ԱՌՑԱ՞ՆՑ ԱՇԽԱՏԻԼ, ԹԷ՞ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՄԷՋ

Այնպէս կը թուի, որ հեռակայ, առցանց աշխատանքը, գոնէ մասամբ, այլեւս մնայուն բնոյթ պիտի ստանայ, բայց աշխարհի ամենէն մեծ ընկերութիւններու սեփականատէրեր, տնօրէններ եւ պատասխանատուներ հետզհետէ աւելի ու աւելի կը խօսին պաշտօնեաները գրասենեակներ վերադարձնելու անհրաժեշտութեան մասին: Ամէն պարագայի, պէտք է ընդունիլ, որ համաճարակէն ետք մարդոց մօտեցումները, ակնկալութիւնները, պատրաստակամութիւնը, համբերութիւնը եւ այլն, այլեւս նոյնը չեն, աշխատանքը առցանց ըլլայ, կամ գրասենեկային:

«Պի.Պի.Սի. Ֆիւչըր» կայքէջը այս մասին հրապարակած է յօդուած մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ:

*

ԳՈՐԾԱՏԷՐԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ Կ՚ՈՒԶԵՆ, ՈՐ ՄԵՆՔ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆՔ

Երբ բնակչութիւնը եւ բազմաթիւ երկիրներ կը պատրաստուին բնականոն կեանքի մը վերադառնալու, այն ընկերութիւնները, որոնք անցեալ տարուան ընթացքին հարկադրուած եղան աշխատիլ հեռակայ՝ առցանց դրութեամբ, այժմ բարդ որոշումի առջեւ կանգնած են:

Գործատէրերը, տնօրէնները աշխատողները տան մէ՞ջ ձգեն, թէ՞ բոլորը ետ բերեն գրասենեակ, կամ միջին լուծում մը գտնեն:

Գործատէրերը տարբեր ձեւերով կը պատասխանեն: Ոմանք անմիջապէս նշած են բոլորովին նոր աշխատանքային աշխարհ մը, ինչպիսին է թղթածրարներու Տրոփպոքս ծառայութիւնը, որ 2020 թուականին վիրչուըլ դարձած էր՝ մատնանշելով «ճկուն աշխատանքային օրերու» եւ «աշխատողներու փորձառութեան» առաւելութիւնները:

Բայց միւսները, ինչպէս՝ Ֆէյսպուքի եւ ապահովագրական Աւիւա արհեստագիտական հսկան, կը նախընտրեն «խառն» ձեւը՝ աշխատողներու համար առաջարկելով աւելի մեծ ճկունութիւն եւ անկախութիւն՝ պահպանելով որոշ կառոյցներ:

Այդուհանդերձ, որոշ գործարարներ, մասնաւորապէս՝ ելեւմտական ճարտարարուեստի ասպարէզին մէջ, կ՚ենթադրեն, որ հեռակայ աշխատանքի երկարատեւ դերը գերագնահատուած է, եւ թէ՝ գրասենեակը կը շարունակէ ծառայել որպէս կարեւոր կառոյց: «Ասիկա նոր բնականոնը չէ», ըսաւ «Կոլտման սաչ»ի գործադիր տնօրէն Տէյվիտ Սոլոմոն խորհրդաժողովի մը ընթացքին: Ան աւելցուց. «Ասիկա շեղում մըն է, որ մենք կը պատրաստուինք ուղղել, որքան կարելի է արագ»:

«Պարքլէյզ»ի գործադիր տնօրէն Ճես Սթէյլի նման տրամադրութիւններ արտայայտեց՝ նկարագրելով հեռակայ աշխատանքը՝ որպէս կարճատեւ միջոց, որ կայուն չէր:

Յետհամաճարակային աշխատանքային աշխարհի կառոյցը, ուրեմն, կը մնայ օդին մէջ՝ հակառակ պաշտօնեաներու որոշ ենթադրութիւններուն, որ գրասենեկային կեանքը ընդմիշտ փոխուած է:

Թերեւս դժուար ըլլայ գիտնալ, թէ որոշ ի՛նչ գործառոյթ կրնայ ընտրել անհատ գործատէրը, երբ գայ ժամանակը, բայց հասկնալը, թէ ինչո՛ւ կարծիքները այդքան բազմազան են, ինչո՛ւ կարգ մը ասպարէզներու գործարարները կ՚ուզեն, որ պաշտօնեաները տունը մնան, կրնայ օգնել պաշտօնեաներուն պատրաստուելու ապագայի մը, որ կրնայ ունենալ այլ տեսք, քան անոնք կանխատեսած էին:

«ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԻՏԷԱԼԱԿԱՆ ՉԷ»

Ելեւմտական հատուածի նահանջը նկատելիօրէն ի յայտ եկաւ վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին:

Սոլոմոն ըսաւ, որ ներդրումային դրամատունը, որուն վրայ այժմ կեդրոնացուցած է իր ուշադրութիւնը, 2020 թուականին աշխատած է գրասենեակին մէջ «մեր պաշտօնեաներու 10 առ հարիւրէն նուազ թիւով»:

Բայց հակառակ ընդունելուն, որ համաճարակը նպաստած է թուայնացման՝ ստեղծելով առեւտուրի աւելի արդիւնաւէտ ձեւեր, «Կոլտման սաչ»ի գործադիր տնօրէնը մտավախութիւն յայտնեց համագործակցութեան վրայ ազդեցութեան եւ ընկերութեան երեք հազար սկսնակ նոր պաշտօնեաներուն վերաբերեալ:

«Ես կը կարծեմ, որ մեզի նման ընկերութեան համար, որ նորարարական, համագործակցային մշակոյթ է, ասիկա մեզի համար իտէալական չէ», բացատրեց ան:

«Պարքլէյզ»ի գործադիր տնօրէն Ճես Սթէյլի ըսաւ. «Ուշագրաւ է, որ հեռակայ աշխատանքը լաւ գործած է»: Համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողովին Սթէյլի նշեց, որ յառաջ ընթանալով՝ ինք մտահոգութիւններ ունի: «Աւելի ու աւելի մեծ մարտահրաւէր պիտի ըլլայ պահպանել մշակոյթը եւ համագործակցութիւնը, որոնք այս մեծ գանձատրական հիմնարկները կը ձգտին ունենալ եւ պէտք է ունենան»:

«ՃՓՄորկըն Չէյս» ընկերութեան պատասխանատուներէն Մերի Էրտոյս իր կարգին մտահոգութիւններ յայտնեց հեռակայ աշխատանքի երկարատեւ ազդեցութեան առընչութեամբ: «Խայտառակութիւն է: Դժուար է: Ատիկա կը պահանջէ մեծ ներքին ուժ եւ կայունութիւն՝ առանց այն ներուժին, որ դուք կը ստանաք այլ մարդոց կողքին ըլլալէն», ըսաւ ան:

Պարզ է, որ գործարարները եւ պաշտօնեաները այժմ շատ աւելի բան գիտեն հեռակայ աշխատանքի մասին, քան՝ համաճարակը սկսած ատեն:

Թէեւ բոլորը կը գիտակցին, որ կան դրական կողմեր, ինչպէս՝ աշխատողներու համար աւելի շատ ճկունութիւն եւ գործատուներու համար աւելի ցած փոխադրամիջոցային ծախսեր, մտահոգութիւնները նոյնպէս շատ են այն մասին, թէ ի՛նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ հեռակայ աշխատանքը՝ վստահութեան, ընկերային մշակոյթի, երիտասարդներու ասպարէզի յառաջընթացի եւ աշխատակիցներու համագործակցութեան վրայ: Իւրաքանչիւր ընկերութիւն ուշադիր կը գնահատէ իրեն համար լաւագոյն ուղին:

Ապագայի վրայ կեդրոնացած աշխատանքի ուսումնասիրութիւն մը կը նշէ, որ հեռակայ աշխատելու աւելի ընդհանրացած ընդդիմութիւնը կը բխի «հին դպրոցի» տեսանկիւնէն «աւելի հին, կաղապարուած ղեկավարներու» կողմէ:

«Անոնք ունին նստատեղերու մտածելակերպ: Պատասխանատուները, տնօրէնները չեն վստահիր, որ պաշտօնեաները անխափան կ՚աշխատին: Յատկապէս ներդրումներու մէջ, որոնք շատ չափորոշիչ են, կը մտահոգուին, որ պաշտօնեաները չեն աշխատիր», կ՚ըսուի ուսումնասիրութեան մէջ:

