ՄԵՌԱԾ ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՆ -(Գ.)

Է.- «Մի՛ Գողնար».- Յայտնի «Ուաշինկթըն Փոստ»ի (The Washington Post) 2015 թուականին հրապարակած տուեալներուն համաձայն, աշխարհի բնակչութեան 18 առ հարիւր տոկոսը գողեր են, իսկ ուրիշ աղբիւր մը յայտնէ, որ աշխարհի վրայ մէկ վայրկեանուայ մէջ աւելի քան 5 գողութիւններ կը կատարուին: Մեր հայրապետներէն Գրիգոր Տաթեւացի իր «Գիրք քարոզութեան որ կոչի ամարան հատոր» աշխատութեան 112-րդ գլուխին մէջ երկու տարբեր տեսակ գողութիւններու մասին կը խօսի.-

Ա.- Գողութիւն՝ որ կը կատարուի աղքատութեան պատճառով՝ պատառ մը հաց ապահովելու համար

Բ.- Գողութիւն՝ որ կը կատարուի արծաթասիրութեան ու փառամոլութեան պատճառով:

Աւելի խորանալով Տաթեւացի կը խօսի հոգեւոր եւ մարմնաւոր գողութեան մասին եւ կ՚ըսէ. «հոգեւոր գողութիւնն՝ ծանր է քան զմարմնաւորն» եւ անոնց տարբերութիւնը Վարդապետը կը դնէ նիւթականին եւ բարոյականին միջեւ, բացատրելով որ բարոյական գողութիւնը շատ աւելի ծանր կ՚արժէ քան նիւթական գողութիւնը: Նիւթական գողութիւն մը կրնայ վերադարձուիլ եւ հատուցուիլ, սակայն բարոյական գողութիւնը անհատուցելի է, այդ իսկ պատճառով Տաթեւացի աւելի կը կարեւորէ այդ մէկը: Նոյնիսկ հայկական առաջին դատաստանագիրքին մէջ մանրամասն օրէնքներ կը գտնենք գողութեան մասին, որովհետեւ թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ հոգեւոր տեսանկիւնէն մարդ արարածի համար կարեւորագոյն խնդիրերէն մէկը եղած է գողութիւնը: Այսօր կա՞յ գողութիւն... ամէ՛ն վայրկեան եւ ամէ՛ն ձեւերով ու տեսակներով. թէ՛ առցանց եւ թէ՛ դէմ առ դէմ՝ գործանական, այն աստիճան՝ որ եղբայրը եղբօր անգամ չի վստահիր իրեն համար ամենէն սուղը՝ ունեցուածքը:

Ը.- «Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ».- Բարոյագիտութեան առաջին կամ երկրորդ դասապահն էր. ուսուցիչը ըսաւ, որ պիտի գրէք հետեւեալին մասին.- «Ինչքանո՞վ ճիշդ է լռել կատարուած յանցագործութեան մը դիմաց»: Ցաւ ի սիրտ ներկայ դարուս քիչ են անոնք, որոնք սեփական անձն ու շահերը վտանգելով յանձն կ՚առնեն ըլլալ արդարութեան կողմնակից եւ վկայել ան՝ ինչ որ ճշմարտութիւն է: Այսօր մարդ ճշմարտութենէն եւ արդարութենէն առաջ իր սեփական շահերու քննարկումն ու հաշիւը կ՚ընէ եւ անոր արդիւնքին համեմատ կ՚ընտրէ իր ճամբան՝ արդարութիւնը ոտնակոխելու գնով: Սուտ վկայութիւնը մեղք մըն է, որովհետեւ սուտ վկայութեամբ մարդ կրնայ խաբել միա՛յն մարդը, սակայն ո՛չ զԱստուած՝ որ ինչպէս Աստուածաշունչը կը վկայէ, գիտէ մեզմէ իւրաքանչիւրս: Գիտէ՞ք այսօր ինչքա՜ն մարդիկ բանտարկուած կը շարունակեն մնալ՝ զոհը դառնալով սուտ վկայութիւններու, որովհետեւ դրամը այսօր ունի այնպիսի ուժ մը, որ կրնայ սուտ վկայութիւնը որպէս անառարկելի ճշարտութիւն ընդունիլ տալ նոյնիսկ:

Մեր պատանիի խելքով «Ինչքանո՞վ ճիշդ է լռել կատարուած յանցագործութեան մը դիմաց» հարցին պատասխանեցինք, որ խելացիութիւն է լռել, որովհետեւ այսօրուան մարդը ամէ՛ն տեսակ անարդարութեան դիմաց կը փորձէ չէզոք մնալ՝ «ինձ չխայթող օձը հազար ապրի»ի գաղափարով, որովհետեւ մարդիկ արդարութեան փնտռտուքին կ՚անցնին միա՛յն այն ժամանակ՝ երբ անարդարութեան զոհերը իրե՛նք են:

Թ.- Ժ.- «Ուրիշին կնոջ մի՛ ցանկար», «ուրիշին ունեցածին մի՛ ցանկար».- Հաւանաբար մարդ մտածէ, որ ի՞նչ է տարբերութիւնը այս պատուիրանին եւ «Մի՛ շնար»ին, որ իրականութեան մէջ նոյնը ըլլալ կը թուին՝ սակայն տարբեր են իրարմէ: Ամէ՛ն մեղքի տակ, որպէս սկբզնաղբիւր կարելի է գնտել ցանկութիւնը, որովհետեւ մարդ գողութիւն կատարէ, երբ ուրիշին ունեցածին ցանկութիւնը ունենայ, շնութիւն կը կատարէ՝ երբ ցանկութեան կիրքը արթննայ: Կ՚ուզենք այստեղ ո՛չ թէ միայն կնոջ, այլ ընդհանրապէս ուրիշին ունեցածին վրայ աչք դնելուն մասին խօսիլ: «Դատաստանագիրք Աստրախանի Հայոց» աշխատութեան 43-րդ գլխուն 8-րդ յօդուածին մէջ կը կարդանք.- «Եթէ ոք գողանայ ասեղ, հերուն, գրիչ, հաց՝ թեթեւ է բան նորա. սակայն եթէ ոք գողանայ ասեղ դերձակի, հերուն կօշկակարի, գրիչն գրողի, հաց ի վերջի աղքատութեան անկելոց... ըստ մեղաց իւրոց պատժելի է եւ վնասն հատուցանելի է կրկին»: Այստեղ յստակ տարբերութիւն կը դրուի գողութեան եւ ուրիշէն կատարուած գողութեան միջեւ. օրէնքը կ՚ըսէ՝ եթէ անձ մը ասեղ գողցաւ այդ մէկը շատ աւելի թեթեւ է դերձակին ասեղը գողնալէն. Ցանկութիւնը իր մէջ բացի կիրքէն նախանձ ալ կ՚ընդգրկէ. Յիշեցէ՛ք Կայէնի եւ Աբէլի պատմութիւնը. այդտեղ եւս միւսին տեղը ըլլալու ցանկութիւնը կար, որ պատճառ դարձաւ մարդկութեան առաջին սպանութեան: Ներկայ դարուս ցանկցացողներ կա՞ն... հարցնելն իսկ աւելորդ է. այսօր մէկը միւսին յաջողութիւնով ուրախանալու, անկէ օրինակ վերցնելով աշխատանքի լծուելու փոխարէն չարամտութեամբ եւ նախանձով ցանկութեամբ կը նային ուրիշին ունեցածին՝ ձախողութեան մաղթանք մըն ալ մտովի բարձրացնելով:

Այսօր եթէ մարդ արարած տասը պատուիրաններէն մէկուն մէջ յաջողած է, վստահ եղէք ձախողած է հաւանաբար միւս չորսին կամ հինգին մէջ. եթէ պահ մը ենթադրենք որ տասը պատուիրանները կատարելը դպրոցական տրամաբանութեամբ միջինով հաշուարկ պիտի ընենք, վստահ եղէք, որ բոլորս ալ ձախողած ենք՝ կէսէն աւելի ձախող արդիւնք ձեռք բերելով:

Կը կարծեմ, որ առիթն է, որ խորաններէն տասը պատուիրաններուն մասին խօսելու փոխարէն գործնական գետնի վրայ փոփոխութիւններու ձգտիլ, որովհետեւ թէ՛ սպանութիւնը, թէ՛ շնութիւնը, թէ՛ գողութիւնը, թէ՛ հօր ու մօր հանդէպ անյարգալիր վերաբերմունքը, թէ՛ Աստուած-ուրացումը մեզմէ հեռու չէ որ կը կատարուի... մենք մէջն ենք այդ բոլորին, շատ անգամ ենթականերն ենք նոյնիսկ:

•վերջ

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԼԱՏԻՄԻՐ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
(1930-2017)

Մեր թուականէն 5 տարիներ առաջ՝ 27 յունիս 2017-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզին մէջ մահացած է բանաստեղծ, թարգմանիչ, լրագրող եւ Գրողներու միութեան անդամ Վլատիմիր Աբրահամեան:

Աբրահամեան ծնած է 1 մայիս 1930 թուականին, Ատրպէյճանի Լեռնային Ջագիր գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած է Ատրպէյճանի Վ. Լ. Լենինի անուան մանկավարժական կաճառի լեզուագրական բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1953 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք նախ որպէս գրական աշխատող աշխատած Պաքուի «Կոմունիստ» հայկական օրաթերթին մէջ. ապա ստանձնած է նոյն թերթի գրականութեան եւ արուեստի բաժինի վարիչի պաշտօնը՝ մինչեւ 1981 թուականը: Ապա Աբրահամեան եղած է «Գրական Ատրպէյճան» հանդէսի խմբագիրը:

Աբրահամեան իր բանաստեղծութեան առաջին ժողովածուն՝ «Բողբոջներ» խորագրով առաջին անգամ հրատարակած է 1959 թուականին, որուն յաջորդած են «Սարի շուշաններ», «Կարօտ եւ կանչեր», «Ես իջել եմ լեռներից», «Ուրցի բոյրը», «Եօթ ծիածան» եւ «Աստղ լուսոյ» աշխատութիւնները: Աբրահամեանի «Ես իջել եմ լեռներից» աշխատութիւնը թարգմանաբար հրատարակուած է նաեւ ատրպէյճանի լեզուով:

Գրական ստեղծագործութեան ու մամուլի աշխատանքի կողքին Աբրահամեան զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքով. հայերէնի թարգմանած է ազերի շարք մը բանաստեղծներու եւ գրողներու աշխատութիւնները, որոնցմէ են Աշուղ Ալեսկեր, Սուլէյման Ռուստամ, Սամէտ Վուրղուն եւ այլ գրողներ:

Աբրահամեան 1958 թուականին դարձած է Խորհրդային Միութեան Գրողներու միութեան անդամ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2022