ՄՏՔԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՇԱԿՈՒՄ

Անհրաժե՛շտ է մտքի զարգացման մշակումը ժողովուրդի մը մէջ անհատներու նկատմամբ, որպէսզի երկրի մը հանրապետական դրութիւնը ապահով եւ տեւական մնայ, ինչպէս յաճախակի կը շեշտուի։

Արդարեւ, մտքի զարգացումը կարեւոր է անհատներու համար, որովհետեւ անոր շնորհիւ է, որ ազատութիւնը կրնան գործադրել խոհականութեամբ եւ ուղղամտութեա՛մբ։ Ուստի ի՞նչ կ՚արժէ ազատութիւնը եւ իրաւունքը, երբ մարդ չի կրնար գործադրել զայն իրենց իմաստին եւ արժէքին համաձայն։ Գործիք մը օգտակար կ՚ըլլայ միայն զայն տեղին գործածող անձերու ձեռքին մէջ։ Գործիք մը եթէ զայն գործածելու կարողութիւնը եւ հմտութիւնը չունեցող, անոր արժէքին գիտակցութենէն հեռու անձերու ձեռքը ըլլայ, ոչ մէկ օգտակարութիւն կրնայ ունենալ, եւ յաճախ վնաս իսկ կրնայ պատճառել։

Այս նպատակը ի մտի ունենալու է ահաւասիկ, եւ ամէն միջոց գործածել, զանազան բարեպատեհ առիթներ ստեղծել ժողովուրդի մը չափահաս դասակարգին մէջ «հանրային կրթութիւն» տարածելու համար։ Զոր օրինակ, գիշերային դպրոցներ, ցերեկային դասաւանդութիւններ տան տիկիններու համար տեսնուած եւ գործադրուած են զանազան ժամանակներու՝ տարբեր դրութիւններու մէջ։ Այս ուղղութեամբ թափուած ջանքերը եւ տնօրինուած կարգադրութիւնները ուշագրաւ են, նաեւ քաջալերակա՛ն։ Անշուշտ «հանրային զարգացման» գործին մէջ բաղձալի է, որ աւելի գնահատուին կրթասէրներ, եւ անոնց կողմէ ձեռք առնուած թանկագին գործունէութիւնը։

Բայց պէտք չէ մոռնալ, թէ դպրոցէ եւ դասէ զատ «ինքնազարգացման» ուրիշ միջոց մըն ալ կայ, որ իւրաքանչիւր անհատ պարտի օգտագործել, եւ ան «ընթերցանութի՛ւն»ն է։ Եւ քանի որ գիտութիւնը, զարգացումը չափ ու սահման չունի, ապա ուրեմն ամէն մարդու համար միշտ օգտագործելի միջոց մըն է ընթերցանութիւնը։ Անշուշտ այն պայմանով որ, ընթերցանութեան նիւթը լաւ ընտրուի, օգտակարը զանազանուի վնասակարէն։

«Վնասակար ընթերցանութիւն» կարելի՞ է. կարելի է մանաւանդ երբ ընթերցանութիւնը պարզապէս ժամանակի վատնում մը կը պատճառէ։ Այն ընթերցումները որոնք սնամէջ են, որեւէ օգտակարութիւն չեն ընծայեր ընթերցողին, անշուշտ որ «ժամանակի վատնում» են։ Ուստի ողջամիտ ընթերցողը գիտէ, թէ ո՛րն է օգտակարը եւ որը՝ վնասակար։

Սխալ եւ մոլորեցուցիչ տեղեկութիւններ պարունակող գիրքեր կարդալն ալ վնասակար է, քանի որ անոնք ո՛չ թէ օգուտ այլ վնաս կը պատճառեն ընթերցողին։ «Ընթերցողի գիտակցութիւն» ունենալ կարեւոր է այս տեսակէտէն։

