ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ ԵՒ «ՃԷՅՐԱՆ»Ը - Ա -

Ստորեւ կը ներկայացնենք Գրիգոր Զօհրապի արձակ գրութիւններէն նմոյշ մը՝ երիտասարդ փաստաբանի մը կեանքէն դրուագ մը՝ ուր կը տեսնուի, թէ ո՜րքան իրաւացի է իրեն տրուած «հայ նորավէպի իշխանը» տիտղոսը։ Ուստի հոս նկատելի է «մտածող ե՛ւ գրող»ի սքանչելի՜ մէկ գործը, որ կը ներկայացնենք բոլորովին հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։

ՃԷՅՐԱՆ

Առաջին անգամն է որ Իզմիտ կ՚երթամ։ Բայց ուղեւորութիւնը, ծովին ու ցամաքին տեսարանները չեն զբաղեցներ զիս։

Մեկնելէս ի վեր գուցէ տասներորդ անգամ կը կարդամ ոճիրին մանրամասնութիւնները պատմող պաշտօնագրերը։ Ոչ իսկ յոյսի նշոյլ մը. ամենէն անլուր ոճիրը եւ անհերքելի փաստեր. երկու պայթիւն եւ երկու դիակ մէջտեղը։ Մահաբեր գնդակներէն մէկը կը պատշաճի ամբաստանեալին զէնքին, չհաշուած դեռ անհաւատալի միամտութեամբ ամէն բան խոստովանող իր յայտարարութիւնը։

Եւ բոլորին վրայ՝ պատժական օրինագրքին կտրուկ տրամադրութիւնը, որ այս արիւնալի ողբերգութեան վրայ կը պտտի, կը սաւառնի՝ օդին մէջ կախաղան մը ձեւացնելով որ ահա աչքիս առջեւ կը տեսնեմ։

Ի՞նչ ընելու կ՚երթամ Իզմիտ…

Պաշտպանողական սովորական հնարքները աչքէ կ՚անցնեմ մէկիկ-մէկիկ։

Ուրացո՞ւմ, անօգո՛ւտ։ Յիմարութեան վերագրել ոճիրը. բոլոր հարցաքննութիւնները կը հերքեն ձրի ու անմիտ այս առարկութիւնը։ Պատժական յօդուածին վրայ խծբծա՞նք մը. բայց մարդասպանութիւնը այն յանցանքներէն չէ, որոնց սահմանը վէճ ու առարկութիւն յարուցանէ. ան կոշտ, բիրտ, յայտնի բան մըն է. դիակ մը եւ ահա ոճիրը…

Մեղմացուցիչ պարագա՞յ. բայց ոճրագործը ոստիկան մըն է։ Այո՛, մոռցայ ըսելու՝ որ այս կրկնակ մարդասպանը Սափանճայի ոստիկանութեան տասնապետն է։

Կը մտածեմ, որ զուր տեղը իմ փաստաբանի համբաւս վտանգի կ՚ենթարկեմ՝ այս անկարելի պաշտպանութիւնը ստանձնելով։ Շոգեկառքին ամբողջ արագութեամբը ստոյգ ու անկասկած պարտութեան մը դէմ կը վազեմ։ Անդիմադրելի փափաք մը կը զգամ անշշուկ ետ դառնալու…

Շոգեկառքը կը կենայ. Իզմիտ ենք ահա։ Դռնակս կը բացուի. ոստիկանութեան պաշտօնեայ մը, որ ինծի կը սպասէր քարափին վրայ, պայուսակս կ՚առնէ կը տանի, մինչ ես սրտադողիս մէջ կը վարանիմ հետեւելու։ Կը կանչեն զիս. կարելի չէ ա՛լ ետ դառնալ։ Հարիւրապետն է դիմաւորելու եկողը այս անգամ. հարիւրապետը՝ որ իր տասնապետը փրկելու համար ջանք չի խնայեր։

Վար կ՚իջնեմ ակամայ, կը հետեւիմ իրեն գլխիկոր, մոլորած գաղափարներով։

Ի՞նչ ընելու եկայ Իզմիտ։

Բանտ կ՚երթամ պաշտպանեալս տեսնելու։ Գալուստս իմացուած է ամէն կողմ. հայեր, չերքէզներ ճամբուս վրայ ուշադիր կը դիտեն զիս. չոճո՜ւխ մը՝ որ փրկութիւն կը խոստանայ Իզմիտի մեծագոյն ոճրագործին։

Գլուխները կ՚երեւցնեն, չեն հաւատար։ Նորէն կը հարցնեն իրարու.

