ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԾՈՒՂԱԿՆ ՈՒ ՀԱՅԵՐԸ

Ճառերու, թերթերու եւ քարոզներու ընթացքին յաճախ լսած ենք «աշխարհայնացում» բառը եւ անոր մասին հազար ու մէկ տարբեր բաներ լսած, սակայն կայ երեւոյթ մը՝ որ որպէս սխալ բոյն դրած է մեզմէ իւրաքանչիւրին միտքին մէջ. աշխարհայնացման ընթացքը ո՛չ անհոգութեան եւ ո՛չ ալ պատահականութեան արդիւնք է: Ճի՛շդ է, ամերիկացին անհոգ է սակայն այն քաղաքականութիւնը, որ Ամերիկան կ՚որդեգրէ եւ կը յաջողի ի գործ դնել եւ բանեցնել՝ լաւապէս ծրագրուած է:

Յաճախ կ՚ունենանք այն սխալ մտածումը, որ ամերիկացին ազգայնամոլ կամ ազգասէր անձ մը չէ՝ ինչպէս հայերը, թուրքերը, արաբները եւ այլն եւ այս համոզումին պատճառը մեր կողմէ կարծուած անհոգութիւնն է, սակայն այս մէկը իրականութեան չի համապատասխաներ։ Ամերիկեան քաղաքականութիւնը առաջին իսկ օրէն օտարատեաց է եւ անոր ծնունդն է համաշխարհայնացումը: Հայութեան պարագային գաղթականներու մեր առաջին խումբերը մեծապէս խնդիր էինք ամերիկեան պետութեան համար, որովհետեւ նոր գաղթած սերունդը կը շարունակէր հայախօս մնալ. կը հրատարակէր հայերէն թերթ, կը հիմնէր հայկական դպրոց, եկեղեցի, ակումբ եւ ամերիկեան մշակոյթին մաս կազմելու փոխարէն «նոր Հայաստան» մը ստեղծելու ճամբու մէջ էր:

Գաղթականներու առաջին սերունդը Ամերիկա հասած հետեւեալ երդման արարողութեամբ քաղաքացիութիւն ստացաւ. «Կ՚ուխտեմ հաւատարմութիւն դրօշակիս ու հանրապետութեան զոր կը ներկայացնէ - մէկ ազգ՝ անբաժան, ազատամատոյց եւ արդարաբաշխ»: Երդման մէջ յիշուած «մէկ ազգ»ը նոյնինքն «աշխարհայնացում»ն է, որովհետեւ առաջին իսկ օրէն Ամերիկա նպատակ ունեցած է ձուլել բոլոր օտար ազգերը եւ վերածել «մէկ»ի՝ Ամերիկայի դրօշի եւ հանրապետութեան տակ:

Գաղթականներու սկզբնական պատմութիւնը ուսումնասիրելով կը տեսնենք, թէ ինչպէս հայերէն մամուլի հրատարակութիւնը կը նեղացնէր ամերիկեան պետութիւնը, որ անպայման անգլերէն լեզուին տեղ տալ կ՚ուզէր անոնց մէջ։ 1918 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուող «Ազատ» կիսամեայ հանդէսի 3-րդ թիւին մէջ Արշակ Մահտեսեան կը մէջբերէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետութեան կողմէ հայերուն ըսուած հետեւեալ խօսքը. «Զգուշացի՛ր: Չես կրնար երկու Տէրոջ ծառայել, ոչ ալ հաւատարմութիւն ուխտել երկու հայրենիքի: Միացեալ Նահանգներ չի ստիպեր զքեզ որ քաղաքացի դառնաս: Բայց երբ կը դառնաս, կը պահանջէ քեզմէ կատարեալ հաւատարմութիւն եւ ոչ թէ կէս-կէսութիւն: Եթէ զղջացեր ես Ամերիկեան քաղաքացիութենէդ, վկայականդ վերադարձուր մեզի: Մենք կը յարգենք պատուաւոր եւ անկեղծ օտարականները, բայց սողնազգի կը նկատենք զանոնք, որ մեր քաղաքացիութիւնը կը սրբապղծեն երկդռնէութեան կեղծիքով»:

