ՔԱՂՑՐ ՀԱՐՑՈՒՄ ՄԸ

Որքա՛ն քաղցր է հարցումը Յիսուսին. «Կը սիրե՞ս զիս…»։ Իր Առաջին Ընդհանրական թուղթին մէջ Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մենք զԱյն կը սիրենք որովհետեւ առաջ Անիկա մեզ սիրեց». (Ա ՅՈՎՀ. Դ 19)։ Այս խօսքը շատ աւելի յստակ եւ քաղցր իմաստ մը կը ստանայ, երբ յոգնակին եզակիի վերածենք։ Այսպէս. «Ես զԱյն կը սիրեմ, որովհետեւ առաջ Ան զիս սիրեց»։ Եւ կամ եթէ ըսենք. «Ես Յիսուսը կը սիրեմ քանի որ առաջ Յիսուս զիս սիրեց»։

Այս դաւանութիւնը նշանակալից, բացորոշ եւ կենսայայտ կը դառնայ եւ հրաշալի՜ յեղափոխութիւն մը կը յառաջացնէ։ Արդէն «սէր»ը ինքնին մարդկային հոգիին մէկ հրաշալիքն է, իսկ «սիրել»ը՝ ամենէն ազնիւ զգացումը մարդկութեան։ Արդ, Յիսուս կը հարցնէ մեզի. «Կը սիրե՞ս զիս»։ Ի՞նչ է մեր պատասխանը։

Մարդկային սէրը միշտ պայմանադրական է. կը սիրէ մարդ մէկը, որովհետեւ ան կը սիրէ զինք։ Ի՞նչ կը նշանակէ աս. Եթէ մէկը չսիրէր զիս, ես ալ ան չեմ սիրեր… սիրոյ դէմ սէր կը պահանջուի, ինչպէս՝ բարիքի փոխարէն բարի՛ք։ Պարզ առուտուրի մըն է վերածուած սէրը՝ առուտուրի առարկայ մը։ Սիրոյ դէմ սէր, կամ սիրէ որ սիրեմ։ Այս է ահաւասիկ մարդկային սիրոյ ըմբռնումը եւ գործադրութիւնը ընդհանրապէս։ Եւ այս ուղղութեամբ այն սէրը որ չի փոխարինուիր, պատճառ կ՚ըլլայ տրտմութեան, կասկածի, բարեկամութեան եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններու խանգարուելուն եւ մինչեւ իսկ ատելութեա՛ն։

Մինչդեռ սիրոյ փոխարէն արծարծուած սէրը մինչ այդ գոյութիւն ունեցող սէրը կը խանդավառէ, կ՚ուրախացնէ, հաճելի է, եւ մտերմութիւնը եւ օրհնութիւնը կը բազմապատկէ, կը ճոխացնէ։

Այն որ կը սիրէ Յիսուսը՝ կեանքը կը սիրէ, որովհետեւ ան երջանիկ է՝ մտքով եւ հոգւով մաքուր եւ լուսաւոր։ Ան Յիսուսի սիրելի բարեկա՛մն է։ Ուստի ի՜նչ փառք է սիրել Յիսուս եւ քալել Անոր հետ որպէս «բարեկամ» եւ բնակիլ Անոր հետ, Անոր մէջ։ Եւ ի՜նչ մեծ զօրութիւն, խաղաղութիւն, կեանք եւ քաղցրութիւն կայ «Տէր Յիսուս կը սիրե՛մ քեզ» խոստովանութեան մէջ։ Բայց այդ խոստովանութիւնը պէտք է ըլլայ անկեղծ եւ բարեմիտ գիտակցութեամբ։

Արդարեւ, քրիստոսասիրութեան անմիջական եւ անհրաժեշտ ներգործութիւնը՝ եղբայրսիրութիւն, ընկերսիրութիւ եւ մարդասիրութիւն է։ Ասոնց անբաժան լծորդ է մաքրակենցաղ՝ սուրբ կեանքը։ Կարելի չէ սիրել Յիսուս եւ նաեւ չա՛ր ըլլալ։ Մարդ չի կրնար ծառայել թէ՛ բարիին եւ թէ՛ չարին։ Երկու տէր ունենալ եւ անոնց ծառայել կարելի չէ. բնութեան հակառա՛կ է ասիկա։ Անիրաւ վերաբերում եւ ատելութիւն ոեւէ մարդու՝ եղբօր կամ քրոջ, ծնողքի կամ մերձաւորի կողմէ արդի՛ւնք է սիրոյ եւ գիտութեան զգալի պակասին։ Հոն՝ ուր անարդարութիւն, անիրաւութիւն եւ ատելութիւն կայ, հոն սէր չկա՛յ։ Ահաւոր վէճեր, կռիւներ, անհամաձայնութիւններ արդիւնք են անարդարութեան եւ ատելութեան՝ որոնք կը սնանին տգիտութենէ։

«Այս է իմ պատուէրս որ մէկըզ-մէկ սիրէք». (ՅՈՎՀ. ժԵ 12) կ՚ըսէ Յիսուս եւ այս սիրոյ ստուգանիշը եւ տիպարը Ինքզինք ցոյց կու տայ. «Այս է իմ պատուէրս որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»։ Սէրը զոհողութիւն կը պահանջէ՝ մինչեւ իսկ զոհել իր կեանքը… ինչպէս եւ Ինք Յիսուս։

Անկեղծօրէն սիրել եղբայրը, բարեկամը եւ բոլոր մարդիկը, եւ այն՝ որ անկեղծօրէն կը սիրէ Յիսուս, ան ամէնուն կը պատմէ եւ կը գովաբանէ Յիսուսի սէրը, բարութիւնը, գեղեցկութիւնը եւ առաքինութիւնները։

Կը պատմուի, թէ գնչու աղջիկ մը երբ կը տեսնէ Խաչելութեան նկարը եւ կը լսէ Խաչին պատմութիւնը՝ հիացած կ՚ըսէ նկարիչ Սթէնպէրկին. «Ա՜հ, երանի ձեզի, որ ասանկ Փրկիչ մը ունիք, որ ձեզի համար մեռած է»։

Մինչ այդ, անտարբեր նկարիչը կը ցնցուի եւ հոգեւորապէս կ՚արթննայ, եւ նոր կը գիտակցի Տիրոջ կատարած գերբնական մեծ փրկագործութեան իմաստին, դարձի կու գայ եւ կը նկարէ իր գլուխ գործոց նկարը՝ խաչուած Յիսուսի գլուխը եւ դիմագիծը, եւ հոն կը դնէ այնպիսի սիրոյ արտայայտութիւն մը՝ ուր տառապանքը, անհո՜ւն գութը եւ կարեկցութիւնը յստակօրէն կ՚արտացոլան զգլխիչ եւ սրտագրաւ կերպով։ Եւ նկարին ներքեւ կը գրէ. «Ահա՛, ինչ որ ե՛ս ըրի քեզի համար, իսկ դուն ի՞նչ ըրիր ինծի համար…»։

Մեծ թանգարանի մը պատէն կախուած այս յուզիչ նկարը պատճառ եղաւ նոյնինքն այդ գնչու աղջկան եւ թանգարան այցելողներէն շատերուն դարձի գալուն՝ որոնք տամուկ՝ արցունքոտ աչքերով կ՚ուխտէին այնուհետեւ աւելի՛ սիրել Յիսուսը։

Սիրել անկեղծութեամբ եւ հաւատալ գիտակցութեամբ. ա՛յս է ահաւասիկ ճշմարիտ սէրը եւ հաստատ հաւատքը սիրելի՜ բարեկամներ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 24 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023