Կեանքի փորձառութիւնը եւ անհատական վկայութիւններ ցոյց տուած են, որ որքա՜ն շատեր կան, որոնք ո՛չ դպրոց գացած են եւ ոչ ալ դասախօսութիւններու եւ մասնաւոր դասաւանդութիւններու մասնակցած, դասեր ունկնդրած, սակայն ճոխ հմտութեան պաշար են հաւաքած ամէն տեսակի տեղեկութիւններու, ամէն կարգի նիւթերու վրայ։ Անոնք մանաւանդ «մեծ մարդոց» կենսագրութիւններուն ծանօթացած են, տիպար անձերու գործունէութիւնը ուսումնասիրած, եւ աշխարհի զանազան դէպքերուն, ընկերային շարժումներուն եւ ընդհանուր անցուդարձին մասին անձնական գաղափար կազմած են՝ սոսկ «գիրք» եւ լրագիր կարդալով։ Անոնք հասած են իրենց նպատակին, քանի որ կարդալու գիտակցութիւնը ունեցած, կարդալու իմաստին եւ նպատակին համաձայն հետաքրքրութեամբ կարդացած են…։

Արդարեւ, մանկամիտ կը մնայ, մտապէս չի զարգանար այն մարդը՝ որ ստամոքսը առատօրէն կը լեցնէ կերակուրով եւ միտքը դատարկ եւ անսնունդ կը թողու։ Այս մտայնութեամբ շարժող եւ ապրող մէկը «խղճալի» վիճակ մը կը պարզէ, երբ որեւէ խմբակի մէջ կը գտնուի՝ ընթացիկ նիւթերու, պարզ տեղեկութիւններու վրայ բառ մը իսկ խօսելու, եւ կամ պարզ գաղափար մը յայտնելու համարձակութիւնը չունի, որովհետեւ, թերեւս անոնց քսակը, գրպանը եւ ստամոքսը լեցուն է, բայց միտքը բաւարար գիտութեամբ չէ լեցուած՝ մտային պաշար չէ հաւաքած եւ ուրեմն յայտնելիք որեւէ գաղափար եւ տեսակէտ չէ ունեցած։ Անշուշտ որ ո՛չ մէկ մարդու միտքը պարապ է, բայց երբ բաւարար եւ օգտակար, օգտագործելի գիտելիք եւ տեղեկութիւններ կը պակսին, մարդ չի կրնար նաեւ գաղափար կազմել, տեսակէտ յայտնել։ Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս պատճառով է, որ կ՚ըսուի, թէ մարդ գաղափար ունենալու եւ տեսակէտ յայտնելու համար պէտք է նախ նուազագոյն տեղեկութիւն եւ գիտութիւն ունենայ այդ մասին։

Հոս մատնանշել պէտք է որ յատկապէ՛ս պէտք է զանազանուի եւ իրար չշփոթուի «մտածելու եւ խօսելու ազատութիւն»ը եւ առանց նուազագոյն գիտութեան գաղափար եւ տեսակէտ յայտնելու պարագան։ Ուստի հմտութիւն է՝ տեղին լռե՛լ եւ տեղի՛ն խօսիլ գիտնալ…։

Եւ տեւապէս կարդալ… անոնք որ «կարդալու ժամանակ չունիմ» ըսելով, եւ կամ խնայողութիւն ընելու նպատակով փոխանակ աթոռէն, կամ հանդերձէն եւ կամ խմելիքէն զրկելու իրենք զիրենք՝ միտքը կը զրկեն սնունդէ թերթ կամ գիրք կարդալէ դադրելով, թող գիտնան, թէ իրենց անձին դէմ կը մեղանչեն՝ մարմնով «մեծ», իսկ մտքով պզտի՛կ կը մնան։

Ուստի ընթերցասիրութեան ոգին պէտք է մշակել։

Ընթերցումէ դադրիլ, ընթերցանութեան նկատմամբ անտարբեր մնալ՝ մտաւորապէս սնանկանալ կը նշանակէ, սնանկութիւնը կորո՛ւստ է։

Շուրջը դիտել, խորհիլ եւ անպայմա՛ն կարդալ. այս է ճամբան ինքնազարգացման…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 25, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2019