ՄԵՐ ԱՆՏԱՐԱԿՈՅՍ ՎԻՃԱԿԸ

Շնորհիւ արդի արուեստագիտութեան ընծայած «բարիք»ներուն, այսօր բոլորը դարձած են գրողներ, բոլորը դարձած են քարոզիչներ ու քաղաքագէտներ, ինչու չէ նաեւ փիլիսոփաներ, որոնք առանց հասկնալու կրնան գրել եւ խօսիլ ամէ՛ն բանի մասին, որ կրնաք ձեր միտքէն անցընել:

Այսօր ինծի նման շատեր այդ փիլիսոփաներուն խեղճութիւնը չտեսնելու, քիչ մը գիտցած հայերէնը չմոռնալու համար կը փորձէ հեռու մնալ ընկերային ցանցերէն, ուր փիլիսոփայութեան կողքին մայրենի լեզուն կը ցեղասպանուի՝ իր քերականութեամբ եւ ուղղագրութեամբ:

Հաւանաբար նման մարդոց համար աւելի քան դար մը առաջ Յակոբ Պարոնեան կ՚ըսէր. «Ես գիտեմ բառերը տակ տակի եւ քով քովի ալ շարելու արուեստը», որովհետեւ իրապէս մարդիկ կը կարծեն, թէ կրնան գրող կամ բանախօս դառնալ իրենց գիտցած ու չգիտցած բառերը քով քովի բերելով՝ առանց իմաստներու նշանակութեան, միայն թէ ականջին սիրուն հնչէ:

Այդ խորիմաստ փիլիսոփայութենէն օրինակ մը տամ եւ ձգեմ, որ մասնագէտներ անոր վերլուծութիւնը կատարեն. միջահասակ հայ կին մը կը գրէր. «Եթէ ես ինքնաշարժս կը սիրեմ եւ կը յարգեմ, բայց այդքան ալ պէտք է ճամբուս վրայ մարդիկները յարգեմ, որովհետեւ արագ քշելը բան մը չէ». ահաւասիկ կեանքի խոր փիլիսոփայութիւն մը՝ որ մարդուս քունը նոյնիսկ կը խանգարէ եւ պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդ հարցականի տակ դնէ իր «իմացութիւն»ը՝ այդ առասպելը չհասկնալու պատճառով:

Ինչքա՜ն հաճոյքով կարդացած եմ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Բանբեր» շաբաթաթերթի շաբաթ, 15 ապրիլ, 1933-ի թիւին 11-րդ էջին մէջ հրատարակուած Վահրամ Բարունիի «Սրտիս խորերէն» խորագրեալ «յօդուած»ը, ուր գրողը պատահական բառեր քով քովի դնելով կը փորձէ այդ փիլիսոփաներուն նման միտքեր արտայայտել:

Վահրամ Բարունի իր քնարական գրութիւնը կը սկսի հետեւեալ տողերով.-

«Հոգիս կը շողայ խաւարին մէջ: Խաւարին մէջ հոգի: Հոգիի մէջ խաւար: Գլուխդ կը շողայ պարապին մէջ: Պարապի մէջ գլուխ: Գլուխի մէջ պարապ...: Ես ուղեղիս կը նայիմ հոգիի աչքերով եւ կու լամ: Ուղեղս քիթիս կը նայի հիացած ու կը խնդայ: Լացող աչքեր: Խնդացող քիթ»:

Գրողին մուսան աւելի առաջ երթալով կը սկսի հրապարակախօս դառնալ.

«Ծառերուն մէջ խաչուած սոխակներ չկան. չեն կրնար ըլլալ: Սոխակը անմահ է: Գիտե՞ս թէ ինչ է անմահութիւնը: Ո՛չ, վստահ թէ չես գիտեր: Անմահութիւնը ա՛յն է, որ ես ու դուն աշխատինք միտքերու ու սիրտեր բարձրացնելու, որովհետեւ բարձրը անմահ է»:

Վահրամ Բարունի ի՞նչ նպատակով գրած է... կրնա՞յ ըլլալ այս մէկը որպէս լուրջ յօդուած ու մտածումներ տպած է. չե՛մ գիտեր, սակայն մեր ժողովուրդին իմացական աշխարհը այսօր տարբեր պատկեր մը չի՛ ներկայացներ. չե՛ն ուզեր սորվիլ, կ՚ուզեն սորվեցնել. չե՛ն ուզեր լսել՝ կ՚ուզեն լսել տալ անդադար:

Վերջին տասնամեակին մեր կեանք մուտք գործած հայերէն երգերու մեծամասնութիւնը դիպուածական բառերու շարան մըն է, որովհետեւ գոյութիւն ունի այն կարծիքը, որ բոլոր տողերը եթէ վերջանան նոյն վանկով՝ կը դառնան բանաստեղծութիւն:

Այս սանձարձակ ազատութիւնը պատճառ դարձաւ, որ մեր իրականութենէն կամաց կամաց հեռանայ մտաւորականութիւնը, որ կայ ու չկայի մէջ է այսօր. այդ անհաւասար ազատութիւնը պատճառ դարձաւ, որ տեղ մը նոյնանայ մտաւորականն ու բանուորը, գրագէտն ու կօշկակարը եւ այսպիսով կամաց կամաց խամրեցաւ մտաւորականութիւնը մեր մէջ:

