ԲԺԻՇԿԻ ՄԸ ՏԻՊԱՐ ԿԵԱՆՔԸ

17 տարեկան երիտասարդ մը՝ Ուիլիըմ Մէքէյ կը հեռանայ տունէն համալսարան երթալու, ուսանելու համար։ Ան ունի հաւատացեալ մայր մը. բարեպաշտ եւ հաւատարիմ իր հաւատքին։ Ուիլիըմի մայրը իրեն կու տայ Սուրբ Գիրք մը՝ որուն մէջ կը գրէ իր անունը եւ Սուրբ Գիրքէն համար մը։

Երիտասարդ Ուիլիըմ կը շարունակէ իր համալսարանի ուսումը եւ որովհետեւ շատ փայլուն աշակերտ մըն է, յաջողութեամբ կ՚աւարտէ իր ուսումը եւ կը վկայուի որպէս բժիշկ։ Ան կ՚ըլլայ յաջող բժիշկ մը եւ ժամանակի ընթացքին մեծ հիւանդանոցի մը տնօրէն-բժշկապետը կը դառնայ։

Սակայն, հակառակ իր յաջողութիւններուն եւ տիրացած դիրքին, Ուիլիըմ Աստուծմէ հեռու եւ ամբարիշտ կեանք մը կ՚ապրի։ Ան բոլորովին հեռու եւ անծանօթ է հոգեւոր արժէքներու, հոգեւոր կեանքի։ Նոյնիսկ ան իր քաղաքին «անաստուածներու ակումբ»ին նախագահը կ՚ընտրուի. այն «ակումբ»ին՝ որուն անդամները զԱստուած եւ Անոր Խօսքը կ՚արհամարհէին բացայայտօրէն եւ կը հպարտանային իրենց անաստուածութեամբ։

Օր մը, հիւանդանոց կը բերուի մարդ մը՝ որ շատ վտանգաւոր արկածի մը հանդիպած է եւ մարմնին վարի մասը բոլորովին ջախջախուա՛ծ։ Բայց հակառակ իր ցաւալի վիճակին, արկածեալին դէմքին վրայ այնպիսի փայլունութիւն մը, պայծառ երեւոյթ մը եւ խաղաղութիւն մը կար, որ տքթ. Ուիլիըմ Մէքէյի ուշադրութիւնը գրաւեց։ Զարմանալի էր երեւոյթը…։

Եւ յաջող բժշկապետը իմաստ մը չկրցաւ տալ այս տարօինակ երեւոյթին։

Անյուսօրէն վիրաւորուած մարդը հարցուց վիրաբոյժին.- Կ՚ուզեմ իրականութիւնը գիտնալ, տոքթոր, ի՞նչ է վիճակս։ Ես մահէն երբեք չեմ վախնար եւ արդէն իսկ պատրա՛ստ եմ մեռնելու, որովհետեւ իմ վստահութիւնս Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչի վրայ թափած անգին արեան վրա՛յ է։ Ան Իր արեամբ իմ մեղքիս գինը վճարեց Գողգոթայի խաչին վրայ։ Գիտեմ անշուշտ թէ Փրկչիս հետ պիտի ըլլամ երբ մեռնիմ։

«Առաւելագոյնը երեք ժամ ունիս ապրելու», եղաւ վիրահատ բժիշկին պատասխանը։

Այդ փայլունութիւնը, այդ պայծառութիւնը որ կը ցոլար մահամերձ արկածեալին դէմքին վրայ, բնաւ չաղօտեցաւ այս լուրին վրայ։

«Բան մը կա՞յ որ կ՚ուզես ընենք քեզի համար», հարցուց տոքթոր Մէքէյ։

«Շնորհակալ եմ», ըսաւ մահամերձը, եւ շարունակեց. «գրպանիս մէջ շաբթականս կայ, կը խնդրեմ որ այս գումարը շուտով իմ տանտիրոջս ղրկէք եւ ըսէք իրեն, որ գիրքս ղրկէ»։

«Ի՞նչ գիրք», հարցուց վիրաբոյժը հետաքրքրութեամբ։

«Հաճիք, իրմէ գիրքս ուզեցէք, ան գիտէ՛», պատասխանեց արկածեալը։

Բժիշկը շուտով պէտք եղած կարգադրութիւնները ըրաւ, որպէսզի մարդուն փափաքը գործադրուի։ Ապա ան շարունակեց իր հիւանդներուն այցելութիւնը։ Սակայն մահամերձ մարդուն խօսքերէն ոմանք կը հնչէին ականջին մէջ. «Ես պատրա՛ստ եմ… գիտեմ որ Տէր Յիսուսի հետ պիտի ըլլամ»։

Մի քանի ժամ վերջ, բժիշկը վերադարձաւ մահամերձ արկածեալին գտնուած յարկը եւ երբ հարցուց իր մասին, հիւանդապահուհին ըսաւ, որ մի քանի վայրկեան առաջ ան մահացած էր։