Այս մէկը միայն հայաթափութեան փորձ մը չէր. նոյնը կը պահանջուէր բոլո՛ր այն ազգի ներկայացուցիչներէն, որոնք հաստատուած էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Ներկայ սերունդի վիճակը ուսումնասիրելով կրնան եզրակացնել, որ թէեւ առաջին սերունդներուն ո՛չ, սակայն յաջորդող սերունդներու պարագային յաջողած են այդ նախապէս մտածուած ձուլումը պարտադրել եւ «մէկ»ի գաղափարը կեանքի կոչել:

Սակայն այս դժբախտ իրողութեան մէջ մենք՝ հայերս եւս ունինք մեր թերութիւնները, որովհետեւ նոյնը պարտադրուեցաւ նաեւ այլ ազգի ներկայացուցիչներուն, սակայն անոնցմէ ո՛չ ոք համակերպեցաւ եւ հեռացաւ իր ինքնութենէն՝ ինչքան հայը:

Մեր նոր սերունդը այսօր Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հայերէն չի՛ խօսիր, սակայն գացէ՛ք եւ նոյն երկիրներուն մէջ ապրող արաբներն ու թուրքերը տեսէք. օտարութեան եւ «ազատութեան» մէջ ըլլալով հանդերձ կը պահեն իրենց կրօնի բոլո՛ր պարտաւորութիւններն ու պահանջները, տան մէջ կ՚արտայայտուին իրենց մայրենի՝ արաբերէն եւ թրքերէն լեզուով եւ իրենց մտածելակերպը, ապրելակերպը ամերիկացի կամ եւրոպացի ըլլալէ առաջ կը սնուի որպէս արաբ եւ թուրք:

Յաճախ մեր ձուլումը արդարացնելու համար կը պատճառաբանենք օտարութիւնը, կը պատճառաբանենք միջոցներու չգոյութիւնը, սակայն այնպէս չէ որ նոյն դժուարութիւնը չունէր արաբը կամ թուրքը: Այս բոլորը ցոյց կու տայ, որ միջոցներու պակասէն կամ դժուարութիւններէն անկախ գոյութիւն ունեցած է կամեցողութեան ու պայքարի ոգին եւ հայը առանց զգալու ինքնակամ յանձնուած է զոհասեղանին:

Սակայն կայ այս դժբախտութեան միւս կողմը. ներկայ սերունդը լաւապէս կը գիտակցի, որ սերունդ առ սերունդ այդ կորուստը աւելի բացայայտ կը դառնայ. նոյնին գիտակցութիւնը ունին Եւրոպայի կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «ղեկավար»ի պաշտօն ստանձնողները, սակայն կանխումի համար կարծես ոչ մէկ գործ կը կատարուի. բոլորն ալ լուռ վիճակով կը դիտեն ընկղմիլը այն նաւուն՝ որ հայրենասիրութիւն եւ հայութիւն կը կոչուի:

Աւելի քան երբեք այսօ՛ր է որ գոյութիւն ունի նիւթական ամէն հնարաւորութիւնը առաջքը առնելու այս բոլորին, սակայն մեր հարցը նիւթականը չէ. մեր հարցը մե՛նք ենք՝ մեր անհոգութիւնն ու չկամութիւնն է:

Մենք մեզ կը համոզենք վերջապէս... հայ ըլլալու համար հայերէն խօսի՞լ պէտք է գիտնալ. հիմնականը հոգիո՛վ հայ ըլլալն է: Ամէն բանի նիւթականը կարեւորող մեր ազգը չես գիտեր ինչպէ՞ս հայրենասիրութեան համար յանկարծ հոգեկանին կը դիմէ...

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -179-

Պատահականութեամբ համացանցի մէջ հանդիպեցայ հայկական վարժարանի էջին. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ գտնուող հայկական վարժարան մըն էր:

Մուտք գործեցի:

Դպրոցի անունը հայկական, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնին մականունները հայկական, սակայն էջին մէջ հայկականութենէն ո՛չ մէկ նշոյլ: Տեղադրուած գտայ աւելի քան տասնեակ տեսերիզներ. անոնցմէ մին հանդիսութիւն մըն էր: Դպրոցին տնօրէնը բարի գալուստի խօսքը նոյնիսկ կատարեց անգլերէն լեզուով:

Չուզեցի շարունակել...: Ըստ երեւոյթին դպրոցին միայն անունն էր հայկական, մնացածը օտարութիւն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023