ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Մտերմութիւն» բառը ինքնին կ՚ենթադրէ «երկուութիւն», եւ ոչ թէ՝ բազմութիւն։ Մտերմութիւնը բազմաթիւ մարդոց միջեւ չ՚ըլլար, այլ՝ միայն երկու հոգիներու միջեւ՝ որոնք կ՚անջատուին ընկերութենէն, եւ իրենց առանձնարանին դուռը կը գոցեն ընկերութեան երեսին։

Եթէ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մտերիմ կապ մը պիտի հաստատէ մարդ՝ անհրաժեշտ պայման է որ հոգեւորապէս առանձնանայ, այսինքն՝ ճգնաւորի, փոխաբերական իմաստով, «անապատը քաշուի», կամ «լեռ բարձրանայ»։

Թէեւ քրիստոնէութիւնը ոչ միայն ընկերային կրօնք մըն է, այլ նաեւ՝ «ընկերային դրութիւն» մը՝ ընկերային ապրելակերպ մը, սակայն երբ «մտերիմ ըլլալ»՝ մտերմութիւն մշակելու եզրը խնդրոյ առարկայ է, այն ատեն առանձնութիւնը անհրաժեշտ պայման մը կը դառնայ։

Արդարեւ քրիստոնէութիւնը հաստատուած է այն ընկերային սկզբունքին վրայ թէ մարդ՝ մարդէ կախեալ է, եւ մարդ՝ մարդու պարտակա՛ն։ Արդէն ստեղծագործութենէ սկսեալ մարդ կոչուած է իրերօգնութեան, այսինքն միասին ապրելու, իրար օգնելու եւ իրար ամբողջացնելու։ Քրիստոնէութիւնը ընկերային յառաջդիմութեան համար կը  պահանջէ «հաւաքական միութիւն» եւ կը մերժէ անհատական անջատողութիւն։

Բայց «մտերմութեան» պարագային առանձնութիւնը հարկաւոր կը դառնայ։

Աստուած կը ճանչնայ, կ՚ընդունի ընկերութիւնը. բայց որպէսզի անհատը ի՛նք ճանչնայ զԱստուած եւ Անոր Հոգիին հետ հաղորդակցութեան անմիջական եւ անձնական փորձառութիւն ունենայ՝ պէտք է որ «ճգնաւորի», ճգնաւորի հոգիով փնտռէ զԱստուած, եւ գտնէ զԱյն, եւ «մտերմանայ» Անոր հետ։

Արդարեւ, եթէ «հոգեւոր կեանք»ը Աստուծոյ Հոգիին հետ հաղորդակցութեան կենդանի փորձառութիւնն է, ապա ուրեմն, անկարելի է «հոգեւոր կեանք» ապրիլ առանց առանձնանալու՝ «ճգնաւորելու» Աստուծոյ հետ։

Աստուծոյ հետ մտերմանալու՝ առանձնանալու կողքին՝ Բնութիւնն ալ «ճգնարան» մըն է։

Բնութիւնը մտերմութեան այն սենեակն է՝ որուն մէջ Աստուած կ՚ընդունի մարդը առանձնապէս, բոլորովին անջատուած ընկերութենէն, եւ կը խօսի իրեն։ Այս կէտին ահաւասիկ, կը կրկնուի Մովսէսի փորձառութիւնը ոեւէ անձի մը մէջ։ Եւ Տէրը կը խօսի, եւ մարդ կը լսէ Տիրոջ ձայնը ա՜յնքան յստակօրէն ո՛րքան թռչուններուն ճռուողումը ցերեկին, կամ իրիկնամուտին՝ ճպուռներու չափածոյ յանկերգը։

Յիսուս միշտ գիտակից է Աստուծոյ ներկայութեան, բայց «պայծառակերպութեան» մը՝ այլակերպութեան փորձառութիւնը՝ լերան մը վրայ միայն ունեցաւ։ Լերան մը վրայ «ճգնաւորած» հոգին միշտ կը լուսաւորուի, «կ՚այլակերպի» Աստուծոյ Հոգիին հետ անմիջական եւ մտերմակա՛ն հաղորդակցութեան գալով։ Ուստի, «պայծառակերպութիւն»ը արձանագրուած «պատմական դէպք» մը՝ պատմութիւն մը չէ, այլ՝ անձնական իրական փորձառութիւն մը ամէն անոնց համար, որոնք գիտակցութիւնը ունին առանձնութեան մէջ «մտերմանալո՛ւ»։

Մարդ երբ առանձնութեան մէջ կը մտերմանայ, ինքզինք երկինքի բակը կը զգայ՝ որուն մէջ միս մինակ է. աշխարհը չէ՛ այդ, քանի որ աշխարհ չի կրնար այդքան գեղեցիկ, այդքան պայծառ եւ լուսաւոր ըլլալ… դրա՜խտ մըն է այդ, իսկական դրա՛խտ մը մտերմութեան մէջ։