Յիշեցէ՛ք, հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ առաջին անգամ թիրախ դարձաւ հայ մտաւորականութիւնը, որովհետեւ ազգի մը ապագան ղեկավարներէն ու առաջնորդներէն աւելի կախեալ է իր մտաւորականութենէն, որովհետեւ բնութեան օրէնքին համաձայն ինչ որ ցանես՝ այն կը հնձես. այսօր մեր շուրջ միայն տգիտութիւն եւ այլանդակութիւն է, որ կը սերմանուի եւ հետեւաբար զարմանալի չէ, որ մեր յետագայ սերունդը եւս դառնայ այլանդակ ու տգէտ: 

Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայորդիներէն շատեր, մանաւանդ Եւրոպա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գտնուող միջահասակներ, որոնք Միջին Արեւելքէն մեկնած են այդտեղ, կը կարծեն, թէ գերեզմանացած բառերով հայերէն խօսելով կրնան գնահատանքն ու համակրանքը շահիլ շրջապատի:

Անցեալ շաբթուան ընթացքին երկու հայերու խօսակցութեան ականջալուր եղայ. անոնցմէ առաջինը միւսին կ՚ըսէր. «ես երբեք չեմ սիրեր յոխորտանալ». երկրորդը զարմացած ու հարցական հարց կու տար, թէ ինչ  կը նշանակէ յոխորտանալ: Մեր Զարթօնքի գրողները՝ Խաչատուր Աբովեանէն սկսեալ ջանք չխնայեցին, որպէսզի լեզուն պարզ ու հասկնալի դարձնեն։ Ի՞նչ օգուտ եթէ գրեմ «փառաբարանին շաւիղը իստակ» էր ու մարդ չհասկնայ. ի՞նչ օգուտ գրեմ «Յակոբը փակուխ, սակայն դէմքով ականակիտ է»: Հայապահպանութեան մակարդակը ո՛չ թէ գործածուած ծանր բառերուն, այլ անոր մաքրութեան ու ճշդութեան մէջ է: Պէտք է հասկնալ, որ հայրենասէր ըլլալու համար պայման չէ՛ Ինտրա դառնալ. Թումանեան աւելի պակաս հայրենասէր չէ՛ քան Ինտրան, սակայն կարդացէք ու տեսէ՛ք իր, Շիրազի, Պարոյր Սեւակի եւ այլոց պարզութիւնը:

Ու այս բոլորին դիմաց կը յիշեմ այն կինը, որ մտահոգուած կ՚ըսէր, թէ «ժողովուրդը անտարակոյս վիճակի մէջ է...». փաստօրէն մեր վիճակը իրապէ՛ս ալ անտարակոյս է այսօր:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆ
(1926-2019)

Մեր թուականէն 96 տարիներ առաջ՝ 26 մայիս 1926-ին Պոլսոյ մէջ ծնած է գիտնական, իրաւագէտ եւ պատմաբան Վահագն Տատրեան:

Տատրեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի մէջ եւ ապա ընդունուած է Պերլինի համալսարանի թուրաբանութեան բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք անցած է Վիեննայի համալսարան՝ որպէս պատմութեան բաժնի ուսանող: Երկու համալսարաններէն ներս ուսում ստանալէ ետք ընդունուած է Ցիւրիխի համալսարան՝ հետեւելու միջազգային իրաւունքի դասընթացքներուն:

Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք մենած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր զբաղած է ուսուցչութեամբ. 1970-1991 թուականներուն ընկերաբանութիւն դասաւանդած է Նիւ Եորքի համլսարանէն ներս: Միաժամանակ Տատրեան եղած է յայտնի Հարուըրտ համալսարանի Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու կենդրոնի գիտաշխատող:

Տատրեան եղած է Գանատայի Զօրեան հիմնարկի ցեղասպանութեան հետազօտութեան ծրագիրի գիտական տնօրէն:

Տատրեան հեղինակ է հայերէն եւ անգլերէն բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու. անոր գործերը հայերէնի եւ անգլերէնի կողքին հրատարակուած են նաեւ ֆրանսերէն, յունարէն, գերմաներէն եւ այլ լեզուներով: Պատմաբանը հսկայական ուսումնասիրութիւն կատարած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի, ինչպէս նաեւ հայկական ցեղասպանութեան վերաբերեալ. անոր յայտնի գործերէն են «Հայկական ցեղասպանութիւնը խորհրդարանային եւ պատմագիտական քննարկումներով», «Ցեղասպանութիւնը որպէս ազգային եւ միջազգային իրաւունքի հիմնահարց» եւ այլ աշխատութիւններ:

Շնորհիւ իր վաստակին, Տատրեան 1998 թուականին արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի շքանշաններուն. 2005 թուականին ստացած է «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանը, ինչպէս նաեւ արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ոսկէ մետայլին:

Պատմաբանը մահացած է 2 օգոստոս 2019-ին, Նիւ Եորքի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2022