- Ապուքա՞թ…

Բանտին դրան մէջ աղմուկը կը մեծնայ. բոլոր բանտարկեալները մէկէն՝ տեսնել կը փափաքին Պոլսէն եկող փաստաբանը։

Տեղի կուտամ անձիս հանդէպ ցուցաբերուած այս հետաքրքրութեան։

Ցնցոտի հագած մարդիկ, ամէն տարիքէ ու հասակէ, զիս կը դիտեն ճանչցողի աչքով՝ ոտքէս մինչեւ գլուխս, եւ գոհ կը մնան տեսքէս - չեմ գիտեր՝ ինչո՛ւ. ու հարցումները կը տեղան չորս կողմէն։ Ամէն ոք իր ցաւը, իր տէրտը կը բերէ։ Ամբողջ հաւաքածոյ մը. ցուցահանդէս՝ ուր պատժական օրինագիրքը կենդանի պատկերներով կը դասախօսուի։ Հասածիս չափ կը պատասխանեմ, կը յուսադրեմ։

Բայց իմ մարդս կ՚ուշանայ, նորէն կը պոռան իր անունը, որ բանտին խուլ արձագանգը կը կրկնէ, կ՚երկարեցնէ.

- Քրանտի՜ւք… Քրանտի՜ւք…

Քովիններս կը ժպտին իմ ապշութեանս վրայ, եւ բացատրեն, թէ այս տարօրինակ անունը չերքէզի պարզ անուն մըն է, անոնցմէ՝ որ հոս շուրջս ամէն վայրկեան կը լսեմ։

Վերջապէս Քրանտիւք կ՚երեւայ։ Ա՜յս մարդը, իրա՞ւ… Բայց որքա՜ն հեռու այն սարսափազդու դէմքէն՝ որ երեւակայութեանս մէջ գծեր էի։ Այս փոքրիկ, նիհար ու դալկարադէմ մա՞րդը, որ կնոջ մը ձեռքերն ու ոտքերը ունի եւ անգլիացի աղջկան մը կապոյտ աչքերը։ Լայն ուսեր, որոնք կը նեղնան իջնելով մէջքին, որ բարակ կաշի գօտի մը կը սեղմէ։ Զինուորական համազգեստ չի կրեր։ Նայուածքը անուշ ու տխուր է։

Քրանտիւք կը բացատրէ ինծի իր գործած կրկնակ մարդասպանութիւնը՝ ճակատագրին հաւատացողի մը համակերպութեամբ.

- Այս է եղեր Աստուծոյ կամքը…

Նորէն կը դիտեմ ձեռքը, հիանալով մատներուն տոհմիկ նրբութեան վրայ, չկարենալով հաւատալ որ անոնցմէ ելլէ երկու մահ միանգամայն…

Քրանտիւք մեղմաձայն կը շարունակէ իր խոստովանութիւնը, հիմա՝ որ բանտի տեսուչին սենեակը առանձին ենք։

- Նիւշը աւազակ էր,- կ՚ըսէ ինծի։

- Շատ լաւ. բայց մի՞ւսը…

- Միւսը սխալմամբ էր, ես զայն սպաննելու դիտաւորութիւն չունէի… Ճակատագիրը…

- Ինչպէ՞ս յայտնի է որ Նիւշը աւազակ էր. եւ յետոյ՝ դուն զինք ձերբակալելու պաշտօն ունէիր, ո՛չ սպաննելու։

Քրանտիւք առարկութեանս չի պատասխաներ. վերջը հարցում մը կ՚ուղղէ ինծի.

- Ի՞նչ պիտի ընեն զիս։

- Չեմ գիտեր։

- Պիտի կախե՞ն։

- Ո՛չ, ո՛չ։

Յաջորդով պիտի շարունակուի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 24, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 27, 2020