«Ուզած գիրքը հասա՞ւ ժամանակին», հարցուց բժիշկը։ «Այո՛, մեռնելէն քիչ առաջ», պատասխանեց հիւանդապահուհին։

«Ի՞նչ էր արդեօք, դրամատան հաշուետե՞տրը»։ «Ո՛չ, այդ չէր», պատասխանեց հիւանդապահուհին. «եթէ կ՚ուզէք տեսնել, դեռ բարձին տակն է»։

Տոքթոր Մէքէյ մտաւ սենեակը եւ բարձին տակէն հանեց Սուրբ Գիրք մը։ Երբ ձեռքը առաւ գիրքը, անոր մաշած կողքը բացուեցաւ եւ հոն տեսաւ մօրը ձեռագրով գրուած իր անունը եւ համարը։ Այս այն Սուրբ Գիրքն էր, որ տարի՜ներ առաջ մայրը տուած էր իրեն, երբ համալսարան երթալու համար բաժնուած էր տունէն։

Աւա՜ղ, Մէքէյ զայն գրաւի դրած էր որ դրամ քաշէ խմիչք գնելու համար…։

Անցեալի յիշատակները գրաւեցին բժիշկին միտքը եւ սիրտը, եւ ան իր գրասենեակը գնաց, ծունկի եկաւ եւ սկսաւ աղօթել իր մօրը հաւատացած եւ պաշտած Աստուծոյն, որ ողորմի իր կորսուած հոգիին։

Մէքէյ անկեղծ զղջումով ապաշխարեց եւ ընդունեց Քրիստոսը որպէս իր Փրկիչը։

«Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսի մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է. հիները անցան եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ». (Բ ԿՈՐՆԹ. Ե 17)։

Աստուծոյ աչքը այդ Սուրբ Գիրքին վրայ էր եւ զայն վերադարձուց իր տիրոջ, որպէսզի զինք Քրիստոսի առաջնորդէ։ Բժիշկը ապաշխարելէն անմիջապէս վերջ իր հոգեւոր մօրը տեղեկացուց այդ զգայացունց լուրը։

Անտարակոյս, խեղճ կինը ծունկերուն վրայ իյնալով փառաբանեց զԱստուած, որ իր տարիներու աղօթին պատասխանելով փրկած էր իր անառակ եւ անհաւատ որդին։

Տոքթոր Մէքէյ եղաւ Աստուծոյ աւետարանիչը, քաջ քարոզիչ մը, եւ շատերը առաջնորդեց Քրիստոսի։

Ահաւասիկ բժիշկի մը տիպար կեանքը, թէ մարդ ի՛նչպէս կրնայ փոխուիլ, եթէ անդրադառնայ իր սխալին եւ նշմարէ այն պակասը իր հոգեւոր կեանքին մէջ։

Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ եւ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս եւ ուրիշներ իրենց տիպար կեանքով հաստատած են այս իրողութիւնը։

Արդարեւ, կեանքի մէջ ոչ մէկ բան ուշացած է, բաւ է որ մարդ անդրադառնայ եւ իրագործէ իր նպատակը դէպի միշտ լաւը, բարին եւ ճշմարիտը։ Հաւանաբար ամէն մարդ ունի իրեն համար աղօթող մը՝ եթէ ո՛չ մէկը, գոնէ մա՛յր մը, եւ կամ մարդ, ինք կ՚աղօթէ ուրիշի մը համար, թերեւս տարեց հայր մը, ծերունի ազգական մը, սիրեցեալ քոյր մը, եղբայր մը, եւ կամ անկեղծ գորովագութ ճշմարիտ բարեկամ մը, ընկեր մը…։

Սակայն մարդ պէտք է գիտնայ, որ ասոնցմէ շատ աւելի, Աստուած կը սիրէ, կը մտահոգուի իրեն համար. Ան՝ որ Իր Միածին Որդին ղրկեց երկինքէն երկիր իրեն համար։ Եւ ամէն մարդ ունի այդ առիթը, բաւ է որ անդրադառնայ անոր. «Աստուած հիմա ամէն տեղ կը պատուիրէ բոլոր մարդոց, որ ապաշխարեն» (ԳՈՐԾՔ. ԺԷ 30)։ Աստուած անպայմա՛ն կերպով մը՝ ուղղակի կամ անուղղակի ճամբայ մը, միջոց մը ցոյց կու տայ մարդուն եւ առիթ մը կ՚ընծայէ. կարեւորը մարդուն համար անոր անդրադառնալն է. ո՜վ գիտէ, թերեւս սա պահուս իսկ յայտնուած է այդ առիթներէն մէկը… ուշադի՛ր ըլլանք եւ օգտուինք մեզի ներկայացուած բարեպատեհ առիթներէն սիրելի՜ներ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 22, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2020