ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄՈԶՈՒՄ

Անհատը կ՚ապրի ծանօթներու եւ անծանօթներու միջավայրի մը մէջ՝ զոր սովորաբար կը կոչուի «ընկերութիւն»։ Այս շրջանակը կամ միջավայրը, այսինքն ընկերութիւնը մարդոց արարքներուն եւ ընդհանուր ընթացքին օրինաւորութիւնը եւ պատշաճութիւնը հաստատող եւ կամ ժխտող հակասութիւններ ունի. զանոնք «օրէնք» անուանել թերեւս զօրաւոր կերպով որակել պիտի ըլլար։ Այս ըմբռնումները կրնան մարդուս սխալ կամ անիրաւ թուիլ, բայց մարդ ուզէ կամ չուզէ, ինքնաբերաբար զանոնք նկատի կ՚առնէ, ի մտի կ՚ունենայ, եւ ստիպուած անհրաժեշտութիւնը կը զգայ հանրութեան դիտողութիւններուն, քննադատութիւններուն կարեւորութիւն տալու։

Անհատը ազատ եւ անկախ չէ իր միջավայրէն՝ ընկերութենէն։ Եւ այս իմաստով, իր շուրջիններուն, մանաւանդ մեծամասնութեան մը գաղափարներուն, դիտողութիւններուն բնաւ կարեւորութիւն չտուող մարդը՝ քիչ մը «անբնական» կամ «տարօրինակ» արարած կը նկատուի։ Գէթ ինքնակեդրոն, յաւակնոտ եւ կամ ինքնահաւան, մեծամիտ կը կոչուի ուրիշներու գաղափարներուն կարեւորութիւն չտուող մարդը, եւ այդպէս կը դատուի, այդպէս կը ճանչցուի իր ամբողջ շարժումները եւ արարքները։

Անհատ մը, ընկերութեան մէջ ի՛նչ իրաւունքներ եւ որքան ազատութիւն ունի, պէտք է գիտնայ, որ նո՛յնը ունի ուրիշ անհատ մը։ Եւ երբ ամէն անհատ նոյն իրաւունքները եւ նոյնքան ազատութիւն ունի, այս կը նշանակէ, որ իրաւունքի եւ ազատութեան բնական սահմանն է «ուրիշ»ին իրաւունքը եւ ազատութիւնը։

Մարդուս ապրելու եղանակներուն, եւ ասոնցմէ աւելի կարեւոր եւ կենսական սկզբունքներու մասին «ուրիշ»ներուն, եւ մանաւանդ հմուտ, հեղինակաւոր եւ զարգացած, փորձառու անձերու գաղափարները, կարծիքները նկատի կ՚առնուին քիչ եւ շատ, եւ յայտնապէս կամ լռելեայն, անոնց համեմատ ընթացք կը տրուի թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական կեանքի մէջ։ Շատ բնական եւ բանական է ասիկա։

Այս մասին պէտք չէ մոռնալ, որ անհատի մը նկատմամբ «ուրիշ»ը՝ իր «նմա՛ն»ն է։

Սխալ չէ այն խօսքը եւ կարծիքը՝ թէ մարդս մարդու հայելին է։ Ուրեմն, քննադատուելու եւ դատապարտուելու վախը կը զգուշացնէ մարդը իր կարգ մը կասկածելի բնոյթ ունեցող արարքներու միջոցին, քանի որ դիրք մը ունեցող եւ պատուախնդիր մարդը գայթակղութիւն եւ իր մասին յուսախաբութիւն ստեղծելէ կը սոսկայ։

Այսպէս, «հանրային կարծիք»ը կը կառավարէ մարդուս կարգ մը սովորութիւնները եւ արարքները։ Մարդ պէտք է նկատի ունենայ հանրային կարծիքը երբ ինքզինք անսահման ազատ կը զգայ։

Բայց ի՞նչ է «հանրային կարծիք»ը։

Մարդ բանաւոր էակ մըն է. դատողութեան կարողութեամբ օժտուած է եւ այդ դատողութեան հետեւանքով համոզումներ կը գոյացնէ։

Բայց իր համոզումներուն ուրիշներ համակերպելու, համաձայնելու ո՞րքան պարտաւորութիւն ունին, քանի որ ամէն անձ իր կարգին համոզում գոյացնելու իրաւունքը եւ ազատութիւնը ունի։

«Անհատական, ընկերային եւ ընտանեկան սովորութիւններու եւ պարտականութիւններու մասին հանրութեան որդեգրած եւ ընդունած գաղափարն է հանրային կարծիքը»։

Հասարակաց մի՛տքն է հանրային կարծիքը։

Կրթական, բարոյական, տնտեսական եւ կամ քաղաքական մարզերու մէջ մեծամասնութեան մը հաւանած ուղղութիւնն է հանրային կարծիքը։

Եւ աւելի մանրամասնելով, հանրային կարծիքը, ինչպէս կենցաղագիտութեան եւ ընկերային յարաբերութիւններու նման հարցերու, նմանապէս ուղղամտութեան, ճշմարտախօսութեան, պարկեշտութեան, պատիւի, աշխատանքի, ուսնական եւ ծնողական պարտականութիւններու եւ անոնց նման բազմաթիւ ընկերային եւ բարոյական խնդիրներու մասին միջավայրին աւանդաբար ընդունած եւ գործադրած ուղեգի՛ծն է հանրային կարծիքը։

Մէկ խօսքով, «դատաւոր» մըն է հանրային կարծիքը, որ մարդուս քալելուն, շարժելուն, հագուելուն եւ խօսելուն նման երկրորդական արարքներէն սկսեալ, կեանքին ամենէն լուրջ եւ կենսական սկզբունքներու մասին մարդոց ունեցած ընթացքը, քննելու եւ դատելու ինքնակոչ պաշտօնը ունի։

Եւ պէտք է ընդունիլ, թէ այս հանրային կարծիքը «բռնապետ» մը նկատուի թէ «իմաստուն առաջնորդ» մը, որոշ չափով կը կառավարէ եւ ընթացք կ՚որոշէ մարդուս շարժումներուն։ Աւելի ընդհանրացնելով, հանրային կարծիքը մարդուս կեանքին ընթացքը կ՚ուղղէ։

Կան մարդիկ որ սապէս կը խորհին. «Ես ունիմ իմ դատողութիւնս եւ պատիւս, որոնց ցուցմունքին համեմատ կը շարժիմ անձնական գործիս, ընտանեկան կեանքիս եւ հանրային գործունէութիւններուս մէջ, եւ ա՛յսպէս կ՚ապրիմ, եւ այսպէս ըրած ըլլալուս համար ցարդ զղջալու պատճառ մը չեմ ունեցած։ Ես հանրային կարծիք ըսուած գաղափարին կարեւորութիւն չեմ տար…»։

Այսպէս կրնան խորհիլ ոմանք, բայց պէտք է խորհին նաեւ թէ՝ անհատի մը համար կարելի՞ է ապրիլ բոլորովին անջատ ընկերութենէն։ Ո՛չ ոք կրնայ ապրիլ բոլորովին անջատուած հաւաքականութենէն, քանի որ մարդ էակը ընկերային էակ մըն է եւ ստեղծուած է ընկերային միջավայրի մը մէջ գոյատեւելու իր կեանքը։

Հոս պէտք է աւելցնել, թէ հանրային կարծիքը կրնայ ըլլալ առողջ եւ ուժեղ, նաեւ՝ ախտաժէտ եւ տկա՛ր։ Առողջ հանրային կարծիքն է, որ անհատական գործերու մէջ հակակշռի դերը կը կատարէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 22, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2020