ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆ ՈՒ ԿՈՉՈՒՄԸ

Խրիմեան Հայրիկ խօսելով սիրոյ կարեւորութեան մասին, լաւապէս կը գիտակցի, որ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին շատ մը դժուարութիւններ, որոնք ցաւ ի սիրտ յաճախ կը յաջողին սպաննել նաեւ այդ սէրը. որպէս օրինակ Հայրիկ կը յիշէ. «աղքատութիւն, թշուառութիւն, զրկանք, զաւակաց կորուստ, ստահակութիւն եւ աշխարհիս այլ եւ այլ պատահար ձախորդութիւնք». այս դժուարութիւնները կրնան թէ՛ սպաննել սէրը եւ հակառակը՝ ամրացնել. Հայրիկ կ՚ըսէ. «երբ ամուսնեաց սէրը կենդանի է, քաղցր է այդ ամէն դառնութիւնները կ՚անուշացնէ, մոխիրի կեանքը դրախտ կը լինի, ապերջանկութիւնը՝ երջանկութիւն կը դառնայ»: Սէրը կրնայ յաղթահարել ամէ՛ն տեսակ ընտանեկան դժուարութիւններու եւ մեղմել դժբախտութիւններու ծանրութիւնը. եթէ մեռնի այդ սէրը, զայն վերականգնելը դժուար է. Հայրիկի խօսքերով. «աշխարհիս քաղցրութեան ամբողջ ճաշակները, երջանկութեան իւր ամէն հանգամանքներով թէ ի միասին գան՝ կարող չեն դառնացած սէրը յանուշութիւն փոխել»:

Այդ իսկ պատճառով Հայրիկ կը յորդորէ ընտանեկան յարկէն ներս վառ պահել սէրը, որովհետեւ եթէ սէրը կորսուի, ամբողջ ընտանեկան կեանքը կը թունաւորուի. Հայրիկ կ՚ըսէ, թէ աշխարհիս վրայ կան մարդիկ, որոնք օձէն աւելի խորամանկ են եւ հետեւաբար այդ ընտանեկան անդորրը քանդելու համար բան չեն խնայեր: Հայրիկ կը գիտակցի, որ մանաւանդ հայրենի հողէն հեռու ապրող հայ ընտանիքներուն համար դժուար է ամբողջովին պահել հայկական ընտանեկան արժէքները. օտարութեան «ազատութեան» զոհ չդառնալու եւ հայրենի արժէքներուն տէր մնալու համար Հայրիկ դարձեալ կը բարձրացնէ «Ծանիր զքեզ» սրբազան կոչը, նորապսակ զոյգերուն ըսելով՝ «դեռ գայթ ի գայթ գետնի վերայ ուղիղ քալել չը գիտես՝ ազատութեան չունին վերայ ելեր կը ճօճա՞ս, չունենալով ձեռքդ դաստիարակութեան այն ձողն ու կշիռ, որով կարենաս անկասկած խաղալ ազատութեան բարակ լարին վերայ». կը տեսնենք, թէ Հայրիկ դարձեալ կը կարեւորէ ուսումն ու կրթութիւնը. ան կը հաւատար, թէ ընտանիքները կորուստի տանող ամենէն առաջնահերթ գործօնը տգիտութիւնն ու ուսման բացակայութիւնն էր. Խրիմեան ազատութեան դէմ անձ մը չէր. «չեմ խօսիր ձեզ, որ հին թանձր քօղ ձգէք նոր հարսին գլխուն վերայ» կ՚ըսէր, սակայն միւս կողմէ կը զգուշանար նաեւ նոր աշխարհին քարոզած ազատութենէն, որ բարիքներուն կողքին ունէր նաեւ բազմաթիւ չարիքներ՝ որոնց զոհերն ենք հիմա: Պարզապէս պէտք էր կատարեալ ուսում ու գիտութիւն, աշխարհի հրամցուցած ազատութենէն առնելու համար լաւն ու օգտակարը, զանազանելու համար, թէ ո՞րն է լաւն ու բարին, որովհետեւ այդ ազատութեան հրամցուցած չարիքները յաճախ կը ներկայանան նաեւ բարիքի տեսքով եւ կը քանդեն ընտանեկան կեանքը. Հայրիկ կ՚ուզէ, որպէսզի ամէն մարդ դասեր քաղէ նման ընտանիքներէ, որոնք ազատութեան զոհը դառնալով կը կորսուին։ Ազատութիւնը լաւ բան է, սակայն պէտք է գիտակցութեամբ ու բարձր ուսմամբ մօտենալ անոր, որովհետեւ այդ ազատութեան գերին դառնալէ ետք «աշխարհի խրատ եւ Աւետարան կարող չեն քեզ վար իջուցանել» կ՚ըսէ Հայրիկ. անոր վախճանը պարզապէս կորուստն է:

Շատեր կեանքի մէջ համոզուած են, որ պէտք է ամէն բան սորվիլ փորձով. պէտք է իյնալ, որպէսզի սեփական օրինակով սորվի մարդ. սակայն ընտանեկան կեանքի պարագային Հայրիկ չ՚ուզեր նման փորձի մը գոյութիւն՝ բաւ համարելով բոլոր այն հայ ընտանիքները՝ որոնք զոհը դարձած են այդ ազատութեան:

Կարդալով Խրիմեան Հայրիկի այս գրութիւնը լաւապէս պէտք է հասկնանք, որ Հայրիկ լաւապէս տեղեակ էր Եւրոպայի եւ կամ այլ «ազատ» երկիրներու մէջ տիրող ապրելակերպին մասին. Հայրիկ կ՚ուզէր, որ իր ժողովուրդը եւս այդ ազատութեան բարիքներէն օգտուի, սակայն միւս կողմէ լաւապէս կը գիտակցէր, որ պէտք է այդ մէկը ամենայն ճիշդ ձեւով փոխանցել ժողովուրդին, այլապէս դէպի դրական առաջնորդուելու փոխարէն հայ ընտանիքը պիտի նահանջէ. Հայրիկ հինին մէջ կը տեսնէր սխալներ եւ կը գիտակցէր, որ պէտք է սրբագրել զանոնք, սակայն միւս կողմէ կը «վախնար» դրական կարծուած վատը հայ ընտանիքներէն ներս մուտք գործելով կորսնցնէր նաեւ հինին լաւ կողմերը:

Հայրիկ այս գլուխը կոչած էր «Կոչումն հարսին եւ փեսային» եւ ինչպէս կը տեսնէք Հայրիկ ո՛չ հարսին կատարելիք տնային աշխատանքներուն եւ ո՛չ ալ փեսային նիւթաբեր աշխատութեան մասին ակնարկութիւն կ՚ընէ, որովհետեւ անոնց հիմնական կոչումը ընտանեկան սիւնը ամուր պահել է. այո, նիւթականի մասին խօսելով Հայրիկ կը կարեւորէ այդ մէկը եւս, ըսելով թէ նիւթական խնդիրները ընտանիքը կրնայ կորուստի տանիլ, սակայն կան աւելի առաջնահերթ արժէքներ, որոնք դրամով անգամ կարելի չէ փրկել: Առաջին ու հիմնական կոչումը ընտանիք հասկացողութիւնը լաւապէս հասկնալ ու ըմբռնել է: Այդ հասկացողութեան համար է, որ Հայրիկ կ՚ըսէ. «Երանի՜ թէ մտախոհ լինելով ճանչնային թէ յո՞ր կոչումն նուիրուած են, թէ ի՞նչ նպատակ ունի մարդոյն ամուսնութեան կեանքը»:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար արաբները շատ թէյ կը խմեն:

Պատասխան.  Արաբական մշակոյթի մէջ թէյը ունի իր կարեւոր տեղը։ Առաջին հերթին թէյը հիւրընկալութեան խորհրդանիշ է եւ հետեւաբար թէյ մատուցանելը յարգանքի արտայայտութիւն է: Թէյը խմելու կողքին կարեւորութիւն ունի նաեւ թէյի պատրաստման «ծէս»ը, որ արաբներու համար բարեկամութիւն ու համերաշխութիւն կը խորհրդանշէ: Թէյը կը մեղմէ եւ կը պայքարի տաք կլիմային պատճառած յոգնածութեան դէմ: Այս բոլորը միատեղ թէյը արաբական մշակոյթին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ, դարձնելով անոնց կեանքի բնական մէկ մասը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024