Առանձնարան մը՝ իմացական ճգնաւորի տուն մը անտառախիտ լերան մը կողին վրայ՝ ներսով դուրսով, սարքով կարգով, տիպար բնակարան մը մարդուս հոգիին մէջ, աննախանձ սրտին մէջ առիթ կ՚ընծայէ խոստովանելու թէ նախանձ կ՚արթնցնէ՝ որպէս բացառիկ պարագայ մը՝ աւաղել կու տայ, որ կը պակսի դրամը այդպիսի բնակարան մը՝ մնայուն տան մը տէրը եւ բնակիչը ըլլալու։

Հապա ո՞ւր կարելի է տեսնել տուն մը՝ որ շինուած ըլլայ նոյնքան եզականօրէն գեղեցիկ դիրքի մը վրայ. նկարագրել անկարելի՛ է…։

Բնութեան գեղեցկութեան աննկարագրելի գերադրանքը՝ բառագրքին մէջ ուրիշ բառ չկայ «երկինք» բառէն զատ։ «Երկինք» բառին պարունակութեան մէջ կարելի է դնել բոլոր «աւելի»ն գեղեցկութեան՝ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ իմաստասիրական՝ սահմանելի եւ անսահմանելի «իմաստ»ին։ Այո՛, այդքա՜ն գեղեցիկ։ Ուստի «երկնային գեղեցկութիւն» անիմաստ կը թուի, տափակ եւ խորթ կը հնչէ. կը բաւէ միայն «երկինք» ըսել՝ քանի որ երկինքը գեղեցկութի՛ւնն իսկ է։ Արդարեւ «երկինք» է ի՛նչ որ աչքով տեսանելի է, որովհետեւ տեսնուածին մէջ կայ նաեւ տարր մը՝ որ բնական գեղեցկութիւնը կը վերածէ «երկինք»ի։ Մարդ, արդէն կ՚անդրադառնայ այդ տարրին եւ մէկ բառով կը բնութագրէ զայն. Աստուա՛ծ։

Բնութիւնը երբ կը ներկայացնէ զԱստուած մարդուս հոգեւոր զգացողութեանը՝ այն ատեն կ՚ըլլայ աւելի քան դրախտ. կ՚ըլլա՜յ «երկի՛նք»։

Երբ մարդկային ամէն ունայն փափաքէ եւ նպատակէ կը մերկանայ մարդուս հոգին՝ կը մնայ սոսկական տենչ մը. «ճգնաւորիլ», առանձնանալ Բնութեան Երկինքին մէջ՝ Աստուծոյ հետ՝ ուր երանելի՜ է հո՛ն, ուր կեցած է։

Բնութեան մէջ Աստուծոյ հետ մտերմանալ կը պահանջէ առանձնութիւն՝ պարպուիլ ամէն տեսակ աշխարհասիրութենէ, փափաք եւ նպատակէ։

Բնութեան մէջ Աստուծոյ հետ մտերմանալ՝ երջանկութիւն է, երանութի՜ւն է։ Առանձին մարդը մինակ մարդ չէ՛, ան իր անձին հետ է՝ ուր ներկայ է Աստուած, Հոգին, որ կեանք տուած է մարդուն։ Մարդ երբ անդրադառնայ այս իրողութեան, այն ժամանակ պիտի հասնի երանութեան, որ աւելի է քան աշխարհային ամէն երջանկութիւն, ամէն վայելք եւ հաճոյք։

Աստուած Հա՛յր է, եւ զԱյն «Հայր» անուանելով, հաւատքի լեզուն կը յայտնէ երկու գլխաւոր տեսութիւն. նախ՝ թէ Աստ-ւած ամէն բանի սկզբնական ծագումն է եւ վերանցնական իշխանութիւն։ Միաժամանակ Ան Իր բոլոր որդիներուն համար բարութի՛ւն է եւ հոգածութիւն։ Աստուծոյ հայրական այս գորովը կրնայ նաեւ արտայայտուիլ Աստուծոյ եւ Իր արարածին միջեւ «մայրութեան պատկեր»ով. ինչպէս. (ԵՍ. ԿԶ 13) եւ (ՍԱՂՄ. ՃԼ 2)։ Հաւատքի լեզուն այս ձեւով օրինակ կը կազմէ եւ ծնողներու մարդկային փորձառութենէն կ՚օգտուի, որոնք որոշ իմաստով «Աստուծոյ առաջին ներկայացուցիչները» կը հանդիսանան մարդուն համար։

Այս փորձառութիւնը սակայն կ՚ըսէ նաեւ, թէ մարդկային ծնողները սխալական են, թէ կրնան այլակերպիլ հայրութեան եւ մայրութեան դիմագիծը։ Ուստի տեղին է յիշեցնել, թէ Աստուած գերիվեր է մարդկային զանազանութիւններէն։ Ինք ո՛չ այր է եւ ո՛չ ալ կին, Ինք Աստուա՛ծ է։ Գերիվեր է նաեւ մարդկային հայրութենէն եւ մայրութենէն, մնալով հանդերձ անոնց «նախապատճառ»ը եւ «չափանիշ»ը։

Ո՛չ ոք հայր է, ինչպէս Աստուած հայր է, եւ ասիկա կ՚ենթադրէ անկեղծ մտերութիւն Իր եւ Իր արարածներուն միջեւ։

Մտերմութիւնը Աստուծոյ Բնութի՛ւնն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 25, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունիս 27, 2020