Բայց նոյնպէս կը նշուի, որ խորհրդատուութեան դերը աւելի կարեւոր է դրամական հարցերու մէջ՝ համեմատած արհեստագիտական ասպարէզի մէջ աւելի ազատ մօտեցման հետ, որ կրնայ գործուն հանդիսանալ: Շատ դժուար է նոր պաշտօնեաներ ունենալ կամ միջանցքներուն եւ վերելակներուն մէջ խորհրդատուութեան կարիք ունեցող երիտասարդ աշխատակիցներ պատրաստել: Վիրչուըլ կրկնօրինակելու միջոց չէ գտնուած:

Սթենֆորտի համալսարանի կառավարման մասնագէտ եւ տնտեսագիտութեան դասախօս փրոֆ. Նիքոլաս Պլում կը խորհի, որ գանձատրումներու արդիւնաբերութեան մէջ մտածողութիւնը հիմնուած է ընկերային մշակոյթի եւ պաշտօնեաներու աշխատանքի ներքին մղումի պահպանման վրայ: «Աշխատանքային մշակոյթի վրայ այս շեշտը պայմանաւորուած է ժառանգական կազմակերպութիւններու մէջ առաւել տարածուած «վերէն վար» նուիրապետութիւններով: Անոնք չեն ուզեր դարձդարձիկ աշխատողներ: Եւ անոնք չեն ուզեր, որ յունական սրճարանէն կամ Թայլանտի ծովեզերեայ հանգստավայրէն արձանագրութիւններ կատարեն աշխատակիցները», կ՚աւելցնէ ան:

Արտադրողականութեան նուազում՝ տարածքի եւ անձնական կեանքի ներկայիս բացակայութեան պատճառով, իսկ ծնողներու համար՝ երեխաներու ներկայութիւն, անպաշտօն փոխազդեցութիւններու կորուստ, որոնք թոյլ կու տան ստեղծագործել՝ եւ աշխատողներու մտաւոր բեռը միշտ ստիպուած պէտք է թուայնացած ըլլայ:

«ԿԸ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆԱՑՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ՔԱՐՈԶԱԾԸ»

Այդուհանդերձ, արհեստագիտութեան յառաջատար ձայները կ՚աջակցին հեռակայ աշխատանքին եւ այն առաւելութիւններուն, որոնք ատիկա կը բերէ համաճարակի բաւական կանուխ շրջանէն: Անոնք կը նշեն այն փաստը, որ տունէն աշխատիլը կրնայ յանգեցնել արտադրողականութեան բարձրացման, նոյնպէս՝ աշխատանքային եւ կեանքի աւելի լաւ հաւասարակշռութեան ապահովման, պաշտօնեաներու աւելի լայն տաղանդներ ունենալու՝ աշխատանքի ընդունման, աշխատողներու աւելի մեծ ներառականութեան եւ պահպանման համար:

Լիտծի համալսարանի մասնագէտներէն Մարք Ստթիւըրտ կ՚ըսէ, որ հեռակայ աշխատանքին ճարտարարուեստի ասպարէզին կողմէ սկիզբէն ցուցաբերուած աջակցութեան պատճառին մէկ մասն այն էր, որ բազմաթիւ ընկերութիւններ արդէն կը փորձէին այդ մէկը:

«Արհեստագիտական ընկերութիւնները, ամէն պարագայի, ատիկա կ՚ընէին: Մինչ ելեւմտական եւ այլ ասպարէզներու համար փոփոխութիւնները իրականացնելու համար աւելի շատ ջանք պէտք է, որովհետեւ ընկերութիւնները յաճախ աւելի մեծ եւ հին են», կ՚աւելցնէ ան: Համակարգիչ արտադրող «Տելլ» ընկերութեան պաշտօնեաներուն 25 առ հարիւրը համաճարակէն առաջ արդէն հեռակայ կ՚աշխատէր եւ կը պատրաստուի յետագային այդպէս շարունակել:

«Այո՛, հեռակայ աշխատանքը պիտի մնայ: Մենք չենք պատրաստուիր թելադրել այլ ընկերութիւններու, որ նոյնը ընեն, բայց այն, որ մենք հաստատաբար կը տեսնենք, այս խառն միջոցն է. աշխատանքը որեւէ իրավիճակէն պիտի շարունակուի», ըսաւ ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մայք Տել:

