին: Դո՞ւն ալ օր մը պիտի յայտնուիս այդ դրութեան մէջ, թէ ոչ ապագան շատ աւելի տարբեր ու աղէկ պիտի ըլլայ, չենք գիտեր, սակայն գոնէ ներկայիս մենք ապրողներս «Երանի՜»ի արժանի բան մը չենք տեսներ: Մաղթեմ, որ ապագան, որուն տեսնելու արժանի պիտի չըլլանք երբեք, ըլլայ լուսաբաց, ըլլայ արեւածագ այսքան տանջուած մեր թշուառ ազգին համար:

Եթէ մեր ներկան քեզ կը հետաքրքրէ, փորձեմ մի քանի տողերով ներկայացնել քեզ: Անարդարութիւն, անիրաւութիւն, անհաւասարութիւն, նախատինք, թշնամանք, խռովութիւն, կռիւ եւ բոլո՛ր այն բաները, որոնք հականիշն են բարութեան ու լաւութեան, ազնուութեան ու մարդասիրութեան, որոնք այժմ լոկ բառարանային բառեր են եւ ո՛չ մարդկային արժէքներ: Դրամատիրական անհաճոյ քաոս մը, որ զաւակը՝ հօր, քոյրը՝ եղբօր, եղբայրը՝ մօր, իսկ մայրը՝ դուստրին թշնամի ու հակառակորդ կը դարձնէ:

Արժէքներու եւ սրբութեան սպանդ մը կը կատարուի այսօր եւ մարդիկ խաչ կը բարձրացնեն խիղճը, որ նոյնպէս աղաւաղումի կ՚ենթարկուի գրեթէ ամէ՛ն օր:

Այս օրերուն միա՛կ բանը որ լաւ ու բարի աւարտ կ՚ունենայ տակաւին՝ հեքիաթներն են, որոնք ամբողջութեամբ հեռու մեր կեանքէն, քաղցր յոյսերով կը փորձեն օրօրել մեր երազներն ու հեռանկարները:

Մեր այս օրերուն դրա՛մն է կարեւորը, որովհետեւ մեր շուրջ աճուրդի հանուած է ամէ՛ն բան. աճուրդի գնով այսօր կարելի է ձեռք ձգել մարդոց հաւատքը, յոյսերը, երազները, բանականութիւնը, սիրտը, միտքը եւ գրեթէ ամէ՛ն բան: Աճուրդի հանած են այսօր բարոյականութիւնը, մինչեւ իսկ ազգութիւնը: Մարդասիրութիւնը, գութը, բարութիւնն ու ազնուութիւնը եւս հանուած են աճուրդի, այսօր ո՛չ թէ կեանքի օրինակելի ընթացքով, այլ՝ դրամով կրնաս դառնալ այդ տէրը:

Եթէ հարցնելու ըլլաս ազգի վիճակի մասին, դժբախտութիւնը ունիմ յայտնելու, որ ամէ՛ն կողմէ զառիթափ է այսօր, ուրկէ կը գլորի մեր լեզուն, մշակոյթը, հայրենասիրութիւնը. այլ խօսքով Հայրենիքը:

Կրնամ քեզի ըսել, որ մեզ սխալ դաստիարակեցին: Մեզի սորվեցուցին, թէ պէտք է նուիրուիլ ազգին ու հայրենիքին, պէտք է նուիրուիլ գիր-գրականութեան, պէտք է նուիրուիլ անմնացո՛րդ. այդպէս սորվեցանք, սակայն ամէն անգամ որ այդ մէկը գործադրել փորձեցինք՝ առ ի վարձատրութիւն հարուած մը ստացանք. ինչքա՛ն նուիրուեցանք՝ այնքան հալածուեցանք, ինչքա՛ն շինեցինք՝ այնքան քանդել փորձեցին. մեր իրագործումներով չուրախացան, սակայն ձախողութեան պարագային առաջին հրճուողները մեր հայրենակիցները եղան: Անտարբեր ապրողը շա՜տ աւելի անդորր կեանք մը ունեցաւ, հետեւաբար շատեր այդ կեանքը նախընտրեցին:

Հայը հարիւր ստեղծեց, սակայն անոնք շարունակեցին հպարտանալ ու ուրախանալ օտարին տասնով. մեր հայորդիներուն աչքին օտարին թիթեղը աւելի արժէքաւոր երեւցաւ՝ քան սեփական գանձերն ու արժէքները:

Միա՛կ լաւ բանը որ քեզի կրնամ փոխանցել ա՛յն է, որ այսօր սփիւռքի մէջ ունինք հայկական մամուլ, ունինք հայերէն խօսիլ, գրել ու կարդալ գիտցող սփիւռք: Տակաւին ունինք հայ երգով, մշակոյթով հետաքրքրուած փոքրամասնութիւն կազմող սերունդ մը. հաւանաբար դար մը ետք դուք այդ ալ բոլորը չունենաք...: Հաւանաբար նամակիս բառերէն շատե՜ր ինծի պէս գերեզմանուած ըլլան: Եթէ այդ դժբախտ գուշակութիւնը կատարուի, վստահ եղիր թէ ինչքա՜ն երանելի եմ այդ բոլորը տեսած չըլլալուս համար:

Այնպէս ինչպէս որպէս ազգ դէպի անյստակ ապագայ կ՚առաջնորդուինք, նոյն անյստակութեամբ է, որ քեզ կը գրեմ, որովհետեւ գալիքը անյստակ է. պիտի կարենա՞ս կարդալ այս տողերը, թէ անոնք սեպագիր պիտի թուին քեզի. չե՛մ գիտեր:

Երանի՜ ըլլար այն բախտն ու առիթը շա՜տ շատ աւելի լաւատես բաներ գրելու, սակայն վիճակը այս է սիրելի անծանօթ ապագայ ընթերցող: Փափաքս է, որ անկենդանութեանս այդ զառիթափը վերածուի զառիվերի եւ դուն ունենաս այդ հպարտութիւնը քեզմէ ետք եկողներուն լաւատես տողեր նուիրելու:

Այսօր ազգի ցաւն է, որ կ՚արիւնի նամակիս այս տողերուն մէջ. թող այդ ցաւը երբեք չունենաս, սակայն ունենաս նո՛յն արիւնը՝ որ հայութիւն կը բուրէ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՆԻԹԱ ԳՈՆԹԻ
(1899-1997)

Մեր թուականէն 24 տարիներ առաջ՝ 25 դեկտեմբեր 1997-ին, Ֆրանսայի մէջ մահացած է ֆրանսահայ բնախոյզ, լուսանկարիչ եւ աշխարհի առաջին կին ովկիանոսագէտ Անիթա Գոնթի (բուն անունով՝ Անիթա Քարագոչեան):

Անիթա Գոնթի ծնած է 17 մայիս, 1899-ին, Ֆրանսայի Էրմոն քաղաքին մէջ: Ան զաւակը եղած է մեծահարուստ հայ ընտանիքի մը, այդ իսկ պատճառով փոքր տարիքէն բազմիցս առիթներ ունեցած է նաւով ճանապարհորդելու, որուն պատճառով ունեցած է մեծ սէր ծովու եւ ովկիանոսի հանդէպ: Համաշխարհային Առաջին պատերազմին Անիթա իր ծնողքին հետ կը հաստատուի Օլերոն կղզի, ուր կը զբաղի ընթերցանութեամբ ու լուսանկարչութեամբ: Պատերազմէն ետք դարձեալ կը հաստատուի Փարիզ եւ կը ստանայ գեղարուեստական ուսում: Ուսումը աւարտելէ ետք երկար տարիներ ուսումնասիրած է ծովը, ձկնորսներու դժուարութիւններն ու խնդիրները, բուսական ու կենդանական կեանքը եւ այդ ուսումնասիրութիւններու լոյսին տակ սկսած է հրատարակել գիտական յօդուածներ՝ արդիւնաբեր ձկնորսութեան, ծովու եւ Ովկիանոսի հետ կապուած խնդիրներու մասին:

Անիթա Գոնթի այնքան կը զարգանայ ծովագիտութեան մէջ, որ Ֆրանսական ծովակալութեան կողմէ կը ղրկուի Ափրիկէ՝ ուսումնասիրութիւններ ընելու, քարտէսներ կազմելու եւ ձկնորսական նոր մեթոտներ մշակելու համար: Աւելի քան տասն տարի Անիթա իր կեանքը անցուցած է Ափրիկէի մէջ, աւարտին հասցնելու իր ուսումնասիրութիւններն ու հետազօտութիւնները:

Անիթա Գոնթի բազմաթիւ համագումարներու եւ ժողովներու ընթացքին հանդէս եկած է ծովային աշխարհի պահպանման օգտին դասախօսութիւններով: Ան իր ուսումնասիրութիւններն ու դասախօսութիւնները հրատարակած է «Տաք ծովերու հսկաները», «Ովկիանոսը կերտողները» եւ «Ովկիանոսները, կենդանիներն ու մարդը» աշխատութիւններուն մէջ. ան հեղինակ է նաեւ ֆրանսերէն լեզուով հրատարակուած երկու աշխատութիւններու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2021