Ֆէյսպուքի վրայ Մարք Զիւքերպերկ նշեց, որ իր վստահութիւնը հեռակայ աշխատանքի անցնելու՝ հիմնուած է արդէն մշակուած արհեստագիտութեան վրայ: «Մենք կ՚աշխատինք հեռակայ ներկայութեան արհեստագիտութեան վրայ: Այնպէս որ, եթէ դուք երկար ատենէ կը գործածէք ՎիԱր, ԷյԱր (վիրչուըլ եւ յաւելուած իրականութիւն) եւ վիտէօ-զրոյցը, ուրեմն պէտք է հաւատաք որոշ կարողութիւններու, որ կ՚օգնէք մարդոց, որպէսզի կարողանան ընել այն, որ կ՚ուզեն, ուր որ ալ ըլլան: Կը խորհիմ, որ ասիկա կը յուշէ աշխարհայեացք, որ կը յանգեցնէ անոր, որ ժամանակի ընթացքին մարդիկ աւելի հեռակայ աշխատին», ըսաւ Մարք Զիւքերպերկ:

Քարտիֆի համալսարանի դասախօս, փրոֆ. Ֆելսթետ, որ ղեկավարեց Կալեսի խորհրդարանին կողմէ յանձնարարուած տնային առաջադրանքներու վերաբերեալ զեկոյցը, կ՚ըսէ, որ հեռակայ աշխատանքի համար լայնօրէն գովազդուող փաստերէն բացի, արհեստագիտական ճարտարարուեստը ունի ակներեւ դրդապատճառ մը եւս. շահ:

«Արհեստագիտական ընկերութիւնները ակներեւօրէն շահագրգռուած են ատոր մէջ: Ի տարբերութիւն այլ ասպարէզներու, հեռակայ աշխատանքին ձայնային աջակցութիւն ապահովելը իրենց կ՚օգնէ վաճառել իրենց արտադրութինը: Արհեստագիտական ընկերութիւնները կը կիրարկեն այն, որ կը քարոզեն», ըսաւ Ֆելսթետ:

Բայց Սթանֆորտի Պլումը նոյնպէս կը պնդէ, որ արհեստագիտական ընկերութեան օրինակելի աշխատակիցը շատ աւելի հակում ունի հեռակայ աշխատելու (պատճառներէն մէկը, թէ ինչո՛ւ ան կը հաւատայ, որ արհեստագիտութիւնը յառաջացած է տունէն աշխատելով): «Կրնաք երեւակայել, թէ ովքեր կ՚աշխատին: Անոնք 20-30 տարեկան տղամարդիկ են, որոնք ուրախ են այդպէս ընելով», կ՚ըսէ Պլում:

ԱԿՆԿԱԼԵՑԷՔ ՆՐԲԵՐԱՆԳ ՄԸ

Անշուշտ աշխատողներուն մէջ կայ ճկունութեան լայն պահանջ: Ըստ նոր հարցախոյզի մը արդիւնքներուն, մասնակցողներուն 97.6 առ հարիւրը կ՚ուզէր հեռակայ աշխատիլ, գոնէ որոշ ատեն, իրենց ասպարէզի մնացեալ ժամանակամիջոցին մէջ:

Բայց աշխատողներու վերադարձը կախուած է ձեր աշխատած հատուածէն, ձեր աշխատանքային դերէն եւ մանաւանդ ձեր շեֆին ուզածէն, կը նշեն մասնագէտներ:

«Թերթերու վերնագիրերը գրուած են հիմնական ընկերութիւններու մասին, եւ ընդհանրացնելու միտում կայ: Տարբերութիւնները գերագնահատուած են: Իրականութիւնը շատ աւելի նրբանկատ է, եւ ոչ թէ՝ ոլորտային, անիկա աւելի շատ կախուած կ՚ըլլայ մարդոց կողմէ կատարուող աշխատանքի բնոյթէն, անոնց ունեցած աշխատանքային ձեւերէն, անոնց աշխատանքային շրջագիծէն», կ՚ըսէ Սթիւըրտ:

Պատգամ. մի՛ ենթադրէք, որ հեռակայ աշխատանքը պիտի մնայ, կամ պիտի երթայ: Բայց բացառուած է, որ ըլլան արագ եւ դժուար կանոններ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021